Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ճեպազրոյց Ընկեր Սեպուհ Գալփաքեանի Հետ

June 4, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Ճեպազրոյց Ընկեր Սեպուհ Գալփաքեանի Հետ

Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն մեզ կը բաժնէ ընդամէնը քանի մը օր։ Քաղաքական մթնոլորտը արդէն իսկ թեւակոխած է նախընտրական պայքարի թէժ փուլը, ուր տարբեր քաղաքական ուժեր կը փորձեն իրենց դիրքորոշումները ներկայացնել հանրութեան եւ շահիլ ընտրողներու վստահութիւնը։ Սակայն երբեմն գաղափարական մրցակցութիւնը իր տեղը կը զիջի փո­խադարձ մեղադրանքներու, քարոզչական սրացումներու եւ հանրային տրամադրութիւններու վրայ ազդեցութիւն գործելու բազմատեսակ փորձերու։

Այս առիթով, «Արարատ» կարճ զրոյց մը ունեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակ­եան Կուսակցութեան Աւստրալիոյ շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ, Լիբա­նա­նի խորհրդարանի նախկին երեսփոխան եւ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի նախկին ատենապետ ընկեր Սեպուհ Գալփաքեանի հետ։

(Ա.)

 

Հ.­- 7 Յունիսին կայանալիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրու­թիւն­ները ի՞նչ նշանակութիւն ունին Հայաստանի քաղաքական ապագային հա­մար։

Պ.- Անկասկած, 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները վճռորոշ եւ ճակատագրական նշանակութիւն ունին Հայաստանի ապագային համար։ Ասոնք պարզապէս խորհրդարանական ընտրութիւններ չեն, այլ որոշ իմաստով հանրաքուէ մը (referendum)՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ աշխարհա­քա­ղաքական ապագայի ուղղութիւնը վերջնականապէս ճշդելու առումով։

Եթէ ուշադիր հետեւինք ընտրապայքարին մասնակցող հիմնական ուժե­րուն, որոնցմէ մէկը իշխանական է, իսկ երեքը՝ ընդդիմադիր, յստակ պատկեր մը կը ձեւաւորուի։ Իշխանութիւնը իր քաղաքական հայեացքը ուղղած է դէպի Արեւմուտք՝ միաժամանակ փորձելով պահպանել հաւասարակշռուած յարաբերութիւն­ներ բոլոր կողմերուն հետ՝ ներառեալ Ռուսիան։ Մինչդեռ ընդդիմութիւնը իր ամ­բողջ քաղաքական շեշտադրումը դրած է Ռուսիոյ վրայ եւ միա՛յն Ռուսիոյ։ Հետե­ւաբար, 7 Յունիսին կայանալիք ընտրութիւնները մեծապէս այս երկու աշխար­հա­քաղաքական ուղղութիւններու բախումն ու մրցակցութիւնն են։

 

Հ.­- Նախընտրական փուլին հետեւելով՝ ի՞նչ վերապահութիւններ ունիք, որոնք կրնաք ամփոփ կերպով ներկայացնել։

Պ.- 2026-ի ընտրութիւններուն ընթացքն ու ընտրարշաւին տիրող գեր­լարուած մթնոլորտը այնքան բարդ են, որ դժուար է կարճ պատասխաններով ամ­բողջական գնահատական տալ։ Այնուամենայնիւ, փորձեմ կեդրոնանալ քանի մը կարեւոր կէտերու վրայ։

2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութեան ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը իսկական ժողովրդավարութեան հաստատումն էր։ Անցնող ընտրութիւններուն ընթացքին, ի տարբերութիւն 2018-էն առաջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, ակն­յայտ էր ընտրակաշառքի գրեթէ լիակատար բացակայութիւնը եւ ընտրական գոր­ծընթացներու թափանցիկութիւնը։ Ասիկա ժողովրդավարական զարգացման ուղ­ղու­թեամբ լուրջ յառաջընթաց էր եւ արժանի՝ բարձր գնահատանքի։

Այս ընտրութիւններուն, սակայն, տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ որոշ շրջանակներ կը փորձեն վերակենդանացնել ընտրակաշառքի նախկին արատաւոր սովորութիւնը, ինչ որ մտահոգիչ երեւոյթ է։

Երկրորդ լուրջ մտահոգութիւնը արտաքին միջամտութիւններուն կը վե­րա­բերի։ Եթէ նախորդ ընտրութիւններուն արտաքին ճնշումները, մասնաւորաբար ռուսական ազդեցութիւնը, մեծապէս չէզոքացուած էին, ապա այս անգամ արտաքին դերակատարութիւնը աւելի տեսանելի եւ շօշափելի է։ Այսպիսի բացասական երեւոյթներ կրնան ստուեր ձգել ընտրական գործընթացին վրայ եւ, հակառակ ակնկալութիւններուն, նոյնիսկ հակադարձ ազդեցութիւն ունենալ՝ ժողովրդային դժգոհութիւն եւ զայրոյթ յառաջացնելով։

 

Հ.­- Հետաքրքրական պիտի ըլլայ լսել ընտրութիւններու արդիւնքներուն ձեր կանխատեսումները։

