Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 36 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

 ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)

July 12, 2025
in Յօդուածներ
0
ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 36  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

 

 

«ԱՐԱՐԱՏ», 29 Յունիս-4 Յուլիս 1970

Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի), կարճ դադարէ մը ետք, այս շաբաթ վերադարձեր է իր նախասիրած նիւթին՝ «Հնչակեան կուսակցութիւնը Կիլիկիոյ մէջ, 1919-21» (յօդուածաշարքին խորագիրն է)։ Ինչպէս միշտ, Գանգրունիի գրութիւնները  տրամաբանական կառոյց չունին, այլ կը սնանին դէս ու դէնէն կատարուած  պատահական մէջբերումներով…։ Այնուհանդերձ, ընթերցողին սիրտը թունդ հանող տուեալներ չեն պակսիր հոն։ Մանրամասնութիւններ, որոնք կը պատմեն մեր  ազգային անվերջանալի,– ու կրկնուող,-֊ ողբերգութեանց մասին։ Կիլիկիոյ հայաթափումը մէկն էր ատոնցմէ։ Որքա՜ն  անշրջահայեաց ու ապիկար գտնուեցանք՝ Թորոսներու, Լեւոններու եւ Հեթումներու  չքնաղ հայրենիքը զիջելով թշնամիին…։ Գանգրունի փորձած է ուրուագծել Ատանայի մեր ազգային կեանքին ներքին խռովութիւնները՝ ճիշդ այն ճակատագրական օրերուն, երբ թուրք-fրանսական համաձայնութիւն մը կ՛ընդնշմարուէր հորիզոնի ետին, Կիլիկիան յանձնելու համար քեմալականներուն։ Յօդուածագիրը կ՛ակնարկէ ներկուսակցական հակամարտութիւններուն, թաղականներու կամ հոգաբարձուներու  աթոռակռիւներուն, կ՛ըսէ, թէ մինչ Զէյթուն կը պարպուէր՝ «Մ. Տամատեան կը մեկնի  Եգիպտոս, իր աղջկան հարսանիքը պատրուակելով»…։ Յետոյ կը նկարագրէ հայ  զանգուածներու խուճապը Ատանայի մէջ՝ ի լուր fրանսացիներու հաւանական  նահանջին։ Ժողովուրդը շուարուն՝ կը դիմէ Մերսինի նաւահանգիստը (1921 Նոյեմբեր), մինչ թուրքերը չնչին գիներով տէր կը դառնան հայոց ծախու հանած  ապրանքներուն եւ կահոյքին…։

Ճիշդ 100 տարի ետք նոյն պատկերը չկրկնուեցա՞ւ Արցախի մէջ։ Ընդամէնը ԵՐԵՔ  օրուան մէջ՝ բազում դարերէ իվեր այդ հողերուն վրայ ապրող ԱՄԲՈՂՋ  ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ հայրենահան չեղա՞ւ, խուճապահար լքելով իր պապենական  բնօրրանը…։ Մեր դրամով, մեր ներդրումներով ու հայ բանուորներու բազուկի ուժով կառուցուած հայրենիքը թողուցինք թշնամիին ու քալեցինք…։ Հիմա ազերին  կուշտուկուռ կը վայելէ մեր վիթխարի թողօնը։ Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ  տեւաբար, բայց մեր ազգը դաս կ՛առնէ՞ պատմութենէն…։

Հ. Գանգրունի այս շաբաթ ունի այլ յօդուած մըն ալ՝ տարբեր նիւթով մը։ Ան  պատասխան-գրութիւն մը ստորագրեր է պրն. Բիւզանդ Եղիայեանի դէմ (յայտնի դաստիարակ,  պատմագիր ու գրող), որ «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ գրախօսելու առթիւ  Գանգրունիի «Մեր նաւը» վէպը՝ գաղափարական «անընդունելի» միտքեր  արձանագրեր է եղեր։  Երկուքին տարակարծութիւնը կը վերաբերի սփիւռքի ապագային. մինչ Գանգրունի  հիւծած ու ձուլուած սփիւռք մը կը տեսնէ մօտիկ ապագային, Եղիայեան կը հաւատայ որ սփիւռքը կրնայ յաւերժօրէն գոյատեւել ու տոկալ…։

