
Սալցպուրկի կրկնամկրտականներու (Anabaptist) հրկիզումը 1528թ.
Այսպէս կոչուած «աբեղայ» մը վերջերս անիծագիր մը հրապարակած է, որ դժբախտաբար կարելի է կարդալ ընկերային ցանցերու, հաղորդակցութեան տարբեր հարթակներու եւ Դիմատետրի էջերու մէջ։ Առկան ուղղուած է այդ անիծագրին դէմ՝ անարժան համարելով այս տողերուն մէջ յիշատակել հեղինակին անունը՝ իր դրսեւորած մարդկային բարոյական արժէքներուն անհամապատասխան եւ հակաքրիստոնէական վարքագիծին համար։
Եկեղեցին կոչուած է աշխարհի եւ ընդհանրապէս մարդկային հասարակութեան մէջ ըլլալու «աղ երկրի» եւ «լոյս աշխարհի» (Մտ. Ե, 13-14), բայց ոչ քաղաքական իշխանութիւն ձեռք բերելու կամ դառնալու անձնական վրդովմունքի գործիք: Երբ եկեղեցական մը հրապարակաւ անէծք կը կարդայ կամ մարդիկ կը նզովէ առանց կանոնական, օրինական ընթացակարգի կամ յստակ բարոյական եւ աստուածաբանական պատճառի, ան ոչ միայն կը չարաշահէ հոգեւոր իշխանութիւնը, այլեւ լուրջ վիրաւորանք կը հասցնէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Ստոյգ է, որ Եկեղեցին ունի հոգեւոր պարտականութիւն մը բարոյապէս ուղեկցելու ընկերային-հասարակական կեանքի զարգացումներուն, սակայն սոյնը իրեն չ’արտօներ խճճուելու կուսակցական-քաղաքական հակամարտութիւններու մէջ։ Այս իմաստով՝ յատկապէս եկեղեցականները մասնաւոր առաքելութիւն մը ունին Ս. Հոգիէն իրենց շնորհուած եօթնարփեայ առաքինութիւններով, այսինքն՝ իմաստութեամբ, գիտութեամբ, զօրութեամբ, իմացութեամբ, խորհուրդով, աստուածպաշտութեամբ եւ երկիւղով ցուցաբերելու հովուական վերաբերում անխտիր բոլոր մարդոց, բայց մասնաւորաբար իրենց հօտին նկատմամբ:
Անէծքի ու նզովքի չաստուածաբանութիւնը կը հակասէ Աւետարանի վարդապետութեան, որ յատկապէս եկեղեցականներուն կը պատգամէ Բանին կենաց քարոզութեամբ իրագործելու խաղաղասիրութեան, հաշտութեան, երկխօսութեան, ճշմարտութեան, նաեւ՝ առաւելապէս ներողամտութեան ու սիրոյ ոգին: Հետեւաբար, թէ՛ Եկեղեցւոյ, թէ՛ քաղաքացիական հայեցակէտերէ առաջնորդուելով անհրաժեշտ է վճռականօրէն մերժել նման գործելաոճ ու չարաղէտ վարքագիծ մը:
Անիծելն ու նզովելը հոգեւոր իշխանութեան ամենաայլանդակ չարաշահումն է՝ անհերքելի ապացոյց մը եկեղեցականի բարոյական սնանկութեան եւ տկարութեան։
Եկեղեցին դատական ատեան մը չէ եւ ոչ ալ անոր սուրբ խորանը՝ մահավճիռ արձակելու չարագոյժ ամպիոն մը։ Ի վերջոյ, անէծքը հոգեւոր իմաստով մահավճիռ մըն է, որ կը միտի չարիք հասցնելու այն անձին, որուն ուղղուած է այդ անէծքը։ Մինչդեռ Եկեղեցիին առաքելութիւնը մարդոց մէջ եւ մարդոց միջեւ Աստուծոյ օրհնաբեր ներկայութեան մասին արժանահաւատ վկայութիւն տալն է, անոնց հոգիներուն առջեւ դրախտի եւ ոչ թէ դժոխքի դռները բանալը։
Որո՞ւն է պէտք Եկեղեցին, երբ իր սուրբ եւ մեղսաքաւիչ խորանը կը վերածէ ամբաստանական բօթաբեր ատեանի մը՝ իր շուրջբոլորը ստեղծելով վախի ու սարսափի, դժբախտութեան, արհաւիրքի, ընկճուածութեան, հոգեկան հիւանդագին բարդոյթներու ու ձախորդութեան միջավայր մը։
