Բազմակիօրէն ուրախալի ու միաժամանակ հպարտալի է, որ անցնող գործող տարեշրջանին (2025-էն սկսեալ), լիբանանահայ արուեստը եւ մշակոյթը, իրենց զանազան արտայայտամիջոցներով եւ ելոյթներով, ապրեցան (եւ ապրեցուցին) գնահատելի ու բեղմնալի եռք մը, երբ հայ բեմերը ճոխացուցին հարուստ ու ճոխ, ուսանելի ու հմայիչ, ժամանցային, բայց բովանդակալի եւ ուշագրաւ յայտագրերով:
Ասիկա մեզի յիշեցուց երեք հիմնական երեւոյթ ու ցուցանիշ.
ա. Վերակենդանացնել լիբանանահայ կեանքը, իր երբեմնի աշխոյժ եւ առոյգ գեղարուեստական ծրագրերով:
բ. Ապացուցել, որ լիբանանահայութիւնը միշտ կառչած կը մնայ իր արուեստի ու մշակոյթի օրինակելի բնագաւառներուն:
գ. Պատկան կազմակերպութիւններ (անհատական թէ միութենական) իրենց առաքելութեան ու կոչումին կրողները ըլլալով, գիտակից եղան լիբանանահայութեան պարգեւելու նմանօրինակ գրաւիչ պահեր, առաւել՝ ունենալով համապատասխան կազմակերպող ու վկայեալ ուժեր, նաեւ ներգրաւելով նորեր:
Եւ այս բոլորը, հակառակ երկիրը ու շրջանը յուզող դէպքերուն, ապահովական, քաղաքական, տնտեսական եւ ապակայունական վիճակներուն, որոնք, իրօք, ծանր էին, բայց, խնդրոյ առարկայ կողմեր, գիտակից իրենց վստահուած ճիգերուն ու պարտականութեանց, իրենց առաւելագոյնը մատուցանեցին, նախ՝ յաղթահարելով դժուարութիւնները, ապա իրենց հասարակութիւնը զբաղ պահելով նման օգտաշատ ձեռնարկներով:
Այս յատկանիշները, առանց մեծխօսիկութեան, միշտ ալ կազմած են լիբանանահայութեան անխզելի օղակներն ու գործունէութեանց ցանցերը, զանոնք վառ պահելու եւ այդ ոգիով ալ շրջանակները խանդավառելու եւ, ինչո՛ւ ոչ, նաեւ զարգացնելու:
Պէտք չէ մոռնալ, որ լիբանանահայութիւնը իր կրթական, արուեստի թէ մշակոյթի գործօններով վաղուց հանդիսացած է առաջնորդող, հայթայթող ու մատակարարող յորդ աղբիւր մը, նոյնիսկ ամէնէն վատ ժամանակներուն, հոս ու հոն ղրկելով իր շնորհալի «մասնագէտ»ներէն թեկնածուներ ու կամաւորներ, իսկ այսօր, թէեւ ոչ նոյն թափով, բայց կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրա, թէ՛ հայագաղութէն, թէ՛ այլ վայրերէն ներս:
***

Այսպիսի արագ մտորումի մը ու գրառումի մը անհրաժեշտութիւն տեսանք, պարզապէս դիտել տալու, թէ լիբանանահայութեան արժանաւոր զաւակներէն շատեր, որոնք կը հաւատան այս նուիրուածութեան ու զոհաբերութեան ուղիին եւ ունին տարբեր տեսակի շնորհներ, ձիրքեր կամ առաւելութիւններ, զանոնք կը դնեն իրենց հայրենակիցներուն տրամադրութեան տակ, մեծ վարկանիշ ձօնելով համայնքին թէ զայն կերտողներու հասցէին:
Այս առնչութեամբ, յիշարժան պարագայ մըն է վերջերս կազմուած եւ յատուկ հրապարակումով հանդէս եկող «միջազգային երգերով համակուած» նուագախումբի մը յայտնութիւնը.
«A DELIGHTFUL EVENING»
Որուն, հիմնադիր-կազմակերպիչ-գլխաւորողն է հանրածանօթ դաշնակահար-արուեստագէտ
ՊՐՆ. ՌԱՖՖԻ ՏԷՐ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆԸ
(Հոս, յիշեցնելու ու ծանօթացնելու կարգով, ըսեմ թէ պրն. Ռաֆֆին, ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի փայլուն շրջանաւարտներէն եղած է, նաեւ նոյն յաջողութեամբ աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը (AUB), վկայուելով իբրեւ տարրաբանագէտ, ապա Միութեան վարժարաններէն ներս մինչեւ օրս կ’ուսուցանէ տարրաբանութիւն եւ բնագիտութին (chemistry and physics), վարելով նաեւ ներդպրոցական ընկերային, ատենամարզանքային, մշակութային եւ այլն գործունէութիւններ, իսկ Միութենէն ներս յարակից այլ պաշտօններ ստանձնելով):
Գիտական-կրթական այս բարձր «բեռ»երով ծանրաբեռնուած մեր սիրելի Ռաֆֆին, իր նուագային-դաշնամուրային կանչերուն հաւատարիմ, ոչ միայն չմոռցաւ զանոնք, այլեւ հոգեւին կապուած մնաց անոնց, ծառայելով, զբաղցնելով եւ ոգեւորելով զանազան միջոցառումներ, հաւաքներ ու հանդիպումներ, իր ունկնդիրները անհամբեր սպասել տալով իր երեւումներուն ու ստեղնաշարերուն անոյշաշունչ լսումներուն:
***

