Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Ծաղկային» Կուրութիւն Կամ Ինչպէ՞ս Մոսկուան Իր Դէմ Կը Տրամադրէ Հայ Ժողովուրդը

Վ. Ուլնեցի

May 27, 2026
in Յօդուածներ
0
«Ծաղկային» Կուրութիւն Կամ Ինչպէ՞ս Մոսկուան Իր Դէմ Կը Տրամադրէ Հայ Ժողովուրդը

Երբ աշխարհի գերտէրութիւններէն մէկը կը սկսի պատերազմիլ փոքր երկրի մը դէմ ծաղիկներու, ջերմուկի ու քոնեակի միջոցով, ատիկա այլեւս ոչ թէ տնտեսական որոշում է, այլ իրականութենէն կտրուած ըլլալու եւ իրավիճակին չտիրապետելու դասական օրինակ։ Ռուսաստանը վերջին օրերուն պետական մակարդակով սահմանափակումներ մտցուցած է հայկական ապրանքներու ներկրման վրայ՝ պատճառաբանելով ինչ-որ խախտումներ եւ չափանիշեր։ Պարզ է՝ սա ընտրութիւններու նախաշեմին կը ճնշէ Հայաստանի իշխանութեան դէմ եւ անուղղակի աջակցութիւն Ռուսաստանի զայրոյթով մարդոց ամէնօրեայ դրութեամբ վախցնող Ռոպերթ Քոչարեանին, Սամուէլ Կարապետեանին ու Գագիկ Ծառուկեանին։

Բայց հարցը հետեւեալն է՝ այս քայլերը իրօ՞ք ինչ-որ բան կը փոխեն։

Ռուսաստանը փաստացի կը փորձէ վերադառնալ ազդեցութեան այն մեխանիզմներուն, որոնք տարիներ շարունակ կիրառած է յետխորհրդային տարբեր երկիրներու նկատմամբ։ Տարբեր ժամանակներուն նոյն տրամաբանութեամբ սահմանափակումներու տակ յայտնուած են վրացական գինին, մոլտովական գիւղամթերքը, ուքրանական արտադրանքը։ Հիմա, ըստ էութեան, նոյն ձեռագիրը կը կիրառուի Հայաստանի պարագային։

Բայց այստեղ կայ առանցքային խնդիր մը, որ, կարծես, Մոսկուայի մէջ կը թերագնահատեն։ 2026թ. Հայաստանը 2019-ի եւ նոյնիսկ 2013-ի Հայաստանը չէ, առաւել եւս՝ 2003-ի։ Երկրին մէջ արմատապէս փոխուած է հասարակական ընկալումը՝ թէ՛ ինքնիշխանութեան, թէ՛ արտաքին ազդեցութեան, թէ՛ քաղաքական ընտրութեան հարցերուն մէջ։ Եւ այդ փոփոխութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած է ոչ որեւէ այլ բանի, քան նոյնինքն Ռուսաստանի վարքագիծով, երբ Հայաստանի անվտանգային բոլոր ճգնաժամերու պարագային դաշնակիցը կա՛մ կը մեղադրէր հայկական կողմը, կա՛մ, լաւագոյն պարագային, հաւասարութեան նշան կը դնէր ու կը սահմանափակուէր խոր մտահոգութեան կոչերով։ Արցախի կորուստը, Հայաստանի նկատմամբ ռազմական յարձակման ժամանակ ՀԱՊԿ-ի անգործութիւնը չէին կրնար հայ հասարակութեան մէջ այլ հակազդեցութիւն յառաջացնել, քան ռուսական քաղաքականութեան հանդէպ խորացող հիասթափութիւն։

Եւ ահա այժմ, երբ Ռուսաստանը բացայայտ կը յայտարարէ, որ ՀՀ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն նախընտրութիւններ ունի, տնտեսական ճնշման որեւէ քայլ Հայաստանի մէջ այլեւս չ’ընկալուիր որպէս «ապրանքներու չափանիշերու խնդիր»։

Ռոպերթ Քոչարեանը, Գագիկ Ծառուկեանն ու Սամուէլ Կարապետեանը առաջին հերթին կը համարուին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան, ազատ ընտրութիւններու, տնտեսական զարգացման հակառակորդներ ու խոչընդոտ։ Եւ երբ Ռուսաստանը զանոնք կը համարէ ու կը դարձնէ ի՛ր նախընտրութիւնը, այդ ընկալումները ինքնաշխատ եղանակով կը տարածուին նաեւ Ռուսաստանի նկատմամբ։ Իսկ տնտեսական վերոնշեալ «սթափեցնող արարքներով» Ռուսաստանը փաստօրէն ցոյց կու տայ, որ կարծես ներդաշնակ է այդ ընկալումներուն։

Իսկ եթէ նոյնիսկ Մոսկուայի մէջ նման հաշուարկ գոյութիւն ունի, արդեօ՞ք ոեւէ մէկը լրջօրէն գնահատած է անոր գինը։ Որովհետեւ տնտեսական սահմանափակումներով հնարաւոր չէ համակրանք ձեւաւորել։ Երբ հարուածի տակ կը դրուի հայկական արտադրողը, գիւղացին, արտահանողը, գործարարը, հասարակութիւնը այդ չ’ընկալեր որպէս հարուած բացառապէս իշխանութեան։ Հակառակը՝ կը ստեղծուի տպաւորութիւն, որ կը պատժուի ամբողջ երկիրը՝ քաղաքական նպատակներով։ Իսկ նման իրավիճակներու մէջ հասարակութիւնները սովորաբար չեն համախմբուիր արտաքին ուժի շուրջ։

