Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՀԱՅ ԸԼԼԱԼԸ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆՍ ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ ՄԱՍՆ Է»

 ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ (Նիկոսիա)

July 10, 2025
in Յօդուածներ
0
«ՀԱՅ ԸԼԼԱԼԸ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆՍ ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ ՄԱՍՆ Է»

 

 

 

«Հայաստան ծնած եմ եւ երբեք չեմ զգացած որ պէտք է պայքարիմ ինքնութիւնս պահելու համար։ 2003 թուականին տեղափոխուեցայ Պարսելոնա եւ խումբ մը հայերով զգացինք հայկական ինքնութիւնը պահապանելու անհրաժեշտութիւնը։ 2006 թուականին հիմնեցինք Պարսելոնայի հայկական մշակութային միութիւնը»։ (Սիրանուշ Սահակեան)

 

15-20 Յունիս 2025, Պարսելոնա, Սպանիա

Մշակոյթի, ազգային ինքնութեան եւ մայրենի լեզուի պահպանման դասախօսութեանս ընթացքին, հայկական մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ եւ «Հայ Տուն» կեդրոնին մէջ, տեսայ այն մեծ ուժը որ հայերը հոն կ’ուզէին դրսեւորել որպէսզի հայ մնան։ Սիրանուշ Սահակեան՝ միութեան հիմնադիր անդամներէն, դուրս հանեց իր հպարտութիւնը երբ ըսաւ. «Հայ ըլլալը ինքնութեանս անբաժանելի մասն է»։

Բայց այդ անբաժանելի մասը պէտք է պահուի։

Պարսելոնայի հայկական գաղութը, որ այսօր կը հաշուէ մօտաւորապէս 4.000 անդամ, մեծ համեմատութեամբ կազմուած է Հայաստանէն դուրս եկած հայորդիներով։ Փորձեցի տեսնել հայաստանեան սփիւռքի իւրայատկութիւնները, որպէսզի աւելի լաւ ձեւով կարենամ համեմատել հայկական դասական սփիւռքին հետ։

Արթիւր Մխիթարեանը ծնած է Երեւան։ 2007 թուականին իր տիկնոջ հետ եկած է Պարսելոնա։ Անոնք ունին երկու զաւակ, որոնք ծնած են Պարսելոնա։ «Հայութիւնը ինծի եւ ընտանիքիս համար առաջին տեղ է», ըսաւ Արթիւր։ «Տունը արգիլած եմ սպաներէն խօսիլը։ Տիկինս եւ ես ամէն ինչ կ’ընենք, որպէսզի պզտիկները իրենց ինքնութիւնը պահեն»։

Արթիւրը իր ազատ կամքով դուրս եկած է Հայաստանէն։ «Վատ չեմ զգար որ Հայաստանը ձգեցի», ըսաւ ան։ «Բայց կարօտը հայրենիքին շատցաւ։ Օտարութեան մէջ ըլլալով աւելի լաւ կրնամ արժեւորել իմ հայրենիքը»։

Արթիւր ունի իր սեփական աշխատանքը՝ ծաղիկի վաճառականութիւն։ Կը զրուցէի հայու մը հետ, որ ունի բաւարարուածութիւն եւ ապահովութիւն՝ ընտանիքին կենսամակարդակը պահելու համար։ Արթիւր այն հայն է, որու սրտին ու հոգիին մէջ անդադար կը տրոփէ հայկականութիւնը։ «Ես Սպանիոյ մէջ աւելի լաւ ճանչցայ թէ ինչ է հայութիւնը», ըսաւ ան։

Ճիշդ է Արթիւրը։ Սփիւռքի մէջ կեանքը պայքար է եւ դպրոց։ Եթէ մէկ կողմէ կը սորվեցնէ, բայց նոյնքան նաեւ քեզ զգաստ կը պահէ։

Պարսելոնայի հայկական մշակութային միութիւնը կազմակերպած է շաբաթօրեայ դպրոց մը, որ ունի աւելի քան 90 աշակերտ, ուր կը սորվին լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ եւ պար։ Անոնք ունին ճատրակի դպրոց եւ պատանիները առաջին դիրք գրաւած են Պարսելոնայի պատանեկան մրցաշարքին։

 

Մարիեթա Յակոբեանը ծնած է Երեւան։ 2023 թուականին եկած է Պարսելոնա։ «Ճարտարապետութիւնը շատ կը սիրեմ եւ այդ գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր որ եկայ այս քաղաքը», ըսաւ ան։ Մարիեթայի «սէրը» զիս չզարմացուց։ Պարսելոնայի գեղեցիկ ճարտարապետութիւնը կը զգլխէ ու կ՛անցնի ամէն գեղեցկութիւն։

«Կը հաւատամ որ ազգային եւ մշակութային ժառանգը որ ունիմ միշտ ալ կ՚ապրի իմ մէջս», ըսաւ Մարիեթա։ «Բայց նոր մօտեցումներ կը փնտռէի, որպէսզի նորը ստեղծեմ»։ Մարիեթա երիտասարդ տնտեսագէտ աղջիկն է, որ ունի քննական միտք։ «Ցեղասպանութիւնը ցաւի յատուկ տեսակ է, որուն մէջէն կը ծնի պայքար եւ այս ցաւ-պայքարը կը մղէ քեզ յառաջանալու կեանքի մէջ, ուր կը ճանչնաս եւ կը յիշես ազգդ եւ կրօնքդ։ Ցեղասպանութեան ցաւը երբ վերածես պայքարի, անպայմանօրէն կը յաղթես», շարունակեց Մարիեթա։

Մարիեթա հայրենասէր երիտասարդուհին է։ «Հայրենիքը հաւատք եւ արժէք է»։ Ան կը հաւատայ որ հայրենիքի այս հաւատքը եւ արժէքը կը պահուի ու կը զարգանայ կրթութեամբ։ Մարիեթա համոզուած է, որ ներկայ օրերու ճարտարարուեստի յառաջխաղացքը կը ստեղծէ բոլոր հնարաւորութիւնները, որ անձ մը կարենայ տարբեր երկիրներու փորձը, փորձառութիւնը եւ դաստիարակութիւնը ներմուծել հայրենի կեանքին մէջ եւ յառաջխաղացք արձանագրել։ Այս ալ սփիւռքի հայկական ուժն է, երբ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ իր հետ կը բերէ իր ծնած-ապրած երկրի փորձը եւ կը տրամադրէ հայրենիքի վերելքին։ Սփիւռքը «դրամագլուխ» է, որուն լաւապէս տնօրինումը կրնայ մեծ արդիւնքներ նուաճել համահայկական տարբեր օրակարգերու համար։

Անի Սահակեանը ծնած է Հայաստան եւ 2021 թուականին եկած է Պարսելոնա։ Անին շատ լաւ կը գիտակցի, թէ ինչքան առանձնաշնորհումներ ունէր հայրենիքի մէջ եւ թէ սփիւռքեան իրականութիւնը ինչքան տարբեր է։ «Հայրենիքի մէջ կ’ապրիս կեանք մը եւ չես գիտակցիր, թէ այդ բոլորը ինչ գինով կը պահուի քեզի համար։ Երբ Սպանիա եկայ, այդ բոլորը չկային։ Չկար նոյնիսկ աւանդական հայկական համայնք, որ զիս կապէր հայրենիքին», ըսաւ Անին։

Անին իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ գաղութի հոգեւոր դաստիարակութեան մէջ։ «Սփիւռքի մէջ հայ ապրիլը մարտահրաւէր է, առաքելութիւն, խաչ որ պիտի կրես», շարունակեց Անին։ «Այս խաչը պիտի կրենք, որպէսզի նոր սերունդը հայ մեծնայ։ Ահա այս ամէնէն մեծ տարբերութիւնն է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայուն պայմաններուն»։

Անին հայուհին է որ չէր բաւարարուեր միայն խօսելով։ Ան աշխուժ մասնակցութիւն կը բերէ որպէսզի եկեղեցական կեանքը կազմակերպէ եւ հայկական գաղութը կարենայ ունենալ պատարագ եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն։

Անիին մօրենական կողմը Արցախէն է։ Իր մօրենական ընտանիքը ապրած է Արցախի պատերազմները։ Այս իմաստով ան գիտէ արժէքի գիտակցութիւնը եւ անոր պահպանումը։ «Կ’ուզեմ որ իմ հայրենակիցները, որ Հայաստան կ’ապրին, պինդ պահեն մեր արժէքները՝ մանաւանդ ներկայ օրերուն», եզրափակեց Անին։

Սփիւռքը ինչքան բարդ է։ Շատ են սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայուն զգացումները, մարտահրաւէրներն ու պայքարը։

