Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հանդիպեցան Կէս Դար Ետք

Զարմինէ Կանաչեան Ասմինեան

June 4, 2026
in Յօդուածներ
0
Հանդիպեցան Կէս Դար Ետք

Սահակեան լիսէի երկարամեայ վաստակաւոր տնօրէն Բենիամին Ժամկոչեանի հետ առաջին հանդիպումս մինչեւ օրս կը յիշեմ:

Մեծ մօրս հետ ուրախ դպրոց գացի արձանագրուելու։  Տնօրէնը քանի մը հարցում հարցնելէ ետք` զիս ծիլ դասարան ընդունեց։

Հաճըն կը բնակէինք, թաղը փոքր էր բայց կար երեք հայկական դպրոցներ։

Ազգային Սահակ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ Աւետարանական Կերթմէնեան վարժարան եւ իմ գացած դպրոցս՝ Սահակեան լիսէն, ուր ես յաճախեցի մինչեւ 7-րդ դասարան, ապա Սահակեան Լ․Մկրտիչեան գոլէճէն շրջանաւարտ եղայ։

Ժամկոչեանը մեզի կը դասաւանդէր կրօն եւ թուաբանութիւն, նաեւ ամէն առաւօտ մօտ երեսուն վայրկեան, իր գլխաւորութեամբ, առաջինէն 12-րդ դասարանի աշակերտներս շուէտական մարզանք կը կատարէինք:

Ժամկոչեանը լաւ մանկավարժ էր եւ իր բծախնդիր դաստիարակութեամբ դարձանք հայրենասէր հայեր:

Լիբանանահայութեան համար մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Սահակեան լիսէն։ Նոյն դպրոցէն շրջանաւարտ եղած էին հայրս ու հօրաքոյրներս։

Հայրս յաճախ կ՛արտայայտուէր, թէ դպրոցին մէջ դասընկերներով քոյր–եղբօր պէս մեծցած են: Բնաւ չէր մոռնար իր սիրելի դասընկերներէն Մովսէս Մարգարեանը, որ ներգաղթած էր Հայաստան: Կ՛ըսէր. «Ուշիմ եւ խելացի էր, վստահ եմ՝ ուսման մէջ տեղ մը հասած պէտք է ըլլայ» :

Ափսոսանքով կ՛արտայայտուէր, որ ինք չէր կրցած շարունակել իր ուսումը , բայց եղած էր վարպետ արհեստաւոր։

Միշտ փառք կու տար Աստուծոյ, որ յարգանք կը վայելէր բոլորին կողմէ, իբրեւ լաւ մարդ։

Հայրս կապուած եղած էր իր թաղին (Հաճըն) եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիին։

Գիտակից ըլլալով, որ Սփիւռքի հայապահպանման կարեւոր մէկ օղակը եկեղեցին է, քանի մը տասնամեակներ ծառայած էր իբրեւ թաղական:

Երկար տարիներ աշխատելով իր փոքրիկ արհեստանոցին մէջ, որպէս հմուտ կօշկակար վարպետօրէն իշխած էր կարի մեքենային, մկրատին ու մուրճին վրայ, ապահոված էր ընտանիքին ապրուստը:

Հայրս շատ հանդարտ եւ համբերատար էր։ Քիչ կը պատահէր, որ բարկանար, եթէ իր աշխատանքը անյաջող ընթանար։

Հօրս գործի վայրը յաճախ կը հանդիպէին բարեկամներ, ազգականներ եւ ընկերներ․ պէտք է ըսել՝ քիչ մըն ալ հաւաքատեղի էր:

Վերջին տարիներուն իր արհեստանոցը սկսած էին այցելել երիտասարդ համալսարանականներ (նկարիչներ, արուեստագէտներ)։ Անոնք իր հետ հանդիպումներ ու հարցազրոյցներ կը կազմակերպէին, զինք կը նկարէին իբրեւ հին սերունդի պատկանող արհեստաւոր, նոյնպէս արհեստանոցի չորս պատերը կը նկարէին, շատ հետաքրքրական գտնելով, ուր ան զետեղած էր զանազան նկարներ (Սայաթ Նովա, Կոմիտաս, Շարլ Ազնաւուր, Պարոյր Սեւակ, Դանիէլ Վարուժան, Մհեր Մկրտչեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներ,  մարզական խումբեր, ազգականներ…):

Օր մը Հայաստանէն ժամանած տիկին մը գործով կը հանդիպի հօրս արհեստանոցը. երկար կը զրուցեն եւ հայրս կ՛իմանայ, թէ այցելուն կ՛ըլլայ իր մանկութեան դասընկերոջ՝  Մովսէս Մարգարեանի քոյրը։ Ան բաւական տեղեկութիւններ կը քաղէ իր հեռաւոր ընկերոջ մասին։

Հօրս ուրախութեան չափ ու սահման չկար։ Տարիներ ետք, ինչ որ տեղեկութիւններ հանգստացուցած էր իր միտքը եւ ուրախացուցած զինք։

«Դասընկերս՝ Մովսէսը դարձեր է դեղագործ», ուրախութեամբ գոչեց ան, երբ երեկոյեան գործէն տուն վերադարձաւ։

Իսկապէս յուզուեցայ, որովհետեւ հօրս արտայայտութեան մէջ տեսայ տարիներու կարօտ։

Մտածեցի թէ օր մը արդեօ՞ք երկու ընկեր զիրար տեսնելու բախտը պիտի ունենան:

Քանի մը տարի ետք, երբ ան գլուխը կախած կ’աշխատէր իր աշխատանոցին մէջ, յանկարծ իրեն կը բարեւէ անձ մը։

Հայրս գլուխը բարձրացնելով երկար կը զննէ խօսակիցը։

Ան կը հարցնէ. «Ո՞ւր կրնամ գտնել Կարապետ Ճէրէճեանը»։

Հայրս կը հարցնէ, թէ ի՞նչ կ՛ուզէ Կարապետ Ճէրէճեանէն։

Ան կը պատասխանէ, թէ Սահակեան լիսէի դասընկերն էր եւ կ՛ուզէ զինք տեսնել։

Հայրս յանկարծ կը ճանչնայ, որ իր դասընկեր Մովսէսն է դիմացը կանգ֊նողը եւ կ՛ըսէ. «Ես ալ քու այն դասըն֊կերդ եմ, որ նոյն նստարանին նստած միասին դաս կ՛ընէինք, Կանաչեան Պօղոսն եմ», ու երկուքը ամուր կը գիրկընդխառնուին ու մտովին կ՛երթան դէպի անցեալ եւ կը յիշեն իրենց մանկութիւնը, դպրոցական քնքուշ օրերն ու մանկական խաղերը։

Չէին հաւատար, թէ երազ էր կամ իրականութիւն պատահածը։ Անոնք յիսուն տարիէ աւելի զիրար չէին տեսած…եւ ահա կը հանդիպէին։

Մարգարեան աթոռ մը վերցնելով կը նստի հօրս կողքը, երկար կը զրուցեն ու կը պատմեն իրենց կեանքի պատմութիւնը։ Կ՛ապրին հաճելի եւ գեղեցիկ վարկեաններ։

Այդ անմոռանալի հանդիպումը հայրս միշտ կը յիշէր։

Share61Tweet38
Previous Post

Կրթութեան «Զօրակոչ»՝ Որքանո՞վ Համարկուած Ենք Թուային Արհեստագիտութեանց

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.