Այն եկեղեցականը, որ ցարդ չէ սորված խաչին վրայ Յիսուսի արտասանած «Հայր, թող դոցա, զի ոչ գիտեն զինչ գործեն» («Հա՛յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ’ընեն») (Ղկ. ԻԳ, 34), քրիստոնէական բարոյախօսութենէն եւ ներողամտութեան ոգիէն ոչինչ հասկցած է. ուստի ան միանգամայն սխալ ասպարէզ մը ընտրած է։ Իրեն դիրք, աստիճան կամ պաշտօն զբաղեցնելու տեղը չէ Եկեղեցին։ Հոգեւոր կոչումը արհեստ մը չէ, այլ՝ անձնուէր առաքելութիւն։
Անէ՞ծք, որո՞ւ անունով։ Պէտք չէ մոռնալ, որ անտեղի նախանձայուզութիւնը ծանրակշիռ մեղանչում մըն է քրիստոնէական պատգամին դէմ. «Մի՛ դատէք, որ չդատուիք, որովհետեւ ինչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք» (Մտ. Է, 1-2)։ Ինչ խօսք Ոսկէ օրէնքին մասին, որ Յիսուսի Լեռան քարոզին եւ ընդհանրապէս քրիստոնէութեան կուռ տրամաբանութիւնը կ’արտացոլացնէ. «Ամէն ինչ, որ կ’ուզէք մարդիկ ընեն ձեզի, այդպէս ալ դուք ըրէք անոնց, որովհետեւ այդ իսկ են Օրէնքն ու Մարգարէները» (Մտ. Է, 12)։
Անիծողը ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ անիծելու՝ հիմնուելով աւետարանական հետեւեալ խօսքերուն վրայ՝ «Եթէ մէկու մը մեղքերը ներէք՝ ներուած պիտի ըլլայ անոնց, եթէ մէկու մը մեղքերը կապէք՝ կապուած պիտի ըլլայ» (Յովհ. Ի. 23)։
Կրօնին ամենավտանգաւոր դարձերեսը սխալ մեկնաբանութիւնն է, որ իր շուրջբոլորը միայն մահ ու աւեր կը սփռէ։ Արդարեւ, Յովհաննու աւետարանէն քաղուած վերոնշեալ մէջբերումը իշխանութիւն զաւթելու արտօնագիր չէ, այլ միանշանակ հոգեւոր պաշտօնի արտայայտութիւն։ Քրիստոս այստեղ մարդկային իշխանութեան մասին չի խօսիր, այլ առաքեալներուն կը վստահի հոգեւոր-բարոյական հեղինակութիւն մը՝ եկեղեցական կեանքի շրջանակներու մէջ հաշտութիւն ստեղծելու առաքելութեամբ։ Ուժ ունենալը ուժ գործադրել չի նշանակեր, այլ անձնուէր եւ սիրայօժար ծառայել՝ Քրիստոսի հաւատքին մէջ միութիւն, խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն ստեղծելու նպատակով։
Քահանան ի պաշտօնէ կը գործէ Քրիստոսի անունով, ոչ թէ սեփական նախաձեռնութեամբ։ Ամէն ոք, որ իր անձին բացարձակ իշխանութիւն կը վերագրէ՝ կը չարափոխէ օծումի միջոցով իրեն տրուած հեղինակութեան բնոյթը։ Աստուածատուր այդ հեղինակութիւնը շնորհ է եւ ոչ՝ ստացուածք, տիրոյթ կամ աւար։ Քահանան չէ, որ «կը տնօրինէ», այլ Քրիստոս է, որ կը ներէ իր պարգեւած շնորհներով, նաեւ միայն Ան է, որ կը դատէ իր Երկրորդ գալուստով եւ սահմանած Վերջին դատաստանով։ Մնացած ամէն ինչ սխալ մեկնաբանութիւն է եւ հոգեւոր ամբարտաւանութիւն։
Անէծքը օրհնութեան հականիշն է, եւ հետեւաբար՝ ան կը ներկայացնէ եկեղեցականի մը չարադէմ միւս երեսը։ Օրհնութիւնը հետեւանքն է սիրոյ, իսկ անէծքը՝ մեղքի եւ ատելութեան։ Անձ մը անիծել՝ կը նշանակէ ինքն իրեն աւելի բարձր դասել քան Աստուծոյ դատաստանը՝ դարձնելով աստուածային շնորհը մարդկային վրիժառութեան եւ հատուցման միջոցի։ Նման արարք մը ոչ միայն աստուածաբանական մօտեցումով անհիմն է, այլեւ բարոյապէս դատապարտելի։ Սոյնը ամբողջութեամբ խոտոր է Աւետարանի ոգիին, որ ներողամտութիւնը քրիստոնէական բարոյախօսութեան գերազանց առաքինութիւններէն մին կը հռչակէ՝ կոչ ուղղելով նոյնիսկ սիրելու թշնամին (Մտ. Ե, 44) եւ ոչ թէ դատապարտելու։
Եթէ ժամասաց եկեղեցականներ գէթ պահ մը ըմբռնէին ամէնօրեայ ժամերգութիւններուն առթիւ կրկնուող Ներսէս Շնորհալի հայրապետին հոգեբուխ խօսքերուն իմաստը՝ «Արդարութեամբ մի՛ դատեսցես, այլ գթութեամբ Քով քաւեսցես» («Մի՛ դատեր մեզ արդարութեամբդ, այլ քաւէ մեզ Քու գթութեամբդ»), ապա դժուար թէ տղայական վարքագիծ ցուցաբերելով սանձազերծէին իրենց բերանը՝ դառնալով «պապէ աւելի պապական», «թթու քան գինիէն դարձած քացախը», «վերամբարձ ոտնահարութեամբ […] յաջ եւ յահեակ խոտորելով, զառաջնոցն մեղանչելով, եւ վերջոցն չար նշաւակ գոլով» անէծք կարդալու իրենց հակառակորդներուն դէմ։
Ի դէպ, պէտք է նաեւ յիշեցնել, որ իւրաքանչիւր հոգեւորական սուրբ պատարագի արարողութիւնը սկսելէ առաջ պարտադիր կարգով սուրբ խորանին առջեւ ծնրադիր կ’արտասանէ Հայց. առաք. եկեղեցւոյ ժամագիրքերուն ամենասկիզբը նշուած «Հրաժարիմք»-ը, անմիջապէս ասոր յաջորդող «Խոստովանիմք եւ հաւատամք» աղօթքները, ապա Ամենասուրբ երրորդութեան ուղղուած իր խորազգած «Զղջում»-ը։ Սոյնը հերթաբար կը յիշէ մարդկային մարմնական, մտային ու հոգեկան բազմաթիւ մեղանչումներու շարք մը, որոնց մէջ մասնաւորաբար նաեւ կը կարեւորուին հետեւեալ ծանրակշիռ մեղքերը.
«Մեղանչեցի լեզուիս չարաբանութեամբ` ստախօսութեամբ, սուտ երդմամբ, երդմնազանցութեամբ, հակաճառութեամբ, վիճաբանութեամբ, չարախօսութեամբ, շոգմոգութեամբ, քսութեամբ, դատարկաբանութեամբ եւ ծաղրով, զրախօսութեամբ, հերձախօսութեամբ, անիծելով, տրտնջալով, դժգոհելով, բամբասելով եւ հայհոյելով. մեղա՜յ Աստուծոյ»։
Երանի պատարագիչ քահանայ հայրերը ըմբռնէին եւ իրապէս անդրադառնային այն լրջագոյն խօսքերուն, որոնք լոկ իրենց բերնէն կը ծորին, սակայն առանց ներթափանցելու իրենց սիրտը եւ յառաջացնելու հոն դարձի, ապաշխարութեան եւ ի լոյս աստուածգիտութեան արեւելումի ճշմարիտ զգացում մը։
Եկեղեցին երբեք պէտք չէ դառնայ յիշոցի, անէծքի ու նզովքի վայր մը, այլ միշտ պէտք է մնայ ողորմութեան ապաստան մը՝ կանգնած ըլլալով իր հոգեւոր-բարոյական, սրբացնող ու սրբագործող բարձրութեան վրայ։
Պէտք չէ հեղինակութիւնը վստահիլ մարդոց, որոնք ատակ չեն զայն կրելու։ Այլապէս, եթէ երբեք անոնք ունենային կարելիութիւնը,– ինչպէս միջին դարերուն,– հազարաւորներ հաւատաքննութեան կ’ենթարկէին ու խարոյկի անհամար թէզեր կազմելով կը հրկիզէին զանոնք։ Իսկ զաւեշտալին այն է, որ անոնք այս ոճիրը կը գործէին խղճի ամենայն հանդարտութեամբ՝ Յիսուսի սիրոյն եւ Աստուծոյ անունով։

