Նստած էր աթոռակի մը վրայ եւ նայուածքը սեւեռած սենեակին պատուհանէն դուրս։ Արդէն հինգ տարի էր, որ այս սենեակը դարձած էր իր տունը։ Շաբաթներ, ամիսներ, տարիներ անցած էին, մինչ ինք պատուհանէն անդին ծռած ծառին շեղած ճիւղերը կը դիտէր։ Անոնք ալ կարծես իրեն պէս հինցած էին, բայց տակաւին կանգուն։ Արեւոտ ու պայծառ օր մըն էր, դուրսի խոտերն ու ծաղիկները մեղմ զեփիւռի մը գգուանքով կը շորորային։ Իր հոգին, սակայն, մթագնած՝ կ’ապրէր խաւարի մէջ, առանց շողի ու ջերմութեան։
Ոչինչ ունէր ուրախանալու։ Պարզապէս այս անարդար աշխարհը իրեն շպրտած էր հիասթափութեան գիրկը․ հիասթափութիւն, որ կամաց-կամաց կը սահի հոգիիդ մէջ, ինչպէս մառախուղը լեռան ձորին մէջ։ Ի՜նչ-ի՜նչ անիրականացած երազներ ունէր, որոնք փլուզուած էին։ Զինք լքած էին ծերանոցի մը սենեակներէն մէկուն մէջ։ Ոչ մէկ այցելու ունէր։ Երբ միւս տարեցներուն պարագաները այցելութեան գային, որչա՜փ կը տենչար, որ ինքն ալ «մէկ»-ը հիւրընկալէր․․․որ կիսէր իր վիշտերը, ամոքէր իր ցաւերը։ Շատ ըսելիքներ ունէր, սակայն որո՞ւ պատմէր։ Երանի՜ թէ մէկը ըսէր։
– Հա՛մեստ, որեւէ բանի մը պէտք ունի՞ս․․․
Ո՞ւր էին այն անձերը, որոնց համար իր երիտասարդութիւնը զոհած էր․ անոնք մշտական երիտասա՞րդ պիտի մնային․․․օր մը իրենք ալ այցելուի մը կարիքը պիտի չունենայի՞ն։
Քիչ ետք, երկու անցորդներ խօսակցելով ուղղուեցան դէպի դիմացի ճամբան։ —Ի՜նչ հաճելի է ազատութիւնը—, մտածեց Համեստը։ Ինք «բանտարկուած» էր չորս քառակուսի մեթր սենեակի մը մէջ, ուր ժամանակը կարծես կանգ առած էր։ Պահ մը նայեցաւ ժանգոտած պղինձի պէս կնճռոտ իր ձեռքերուն, որոնք տարիներու խոնջէնքը կը վկայէին։ Հայելիին մէջ տեսաւ իր դալուկ եւ խորշոմած դէմքն ու արծաթէ թելերով ծածկուած մազերը, որոնք շատ բան ունէին պատմելիք իր կեանքի ճանապարհին մասին։
Ապա նայեցաւ դէպի անցեալը, երբ երիտասարդ էր եւ կ՛աշխատէր կարի գործատան մը մէջ, ապահովելով իր եւ մօրը օրապահիկը։ Քոյրերը ընտանիք կազմած էին, իսկ ինք կ՛ապրէր մօրը՝ տիկին Թագուհիին հետ։ Այս վերջինը քմահաճ եւ իշխողական բնաւորութեան տէր անձ մըն էր։ Անոր վճռական ձայնը եւ խստաշունչ հայեացքը պարտադրել կու տային, որ Համեստը կատարէ անոր բոլոր հրահանգները։
– Հա՛մեստ, գաւաթ մը ջուր բե՛ր։
– Հա՛մեստ, սրճագոյն փէշս արդուկեցի՞ր։
– Հա՛մեստ, պատշգամը լուա՛․․․․․
Եւ անվերջ հրահանգներ․․․
Համեստը, երբ գործէն տուն վերադառնար, անձնատուր կ՛ըլլար նաեւ մօրը քմահաճոյքներուն։ Առաւել, երբ ամուսնացած քոյրերը տեղ ունենային մեկնելիք, Համեստին պարտաւորութիւնն էր անոնց զաւակներուն հոգ տանիլ։ Ան սիրով «կը տանէր» այդ բոլորը։ Սովորական օրերուն՝ պատմութիւններով եւ խաղերով կը զուարճացնէր իր զարմիկներն ու զարմուհիները, իսկ տօնական օրերուն՝ նուէրներով։
Տարիները թաւալեցան․ Համեստին մայրն ու քոյրերը հեռացան այս աշխարհէն։ Զարմուհիներէն մաս մըն ալ ձգեցին Լիբանանը։ Ինք տարեց եւ «անպէտք» դարձաւ։ Այլեւս ոչ ոք հարցուց իր մասին, բացի ատենը մէյ մը «պարտադրուած» հեռաձայնէ մը։ Ինքզինք գտաւ ծերանոցի մը սենեակններէն մէկուն մէջ։ Ամէն անգամ, երբ սենեակին դուռը բացուէր, յոյս մը կ՛արթննար իր մէջ, թէ արդեօ՞ք մէկը եկած է իրեն այցելելու։ Երբ այդտեղի աշխատաւորներէն մէկը յայտնուէր, յոյսը՝ թառամած ծաղիկի մը պէս, մէկդի կը դրուէր։ Այո՛, ապաստան ունէր, բայց հոգեպէս անապաստան էր․․․
Իր կեանքի վերջակէտը այսպէ՞ս պիտի ըլլար․ ի՞նչ մնաց իրմէ հիմա․․․միայն յուշեր կիսատ ու թաց աչքեր։ Լռութիւնը, որ նախապէս հանգիստ էր, դարձած էր ճնշում: Շունչը, որ ազատութիւն էր, շղթայուած էր ներսէն։ Ան իր կեանքի գիրքին էջերը շարունակաբար կը դարձնէր, հակառակ որ էջերը բարակցած էին ու մօտ՝ վերջաւորութեան։
Համեստը կը դիտէր դուրսի ծառը, որ միայնակ էր իրեն պէս, բայց գարունը նոր կեանք եւ թարմութիւն կը շնորհէր անոր․ Իսկ ինք՝ տարուայ բոլոր եղանակներուն, սրտաբեկ՝ նաւու մը պէս կը տատանէր կեանքի ալեկոծ ծովուն վրայ։
Քանի մը ամիս առաջ, ես ու քոյրս որոշեցինք այցելել Համեստին․ ուշ էր սակայն․․․ Համեստն ալ հեռացաւ կեանքէն, իր համեստութիւնը ժառանգ ձգելով այս աշխարհին։
Այսօր մեր շուրջը կը տեսնենք անձեր, որոնք, հակառակ իրենց անշահախնդիր նուիրումին եւ ծառայասէր հոգիին, անխնամ եւ անտեսուած կը մնան, իբրեւ տարեցներ, իրենց իսկ հարազատներուն կողմէն։ Յաճախ հարց կու տանք մենք մեզի, թէ արդեօ՞ք տարեց մը պէտք է ծերանոց տեղաւորուի կամ ոչ։ Կրնանք ըսել, թէ պատասխանը կախեալ է անձի մը ընտանեկան, առողջական, մտային եւ տնտեսական պայմաններէն։ Իւրաքանչիւր որոշում ունի իր դրական եւ ժխտական անդրադարձերը։ Ամէն պարագայ պէտք է առանձին գնահատուի՝ տարեցին առողջական, հոգեբանական եւ անձնական կարիքներուն համապատասխան։ Կարգ մը տարեցներու համար ծերանոցը կրնայ հոգատար միջավայր մը ըլլալ, ուրիշներու՝ զգացական հաւասարակշռութեան եւ ապրելու իմաստի կորուստ, մանաւանդ երբ հեռու են իրենց ընտանեկան ջերմ շրջանակէն։ Ըստ իս՝ ծերանոց տեղաւորելը պէտք է ըլլայ վերջին տարբերակը, երբ տարեցը ունի առողջական եւ հոգեբանական այնպիսի կարիքներ, որոնք մասնագիտական խնամքի կը կարօտին։ Նոյնպէս նախընտրելի է, որ տարեց անձը, եթէ ատակ է, ներգրաւուի որոշման մէջ եւ իր արժանապատիւ կեանքը առաջնահերթ նկատուի։

