Հալէպի հայ համայնքը՝ ժամանակին հայ մշակոյթի բաբախող սիրտը, այս օրերուն տագնապահար կեանքի մէջ կը փորձէ պահպանել իր հոգեւոր, լեզուական եւ կրթական ժառանգութիւնը։ Այդ ժառանգութեան սրտին մօտ է Կիլիկեան ճեմարանը՝ կրթօճախ մը, որ խորհրդանիշ է յարատեւութեան։
104 տարի առաջ՝ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ որբերու հոգածութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան նպատակով հիմնադրուած «Կիլիկեան Գաղթականաց Վարժարան»-ը դարձաւ հայ սերունդներու յոյսի եւ լոյսի տաճարը։ Անոնցմէ շատեր այդ լուսատու օճախէն ստացան տառաճանաչութիւն, լեզու, գիտելիքներ եւ ապրելու մղում։ Այսօր ալ տագնապալի օրերու մէջ, վարժարանը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։

Անցեալ տասնամեակներուն, ճեմարանը եղած է ոչ միայն ուսումնական հաստատութիւն, այլեւ մշակութային խարիսխ մը՝ դաստիարակելով սերունդներ, որոնք ազգի նեցուկ եղան։ Սակայն այսօր՝ երկարատեւ պատերազմէն ու ցնցումէ վերապրած Հալէպի մէջ, ան կը շարունակէ իր կեանքը կարծէք ըլլայ վիրահատութենէ ետք ուշադիր կերպով ապաքինուող մարմին մը, որուն զարկերակը տակաւին կը զգացուի։
Ճեմարանը վերապրած է երկրաշարժեր, պատերազմներ, շրջափակումներ ու գաղթի նոր ալիքներ։ Բայց տակաւին կանգուն է։ Իրար կը հետեւին կառավարութիւններ, կը փոխուին քարտէզներ ու աշխարհաքաղաքական իրավիճակներ, բայց ան տակաւին կ’ուսուցանէ։
Այցելութիւն մը դէպի Կիլիկեան ճեմարան՝ յիշողութեան եւ խոկումի ճամբորդութիւն մըն էր։ Հոն, ոտք կոխելէ առաջ իսկ, սիրտս ու միտքս լեցուն էին երախտագիտութեամբ՝ դէպի այն բոլոր նուիրեալները, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը տուին այս կրթական օճախին։ Երախտաշատ տնօրէնները, հոգաբարձուները, ուսուցիչները որոնց մէկ մասը անդենական հանգիստի մէջ է այսօր. Աւետիս Օհանեան, Կարապետ Եղսըզեան, Յարութիւն Վիզոյեան, Ճորճ Կարապետեան, Սարգիս Թիւմպալեան, Ռուբէն Տիրարեան, Արսէն Կիտուր, Երուանդ Պապայեան, Ազնիւ Քիրիշեան, Ռուբէն Եաղսըզեան, Յովսէփ Պարսումեան, Սարգիս Իսկենեան, Յակոբ Սինանեան, Բաբգէն Մուպահեաճեան, Գէորգ Իշխանեան, Սարգիս Զգուշեան, դոկտ. Անի Մէյնազարեան, տոքթ. Պետրոս Քեշիշօղլեան, տոքթ. Յակոբ Օգճեան, տոքթ. Յովհաննէս Աթոքեան, Կարպիս Սիւլահեան, Մարտիրոս Զաքարեան, Յարութիւն Զերենցեան, Վարուժան Սերայտարեան, Անայիս Զմանեան, տոքթ. ՎազգԷն Թիւմթիւմեան, Գէորգ Համամճեան, Մարի Գուլեան, Սալբի Գասպարեան, Մատլէն Մելքիսէթեան, Կարպիս Լէփէճեան, Արաքսի Թիւթիւնճեան, Արաքսի Քասիս-Տիրարեան, Մարալ Քիւփելեան, եւ շարքը տակաւին կարելի է անվերջ երկարել:

Ես օտար վարժարան մը չէի այցելեր։ Կ’երթայի սրտամօտ կրթական օճախ մը, որ բազմաթիւ անտես թելերով կապուած էր իմ անձիս։ Հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէր տեսնել հայկական վարժարան մը՝ առանց պետական «վերակացութեան» ներկայութեան։ Ճեմարանին մէջ օտար տնօրէն չկար. երեւոյթ մը, որ տասնամեակներ շարունակ սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ հաստատուած «աւանդութիւն» մըն էր՝ յատկապէս գաղութին քաղաքական շարժումներուն ակօսները հսկելու նպատակով։
Այն վայրը, ուր ոտք դրի, միայն դպրոց մը չէր, այլ վայր մը, ուր կողակիցս եւ իր ընտանիքի անդամները առնչութիւն ունեցած էին տարիներ շարունակ՝ որպէս հոգաբարձու, ծնող կամ աշակերտ։ Տիկինս կարճ ժամանակ ուսուցչական ծառայութիւն մատուցած էր հոն՝ հայոց լեզուի ոլորտին մէջ։ Իսկ անդրանիկ որդիս՝ մանկապարտէզի կոկոն դասարանը անցնելով, իր անմեղ տպաւորութիւններով բարձրացած էր բեմ՝ ամավերջի հանդէսով։ Տուն մը էր ասիկա մեզի համար, ոչ սոսկ կրթարան։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մութ օրերուն, երբ սուրիահայութիւնը գրկաբաց ընդունեց Պէյրութի կրակներէն փախչող հարազատները, ես կամաւորաբար ծառայած էի Կիլիկեանի արտակրթական աշխատանքներուն մէջ, յատկապէս ամավերջի հանդէսներու «տէքոր»ներուն պատրաստութեան ժամանակ։
Կիլիկեան ճեմարանը այցելեցի նախօրօք պատրաստուած սրտով՝ գիտնալով, որ խանդավառ եւ ուրախալի լուրեր պիտի չդիմաւորէին զիս։ Տրամաբանական ալ չէր ըլլար սպասել լաւատես պատկեր մը հաստատութենէ մը, որ կը գտնուի տասնհինգ տարուան պատերազմէն հիւծուած երկրի մը մէջ. տեղ մը, ուր խաղաղ առօրեան տակաւին փխրուն է։ Գաղութը կտրուկ նօսրացած է․ երիտասարդ զոյգեր հազուադէպ կ’արձանագրեն միացեալ կեանքի մը սկիզբը, իսկ նորածիններու հնչեղ ճիչերը, որոնք ժամանակ մը կը լեցնէին այս դպրոցին շրջակայքը, հիմա գրեթէ լռած են։
Այս խորհրդածութեամբ սեղմեցինք ինծի անծանօթ, ազնուափայլ ու ժրաջան տնօրէնուհի՝ տիկին Արփի Օհանեան-Շէօհմէլեանի ձեռքը: Տարեշրջանը արդէն իր աւարտը գտած էր։ Ճեմարանը, լռութիւն մը տարածած, կը յիշեցնէր ամառնային արձակուրդի առաջին հանդարտ օրերը։ Լոկ քանի մը աշակերտներ կը տեսնուէին դասասենեակներէն ներս, որոնք կը վերապատրաստուէին պետական պաքալորիայի քննութիւններուն։