Ամերիկայի հնչակեան պաշտօնաթերթ «Երիտասարդ Հայաստան»-ի խմբագիրը՝ Սիրվարդ (բուն անունով՝ Եղիա Գրիգորեան), կ՛աւետէ նոր գիրքի մը  ծնունդը ու կը խօսի այդ մասին։ Նորատիպը կը կոչուի «Խորոխոնցի Ս. Մուրատ»։  Այստեղ կենսագրական նիւթեր մէկտեղուեր են եղեր հնչակեան այս մարտիկին  մասին, աշխատասիրութեամբը անոր կողակիցին՝ ընկհ. Նազենի Մուրատի եւ  հնօրեայ գրող ընկ. Առաքել Եղիկեանի։ Այս Մուրատը Սեբաստիոյ Խորոխոն գիւղէն է եղեր ու յաճախ շփոթուեր է ծանօթ հայդուկ Սեբաստացի Մուրատի հետ (Կովտուն  գիւղէն, դաշնակցական, 1874-1918)։ Գործեր է Պարսկաստան ու Կովկաս։ Զոհ գացեր է Մեծ Եղեռնին։ Գիրքին մէջ,  Նազենի Մուրատ պատմեր է հետեւեալ դէպքն ալ. Շիքակոյի մէջ օր մը ան  ներկայացեր է զօր. Անդրանիկին եւ անոր ըսեր է որ ինք Մուրատի կինն է։ Անդրանիկ վրդոված հակադարձեր է. «Ես այդ շան անունը չեմ ուզեր լսել»…։ Բայց երբ  բացատրուեր է իրեն, թէ կ՛ակնարկուի Խորոխոնցի՛ Մուրատին, զօրավարը  ներողութիւն խնդրելով ըսեր է. «Ես կարծեցի թէ Կովտունցի Մուրատին մասին էր  խօսքը»…։ Հաւատա՞լ նման պատմութեանց, երբ գիտենք որ Կովտունցի կամ  Սեբաստացի Մուրա՛տն ալ սիրուած դէմք էր մեր ֆետայական պատմութեան մէջ, երբ գիտենք որ Զապէլ Եսայեան ամբողջ գիրք մը գրած է անոր մասին («Մուրատի  ճամբորդութիւնը»), իսկ Դանիէլ Վարուժանն ալ իր «Հեթանոս երգեր»-ուն մէջ Մուրատին եւ անոր կայծակնավազ ձիուն նուիրած է «Բեգաս» գեղեցիկ ու  ընդարձակ բանաստեղծութիւնը։

    Մինաս Գանգրունի (1929-2009), որ թերթին երաժշտական քննադատն է, անդրադարձեր է թէ՛ տասնամեայ  փոքրիկն Աւօ Գույումճեանի դաշնամուրի համերգին, թէ՛ ալ թենոր Խաչիկ  Փիլիկեանի երգահանդէսին։ Գանգրունի չի բաժներ լիբանանեան ֆրանսատառ  թերթի մը այն կարծիքը, թէ Աւօն… «Լիբանանի Մոցարթ»-ն է։

Յովսէփ Ս. Պ. Ճիռեան ընդարձակ (եւ մանուածապատ…) յօդուածով մը գրախօսեր է  Յովհաննէս Շիրազի «Յուշարձան մայրիկիս» բանաստեղծական ժողովածուն։  Սորպոնէն «Գրականութեան տոքթոր»-ի այս տիտղոսակիրը, դժբախտաբար, մի՛շտ յուսախաբ կ՛ընէ զիս։ Երեւութապէս  շա՛տ բան ըսել կ’ուզէ, սակայն… ոչի՛նչ կ’ըսէ։ Ահա՛ պատահական հատուած մը իր  գրութենէն.

