Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Յունիս 7-ին Կը Վճռուի Հայաստանի Ապագան

Գրիգոր Խոտանեան - «Մասիս»

June 6, 2026
in Յօդուածներ
0
Յունիս 7-ին Կը Վճռուի Հայաստանի Ապագան

Յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը կը մօտենայ իր աւարտին ու քանի մը օր ետք քաղաքացիները պիտի ուղղուին քուէատուփ՝ վճռելու համար իրենց երկրի ապագան առնուազն յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար:

Վերջին օրերուն զգալիօրէն աւելցած է հետաքրքրութիւնը այս ընտրութիւններուն նկատմամբ, ոչ միայն Հայաստանէն ներս, այլեւ անկէ դուրս: Միջազգային լրատուամիջոցները մօտէն կը հետեւին կովկասեան փոքր հանրապետութեան շուրջ տեղի ունեցող ընտրական զարգացումներուն` զանոնք ներկայացնելով որպէս Արեւմուտք-Ռուսաստան հակադրութեան մէկ նոր դրսեւորում:

Մոսկուան ու Պրիւքսէլը զիրար կը մեղադրեն Հայաստանի ներքին գործերուն խառնուելու եւ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդելու փորձ կատարելու մէջ: Պաշտօնական Երեւանը կը փորձէ շատ զգուշաւոր կերպով նաւարկել այս երկու կողմերուն միջեւ` Արեւմուտքէն եկող զօրակցական յայտարարութիւններն ու քայլերը ընդունելով հանդերձ, հեռու կը մնայ Ռուսաստանի հետ բացայայտ առճակատումէ, նոյնիսկ այն պարագային, երբ հոնկէ կը հնչեն ամէնօրեայ զգուշացումներ ու սպառնալիքներ` Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի վարած մերձեցման քաղաքականութեան նկատմամբ: Վերջին օրերուն այդ զգուշացումները արդէն իսկ վերածուած են գործնական քայլերու` արգիլելով հայաստանեան շարք մը արտադրութիւններու մուտքը ռուսաստանեան շուկայ:  Իշխանութիւնները յոյս ունին, որ այդ պատժամիջոցները կը կրեն ժամանակաւոր բնոյթ եւ պիտի մեղմանան կամ ամբողջութեամբ վերանան ընտրութիւններէն ետք:

Ներքին ճակատի վրայ պայքարը կը մնայ սուր` իշխող «Քաղաքական Պայմանագիր» կուսակցութեան  ու ռուսաստանահայ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի ստեղծած «Ուժեղ Հայաստանի» միջեւ: Երկու ուժերն ալ ինքնավստահութիւն կը յայտնեն, որ ընտրութիւններուն յաղթանակը պիտի ըլլայ իրենցը: Առաջինի պարագային այդ վստահութիւնը կու գայ վերջին հինգ տարիներուն անոր ունեցած ձեռքբերումներէն, տնտեսական, ընկերային, արտաքին քաղաքականութեան ու բանակի արդիականացման եւ այլ բնագաւառներուն մէջ: Այդ նուաճումները,  առաւել հանրային կարծիքի հարցախոյզերը մեծ տարբերութեամբ առաջատար դիրքի վրայ կը դնեն Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կուսակցութիւնը: Միւս կողմէ, Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած ուժը ժողովուրդին կու տայ խոստումներ, որոնք հասարակութեան կողմէ կ’ընկալուին ոչ-իրատեսական: Այս կուսակցութեան ստանալիք տոկոսները դժուար է կանխատեսել, նկատի ունենալով, որ հարցախոյզերու տուեալները խոստմնալից չեն իրենց համար: Կը մնայ կաշառքի գործօնը, որ լայնօրէն կ’օգտագործուի այս ուժին կողմէ: Իրաւապահ մարմիններու հրապարակած ձայնագրութիւնները ու այդ առթիւ կատարուող ձերբակալութիւնները ազդու պիտի ըլլա՞ն արդեօք կանխելու լայն ծաւալի ընտրախախտումները, կը մնայ հարցական:

Եթէ ամփոփելու ըլլանք քարոզարշաւի ամբողջ ընթացքը, կը նկատենք որ գլխաւոր դրական կողմը այն էր, որ ընտրութիւններուն մասնակից ուժերը կրցան ազատօրէն շփուիլ ընտրողներուն հետ: Բոլոր 18  կուսակցութիւններուն համար հասանելի էին հեռատեսիլային եթերաժամերը եւ ընկերային հարթակները` իրենց ծրագրերը ներկայացնելու համար հասարակութեան: Թէեւ քարոզարշաւի դաշտը հաւասար չէր բոլորին համար ու առաջատար դիրքերու վրայ մնացին աւելի մեծ նիւթական միջոցներու տիրապետող ուժերը:  Միւս կողմէ, սակայն, պարզուեցան ժխտական բազմաթիւ երեւոյթներ: Կաշառքը, փոխադարձ սպառնալիքները, հայհոյախառն ելոյթներն ու զրպարտութիւնները եկան ստուերելու ժողովրդավարական ընտրութիւններուն ակնկալիքները:

Այժմ կը մնայ որ, Հայաստանը թեւակոխէ նոր փուլ, բոլոր կողմերը յարգեն ժողովուրդին մեծամասնութեան կամքը, փակեն պառակտուածութեան էջը, երկիրը հեռու մնայ անհարկի ցնցումներէ, որպէսզի կարենայ ընթանալ զարգացման ու բարգաւաճման ուղղութեամբ ու դառնայ ընդհանուր հայութեան երազած հայրենիքը:

Share61Tweet38
Previous Post

Ալեքսանդր Թօփճեանի Գրական Վաւերագրութիւնը Ռուբէն Սեւակի Մասին (Մաս Ա․)

Next Post

Զմմառու Ուխտի Օր

Next Post
Զմմառու Ուխտի Օր

Զմմառու Ուխտի Օր

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.