Հալէպի հայ վարժարաններուն մեծ մասը տակաւին կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ դռները փակելու գայթակղութեան չենթարկուելով։ Սակայն հայ աշակերտներուն թիւը մաշած է, մինչդեռ օտարազգի աշակերտներուն ներկայութիւնը աճած է ակնյայտ կերպով։ Արդէն կան դպրոցներ, ուր աշակերտներու ծնողներէն մէկն ու մէկը օտար են։ Կիլիկեան ճեմարանի աշխարհագրական դիրքը եւս նպաստաւոր չէ՝ հեռու ըլլալով գաղութի հիմնական հայաշատ թաղերէն, իսկ անվտանգութեան հարցերը տակաւին կը շարունակեն մտահոգիչ մնալ։ Գաղութի տնտեսական անկումն ալ իր ծանր ազդեցութիւնը թողած է. բազմաթիւ ծնողներ կը ստիպուին իրենց զաւակները ուղղել դէպի գրեթէ անվճար ուսում առաջարկող վարժարաններ, որոնք կը մատակարարեն նաեւ գրենական եւ դպրոցական այլ պիտոյքներ։
Խօսք յառաջացաւ նաեւ ուսուցիչներու սերունդներու միջեւ նկատուող տարբերութիւններուն շուրջ։ Ընդգծուեցաւ այն ցաւալի իրողութիւնը, որ ուսուցչութիւնը այլեւս չի նկատուիր իբրեւ պատուաւոր եւ նուիրեալ ասպարէզ, այլ վերածուած է պարզ «փոր կշտացնող» աշխատանքի։ Ընկերային ցանցերը խորապէս ազդած են ոչ միայն աշակերտներուն հոգեմտաւոր կառուցուածքին, այլ նաեւ ուսուցիչներու վերաբերումին՝ ստեղծելով նոր տիպար մը՝ մոռացկոտ, յոգնած, ջղային եւ անտարբեր։ Աշակերտները այսօր շատ աւելի ինքնահաճ են, յաւակնոտ եւ անընդհատ պահանջատէր։ Շատ անգամ ծնողները կը միջամտեն նոյնիսկ ամենափոքր պատժական որոշումի, իրենց զաւակներուն «իրաւունքներուն պաշտպանութեան» պատրուակով, երբեմն ալ սպառնալով աշակերտը դուրս բերել դպրոցէն՝ եթէ որոշումը չկարգաւորուի իրենց ուզած ձեւով։
Հայերէնի դասապահերը, աւաղ, աշակերտին համար վերածուած են յաւելեալ բեռի։ Քանի որ պետական քննութեանց մէջ հայերէնը տեղ գտած չէ, անոնք զայն կը նկատեն «անիմաստ» նիւթ մը՝ ժամանակ ու ջանք խլող, որուն կարեւորութիւնը կորսուած է իրենց աչքին։ Այս մտածելակերպը, սակայն, խոր վկայութիւն է մեր ազգային ինքնութեան ու մշակութային ժառանգութեան հանդէպ սառչող վերաբերումին։
Բաժնուելէ առաջ, տնօրէնուհի տիկին Արփի Օհանեան-Շէօհմէլեանի ուղեկցութեամբ շրջապտոյտ մը ձեռնարկեցինք Կիլիկեան ճեմարանի երեք բաժիններուն մէջ։ Մեզ դիմաւորեց պատերազմէն վնասուած ու վերանորոգուած շէնքը՝ հնարաւորինս պահելով ճեմարանի պատմական ճարտարապետութիւնը։
Իսկ երբ բաժնուեցանք, խոնարհաբար սրտիս խօսքը արձանագրեցի Կիլիկեանի Ոսկեմատեանի տոմարին մէջ՝ իբրեւ երախտագիտութեան եւ յոյսի մէկ ապացոյց։
Այս բոլորը մէկ կողմ, բայց ալեկոծ ջուրերու մէջ իսկ Կիլիկեան ճեմարանը չէ իջած ծունկի։ Վիրաւոր է, գուցէ յոգնած, բայց վահանը չէ ձգած։ Այս վարժարանը պիտի շարունակէ գոյատեւել այնքան ատեն որ կայ մէկ մանուկ, որ հայերէն խօսելու փափաք ունի, եւ մէկ ուսուցիչ՝ որ անոր ձեռքը բռնելով ուզէ զինք առաջնորդել:

