Պարահանդէսներու կամ այլ ձեռնարկներու ծանուցումներուն մէջ, կազմակերպիչներ յայտարարութիւնը աւելի ոգեւորիչ ու գրաւիչ դարձնելու մտադրութեամբ, յաճախ երգիչներուն անունին առջեւ «սիրուած» բառը կը յաւելեն, նոյնիսկ եթէ երգողը անծանօթ ըլլայ։ Երկու անգամ կ’երգես եւ կը ստանաս քու առաջին վկայագիրդ՝ «սիրուած» անուանումը:

Այդպէս չէր Հալէպի մէջ: «Սիրուած» տիտղոսին հասնիլը դիւրին գործ մը չէր: Հոն բարձրաճաշակ ունկնդիրի սիրտը չէիր կրնար հեշտութեամբ մուտք գործել, երկարաձիգ ծափահարութիւններու արժանանալ: Այդ կոչումը կը պահանջէր տարիներու ճիգ, արուեստի եւ բարոյականութեան անխախտ համադրութիւն։ Պիտի անցնէիր բազմապիսի քննութիւններէ. ստիպուած էիր դիմանալ ժողովուրդի պահանջկոտ չափանիշերուն, ճաշարաններու մէջ քեզի վստահուած ժամերը վերածել խմիչքի եւ երաժշտութեան սահուն ներդաշնակութեան, մինչեւ տարեցները ըսեն՝ «այս մէկը արժէ լսել», իսկ երիտասարդներուն համար սրտամօտ տիպար մը ըլլայիր։ Աշխարհագրական այս նեղ շրջանակի գաղութին մէջ, որպէս արուեստագէտ հաստատուելէն եւ հոն ամրապնդուելէն ետք միայն կը նուաճէիր «սիրուած երգիչ» տիտղոսը:
Այդ վաստակաւոր արուեստագէտներէն է երգիչ Մինաս Փալանճեանը: Ծնած է 1950-ին, Հալէպ, եւ իր նախակրթական ուսումը ստացած՝ քաղաքի սրտին մէջ գործող Կիլիկեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է 1961-1962 տարեշրջանին։ Որոշ առումով իբրեւ նախախնամութիւն՝ ան վաղ տարիքէն ստիպուած եղած է նետուիլ կեանքի դաշտ։ Բայց այդ պատահականութիւնը դարձած է երգարուեստի հանդէպ սէր արթնցնող հանգամանք։ Մասնաւոր դասերու միջոցով զարգացուցած է իր ձայնային կարողութիւնները եւ ձեռք ձգած հայկական երգարուեստի նրբութիւնները։
Արուեստի իր ուղին տարածուած է Հալէպէն դուրս՝ հասնելով մինչեւ հայրենի երաժշտասէրներուն։ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին հրաւէրով այցելած է Երեւան, ուր համերգներ տուած է բազմահազար ունկնդիրներու դիմաց։ Զանազան գաղութներու մէջ, ան հայերէն եւ օտար ժողովրդային երգերով ծաղկեցուցած է հայկական հաւաքոյթներն ու միութենական ճաշկերոյթ-պարահանդէսները: Մինաս Փալանճեան ամուսնացած է Վիքթորիա Խաչիկեանի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով՝ Յաբեթ, Մէյրի եւ Յովակ։
Այսօր, Հալէպի Սուլէյմանիէի պողոտային վրայ կը գործէ իր անունը կրող երաժշտական գործիքներու սրահը։ Այնտեղ կը գտնուին դաշնամուրներ, ջութակներ, կիթառներ, սրինգ, դհոլ, տուտուկ, ուտ եւ բազմաթիւ այլ երաժշտական գործիքներ։ Մինաս նաեւ երաժշտութիւն կը դասաւանդէ անհատ աշակերտներու, փոխանցելով իր փորձը՝ նոր սերունդին։
Թէեւ կարճ, սակայն հաճելի ու անմիջական հանդիպում մը ունեցայ Մինասին հետ։ Առիթ եղաւ շնորհաւորելու զինք «ԱՅԳ» առցանց ռատիոկայանի հիմնադիր-ղեկավար եւ «Մայրենիի դեսպան» մետալակիր Շաքէ Մանկասարեանի խմբագրած էջի անդրադարձին համար, ուր նկարներով ու յուշերով ներկայացուած էր Մինասի երգարուեստը՝ յատկապէս 1970-ական թուականներուն։ Այդ էջին մէջ կային պատկերներ՝ «Կոնտոլ» ճաշարանէն, ուր կ’երեւան հանրայայտ Ատիս Հարմանտեանը, անոր եղբայրը՝ Փիերը, նուգողներէն՝ Գօգօն (այժմ Ֆրանսա), օրկանիսթ Յարութ Զամպագճեանը, ջութակահար եւ սաքսոֆոնահար լիբանանահայ երաժիշտ՝ Վաչէ Երամեան եւ այլք։ Այնուհետեւ, Երեւանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի դոկտ. Լեւոն Պարտագճեանի հրաւէրով երգիչ Մինաս Փալանճեանի ելոյթը Երեւանի մէջ՝ 2022-ին, եւ այլն:
Մինաս խոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ տիկին Շաքէ Մանկասարեան-Կրոկընի անսակարկ նուիրումին մասին՝ Սփիւռքի բոլոր անկիւններուն մէջ հայ մշակոյթին, մամուլին եւ լեզուին մատուցած անմնացորդ ծառայութեան համար։
Հանդիպման ընթացքին՝ սուրճի հիւրասիրութեան պահուն, Մինաս անակնկալ մը մատուցեց հաճելի ձայնով աշուղական երգ մը երգելով։ Ճակատագրի հեգնանքով՝ «պաթըրի»իս պատճառով կարելի չեղաւ արձանագրել այդ տեսագրութիւնը։ Բայց պահը կենդանի մնաց յիշողութեանս մէջ։
Մեր զրոյցը, երբեմն ընդհատուելով այցելուներու մուտքով, դարձաւ յիշատակի եւ խոկումի արժանի խօսակցութիւն՝ Հալէպի եւ Լիբանանի հայ մշակութային կեանքի մասին, անցեալի ու յատկապէս ներկայ սերունդի արուեստագէտներու վերաբերեալ։ Այս մասին առանձին պիտի անդրադառնանք յառաջիկայ թիւերուն մէջ:
Մինասէն բաժնուեցայ վերստին հանդիպելու յոյսով, սրտիս մէջ ծաղկած յուշերու թրթիռով։ Մտքիս մէջ պտըտեցան սիրուած երգիչին 80-ական երանելի օրերու սեփ-սեւ մօրուքն ու գանգուր մազերը: «Փիսթ»երուն վրայ իր եւ նուագախումբին ձայնի ելեւէջներէն հարբեցած հալէպահայ երաժշտասէր հասարակութեան խրոխտ պարային շարժումները, որոնք այժմ Մինասի մազերուն գոյնին պէս անվերադարձ փոխուած են: Սակայն ձայնը պահած է իր կախարդիչ ջերմութիւնը։
Ուրախ էի սակայն, որ այսօր Մինաս Փալանճեանն ու իր նման բազմաթիւ հայորդիներ գաղթելու հնարաւորութիւն ունենալով հանդերձ չլքեցին Հալէպը, մնացին կառչած իրենց ծննդավայրին ու այժմ կը շարունակեն արարել ու շնչել կապանքներէ զուրկ երազային ոստանին մէջ: Հոն մնացի՛ն, ապրեցա՛ն, ստեղծագործեցի՛ն։
Եւ երգեցի՜ն։ Միշտ երգեցի՜ն։

