Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ալեքսանդր Թօփճեանի Գրական Վաւերագրութիւնը Ռուբէն Սեւակի Մասին (Մաս Ա․)

Յարութիւն Իսկահատեան

June 6, 2026
in Յօդուածներ
0
Ալեքսանդր Թօփճեանի Գրական Վաւերագրութիւնը Ռուբէն Սեւակի Մասին (Մաս Ա․)

Հեղինակաւոր պատմաբաններու հաստատմամբ գեղարուեստականացած կամ գրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշագրութիւնները նոյնպէս վաւերագրական են, ինչպէս յուշագրութիւնը ինքնին։

Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակ ու մեծ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակ  Ալեքսանդր Թօփճեանի «Եւ անգամ մահից յետոյ» (Հայաստանի Գրողների միութեան հրատ., Երեւան, 2005, մեծ չափի 591 էջ) վէպին գլխաւոր հերոսն է: Հեղինակը մանրմասնութիւններով կը նկարագրէ Ռուբէն Սեւակի մանկութիւնը, պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը: Ան գեղարուեստական ոճով կ՛անդրադառնայ անոր մտաւորականի ձեւաւորման, նահատակութեան, ինչպէս նաեւ անոր սիրելիին եւ ապա կնոջ՝ Եաննի Ապէլի մասին: Գիրքին սկիզբը հրատարակչութեան ամփոփ ծանօթագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Ռուբէն Սեւակի համար իր ասպետական հաւատարմութիւնը վսեմ իտէալներին վեր է ամէն ինչից եւ անգամ սեփական կեանքից, ահա թէ ինչո՞ւ նա կտրականապէս հրաժարուելով թուրքերի առաջարկած ստորացուցիչ առեւտրից (մահմետականութիւն ընդունելու գնով փրկել սեփական կեանքը) խիզախ ու աներեր է մնում մահուան սպառնալիքին դէմ յանդիման» (էջ 2):

Կ. Պոլսոյ Սիլիվրի թաղամասի երկաթագործ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի որդին՝ Ռուբէն (Սեւակ), որ մտադրած է բժշկութիւն ուսանիլ, շոգեկառքով դէպի Զուիցերիոյ Լօզան քաղաքը կը ճամբորդէ: Ճամբուն վրայ կը ծանօթանայ թուրք երեւելի փաշայի մը որդւոյն՝ Քենանին, ինչպէս նաեւ զուիցերիացի կոմսուհի Ալիսին: Խօսակցութեան ընթացքին Քենան Ռուբէնին կ՛ըսէ, թէ օսմանցիք երէկուանը չեն այլեւս: Անոնք փոխուած են, շա՜տ փոխուած են…:

Լօզանի մէջ Ռուբէն Չիլինկիրեան համալսարան կը յաճախէ: Իր դասախօսներէն ամէնէն աւելի մօտ կ՛ըլլայ դոկտ. Ռուի հետ, յաճախ երեկոները միասին աղքատ հիւանդներու կ՛այցելեն: Այլ հայ ուսանողներու կը ծանօթանայ եւ իր նախագահութեամբ կը հիմնուի Արմենիա միութիւնը, որ յատկապէս կարիքաւոր ուսանողներու կ՛օգնէ: Ռուբէն Քենանէն կ՛իմանայ որ անոր փաշա հայրը ձերբակալուած է Պոլսոյ մէջ ու աքսորուած: Աւելի ուշ կ՛իմանայ անոր խեղդուիլը Գոնիայի բանտին մէջ: Պոլսոյ արուարձան Սիլիվրիի իր ազգականներէն բացի, ան «Լոյս», «Արեւելեան Մամուլ» եւ «Մասիս» թերթերու խմբագրութիւններէն նամակներ կը ստանար եւ կը թղթակցէր անոնց:

Ռուբէն Սեւակ դոկտ. Ռուի հետ տեսած էր Զուիցերիոյ մռայլ կողմերը՝ թշուառութիւն, անարդարութիւն եւ մարդկային էութեան քստմնելի դրսեւորումներ: Սակայն կոմսուհիին բնակարանը ակամայ լսած հարցերը բոլորովին ուրիշ բան կ՛ըսէին:

Թիֆլիսահայ ուսուցչուհիի մը նամակէն Ռուբէն Սեւակ կ՛իմանայ, որ բանաստեղծ Սիամանթօ Զուիցերիոյ Լէյզէն գիւղի թոքախտանոցներէն մէկուն մէջ կը գտնուի: Ան Լէյզէն մեկնելով Սիամանթոյին կ՛այցելէ, որուն հետ կը զրուցեն գրական եւ ազգային նիւթերու շուրջ: Համալսարանին մէջ եւ շրջապատը կեանքը կը շարունակուի ուրախ եւ տխուր կողմերով, ուր Ռուբէն Սեւակ 17-ամեայ գերմանուհի Եաննիին կը սիրահարի:

Մինչ այդ երիտթուրքերը բուռն գործունէութիւն ծաւալած էին Զուիցերիա ուսանող թրքահպատակներուն մէջ: Առանձնայատուկ նախաձեռնութեամբ անոնք կը հետապնդէին երիտասարդները եւ ուսանողները, անոնց խօսելով սուլթան Ապտիւլ Համիտի բռնակալութեան դէմ: Հրապարակի վրայ շատ զրոյցներ կը շրջէին Օսմանեան Պետութեան ներքին վիճակին շուրջ: Թրքահպատակ հայ ուսանողները՝ գրեթէ բոլորը չէզոք, սպասողական դիրք բռնած էին եւ կը փորձէին ամէն ձեւով հեռու մնալ այդ զրոյցներէն: Միւս կողմէ, Փարիզի մէջ երիտթուրքերու ղեկավարները բաւական կը մշակեն Քենանը՝ սուլթանին հանդէպ անոր անձնական վրէժը նկատի ունենալով:

Ռուբէն Սեւակ արձակուրդին կը վերադառնայ Պոլիս, որ երիտթուրքերու յեղաշրջման օրերուն կը զուգադիպի: Չքնաղ գաղափարներով նշանախօսքեր եւ խոստումներ կը լսէ ան յեղափոխական թուրք զինուորներէն: Բռնատիրութիւնը վերջ կը գտնէր…:

Պոլիս իր ընկերներուն հետ կը գործակցի թատերական ասպարէզին մէջ: Ռազմական նախարարութենէն ծանուցում կը հրապարակուի զինուորագրուելու: Ռուբէնի հայրը նախապէս 45 ոսկի պետել (զինուորական ծառայութեան փոխարէն տուրք) վճարելով ազատած էր: Հիմա ալ նոյն բանը կրնար ընել իր տղուն համար, սակայն դժուարութիւններ կային: Ռուբէն իր բարեկամ Քենանի հետ կը ներկայանայ գնդապետին եւ հարցը կը լուծուի 60 ոսկի վճարելով:

Քենանն ու գնդապետը իթթիհատական էին եւ նախապէս ալ զիրար կը ճանչնային: Ռուբէն Սեւակ Լօզան կը վերադառնայ, ուրկէ Եաննիի հետ կը նամակակցի: Ան տեղական թերթի մէջ կը նշմարէ Ատանա, Տարսոն, Տէօրթ Եոլ եւ ուրիշ ծանօթ անուններ ու 20.000-25.000 թիւերը: Կը պարզուի թէ 1909-ին Կիլիկիոյ մէջ հայոց ջարդեր տեղի ունեցած էին:

(Շարունակելի․․․)

Share61Tweet38
Previous Post

ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը Կ’այցելէ Արամ Ա. Վեհափառին

Next Post

Յունիս 7-ին Կը Վճռուի Հայաստանի Ապագան

Next Post
Յունիս 7-ին Կը Վճռուի Հայաստանի Ապագան

Յունիս 7-ին Կը Վճռուի Հայաստանի Ապագան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.