Անի Բայաթեանը ծնած է Երեւան եւ Պարսելոնա եկած է 2015 տարին։ « Տան մէջ միայն հայերէն կը խօսինք», ըսաւ Անին։

Անին գործունեայ անդամ է Պարսելոնայի մշակութային միութեան եւ անոր «Հայ Տան» մէջ։ «Ամէն միջոցառում կը կազմակերպենք որպէսզի հայ նոր սերունդը հայ պահենք», ըսաւ Անի։

Երբ կը խօսէի Անիին հետ, կը տեսնէի թէ ինչքան սէր եւ յարգանք ունի Հայաստանի եւ հայկական արժէքներու նկատմամբ։ Երբ հարցուցի, թէ Հայաստանը իրեն համար ի՞նչ կը նշանակէ, ան ըսաւ. « Հայաստանը տուն է, մանկութիւն եւ կարօտ»։

Հապա՞ Հայաստանի ապագան։ «Բան չեմ կրնար ըսել», ըսաւ Անի։

Հայաստանը հայրենիք է, որ կու տայ ինքնութիւն, պատկանելիութիւն եւ հպարտութիւն, սակայն ներկայ օրերու իրավիճակը յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան մթնոլորտ կը ստեղծեն։

Միջինարեւելեան ժողովրդային առածը կ՚ըսէ. «Լեռներ իրար չեն հանդիպիր, բայց մարդիկ իրար կը հանդիպին»։ Այս իմաստով շատ հաճելի եւ հետաքրքրական էր դարձեալ հանդիպիլ Տաթեւ Սուլեանի։ Ան վեց տարի վարած էր Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի գործավարի պաշտօնը։ Տաթեւ ծնած է Քեսապ, ուսանած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դպրեվանքին մէջ, աւարտած է Համազգայինի հայագիտական հիմնարկը, եւ մագիստրոս վկայական ստացած է՝ պատմութեան մէջ, Երեւանի  պետական համալսարանէն։ 2012-ին ան հասած է Պարսելոնա։ «Այլեւս հոս եմ եւ հոս պիտի ապրիմ», ըսաւ Տաթեւ։

 

Եւ հոս ապրելու գիտակցութեամբ՝ Տաթեւ կը կերտէ իր անձնական, ընտանեկան եւ հաւաքական-ազգային կեանքը։ Եւ ինչպէս չկերտել ազգային կեանքեր, երբ Տաթեւի ակունքները կու գան ուժեղ Քեսապէն եւ աշխուժ Պէյրութէն։ «Ես շատ բան կը պարտիմ Միջին Արեւելքին եւ անոր դաստիարակութեան», ըսաւ Տաթեւ։ Ան ստանձնած է մշակութային միութեան ատենապետութեան պատասխանատուութիւնը եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ հայապահպանումի առաքելութեան մէջ։ Ան իր ազգային ծառայութիւնը կ’որակէ որպէս «կամաւոր բանակ եւ ազգային պարտք»։

«Հայուն ազգային ինքնութեան կերտումը եւ ապահովութիւնը միայն դպրոցով չ’ըլլար», ըսաւ Տաթեւ։ «Կարեւոր է, որ հայեր իրար հետ ունենան կապ եւ հաղորդակցութիւն։ Շատ մեծ զոհողութիւններով ստեղծեցինք «Հայ Տուն»ը, որպէսզի հայեր Պարսելոնայի մէջ համախմբուին»։ Ես տեսայ թէ ինչպէս «Հայ Տուն»ը կը համախմբէ հայութիւնը։

Հայապահպանումի մեր սփիւռքեան «պատերազմ»ին մէջ, մենք պէտք ունինք Տաթեւի նման նուիրեալներու, որոնք կը գիտակցին կամաւոր բանակի եւ ազգային պարտքի կարեւորութեան։

Լեւոն Գրիգորեանը փաստաբան է եւ միջազգային օրէնսգիտութիւններու մասնագէտ։ Լեւոնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սպանիոյ մասնաճիւղի ատենապետն է եւ ազգային-եկեղեցական լայնածաւալ գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Անոր հայրը Հալէպէն է եւ մայրը՝ Պաքուէն։ Լեւոն ամուր կապուածութիւն ունի Արցախի եւ անոր հիմնախնդրին։ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Լեւոն ունեցած է բեղուն  գործունէութիւն, երբ իր բոլոր իրաւական լծակները ի սպաս դրած է արցախեան հիմնահարցի քարոզչութեան՝ Սպանիոյ պետական եւ քաղաքական լայն շրջանակներու մէջ։ «Արցախը հայ ժողովուրդին սիրտն է ու Հայաստանի փրկութիւնը», ըսաւ Լեւոն։ «Արցախը տալով մենք մեր մարմնէն մաս մը տուինք»։

