Վերջին օրերուն ականատես կ’ըլլանք ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու աւելի ու աւելի սրացման։ Ռուսաստանի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ յանցագործ խմբակի մը դէմ կատարուած գործողութեան մը ընթացքին երկու ատրպէյճանցի եղբայրներու մահը հանդիսացաւ այն կայծը, որ Պաքուին տուաւ պատրուակ՝ անցնելու Ռուսաստանի դէմ նոր քայլերու։
Ներխուժելով Պաքուի մէջ գործող ռուսաստանեան «Սփութնիք» լրատուական կայանը, ազերի ոստիկանները ցուցադրական ու նուաստացուցիչ ձեւով ձերբակալեցին խումբ մը լրագրողներ եւ այլ ռուս քաղաքացիներ՝ զանոնք ամբաստանելով զեղծարարութեան կամ թմրամիջոցներու տարածման մէջ։ Պաքուն չեղարկեց շարք մը մշակութային միջոցառումներ, հրաժարեցաւ երկկողմանի բանակցութիւններէ ու ետ կանչեց իր դիւանագէտները։
Այս զարգացումները երկրորդ արարն էին անցեալ տարուան Դեկտեմբերին ատրպէյճանական օդանաւի արկածին յաջորդած իրադարձութիւններուն, որոնց հետեւած էր Պաքուի մէջ «Ռուսաստանի Տան» փակումը։ Կասկածէ վեր է, որ Ալիեւ նման առիթներ պատրուակ կը ծառայեցնէ Ռուսատանէն հեռանալու եւ Արեւմուտքին մօտենալու նպատակով։
Մոսկուայի որոշ քաղաքական շրջանակներ արդէն իսկ կը խօսին այն բանի մասին, որ Պաքուն Ռուսաստանէն իր ստանալիքը ստացած է ու այլեւս պէտք չունի անոր աջակցութեան։
Ալիեւ ինքզինք լկտի կը պահէ քանի որ ունի աւելի ուժեղ դաշնակից՝ յանձին Թուրքիոյ, որուն նպատակը միշտ եղած է Ռուսաստանը դուրս մղել հարաւային Կովկասէն։ Այս նպատակը այժմ իրականութիւն դառնալու ճամբուն վրայ է։
Մոսկուան այս վիճակին մատնուեցաւ իր վարած անհեռատես քաղաքականութեան պատճառով։ Նախ առանց պայմաններու զինեց Ատրպէյճանը՝ շատ լաւ գիտնալով, որ այդ զէնքերը պիտի օգտագործուին իր ենթադրեալ դաշնակից Հայաստանի դէմ։ Քրեմլին միջոցը ունէր կանխելու 44-օրեայ պատերազմը, սակայն չըրաւ։ Կրնար կասեցնել Արցախի ամբողջական հայաթափումը սակայն ո՛չ միայն չկանխեց, այլ ընդհակառակը՝ նպաստեց անոր իրագործման։ Նոյնպէս, կրնար կասեցնել Ատրպէյճանի յարձակումները ու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու գրաւումը, սակայն այդ բոլորը չտեսնելու եկաւ։
Ատրպէյճանի հետ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու լոյսին տակ, Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը արդեօ՞ք պիտի վերատեսութեան ենթարկէ կովկասեան տարածաշրջանէն ներս վերջին տարիներուն իր վարած արտաքին քաղաքականութիւնը։ Նոյնիսկ եթէ Մոսկուան այդ քայլին դիմէ, արդէն իսկ բաւական ուշացած պիտի ըլլայ այդ։ Հայաստան պատրաստ չէ վերադառնալու նախկին օրերուն, երբ ամբողջութեամբ կախեալ էր մէկ երկիրէ թէ՛ զինուելու եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու առումով։ Ներկայիս Երեւան կը վարէ բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն, իսկ իր բանակի վերակառուցման համար կ’ապաւինի տարբեր երկիրներու հետ բարեկամութեան ու համագործակցութեան։
Կասկածէ վեր է, որ Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները չեն կրնար վերադառնալ իրենց նախկին օրերուն։ Նոյնը կարելի է ըսել Հայաստանի պարագային, որ սակայն պատրաստ է Ռուսաստանի հետ իր կապերը շարունակելու փոխադարձ յարգանքի ու իր ազգային շահերու պաշտպանութեան սկզբունքներու հիման վրայ։
Յստակ է, որ Ռուսաստան կորսնցուց իր իսկական դաշնակից Հայաստանը ու անոր ժողովուրդը, առանց շահելու Ատրպէյճանը, որ ամէն քայլի կը դիմէ Մոսկուայի հետ իր յարաբերութիւնները փճացնելու ու Թուրքիոյ, Իսրայէլին ու Արեւմուտքին մերձենալու նպատակով։
Այս օրերուն, երբ ռուսաստանցի խօսնակներու բերնէն տակաւին կը լսուին «եղբայրական Հայաստան» բառերը, անոնք կը հնչեն շատ դատարկ ու իմաստազուրկ։ Ոչ մէկ երկիր իր դաշնակիցին հետ նման ձեւով պիտի վարուեր ու զայն հասցնէր ռազմի դաշտին վրայ պարտութեան։ Բարեբախտաբար, հայ ժողովուրդը իր մէջ ուժ գտաւ իր ուրոյն ճանապարհը հարթելու եւ դառնալու կարեւոր դերակատար միջազգային հարթակներու վրայ։

