Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ճեպազրոյց Ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեանին Հետ

June 2, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Ճեպազրոյց Ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեանին Հետ

Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը բաժնէ ընդամէնը քանի մը օր։ Հայրենի քաղաքական դաշտը արդէն իսկ մտած է քարոզարշաւային բուռն փուլ մը, ուր տարբեր ուժեր ամէն միջոցի կը դիմեն հանրային կարծիքը շահելու համար։ Ցաւօք, ընտրական պայքարը երբեմն կը կորսնցնէ իր գաղափարական բովանդակութիւնը՝ տեղ տալով ընտրակաշառքի, ցած մակարդակի քարոզչութեան, զգացումներու շահագործման եւ հանրութեան միտքերը պղտորելու փորձերու։

Այս լարուած եւ վճռորոշ օրերուն, փորձեցինք կարճ զրոյց մը ունենալ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեանի հետ։ Մեր երեք համառօտ հարցումներուն ան տուաւ ամփոփ, սակայն խոր վերլուծական պատասխաններ, որոնք ոչ միայն կը լուսաբանեն ներկայ քաղաքական իրավիճակը, այլեւ կը մատնանշեն այն մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները, որոնց դիմաց կանգնած է հայրենի ժողովուրդը։ Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ ուշագրաւ զրոյցը։

(Ա.)

 

Հ.- Մեր առօրեայ զրոյցներուն ընթացքին, յաճախ երբ պատասխանատու ընկերոջ մը կը հանդիպինք, առաջին հարցումը կ’ըլլայ օրուան ընթացիկ օրակարգերէն մէկուն մասին պարզաբանում ստանալը։ Այս պարզ ժողովրդային հարցումը պիտի ուղղեմ ձեզի. ի՞նչ կարծիքի էք Յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին։

Պ.- Շնորհակալ եմ այս պարզ եւ անկեղծ զրոյցին համար։ Ըստ երեւոյթին, առաջատարը «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնն է՝ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Անոր կը հետեւին ընդդիմադիր երեք ուժեր՝ «Հայաստան» դաշինքը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ, «Ուժեղ Հայաստան»-ը՝ Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, իսկ վերջինը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը՝ Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորութեամբ։ Ասոնցմէ բացի կան նաեւ քանի մը հին եւ նոր կուսակցութիւններ, որոնք ազդեցութիւն ունին Հայաստանի հանրային կարծիքին վրայ, սակայն ընտրական շեմը անցնելու դժուարութիւն կրնան ունենալ։

Ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ ըստ պատկերին կ’ուզեմ արձանագրել հետեւեալ կէտերը․
– Կան տարբեր տեսակի ընտրակաշառքի մեծածաւալ ցուցանիշներ, յատկապէս «Տաշիր Սամօ»-ի «Ուժեղ Հայաստան»-ի շրջանակներուն մէջ։
–  Գոյութիւն ունի ցած մակարդակի խօսակցական ոճ մը, յատկապէս ընդդիմութեան երեք գլխաւոր ներկայացուցիչներուն եւ վարչապետ Փաշինեանի մօտ։ Իսկ հայերէնի թերիմացութիւնն ու լեզուական խեղճութիւնը, մասնաւորաբար ընդդիմութեան ղեկավարներուն պարագային, ուղղակի խայտառակութիւն է։
– Ընդդիմութեան կողմէ կան յայտարարութիւններ, թէ՝  իշխանութիւնները  պետական աղբիւրները կը  շահագործեն իրենց ընտրական արշաւին ժամանակ։

Ասոնք հիմնական տեսանելի բացասական երեւոյթներէն միայն մէկ մասն են։

Գալով բովանդակութեան, իմ կարծիքովս, իշխանութիւններուն ներկայացուցած միտքերն ու թեզերը աւելի ընկալում ունին Հայաստանի հասարակութեան մօտ, մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք վերջին չորս տարիներուն անոնց արձանագրած բացայայտ յաջողութիւնները՝ միջազգային-դիւանագիտական, բանակի վերազինման, ընկերային-տնտեսական, արդարադատութեան, փտածութեան դէմ պայքարի, ուսումնական հաստատութիւններու վերանորոգման եւ ենթակառոյցներու բարեկարգման ոլորտներուն մէջ։ Կը կարծեմ, որ կարճ ժամանակի ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումները Հայաստանի բնակչութեան գնահատանքին պիտի արժանանան։