Եւ դարձեալ Սիրանուշը՝ «Հայոց ցեղասպանութիւնը վէրք է, աւելի ճիշդ՝ ծննդեան նշան որ ժառանգած եմ ծնողքէս եւ կը փոխանցեմ իմ զաւակներուս։ Իսկ Արցախը բաց վէրք է, որ երբեք չի սպիանար»։ Սիրանուշ ամուսնացած է Տաթեւ Սուլեանի հետ։ «Դասական սփիւռքի համար հայ ինքնութիւնը եւ մշակոյթը պահելը եղած է անհրաժեշտութիւն եւ փոքր տարիքէն սկսած։ Հայաստանցիները, որոնք ներգաղթած են Հայաստանէն, իրենց համար անհրաժեշտութիւն եղած է գոյատեւել եւ պահել ընտանիքները։ Շատերը նոյնիսկ չեն մտածեր հայ ինքնութիւնը պահելու մասին»։

Դասական թէ հայաստանեան սփիւռք, կայ ու կը մնայ մէկ հիմնական իրականութիւն, թէ հայ ըլլալը ինքնութեան անբաժանելի մաս ընելն է։

Լեւոնը շեշտեց այս հայու ինքնութեան անբաժանելի մաս ըլլալու իրողականութիւնը։

Սպանիոյ զօրավար Ֆրանքօն եւ Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատը ունեցած են բարեկամական ջերմ կապ։ Այս երկու երկիրները՝ փոխադարձ համաձայնութեամբ, բաւական թիւով քրիստոնեայ սուրիացի ընտանիքներ տեղափոխած են Սպանիա՝ ներառեալ հայեր։ Այս ընտանիքները ժամանակի ընթացքին ձուլուած են տեղական հաւաքականութիւններուն մէջ։ «Այսօր այդ հայ ընտանինքերուն նոր սերունդը մէջտեղ եկած է եւ կը գիտակցի իր հայկական ինքնութեան», բացատրեց Լեւոն։ «Արդէն իսկ 25 հայ ընտանիքներ հաւաքած ենք, որոնք կ’ուզեն վերագտնել իրենց ինքնութիւնը»։

Մեր հայկական օրակարգերը ինչքան շատ են եւ բարդ։ Բայց կայ մէկ մեծ առաքելութիւն-պարտականութիւն՝ հայկական ինքնութիւնը անբաժանելի մասը ընել իւրաքանչիւր հայու համար։ Այս ընելու համար հայը պէտք ունի զգաստութեան։ Զգաստութիւնը որ մեր կարողականութիւնները պիտի համախմբէ։

Այս իմաստով…

Հայաստանը պէտք է վերագտնէ իր ներքին համերաշխութիւնը եւ համակեցութիւնը՝ վերջ դնելով իր բոլոր անհասկացողութիւններուն։

Հայաստան եւ Սփիւռք պէտք է վերստեղծեն իրենց կապը եւ համագործակութիւնը՝ որպէս գործակից եւ զիրար ամբողջացնող օղակներ։

Արցախի հիմնահարցը պիտի պահել մեր օրակարգի հիմնական եւ իրականացնելիք մարտահրաւէր։

Այս եռամիասնութիւնը ապահովելով պիտի ստեղծենք ուժ՝ հայուն ուժը։ Այս ուժը հայուն ինքնութիւնը պիտի դարձնէ իր անբաժանելի մասը։ Այս հայուն ինքնութիւնը հայուն կեանքը պիտի դնէ պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ։

Մարզական

  • Այլազան

© 2022 Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԴԵՌ ԿԸ ՇՆՉԷ ՀԱԼԷՊԸ (5) ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՅՔԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՑՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Next Post

ԱՈՒՆ. «ԲԱՆԱԿԻՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է»

Next Post
ԱՈՒՆ. «ԲԱՆԱԿԻՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է»

ԱՈՒՆ. «ԲԱՆԱԿԻՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.