Որքան աւելի կոշտ ու ցուցադրական կը դառնան նման տնտեսական կամ քաղաքական ազդակները, այնքան աւելի կը խորանայ Ռուսաստանի օտարացումը։ Ատիկա կը փաստեն նաեւ IRI-ի հրապարակած վերջին հարցախոյզին տուեալները։ Ռուսաստանի նկատմամբ բացասական վերաբերմունքը 2026թ. Փետրուարի համամատ աւելցած է առնուազն 3 նիշով, իսկ վստահութեան ցուցիչը նուազած է 8-ով։ Արձանագրելի է, որ որքան Ռուսաստանէն սպառնալիքները կը մեծնան, այնքան վստահութիւնը այդ երկրին նկատմամբ կը նուազի։ Ըստ հարցուածներուն՝ Հայաստանին սպառնացող 3 պետութիւններն են՝ Ատրպէյճան (73%), Թուրքիա (58%) եւ … Ռուսաստան (32%)։ Այս թիւը Փետրուար ամսուն 29% էր, իսկ 2025-ին՝ 27%։ 2025 թուականին Ռուսաստանը դաշնակից եւ ամենավստահելի գործընկեր կը համարէր ՀՀ քաղաքացիներուն 45%-ը, 2026թ. Փետրուարին՝ 43%-ը, 2026թ. Մայիսին՝ 35%։ Ասոնք աղաղակող ցուցանիշեր են, որոնց հետ Մոսկուայի մէջ, փաստօրէն, հաշուի չեն նստիր՝ ապաւինելով ճնշման լծակներուն, սահմանափակումներուն եւ հաւանաբար տեղական լրտեսներէ ստացուած կեղծ տեղեկատուութեան։

Ու այստեղ արդէն հարցը միայն Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր կառավարութիւնը չեն։ Ռուսաստանը, փաստացի, վտանգի տակ կը դնէ հայ հասարակութեան մօտ ունեցած իր վերջին վստահութիւնը՝ փորձելով խաղադրոյք ընել այն քաղաքական դէմքերուն վրայ, որոնց յաղթանակի հեռանկարները խիստ վիճելի են։ Աւելին՝ հարցը արդէն տեղափոխուած է ոչ թէ իշխանափոխութեան, այլ անցողիկ շեմը յաղթահարելու դաշտ։

Կ’արժէ՞ այդ արկածախնդրութիւնը։

Կ’արժէ՞ յանուն քանի մը հոգիի՝ Ազգային ժողովին մէջ մանտաթ ստանալուն, աւելի խորացնել ՌԴ-ի նկատմամբ հայ հանրութեան հիասթափութիւնը եւ բորբոքել բացասական տրամադրութիւններ։

Արդեօ՞ք Մոսկուայի մէջ լրջօրէն կը կարծեն, թէ Գագիկ Ծառուկեանի, Սամուէլ Կարապետեանի կամ Ռոպերթ Քոչարեանի քաղաքական դրամագլուխը հնարաւոր է վերակենդանացնել՝ հայկական քոնեակի, ծաղիկի եւ ջերմուկի ներկրումը արգիլելով։ Հայաստանի մէջ այսօր ամենախիստ դատաւորն ու ամենազգայուն չափիչը ժողովուրդին տրամադրութիւնն է։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք կը քննադատեն Փաշինեանը, չեն կրնար հանգիստ վերաբերիլ արտաքին բացայայտ միջամտութեան հետ։ Առաւել եւս, երբ Քոչարեան-Սարգսեան 20-ամեայ նախագահութիւնը ուղիղ կերպով կ’առնչուի նոյնինքն այդպիսի զրկանքներու հետ եւ որեւէ արհեստագիտութեամբ չի ջնջուիր մարդոց յիշողութենէն։

Եթէ Մոսկուայի մէջ կը կարծեն, թէ նման մեթոտները կրնան վերականգնել նախկին ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ, ապա, ամենայն հաւանականութեամբ, տեղի կ’ունենայ իրականութեան սխալ ընկալում։ Ասոր օրինակն էր այն, որ ՀՀ վարչապետին հետ հանդիպման ընթացքին Ռուսաստանի նախագահը չէր գիտեր, որ Սահմանադրութեամբ այլ երկրի քաղաքացին չի կրնար մանսակցիլ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն եւ ընտրուիլ պատգամաւոր կամ վարչապետ։

Ազդեցութիւնը, որ կը կառուցուի ճնշումի վրայ, կարճաժամկէտ է։ Իսկ այն ազդեցութիւնը, որ կը կորսուի հանրային զգացական մակարդակով, ետ բերելը երբեմն տասնամեակներ կը պահանջէ։

 

«Ռատար Արմենիա»

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

Լ.Տ.

Share64Tweet40
Previous Post

Հոգեգալուստի Տիեզերական Պատգամն Ու Շնագլուխ Կերպարներու Խորհրդաբանութիւնը Հայկական Պատկերագրութեան Մէջ

Next Post

Լուրեր. 2 Յունիս 2026

Next Post
Լուրեր. 2 Յունիս 2026

Լուրեր. 2 Յունիս 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.