— Ընդհանուր առմամբ «քլիշէ» դարձած արտայայտութիւններու վարպետ ոսկերիչն է  Շիրազը, երաժիշտի հոգիով եւ քանդակագործի գրչով։ Հասարակ միտքերն ու  պատկերները ունենալով իրենց օրկանական տեղը անփոխարինելի, քերթուածի  կառոյցին մէջ, եթէ հանճարի արգասիք չեն, հանճարեղ ըլլալէ չեն դադրիր,  հանճարեղն ըլլալով, տեղին գործածուած, ներծոր անփոփոխելին (29 Յունիս 1970, էջ 3)։ Ան որ կուտ ու միջուկ գտաւ այս հատուածին մէջ՝ թող ձեռք բարձրացնէ…։

«Արարատ» լոյս ընծայեր է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի այս տարուան  (1970) հայ շրջանաւարտներուն անուանացանկը։ Ուղղակի կարելի է շշմիլ՝ ի տես հայ երիտասարդ սերունդի մը այն մեծ թիւին, որ վկայուեր է Ամերիկեան համալսարանի զանազան ամպիոններէն, իբրեւ պատրաստ մարդուժ…։ Համրեցինք, որ  Առեւտրական ճիւղէն (Պի. Պի. Էյ.) վկայուեր է13  հայ, Պսակաւոր Արուեստից (Պի. Էյ.) տիտղոսը ստացեր է 15 հայ, Պսակաւոր Գիտութեանց (Պի. Էս.) տիտղոսին տիրացեր է 24 հայ, Բժշկական ճիւղը աւարտեր է հինգ հայ, Երկրաչափական ճիւղը՝ 13 հայ,  Դեղագործութեան ճիւղը՝ ութ հայ, Դեղագործութեան Մասթըր ստացեր է երկու հոգի, Արուեստից ճիւղէն Մասթըր՝ 6 հայ, Գեղարուեստից ճիւղէն Մասթըր՝ 3 հայ,  Հանրային առողջապահութեան ճիւղէն Մասթըր՝ մէկ հոգի, Երկրագործական ճիւղը աւարտեր է երկու հայ, նոյն ճիւղէն Մասթըրի վկայական ստացեր է մէկ հոգի,  Ճարտարապետական ճիւղէն վկայուեր է մէկ հոգի, Հիւանդապահութեան ճիւղէն՝ 16  հայուհի, Պսակաւոր հիւանդապահութիւն՝ 4 հայուհի,  Մագիստրոս գիտութեան՝ մէկ հոգի։

Իբրեւ տեղական գաղութային լուր՝ թղթակցութիւն մը տպուեր է Սիմոնեան գոլէճի ամավերջի հանդէսին մասին։ Յաջորդաբար խօսք առեր են ուսուցիչներ Մարք  Ժամկոչեան, Հայկ Թիլպեան եւ տնօրէն Անուշաւան Սիմոնեան։ Շրջանաւարտ եղեր է 11 ուսանող։

«Քսան անմահներու նահատակութեան 55-րդ տարեդարձի յուշատօնը Փարիզի մէջ» (մասնաւոր թղթակցութիւն «Արարատ»-ին)։ Թերեւս անկարեւոր ու ընթացիկ թուի այս լուրը ոմանց, բայց կ՛արժէ պահ մը  կանգ առնել հոս ու լուրին մանրամասնութիւններուն ընդմէջէն բռնել բազկերա՛կը  Փարիզի երբեմնի հայ գաղութին ու բաղդատել զայն այսօրուան հետ։

Ուրեմն, լուրը կ՛ըսէ, թէ նշեալ յուշատօնը տեղի ունեցաւ Յունիս 21-ին, «Փարամազ» ակումբին կազմակերպութեամբ, Փարիզի Լը Կավռօշ ճաշարանին  մէջ, հոգեճաշի սեղաններու շուրջ։ Օրուան պատուոյ նախագահուհին ընկհ. Եսթեր  Իջքալացեանն էր։ Բացման խօսք արտասաներ է Նազարէթ Պշտիկեան։ Պրն. Գ.  Բաթուկեան ականատեսի անձնական վկայութիւններ տուեր է 1915-էն։ Նոյնը կատարեր է նախագահուհի Իջքալացեան, յիշելով իր անմիջական շփումը  քսաններէն ոմանց հետ…։ Պատրիկ Կէնճեան, Վազգէն Անդրէասեան եւ ընկ.  Գիւտնէրեան արտասաներ են սրտի տպաւորիչ խօսքեր, յուշերով համեմուած։ ՌԱԿ-ի կողմէ ձեռնարկը ողջուներ է պրն. Տէտէեան, ԺԱՖ-ի կողմէ՝ պրն. Մուրատեան։ Խօսք տրուեր է նաեւ նշանաւոր աշխարհագիր ու  ակադեմական Զատիկ Խանզատեանի։ Գլխաւոր բանախօսը հանդիսացեր է Սեդրակ Քարեան, որ ճառախօսեր է 25 վայրկեան։ Միով բանիւ՝ ՏԱՍԸ բանաւոր ելոյթ…։ Այսօր ո՞ր հայաշատ գաղութին մէջ նմանօրինակ երեւոյթ կրնայ պարզուիլ…։

