«Մարմարա»ի պատուարժան խմբագիր պարոն Ռ. Հատտէճեան շատ հետաքրքրական գիրք մը ունի, սուրճի, կարճ տաբատի, շապիկի, կարօտի, սխալներու խնդիր խորագրերով: Ես ալ նոյն նիւթերուն մասին նամակով մը գրած էի իրեն, ներկայացնելով ի՛մ «խնդիրներս»: Պատի՛ւ ըրաւ ինծի ու հրատարակեց:
Հիմա ալ պատմեմ իմ գիտցած սիկարէթի խնդիրները:
ՄԵԾ ՀԱՅՐՍ
«Մի՛ ծխեր, տղաս, սիկարէթը թշնամիիդ դիմաց զիջիլ կու տայ քեզի»:
Երկրորդ գաղթականութեան օրերուն է: Կորսնցուցած են տուն-տեղ, ինչք, ունեցուածք: Նախքան կրկին հողատէր դառնալով պարտիզամշակութեամբ զբաղիլը, ընտանիք պահելու համար, ածուխի արտադրութեամբ եւ վաճառքով զբաղած է մեծ հայրս: Գործ մը, որու արտադրութեան համար դրամագլուխի կարիքը չկայ, վարպետութիւն կ’ուզէ միայն:
Թուրքիոյ անծայրածիր անտառներուն ծառերէն ճիւղեր կտրտելով, կը կուտակէ բլուրի մը պէս: Ցեխով կը ծածկէ հաւաքածոն: Փոքր խոռոչ մը բլուրին վերէն, ուրիշ մը վարէն, կայծը կու տայ որպէսզի փայտերը կամաց-կամաց այրին եւ ածուխի վերածուին:
Այրելու այս փուլը կը տեւէ քանի մը օր: Գիշեր-ցերեկ, բլուրին շուրջ դառնալով պէտք է հետեւիլ որպէսզի երրորդ խոռոչ մը չբացուի, ապա թէ ոչ բոլոր կոյտը մոխիրի կը վերածուի, փոշիացնելով ամիսներու աշխատանքն ու տարեկան եկամուտը:
Ցերեկով, ընտանիքի անդամները կ’այցելեն զինք, բայց գիշերը բոլորովին առանձին է ամայի անտառին մէջ:
Չար բա՞խտ, թէ՞ չար ժամ («չար սաաթ» պիտի ըսէր մեր սիրելի Ռաֆֆին), գիշերով մը ծխախոտէ կը կտրուի: Եթէ չծխէ, աչքերուն առջեւ կը սեւնայ:
Անկարելի է գիւղ վերադառնալ:
Նախախնամութեան տնօրինումով, մութին մէջ կը լսէ ձիու մը սմբակին ձայնը: Պատերազմի օրեր են: Զէնքը վերցնելով, ծառի մը ետին դիրք կը բռնէ ու կ’ըսէ. «Թշնամի ես, թէ բարեկամ, սիկարէթ մը տուր անանկ անցիր»:
Ձիաւորը կը մօտենայ: Լուսնի լոյսին տակ կը ճանչնան զիրար: Հոգի ի բռին անձնական թշնամութիւն կայ թուրք ձիաւորին եւ մեծ հօրս միջեւ: «Թշնամութիւննիս թշնամութիւն թող մնայ, ա՛ռ այս սիկարէթները» ըսելով, երեք սիկարէթ կը փոխանցէ մեծ հօրս ու կը շարունակէ ճամբան:
ՀԱՅՐՍ
Հակառակ իր հօր խրատականին, հայրս որոշ ժամանակ մը ծխող եղած է: Ես չեմ յիշեր ծխելը: Մինչ այդ ձգած էր արդէն:
Առիթով մը խնճոյքի են մօրեղբօրս տունը: Առաւօտեան փոքր ժամերուն կը վերադառնան տուն: Սիկարէթ մը պիտի ծխէ՛ որ քունի անցնի:
Ա՜յ քեզ բան… սիկարէթ կայ, հրահան չկայ: Մոռցած է խնճոյքի վայրը: Կեանքի մէջ ինչ որ պիտի պատահի՝ պիտի պատահի, սատանայի՞ գործ (թէ՞ հրեշտակի), տունն ալ լուցկի՛ չկայ:
Անհրաժեշտ է, որ ծխէ՛ որ կարենայ քնանալ:
Ինքնաշարժ չունի (երբեք ալ չունեցաւ): Մեր տան շուրջը ամայութիւն է: Մօրս կ’առաջարկէ որ վրան հագնի «սերվիսով» Պուրճի հրապարակ երթան, ուր կրպակները բաց են 24 ժամ: Բայց թէ ինչո՞ւ է մօրս ընկերակցութիւնը, հանելուկ մնացած է ինծի համար:
Մայր ճամբայ կ’ելլեն: Շոգիացած են փոխադրամիջոցները: Կարելիութիւն չկայ Պուրճի հրապարակ հասնելու: Երկար սպասելէ ետք կը սկսի անձրեւել: Կը վերադառնան տուն:
Քանի մը անգամ կ’ուզէ դրացիի մը դուռը զառնել լուցկի մը կամ հրահան մը ուզելու համար: Կը վարանի: Ամօ՛թ է լուցկիի մը համար այդ ժամուն դրացիները արթնցնել: Անակնկալի գալով սարսափահար կրնան ըլլալ:
«Այս մէկ հատիկ սիկարէթը վրա՞ս մը պիտի իշխէ» ըսելով մէկ անգամ ընդմիշտ ձգած էր ծխելու սովորութիւնը:
ՔԵՌԱՅՐՍ
Իմ պատուական եւ աննման քեռայրս:
Հայ լեզուն հետաքրքրական «գիւտ» մը ունի: Մարդն ու դրամը ճիշդ հակառակ ձեւով կը գրուին:
Անահիտ քրոջս ամուսինը՝ Յովսէփ (Ժոզէֆ) Փանոսեան՝ դրամին ճիշդ հակառակը եղող ազնուական ՄԱ՛ՐԴն էր: Իսկական մարդ, բառին բո՛ւն իսկական առումով:
Քառասունհինգ տարի աշխատակցած է ASSOCIATED PRESS (AP) լրատու գործակալութեան: Միա՛կն էր որուն արտօնուած էր երկլեզու գրել. թէ՛ անգլերէն եւ թէ՛ արաբերէն: Մահուընէ ետք միայն իմացանք որ գրասենեակէն ներս Walking Dictionary (գալող բառարան) կոչած էին զինք:
Պատահած էր նաեւ, ի՛մ ներկայութեան, երբ Մահմուտ Սիալա անուն արաբ խմբագիր մը ըսա՛ւ իրեն. «Լէ՛ք (ծօ՛) Ժոզէֆ, հարիւրաւոր միլիոն արաբներուն մէջ 7 հոգի չի՛ գիտեր այս բառին իմաստը, դուն 7 հոմանիշ կու տաս(կոր) այդ նոյն բառին»:
Ծխո՛ղ էր եւ ան ալ ի՜նչ ծխող:
Բայց բարի սովորութիւն մը ունէր, Մեծ պահքի 40 օրերուն կը դադրեցնէր ծխելը: Սուրբ Զատիկէն ետք, ինքնարդարացումով մը «հիմա որ կարանթի ըրի որ երբ որ ուզեմ կրնա՛մ ձգել» ըսելով կը վերադառնար ծխելու սովորութեան:
Մահուընէ միայն քանի մը շաբաթ առաջ բոլորովին դադրեցուց ծխելը:
Ինչո՞ւն… ըսե՛մ:
Մինչեւ վերջին շունչը շարունակեց գրել: Աշխատանքի պահուն, ձեռքը կ’երկարէ, սիկարէթ մը կը վերցնէ տուփիկէն որ վառէ՛: Կը նկատէ որ վառած սիկարէթ մը արդէն կայ շրթներուն վրայ: Երկրորդ մըն ալ կայ ձախ կողմի մոխրամանին եւ ուրիշ մը՝ աջ կողմի մոխրամանին մէջ: Վերցուցածը չորրորդ սիկարէթն էր:
Այո՛, լման դադրեցուց ծխելը, բայց աւա՜ղ քաղցկեղը քայքայած էր թոքերը:
Ինձմէ սկսեալ, ծխողներէն ով ականջ ունի թող լսէ՛, բայց առանց վարանելու եւ ամենայն պարտաճանաչութեամբ ալ թող շարունակէ՛ ծխել:

