Յօդուածներ

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 37 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

    «ԱՐԱՐԱՏ», 6-11 Յուլիս 1970 Նախորդ թիւով մը անդրադարձեր էինք այն դատին, որ Պէյրութի թրքական  դեսպանատունը բացեր էր «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն դէմ,  ամբաստանելով զանոնք Թուրքիոյ նախագահը անարգած ըլլալու մեղադրանքով։  Հայ երկու թերթերը անմիջապէս շարժման անցեր էին,-- այս անգամ՝ բարեբախտաբար միասնական կեցուածքով մը,-- ու լիբանանցի ծանօթ դատաւորի մը՝ մեթր Մոհսէն Սլիմի, յանձներ էին իրենց  դատին պաշտպանութիւնը։ Արդ, քանի մը նիստերէ ետք՝ դատարանը արձակեր է իր վերջնական վճիռը ու  անպարտ հռչակեր է հայ թերթերը իրենց ուղղուած ամբաստանութիւններէն։   «Արարատ» յաղթանակի այս լուրը կու տայ ակներեւ գոհունակութեամբ։ «Հայ  մամուլը անպարտ արձակուեցաւ. լիբանանեան արդարութիւնը մերժեց  թրքական բողոքը», կը խորագրէ թերթը եւ կու տայ որոշ մանրամասնութիւններ։  Արդարեւ, դատախազութիւնը նշեր է, որ լիբանանեան օրէնքով թերթ մը կը  պատժուի, եթէ երբեք հրատարակէ յօդուած մը, որ կրնայ վնասել Լիբանանի եւ  բարեկամ երկրի մը միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեանց։ Մինչդեռ, այս  պարագային, ստուգուեր է որ մեղադրեալ հայերէն լրագրերուն մէջ «Թուրքիոյ  Հանրապետութեան նախագահը անուանարկող ոչ մէկ արտայայտութիւն կայ», այլ  կայ միմիայն 1915-ի ջարդերը գործադրող ղեկավարներուն քննադատութիւնը…։...

Read moreDetails

ԻՐ ՀԱՂՈՐԴԱՇՈՒՆՉ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՄԲ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՄԻԱՁՈՒԼՈՂ ԵՒ ԱԶՆՈՒԱՑՆՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՌԱՖՖԻ ՏԷՐ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵԼԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ

  Բազմակիօրէն ուրախալի ու միաժամանակ հպարտալի է, որ անցնող գործող տարեշրջանին (2025-էն սկսեալ), լիբանանահայ արուեստը եւ մշակոյթը, իրենց զանազան արտայայտամիջոցներով...

Read moreDetails

ՎԱՐՁՔԵՐՈՒ ՍԱՌԵՑՈՒԱԾ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈ՛Չ ՊԵՏԱԿԱՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲՈԼՈ՛Ր ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ

    Կտրուկ կերպով Ո՛Չ կ՛ըսենք ոչ-բնակարային հին վարձակալներուն վերաբերեալ հրապարակի վրայ եղող արժամապէս սառեցուած 12/6/2025 թուակիր օրէնք-հրամանագրի տրամադրութիւններուն։ Խորապէս...

Read moreDetails
Page 34 of 90 1 33 34 35 90