Պ.- Այս ընտրութիւններուն հիմնական մրցակցութիւնը, ըստ էութեան, կը ծաւալի չորս կամ հինգ քաղաքական ուժերու միջեւ։ Առանց թերագնահատելու մնացեալ մասնակից կուսակցութիւններուն դերակատարութիւնը, տարբեր հար­ցա­խոյզերու համաձայն, իշխող կուսակցութիւնը տակաւին կը պահպանէ ամենա­բարձր վարկանիշը։ Միւս երեք հիմնական ուժերուն համար, սակայն, խորհրդա­րա­նին մէջ մեծամասնութիւն կազմելու հաւանականութիւնը սահմանափակ կը թուի։

Իմ կարծիքով՝ այս իրողութեան պատճառը կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, որ ընդդիմութեան քարոզարշաւը մեծապէս կեդրոնացած է երկու հիմնական կարգախօսներու շուրջ. առաջինը՝ ամէն գնով Նիկոլ Փաշինեանէն ազատիլը, եւ երկրորդը՝ Հայաստանը վերադարձնել Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտի՝ թուլացնելով կամ խզելով Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները։

Հարցը այն է, թէ այս մօտեցումները որքանո՞վ ընդունելի պիտի ըլլան ընտրողներուն համար։ Ասոր կողքին՝ ընդդիմութեան ներկայացուցած ծրագրերը, իմ գնահատումով, չեն պարունակեր այնպիսի նորարարական կամ զգալի տարբերու­թիւններ, որոնք կրնան լայն հանրային հետաքրքրութիւն յառաջացնել։ Տնտեսա­կան, ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ ռազմական ոլորտներուն վե­րա­բերող բազմաթիւ առաջարկներ արդէն իսկ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին տարբեր ձեւերով ներառուած են գործող իշխանութիւններուն իրականացուցած բա­րեփոխումներու շրջանակին մէջ։

 

Հ.­- Ձեր կարծիքով, ընտրութիւններէն ետք կարելի պիտի ըլլա՞յ ձեւա­ւո­րել աւելի համախմբուած քաղաքական մթնոլորտ։

Պ.– Այս հարցին պարագային առաջին հերթին կը մնայ մաղթել, որ այդ­պէս ըլլայ։ Կը մաղթենք, որ ընտրութիւններէն ետք քաղաքական կիրքերը հան­դար­տին եւ պարտուած ուժերը, շնորհաւորելով յաղթողները, անցնին կառուցո­ղա­կան ընդդիմութեան դերին։

Ընդդիմութեան պարտականութիւնն ու իրաւունքը ոչ թէ մշտական առճա­կա­տում ստեղծելն է, այլ իշխանութեան եւ նորակազմ կառավարութեան գործու­նէութիւնը վերահսկելը, քննադատելը եւ անհրաժեշտ պարագաներու՝ այլընտ­րան­քային լուծումներ առաջարկելը։

Սակայն պէտք է ընդունինք, որ քաղաքական իրականութիւնը միշտ չէ, որ կը համապատասխանէ մեր մաղթանքներուն։ Յոռետես չըլլալու համար միայն կրնամ ըսել, որ որոշ լարուածութիւններ, խառնակչական փորձեր կամ բողոքի շարժումներ բացառուած չեն։ Յոյս ունիմ, որ նման երեւոյթներ, եթէ ի յայտ գան, իրենց սկզբնական փուլին մէջ կը չէզոքացուին, անկախ այն բանէն, թէ ովքե՛ր պիտի ըլլան անոնց հեղինակները։

 

Հ.­- Վերջապէս, ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք ընտրական գործընթացէն։

Պ.- Իմ համոզումով՝ վերջնական խօսքը միշտ ժողովուրդինն է։ Յաղ­թա­նակը որոշողը եւ վերջին վճիռը կայացնողը ժողովուրդը պիտի ըլլայ։ Ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութեան պայմաններու մէջ ժողովուրդը երբեք չի սխալիր, եւ ժողովուրդին կամքը յարգելը բոլոր քաղաքական ուժերուն պարտականութիւնն է։ Այս սկզբունքը մեզի համար կարեւոր եղած է անցեալին եւ նոյնքան կարեւոր կը մնայ այսօր։

Մենք պարտաւոր ենք յարգելու հայրենաբնակ ժողովուրդին կատարած ընտրութիւնը, որովհետեւ անոնք են, որ ամէն օր կը կրեն երկրին բեռը, կը դիմագրաւեն անոր դժուարութիւնները, երբեմն ալ կը վայելեն անոր յաջողութիւններն ու ուրախութիւնները։ Հետեւաբար, ժողովուրդին կամքը պէտք է ընդունուի որպէս գերագոյն որոշում։

Եզրակացնելու համար ըսենք, որ իշխանական ուժերը ճիշդ է որ իտէա­լա­կան չեն եւ մենք ունինք վերապահութիւններ, սակայն այս չակերտեալ ընդդի­մու­թիւնը որեւէ լաւատեսութիւն չի ներշնչեր:

 

Սիտնի, 3 Յունիս 2026

Share61Tweet38
Previous Post

Լուրեր. 4 Յունիս 2026

Next Post

Ձայներ Թաւրիզէն (Ատրպատական՝ պատերազմի ստուերին տակ…)

Next Post
Ձայներ Թաւրիզէն (Ատրպատական՝ պատերազմի ստուերին տակ…)

Ձայներ Թաւրիզէն (Ատրպատական՝ պատերազմի ստուերին տակ…)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.