28 Մայիսին, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ, «Արարատ» փափկավարական այց մը կատարեց Սիտնիի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ վերապատուելի Յակոբ Սարգիսեանին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Աւստրալիոյ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի վարչութեան փոխատենապետ ընկեր Ասատուր Հաճեանը։
Հանդիպումը անցաւ ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ բովանդակալից զրոյց Սիտնիի հայ գաղութին, եկեղեցական կեանքին, ազգային գործունէութեան եւ համայնքային ներկայ մարտահրաւէրներուն մասին։
«Արարատ»-ի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց վերապատուելի Յակոբ Սարգիսեանին՝ սիրալիր ընդունելութեան համար եւ խմբագրութեան ու ընթերցողներուն անունով շնորհաւորեց յարգելի Հովիւն ու եկեղեցւոյ համայնքը՝ վերջերս հանդիսաւորապէս նշուած չորս պատմական տարեդարձներուն առիթով: Ընդգծուեցաւ, որ այս յոբելեաններուն միատեղ նշումը վկայութիւն է Սիտնիի Հայ աւետարանական համայնքի կենսունակութեան եւ կազմակերպուած աշխատանքին։
Խօսակցութեան ընթացքին տեղեկացանք նաեւ, որ վերապատուելի Յակոբ Սարգիսեանը ներկայիս կը բոլորէ իր ծառայութեան վերջին տարին Սիտնիի մէջ, ուր շուրջ տասնմէկ տարիէ իվեր ունեցած է բեղուն եւ նուիրեալ գործունէութիւն։
Հաճելի բացայայտում մը եղաւ նաեւ այն, որ վերապատուելիին հայրը՝ վեր. Աբրահամ Սարգիսեանը, ծանօթ անուն մըն էր լիբանանահայ աւետարանական շրջանակներուն մէջ։ Ան 1970-ական թուականներու վերջաւորութեան ծառայած էր նաեւ Հայ Աւետ. Գոլէճէն ներս որպէս փիլիսոփայութեան ուսուցիչ։ Նաեւ իմացուեցաւ, որ վերապատուելի Յակոբ Սարգիսեանը 2007-2010 թուականներուն նոյնպէս ծառայած է Քանթարիի Հայ Աւետ. Առաջին եկեղեցւոյ մէջ։
Հանդիպման աւարտին գնահատուեցաւ վերապատուելիին երկարամեայ ծառայութիւնը, որուն ընթացքին Սիտնիի Հայ աւետարանական համայնքը կրցած է ոչ միայն պահպանել իր գոյութիւնը, այլ նաեւ զարգացնել իր հաստատութիւններն ու համայնքային կեանքը՝ ամրապնդելով եկեղեցական, կրթական եւ երիտասարդական գործունէութիւնը։

