Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Աւստրալիոյ Մէջ «Արարատ» Մասնակցեցաւ Հայաստանի Դրօշի Բարձրացման Արարողութեան

June 2, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Աւստրալիոյ Մէջ «Արարատ» Մասնակցեցաւ Հայաստանի Դրօշի Բարձրացման Արարողութեան

Հինգշաբթի, 28 Մայիսին, Ռայտի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 108-ամեակը եւ տեղի ունեցաւ հայկական դրօշի բարձրացման արարողութիւն։ Թէեւ տեղատարափ անձրեւին պատճառով նախատեսուած բացօթեայ հանդիսութիւնը կարելի չեղաւ իրականացնել Putney-ի Kissing Point Wharf-ի տարածքին մէջ, սակայն տօնակատարութիւնը կատարուեցաւ Ռայտի քաղաքապետարանի շէնքին մէջ, ջերմ եւ հանդիսաւոր մթնոլորտով։

Արարողութեան ներկայ էին թեմակալ առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Վարդան եպիսկոպոս Նաւասարդեան, ընկերակցութեամբ արժ. Տ. Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանի եւ Տ. Աշոտ քհնյ. Աբրահամեանի, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքային, քաղաքական եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ։

Հանդիսութիւնը վարեց Ռայտի նախկին քաղաքապետ Սարգիս Ետէլեան, այնուհետեւ Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Ռայտի քաղաքապետ Թրենթըն Պրաուն իր խօսքին մէջ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ հայ համայնքին մասին, վերահաստատելով քաղաքապետարանին շարունակական զօրակցութիւնը եւ յարգանքը հայ ժողովուրդին ու անոր ներդրումին հանդէպ։

Ապա խօսք առաւ առաջնորդ սրբազան հայրը, որ իր սրտի խօսքին մէջ երախտագիտական զգացումներ յայտնեց Ռայտի քաղաքապետարանին, քաղաքապետ Թրենթըն Պրաունին եւ Սարգիս Ետէլեանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տօնին նուիրուած այս արժէքաւոր ձեռնարկը կազմակերպելու համար։

Ձեռնարկին մասնակցեցաւ նաեւ Աւստրալիոյ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան վարչութիւնը՝ ատենապետ ընկեր Սեպուհ Գալփաքեանի գլխաւորութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ «Արարատ» օրաթերթը՝ յանձին տնօրէն-խմբագիր ընկեր Նազօ Ճէրէճեանի, որուն ներկայութիւնը ջերմօրէն ողջունուեցաւ թէ՛ քաղաքապետին եւ թէ՛ հայկական շրջանակներու կողմէ։

Հնչակեան ներկայացուցիչները, իրենց կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեցին Ռայտի քաղաքապետարանին եւ անոր պատասխանատուներուն՝ հայ համայնքին հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքին, զօրակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարեդարձը արժանավայել կերպով ոգեկոչելու նախաձեռնութեան համար։

Share64Tweet40
Previous Post

Փափկավարական Այցելութիւն Սիտնիի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին

Next Post

Նոր Գիրքեր. «Խաչուած Ճակատագրեր» (Հեղինակ՝ Անի Մանուկեան)

Next Post
Նոր Գիրքեր. «Խաչուած Ճակատագրեր» (Հեղինակ՝ Անի Մանուկեան)

Նոր Գիրքեր. «Խաչուած Ճակատագրեր» (Հեղինակ՝ Անի Մանուկեան)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.