Փարիզի մէջ (Իսի լէ Մուլինօ) մահացեր է հնչակեան վեթերան մը՝ Գրիգոր Շմաւոնեան։

Գէորգ Եափուճեան (Հայաստանէ՞ն) պատմեր է Պօղազլեանի հայակեր եւ արիւնռուշտ գաւառապետ Ալի Քեմալ պէյի ձերբակալութեան եւ կախաղան բարձրացման մասին, Զինադադարի շրջանին։

Շաբաթական «Գրական էջ»-ը տեղ տուեր է Գուրգէն Մահարիի (մահացած՝ 1969-ին) տեսակէտներուն՝ վէպ գրելու մտայղացումին, կերպարներ ստեղծելու,  գործողութիւնները զարգացնելու եւ առնչակից հարցերու մասին։ Նիւթը  արտատպուեր է Երեւանի «Գարուն» ամսագրէն։ Մահարին պատասխաներ է որ իր  բոլոր վէպերն ալ կ՛առնչուին իր անձնական կեանքին։ Կերպարները իրական անձեր են կամ ալ իրական անձերու խմորով ստեղծուած տիպարներ։ Ան շեշտեր է որ «ոճը  գրողին զէնքն է»։ Ըսեր է նաեւ, թէ վէպը մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ ունի առաքելութիւն մը, որ է՝ բացայայտել, ախտորոշել, հականեխել աշխարհի արատներն ու վէրքերը։

Այս նոյն էջին վրայ Սամօ ամփոփ տողերով ներկայացուցեր է Սեդրակ Զաւէնի  օտար գրականութենէ թարգմանեալ պատմուածքներու հինգերորդ «Փունջ»-ը։

Ազգային ի՞նչ ծանուցումներ կան այս շաբաթ։ Տեսնե՛նք։   — Սահակեան լիսէի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը պիտի կայանայ  եղեր Յունիս 30-ին, դպրոցին սրահը։ Սրտի խօսք պիտի արտասանէ եղեր տոքթ. Գարեգին Յ.  Պուճիգանեան։

— Տհուր Շուէյրի մէջ բացուեր է եղեր ԿԱՐԻՆԷ հայկական ընտանեկան սրճարանը։

— Հայ Աւետ. Մէսճեան-Բեթանիա վարժարանը (Մար Մխայէլ) հայեցի ու քրիստոնէական առողջ  դաստիարակութեան երաշխիքներով՝ այժմէն իսկ ծանուցեր է իր յառաջիկայ  վերամուտը։ Շատո՜նց փակուած այս վարժարանը յիշող կա՞յ…։

— Անդրանիկ վրդ. Կռանեան լոյս ընծայեր է հայերէն լեզուի իր բառարանը, որ 500 էջի  մէջ կը պարփակէ եղեր 30 հազար բառ։

— Այնթապի հայրենակցական միութիւնը միօրեայ պարտիզագնացութեան մը  հրաւիրեր է իր անդամներն ու համակիրները դէպի Այն Հաճ Իլիասի սրճարանը (12  Յուլիս)։

— Եւ՝ պսակադրութիւն մը։ Ամուսնացեր ու ընտանիք կազմեր են Մանուէլ Սամանեան եւ օրդ. Մարթա Սարգիսեան (Պէյրութ)։

                                                                       

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՍԻԿԱՐԷԹԻ ԽՆԴԻՐ

Next Post

ՔՈՒԷՅԹՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐ. «ՇՈՒՏՈՎ ՊԻՏԻ ԼՍԷՔ ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐ ՄԸ»

Next Post
ՔՈՒԷՅԹՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐ. «ՇՈՒՏՈՎ ՊԻՏԻ ԼՍԷՔ ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐ ՄԸ»

ՔՈՒԷՅԹՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐ. «ՇՈՒՏՈՎ ՊԻՏԻ ԼՍԷՔ ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐ ՄԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.