Յօդուածներ

ՀՈԳԵՒՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄ ՄԸ. ԱՒԵՏԱՐԱՆԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ ԱՆԻԾԵ՞Լ – ԵՐԲ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ ԿԸ ՁԱԽՈՂԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Սալցպուրկի կրկնամկրտականներու (Anabaptist) հրկիզումը 1528թ.     Այսպէս կոչուած «աբեղայ» մը վերջերս անիծագիր մը հրապարակած է, որ դժբախտաբար կարելի է...

Read moreDetails

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 36 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

    «ԱՐԱՐԱՏ», 29 Յունիս-4 Յուլիս 1970 Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի), կարճ դադարէ մը ետք, այս շաբաթ վերադարձեր է իր նախասիրած նիւթին՝ «Հնչակեան կուսակցութիւնը Կիլիկիոյ մէջ, 1919-21» (յօդուածաշարքին խորագիրն է)։ Ինչպէս միշտ, Գանգրունիի գրութիւնները  տրամաբանական կառոյց չունին, այլ կը սնանին դէս ու դէնէն կատարուած  պատահական մէջբերումներով…։ Այնուհանդերձ, ընթերցողին սիրտը թունդ հանող տուեալներ չեն պակսիր հոն։ Մանրամասնութիւններ, որոնք կը պատմեն մեր  ազգային անվերջանալի,-- ու կրկնուող,-֊ ողբերգութեանց մասին։ Կիլիկիոյ հայաթափումը մէկն էր ատոնցմէ։ Որքա՜ն  անշրջահայեաց ու ապիկար գտնուեցանք՝ Թորոսներու, Լեւոններու եւ Հեթումներու  չքնաղ հայրենիքը զիջելով թշնամիին…։ Գանգրունի փորձած է ուրուագծել Ատանայի մեր ազգային կեանքին ներքին խռովութիւնները՝ ճիշդ այն ճակատագրական օրերուն, երբ թուրք-fրանսական համաձայնութիւն մը կ՛ընդնշմարուէր հորիզոնի ետին, Կիլիկիան յանձնելու համար քեմալականներուն։ Յօդուածագիրը կ՛ակնարկէ ներկուսակցական հակամարտութիւններուն, թաղականներու կամ հոգաբարձուներու  աթոռակռիւներուն, կ՛ըսէ, թէ մինչ Զէյթուն կը պարպուէր՝ «Մ. Տամատեան կը մեկնի  Եգիպտոս, իր աղջկան հարսանիքը պատրուակելով»…։ Յետոյ կը նկարագրէ հայ  զանգուածներու խուճապը Ատանայի մէջ՝ ի լուր fրանսացիներու հաւանական  նահանջին։ Ժողովուրդը շուարուն՝ կը դիմէ Մերսինի նաւահանգիստը (1921 Նոյեմբեր), մինչ թուրքերը չնչին գիներով տէր կը դառնան հայոց ծախու հանած  ապրանքներուն եւ կահոյքին…։ Ճիշդ 100 տարի ետք նոյն պատկերը չկրկնուեցա՞ւ Արցախի մէջ։ Ընդամէնը ԵՐԵՔ  օրուան մէջ՝ բազում դարերէ իվեր այդ հողերուն վրայ ապրող ԱՄԲՈՂՋ  ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ հայրենահան չեղա՞ւ, խուճապահար լքելով իր պապենական ...

Read moreDetails
Page 35 of 90 1 34 35 36 90