Վերջապէս, տուեալները ցոյց կու տան, որ ՔՊ-ն այս ընտրութիւնները պիտի աւարտէ որպէս առաջատար ուժ, սակայն պիտի կարենա՞յ արդեօք առանձին սահմանադրական մեծամասնութիւն կազմել, թէ՞ ոչ, այս հարցին յստակ պատասխանը պիտի ունենանք Յունիս 8-ին։

 

Հ.- Ընկեր Ալեքսան, ձեզ ճանչնալով՝ այս հարցումը տալէ առաջ քիչ մը մտածեցի, բայց որպէս լրագրող՝ ըսի, թէ պէտք է հարցնեմ․ դուք որո՞ւ կը քուէարկէիք։

Պ.- Սկսելու համար ըսեմ, որ, գործող օրէնքին համաձայն, ես քուէարկելու իրաւունք չունիմ։ Գալով հարցումիդ, եթէ ունենայի, ապա Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն մասնակից ուժերէն պիտի փնտռէի այն կուսակցութիւնը կամ դաշինքը, որ կը ներկայացնէ իմ ընկերային-տնտեսական համոզումներս, այսինքն ձախ-ժողովրդավար, սոցիալիստական ուղղութեամբ ծրագրերով։ Ինչպէս ասկէ առաջ ալ ըսած էի, Հայաստանի մէջ ձախակողմեան դաշտը տակաւին կը մնայ թափուր։ Հետեւաբար, պիտի ընտրէի իմ համոզումներուս ամենամօտ ուժը։

 

Հ.- Ընտրական քարոզարշաւին թեժացումին զուգահեռ կը նկատուի, որ Հայաստանէն դէպի Ռուսաստան Դաշնութիւն (ՌԴ) արտահանուող տարբեր ապրանքատեսակներու նկատմամբ ՌԴ-ն արգելափակումներ կը դնէ։ Ձեր կարծիքով՝ արդեօք այդ արգելքները կապ ունի՞ն ընտրութիւններուն հետ։

Պ.- Այո՛, միանշանակ կապ ունին։ Եթէ նկատէք, Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովէն ետք, եւ յատկապէս վերջին տասը օրերուն, գրեթէ չմնաց բարձրաստիճան ռուս պաշտօնեայ մը, որ տարբեր վերնագրերու տակ Հայաստանի իշխանութիւններուն նկատողութիւն մը չուղղեց։ Ասոր զուգահեռ, նաեւ աճած են ռուսական ցանցերով տարածուող ՀՀ իշխանութիւնները վարկափեկող փաստացի կեղծ լուրերը։

Սիրելի ընկ. Նազօ, այս հարցը շատ աւելի շերտաւոր է եւ մէկ հարցումի պատասխանով չի սահմանափակուիր։ Այստեղ առաջնահերթ են ՀՀ–ՌԴ միջպետական շահերը, որոնք ամէն բանէ վեր կը գտնուին։

Հայաստանի մէջ քաղաքական յայտ ներկայացուցած ռուսահպատակ հայ օլիկարխներու՝ ռուսաստանեան ներքին խճճուած յարաբերութիւնները եւս պատճառ կը դառնան, որ ՌԴ պետական պաշտօնեաներ աջակցող յայտարարութիւններով հանդէս գան։

Բայց իմ կարծիքովս, այս բոլորը ժամանակաւոր են։ Ընտրութիւններէն ետք ամէն ինչ իր բնականոն վիճակին պիտի վերադառնայ, որովհետեւ Հայաստան-Ռուսաստան, պետական մակարդակի  տնտեսական, առեւտրային եւ քաղաքական յարաբերութիւնները երկկողմանի շահաւէտ եղած են եւ երկու կողմերն ալ զայն փճացնելու նպատակ չեն կրնար ունենալ:

Share64Tweet40
Previous Post

Լուրեր. 2 Յունիս 2026

Next Post

Փափկավարական Այցելութիւն Սիտնիի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին

Next Post
Փափկավարական Այցելութիւն Սիտնիի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին

Փափկավարական Այցելութիւն Սիտնիի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.