Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (7) ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ ՀԱԼԷՊ՝ ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ

ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

July 16, 2025
in Յօդուածներ
0
ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (7)  ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ ՀԱԼԷՊ՝ ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ

 

Անթիլիասէն հիւսիսային Լիբանանի Արիտայի սահմանը 100 քիլոմեթր է: Ուաննէս ինքնաշարժին պատուհանէն լիբանանցի սահմանապահ ոստիկանին տուաւ առաջին ողջոյնը՝ «եաաթիք ըլ աաֆիէ»ն: Առաւօտեան 7-էն քիչ անց էր: Մուտք ու ելքի նոր սահմանուած ժամը:

Օրը Ուրբաթ էր՝ անոնց «Կիրակին»: Խճողումը տանելի էր: Սահմանի պաշտօնեաները տնտնացող զրոյցի մէջ էին՝ սուրճի փոքր խաւաքարտէ գաւաթներով: Վարորդս՝ Ուաննէսը ճարպիկօրէն գտաւ ելքը: Անցագրերու ստուգման սպասարկութիւնը հին օրերէն աւելի անկանոն դարձած՝ քորոնայի շրջանին տարածում գտած ընկերային հեռաւորութեան (social distance) անհրաժեշտութեան պահանջքը կը զգացնէր: Զովացնող օդափոխիչները անշնչացած էին ելեկտրականութեան կարօտէն, ծխախոտի ծուխ եւ մարդոց հրմշտուք:

Առաջ այսպէս չէր Լիբանանի սահմանը: Սահմանակից «քրոջ»մէն աւելի հանդարտ, կարգ ու կանոնով, սրահը զովացուած էր:

Երկու սահմանները յստակօրէն բաժնող Նահր էլ Քապիր գետին կամուրջը ամիսներ առաջ քանդուած էր իսրայէլեան օդուժին կողմէ: Երկար ատենէ փակ մնալէ ետք այժմ վերաբացուած էր եւ մենք «վերանորոգուած» քարքարոտ այդ կարճ միջոցը դանդաղօրէն կտրելով մուտք գործեցինք իշխանափոխուած Սուրիա:

Հալէպ կ’ուղղուէի, շրջանի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի նորանշանակ Վարիչ մարմինի ընկերներուն հրաւէրով, 15 Յունիսին Կաթողիկէ Զուարթնոց եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ հնչակեան 20-ներու նահատակութեան 110-ամեակի հանդիսութեան որպէս պատգամախօս: Հալէպի ընկերներուն հրաւէրին ընդառաջած էի առանց երկմտանքի: Սակայն մինչեւ մեկնումի օրը աջէն ու ձախէն բազմաթիւ խորհուրդներ լսեցի թէ՝ կատարածս լուրջ քայլ մը չէ, մեծ ռիսք մը կ’ընէի, թէ ինչե՜ր կը պատմուի հոնտեղի կացութենէն, տակաւին երէկ եկեղեցի մը ականահարեր են, հապա եթէ այսպէս ըլլայ.. այնպէս ըլլայ… եւ այլն, եւ այլն: Պատասխանս երկու բան էր. վերջին շրջանին իմ ստացած տեղեկութիւններս ձեր պատմած յոռետես պատկերը չունի, ընդհակառակը այժմ Լիբանան ալ աւելի անապահով  դարձած է եւ միթէ Հալէպ հասնիլը Արարատի գագաթ բարձրանալէն աւելի դժուա՞ր կը տեսնէք:

Այս խորհրդածութիւնները մտքիս՝ մտանք սուրիական անցագրային սրահ:

– Արդեօք քանի մը «սուրիական» պէ՞տք է պատրաստենք», կը հարցնեմ վարորդին:

= Ինչո՞ւ սխալ բան մը ըրինք, կը պատասխանէ ան:

– Բայց առաջ ալ սխալ չէինք ըներ, կ’ըսեմ:

= Ատիկա առաջ էր, կ’ըլլայ պատասխանը:

Հրա՜շք: Կոկուած սրահը՝ օդօրակիչով զովացուած: Հրմշտուքը որ անցեալին պարտադիր «օրինականութիւն» էր մանաւանդ ա՛յս սրահէն ներս, հիմա կորսուած է: Ամէն ոք կարգի կեցած համբերութեամբ իր հերթը կը սպասէ: Ապակիէն անդին, համակարգիչներու դիմաց մօրուքաւոր պաշտօնեաներ են: Ազնիւ ժպիտով մը «Սապահ ըլ խէյր հօրեղբայր» ողջունեց անոնցմէ մին, որուն երկարած էի իմ անցագիրս: Երազ է՞ր արդեօք: Ստուգելէ եւ կնքելէ ետք վերադարձուց նոյն ժպիտով ու «բարի եկար, Աստուած հետդ ըլլայ»ով:

Դուրսը ականատես եղայ այլ հրաշքի մը: Երկու երիտասարդներ կը փորձէին անուշեղէն հիւրասիրել երթեւեկութեան օրինականութիւնը հսկող մօրուքաւոր պահակ-պաշտօնեային: Վերջինս կտրուկ կը մերժէր եւ այդպէս ալ հրաժարեցաւ առաջարկուած հիւրասիրութենէն՝ «չեմ առներ, անկարելի է» ըսելով:

Ճամպրուկներու քննութիւնն ալ աւարտեցաւ խորհրդանշական զննումով միշտ յարգալից, անկաշառ ու ազնիւ վարմունքով:

Սահմանէն մինչեւ Հալէպ երկարող 260 քիլոմեթրի երկայնքին անցարգելներ կային: Յատկապէս գլխաւոր քաղաքներու մուտքին ու ելքին: Նախագահի նկար եւ ձեւական լոզունգները անհետացած էին: Գրեթէ նոյն՝ նախորդ իշխանութեան տեղակայած անցարգելներն էին: Տարբերութիւնը սակայն, որ բոլոր պահակներն ալ մօրուք ունէին, ծածկուած երեսներով: Մօտաւորապէս 8-10 «հաճիզ»ներէն ոչ մէկը կանգնեցուց մեր ինքնաշարժը, կամ անցագիր հարցուց, հրամայեց որ աջ կողմ կենանք ու ճամպրուկները բանանք, քանի մը դահեկան կաշառք տանք եւ այլն: Ինքնաշարժը երբ դանդաղօրէն մօտենար պահակակէտին, վարորդը մեքենան անշարժացնելու վերջին արգելակումը դեռ չկատարած, պահակ-զինեալը ձեռքի ազնիւ շարժումով նշան կ’ընէր ճամբան շարունակելու, անխուսափելի «ալլա մաաքօն»ին հետ: Այո՛, անոնցմէ մաս մը արաբի տեսք չունէր, սակայն բոլորն ալ միշտ քաղաքավար էին:

Ճամբու երկայնքին եւ ամէն տեղ եւ ամէն ոք վառելանիւթի վաճառքի զբաղումի մէջ էր: Մեծ ու փոքր «կալոն»ներ, տեսակաւոր գոյնզգոյն պենզին ցուցադրուած է ճամբուն եզերքը, կիզիչ արեւուն տակ: Ինքնաշարժներու վառելանիւթի գոյներէն երկու տեսակին ծանօթ էի, սակայն առաջին անգամ ըլլալով ականատես եղայ ծիածանի բոլոր գոյներով «պենզին»ներու՝ կարմիր, նարնջագոյն, բաց-նարնջագոյն, դեղին, կանաչ, դեղնականաչաւուն, գոց կապոյտ, բաց կապոյտ եւ այլն:

Ծովեզերեայ սահմանէն մինչեւ Հոմս մայրուղին կ’անցնի լիբանանեան սահմանին հարեւանութեամբ՝ գրեթէ կպած: Մարդոց եւ ինքնաշարժներու խումբ մը հեռուէն հարսանիքի տպաւորութիւնը կը ձգէին: Բացատրուեցաւ, որ անոնք դէպի Լիբանան անօրէն մտնողներն են: Իրապէս ալ, երբ մօտեցանք նշմարեցինք հեռուն անջրդի տարածքներուն վրայ դէպի զառիթափ բարձրացող խումբ մը, որոնք Մեքսիքոյէն Միացեալ Նահանգներ անցնելու տպաւորութիւնը կու տային: Իմացայ նաեւ, որ ասոնք առաւօտեան կը մտնեն եւ յետմիջօրէին ալ կը վերադառնան: Բացատրութիւններէն շատ բան խելքիս չմտաւ, սակայն միակ բանը որ հաստատեցի այն էր, որ սահմանային հսկողութիւնը միայն ինծի նման օրինապահ մարդոց համար էր:

Մայրուղիին երկու կողմերը մեզի անդադար ուղեկից մնացին մարդոց կողմէ նետուած աղբերը: Ծխախոտի տուփեր, պարապ կամ աղբով լեցուն տոպրակներ, թուղթի եւ պտուղի մնացորդներ: Անոնց մեծ մասը տարածուած էր ճամբէն դէպի վար երկարող հողատարածքներուն վրայ: Ճամբորդութեան ընթացքին քանի մը անգամ ականատես կ’ըլլայինք փոքր «վան»երուն պատուհաններէն դուրս շպրտուող առարկաներու: Ի դէպ աղբակոյտերու «հիւանդութեամբ» կը տառապէր նաեւ Հալէպ քաղաքը: Նախորդ շրջանին քաղաքը համեմատաբար աւելի մաքուր էր:

Ճամբու եզերքին տեղ-տեղ ռազմական մեքենայի մը «անշնչացած» կմախքները մօտիկ անցեալի պատերազմին ձեռագիրը կը յուշէին: Արեւմտեան ֆիլմերը յիշեցնող տեսարաններուն վրայ, սակայն, միմիայն ծանր երկաթի կոյտերը մնացած են, անոնք ալ՝ քարերու վրայ՝ անիւները հանելու համար: Յափշտակուած է ինչ որ հնարաւոր էր տեղափոխել:

Հոմս չհասած, հետիոտն անցումի մը ամբողջ երկայնքին՝ մօտ 25 մեթրի վրայ, «բարի գալուստի» պաստառ մը նշմարեցի: Արաբերէն գրութեան տակ սովորական անգլերէն թարգմանութիւնը փոխարինուած էր թրքերէն ողջոյնի մաղթանքներով: Աւա՜ղ որ ուշ անդրադառնալով՝ նկարելու հնարաւորութենէն զրկուեցայ:

Հալէպ հասանք շատ հանգիստ: Կապուեցանք ընկերներուն հետ, որոնք անմիջապէս շրջապատեցին զիս ու շաբաթէ մը աւելի գուրգուրալից հիւրամեծարութիւն ցուցաբերեցին: Որպէս առաջին տպաւորութիւն՝ ինքնաշարժներու քանակն ու չափը աւելցած էր, անտանելի խճողումներ «պարգեւելով» նեղ փողոցներով ճնշուած քաղաքին: Կը կարծէի, որ աշխարհի ամենաճկուն վարորդները լիբանանցիներն են: Սակայն նեղլիկ փողոցներուն մէջ առանց իրար քսուելու ինքնաշարժ վարելը հալէպցիներուն տրուած է եղեր…: Օտարներու թիւն ալ բազմապատկուած տեսայ՝ յատկապէս «հայապատկան» շրջաններուն մէջ: Ցաւալի իրողութիւններէն էր համատարած գողութեան դէպքերը, որոնց առաջքը առնելու հնարաւորութիւնները առայժմ կը պակսին, ըստ երեւոյթին:

Քսաններու ոգեկոչման հանդիսութեան ընթացքին քայլերգները զանց առնուած էին (առայժմ սուրիական քայլերգի չգոյութեան պատճառով), իսկ ելոյթ ունեցողներէն ոչ մէկը ներկայ իշխանութեան ոչ պարագլուխին անունը արտասանեց, ոչ ալ նահանգապետին կամ բարձրաստիճան անձին: Բացման խօսքը արտասանուեցաւ միայն հայերէնով, Քսաններու մասին ազատօրէն արտայայտուեցանք, քննադատեցինք թշնամիին վարքագիծը, Ն.Ս.Մ.Մ.-ի «Ղօղանջ» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական ազատագրական երգերով, երգիչները կուսակցական երգերով խանդավառեցին երիտասարդութիւնը, իսկ երեք համայնքապետերն ալ անկաշկանդօրէն իրենց սրտի խօսքը յղեցին եւ միասնական աղօթքով եզրափակեցին ձեռնարկը: Ոմանց համար հրաշքի համազօր բան մըն է ասիկա, ուրիշներ վերապահութեամբ կը դիտեն այս նոր վիճակը, յատկապէս հարաւային եւ ծովեզերեայ շրջաններէն երբեմն հասած անախորժ լուրերուն պատճառով:

Ընդհանուրին մօտ նկատելի էր մօտիկ անցեալին տիրող վարչակարգի սխալներուն հանդէպ սաստիկ զայրոյթը եւ զգուշաւոր հաւատք՝ ներկայ իշխանութեանց վարած քաղաքականութեան հանդէպ: Հալէպահայութիւնը այսօր կը շնչէ վայելելով հոգեւոր, մտաւոր, ընկերային անսահմանափակ ազատութիւն: Մաղթենք, որ երկիրը ապաքինուի պատերազմի հետեւանքերէն եւ այս գոյավիճակը ոչ միայն մնայ, այլ անեւ  ամրապնդուի, դառնայ հաստատուն եւ մնայուն:

 

 

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԶԻՍ Ո՞Վ ՄՈՌՑԱՒ ԱՅՍՏԵՂ

Next Post

ՀՈԳԵՒՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄ ՄԸ. ԱՒԵՏԱՐԱՆԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ ԱՆԻԾԵ՞Լ – ԵՐԲ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ ԿԸ ՁԱԽՈՂԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Next Post
ՀՈԳԵՒՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄ ՄԸ. ԱՒԵՏԱՐԱՆԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ ԱՆԻԾԵ՞Լ –  ԵՐԲ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ ԿԸ ՁԱԽՈՂԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

ՀՈԳԵՒՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄ ՄԸ. ԱՒԵՏԱՐԱՆԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ ԱՆԻԾԵ՞Լ – ԵՐԲ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ ԿԸ ՁԱԽՈՂԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.