Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԷՊԻ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ՆԱՅՈՂ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

July 15, 2025
in Յօդուածներ
0
ԴԷՊԻ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ՆԱՅՈՂ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտէն ետք եւ գրեթէ ամբողջ կէս դար (1945–1995), Ամերիկայի եւ Սովետական միութեան միջեւ մղուած Պաղ պատերազմը ծնունդ տուաւ ժողովրդային ազատագրական շարժումներու, որոնք ընդհանրապէս կը մղուէին Արեւմուտքի կամ Ամերիկայի եւ անոր արբանեակ երկիրներուն դէմ: Ափրիկէի մէջ գաղութատիրութենէ կ’ազատագրուէին երկիրներ մէկը միւսին ետեւէն, Ամերիկայի ծոցին մէջ նստած Քուպան կը համարձակէր մատ բարձրացնել իր հզօր դրացիին դէմ, Եգիպտոսի Նասէրն ալ դարձած էր Արեւմուտքի աչքի փուշը:

Անցեալ դարու եօթանասունական թուականներուն, վերոյիշեալ ազգային ազատագրական շարժումներէն ներշնչուած, աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կազմաւորուեցան ոմանց կողմէ ազատագրական, ուրիշներու կողմէ ալ ահաբեկչական կոչուող խմբաւորումներ: Դէպի ձախ թեքող գաղափարապաշտ խմբաւորումներ էին անոնք, ինչպէս Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատը (PFLP), Արեւմտեան Գերմանիոյ Կարմիր բանակ հատուածը (West German Red Army Faction) (RAF), Իտալիոյ Կարմիր ջոկատները (RB), Ճափոնի Կարմիր բանակը (Japanese Red Army), Հայաստանի ազատագրութեան գաղտնի բանակը (ASALA) եւ այլն: Լատին Ամերիկայի, Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Ասիոյ տարբեր շրջաններու մէջ ալ գտնուեցան նման ահաբեկչական ազգային ազատագրական խմբակներ:

Սովետական միութեան անկումէն ետք (1991), ձախակողմեաններու գաղափարախօսութիւնը մարեցաւ՝ տեղի տալով կրօնապաշտութեամբ շարժող ուժերու, ինչպէս Աֆղանիստանի Թալիպանները, Նիկերիոյ Պոքօ հարամը, Սոմալիոյ ալ-Շապապը, Եմէնի Հութիները, Լիբանանի Հըզպալլան եւ Պաղեստինի Համասը:

Մեզ հետաքրքրող բաժինը կը վերաբերի այս կրօնապաշտ խմբաւորումներուն՝ Դիմադրութեան ճակատ (Resistance Front) եւ արաբերէնով Ժապհաթ ալ-Մուքաուամա (اﻟﻤﻘﺎوﻣﺔ ﺟﺒﻬﺔ) կոչուող ուժերուն, որոնք վերջին տասնամեակներուն, Իրանի առաջնորդութեամբ, ճակատ կազմած էին Իսրայէլի դէմ: Իրան-Իրաք-Սուրիա-Հըզպալլա-Հութի-Համաս քաղաքական միաւորումը (entente) տեսակ մը իսլամ շիի համայնքներու (առաւել սիւննի Համասի) դաշնակցութիւն էր, որ Պաղեստինեան դատի պաշտպանութեան համար Արեւմուտքի դէմ պայքարելու դրօշակ պարզած էր: Ասոնցմէ անկախ՝ կար նաեւ Տահէշը, սիւննի ծայրայեղականներու շարժումը, որ իսլամական պետութիւն մը հիմնելու հեռանկարով սարսափ ստեղծեց Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: Տահէշը Սուրիոյ մէջ ծունկի բերուեցաւ Պաշշար Ասատի դաշնակից Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի եւ անոր դաշնակից ուժերուն կողմէ, մեծամասնութեամբ կազմուած Իրաքի եւ Սուրիոյ քիւրտերէն: Եւ յարմար առիթի կը սպասուէր, որ վերջ դրուէր նաեւ շիիներէ բաղկացած կրօնապաշտութեամբ տոգորուած Դիմադրութեան ճակատին:

Պաղեստինեան Համաս կոչուող ծայրայեղ իսլամական շարժումը տուաւ այդ առիթը:

2023 թուականի Հոկտեմբեր 7-ին Կազայի Համասին կողմէ Իսրայէլի դէմ կատարուած ահաբեկչական գործողութենէն ետք, Իսրայէլի հզօր օդային ուժը, իր հետ ունենալով Արեւմուտքի նեցուկն ու օրհնութիւնը, ծրագրեց վերջ տալ Դիմադրութեան ճակատին եւ իրար ետեւէ ինկան բերդերը Համասի, Հըզպալլայի, Սուրիոյ, եւ նոյն ճակատագիրը ունենալու վիճակին ենթարկուեցան Եմէնի Հութիները եւ Իրանի մոլլաները:

Անցեալին գործող եւ այժմ մարած ձախակողմեան գաղափարապաշտ շարժումները թշնամական կեցուածք որդեգրած էին Իսրայէլի դէմ՝ զայն նկատելով Արեւմուտքի միջնաբերդը Միջին Արեւելքի մէջ: Սովետական միութեան անկումով ինկան նաեւ իրենք: Սովետական միութեան եւ համայնավարութեան դէմ Ամերիկայի պայքարին մէջ զինուորագրուեցան կրօնապաշտները, ինչպէս Թալիպաններն ու Իխուան Մուսլիմինները եւ Պըն Լատենները: Արեւմուտքին կողմէ մէջտեղ բերուած եւ ստեղծուած կրօնապաշտ իսլամ Ֆրանքընշթայն-հրէշը դարձաւ զինք ծնող գիտնականին Նեմեսիսը:

20-րդ դարը եղաւ ազգային ազատագրական պայքարներու եւ ծայրայեղ գաղափարապաշտութեան դրսեւորման ժամանակաշրջանը: Վերջ դրուեցաւ այդ տեսակ գաղափարապաշտութեան: 1982-ին, Պէյրութի մէջ ամերիկեան եւ ֆրանսական «խաղաղապահ» զինուորներու դէմ եղած ահաբեկչութիւնը սկիզբը դրաւ իսլամ գաղափարապաշտներու կողմէ Արեւմուտքի դէմ սկսած պայքարին, եւ 21-րդ դարը սկսաւ 2001 թուականին Ուսամա Պըն Լատենի կողմէ ծրագրուած ահաբեկչութեամբ, որ իսլամ կրօնապաշտութեան հարուածը հասցուց մինչեւ Ամերիկայի ծոցը:

Ու 2001 թուականի Սեպտեմբեր 11-էն ետք Ամերիկան եւ Արեւմուտքը անդրադարձան, որ համայնավարութեան չափ ալ վնասաբեր է իրենց համար իսլամ կրօնապաշտութիւնը: Այդ պատճառաւ Իսրայէլի «հացին իւղ քսուեցաւ»: Առաջին հերթին Արեւմուտքի դէմ ամէն տեսակ յոխորտանքի տէր ոչ-կրօնապաշտ իշխանութիւններ, ինչպէս Իրաքի Սատտամ Հիւսէյնը եւ Լիպիոյ Մուամմար Քազզաֆին (Իսրայէլի երդուեալ թշնամիները), հաշուեյարդարի ենթարկուեցան եւ վայրագօրէն մէջտեղէն վերցուեցան: Մնաց Դիմադրութեան ճակատը՝ Իրանի գլխաւորութեամբ: Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն երկու տասնամեակներէ ի վեր Ամերիկային եւ Արեւմուտքին գլուխը կը ցաւցնէր կամ «կ’արդուկէր»՝ պահանջելով անոնց բացարձակ նեցուկը, որպէսզի վերջ դրուէր Դիմադրութեան ճակատին: Իրաքի Սատտամ Հիւսէյնը հարուածելու եւ տապալելու համար զրպարտութեամբ պատճառաբանուեցաւ փճացնել Իրաքի մասսայական ոչնչացման զէնքերը (weapons of mass destruction): Այժմ վարչապետ Նեթանիահու նորէն Իրանը հարուածելու համար զրպարտութեամբ կը պատճառաբանէ վերջ տալ անոր հիւլէական ռումբ ունենալու վտանգին: Ամերիկայի մէջ նախագահ Թրամփի պէս մէկու մը ներկայութիւնը ոսկի առիթ էր Նեթանիահուին՝ իր զրպարտութիւնը ծախելու Ամերիկային եւ անոր շուրջ դարձող աշխարհին:

Գաղափարախօսութեամբ մղուող կամ գաղափարապաշտութեամբ շարժող ուժերու դէմ կարելի չէ յաղթանակ արձանագրել, որքան ալ ծանր ու ցաւալի ըլլայ հարուածը անոնց դէմ: Անոնք զուրկ կ’ըլլան իրապաշտութենէ եւ պարտութեան մէջ իսկ կ’ուզեն գտնել պատճառ մը,– որքան ալ ծիծաղելի թուի,– որպէսզի ստեղծեն կարելիութիւնը ապագային չարաչար գործածելու կուրօրէն իրենց հետեւող շարքերը:

Այս բոլորէն դաս քաղելով մարդ կը մղուի համոզուելու, որ Արեւմուտքի շահերուն դէմ կանգնող որեւէ ուժ վիճակուած է ուշ կամ կանուխ,– ըլլայ ան գաղափարապաշտութեամբ կամ կրօնապաշտութեամբ տոգորուած,– մարելու կամ անհետանալու: Նոյնիսկ Ռուսիոյ պէս հսկայ մը քանի մը տարիէ ի վեր Ուքրանիոյ դէմ իր շղթայազերծած պատերազմէն չկրցաւ յաղթական դուրս գալ, որովհետեւ Ուքրանիոյ կողքին Արեւմուտքը գտաւ իր դէմ:

Սա դառն իրականութիւն է, որ մեզմէ ոմանք տարբեր պատճառներով չեն կրնար կամ չեն ուզեր հասկնալ եւ ընդունիլ:

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը հասկցած ըլլալ կը թուի այս դառն իրականութիւնը եւ բացուած է դէպի Արեւմուտք՝ ապահովելու համար իր ժողովուրդին անվտանգութիւնը, հակառակ իր հիւսիսի դրացի կասկածելի դաշնակից «հզօր» երկրին կողմէ եղած սպառնալիքներուն:

Ահաբեկչութիւնը նպատակի մը ծառայող միջոց է, իսկ բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ ձախողած է եւ խանգարած մարդկութեան հանգիստը:

Հայաստանի ԱՆՑԵԱԼԻ ուժերը կը սպառնային ԱՆՑԵԱԼԻ միջոց նկատուող ահաբեկչութիւնը կիրարկելով Ռուսիոյ փէշին տակ դնել հայրենի իշխանութիւնը. այն Ռուսիոյ, որուն վստահելով շատ բան կորսնցուցինք մեր ազգային արժանապատուութենէն եւ հողային հարստութենէն:

Արդեօք ե՞րբ պիտի անդրադառնան ոմանք, որ փորձուածը նորէն փորձելը յիմարութիւն է:

Share62Tweet39
Previous Post

  ԹՐԱՄՓԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՄՏԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ԶԻՍ Ո՞Վ ՄՈՌՑԱՒ ԱՅՍՏԵՂ

Next Post
ԶԻՍ Ո՞Վ ՄՈՌՑԱՒ ԱՅՍՏԵՂ

ԶԻՍ Ո՞Վ ՄՈՌՑԱՒ ԱՅՍՏԵՂ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.