Շաբաթ, 10 Մայիս 2025ը, իսկական փառատօնային օր մըն էր, ուր ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ համախմբուած ու հաւաքուած էին այդ բոլորը վայելելու երաժշտութեան երկրպագուներ, սիրահարներ, նաեւ այդ մարզէն ներս փորձագէտներու եւ արուեստագէտներու հոյլ մը:
Ինչ որ խրախուսիչ էր (եւ հոս էր բարենշանակութիւնը), հանդիսականներուն մէջ աչքառու էին հայ թէ տեղացի երիտասարդ-երիտասարդուհիներու եւ պարման-պարմանուհիներու ներկայութիւնը, իսկ այս համապատկերութիւնը, անկասկած, հաճոյք պատճառած ըլլալու էր բոլորին եւ յատկապէս Ռաֆֆիին, որ այս նախաձեռնութեամբ ստացաւ ատորմով լիանալու հաճոյքն ու գոհունակութիւնը, յաչս նոր սերունդին եւ արուեստասէր հասարակութեան ճաշակները բաւարարելու բարօրութեան:
Վերջին հաշուով, ի՞նչ է փնտռուածը եւ ո՞ւր է շահոյթը այս եւ նման ձեռնարկներուն, ինչպէ՞ս կարելի է շրջանակներ, խմբակներ ու նորահասներ կապուած պահել արուեստի այն ծիածաններուն, որոնք շինիչ են, հրապուրող, գերող ու առինքնող, հեռու պահելով «մերոնք» ոլորեցնող, խորթացնող ու թունաւորող մթնոլորտներէն:
Վստահաբար, Ռաֆֆին եւ իր նուագախումբը այս սկզբունքով ու մտայղացումով ճամբայ ելած էին, եւ, ի պատիւ իրենց, յաջողած, որովհետեւ յայտագիրը, իր երաժշտական բազմասեռութեամբ ու բազմալեզուութեամբ, նաեւ անուանի երգիչներու ու երաժշտութիւններու եւ յօրինողներու առլցութեամբ, արդէն կու տար այդ համն ու հուրը (հայերէն, անգլերէն, արաբերէն, իտալերէն), իրենց մասնակցութիւնը բերելով ձայնային, հնչեղային, բեմային, արտաքնային, շարժումային, արտայայտչային ու տպաւորային հոյակապ ու քաշողական մօտեցումներով ու կեցուածքներով:
Երգիչները՝ Կարէն Գազանճեան եւ Սեդա Թօփալեան, հանդէս եկան սքանչելի եւ ազդեցիկ դերերով, իրենց զգացական ու հաղորդական ոճով, դառնալով փնտռուած ու սիրուած դէմքեր:
Փողերախումբի՝ Նարեկ Կարապետեանը եւ Սարօ Մարտիրոսեանը, իրենց լաւագոյնը մատուցանեցին, նուագախումբին ու հանդիսականներուն տալով ուրոյն երանգ եւ ոգեշնչող զգացողութիւն:
Մարիպէլ Հաճեանին հեզաճկուն հայկական պարերը ինքնին անմիջական ու զգլխիչ էին:
Բալիկ Թոքաճեանի (լատինական) պարերը հիացմունք պատճառեցին իրենց գրաւիչ բեմերեւումներով:
Իսկ նուագախումբի գործիքային անդամները՝ Վահէ Սիմոնեան (թմբուկ), Միրէյ Տէր Առաքելեան Նիկոլեան (keyboard), առանց որոնց անկարելի պիտի ըլլար այս գօտեպինդ արդիւնքը ձեռք ձգել, դարձան անոր ամբողջական կենսատու երակը, որոնցմով բեմը ներշնչուեցաւ ու ներշնչեց ներկաները:

Իսկ շքեղ համոյթը մարմնաւորող, կենսաւորող, համադրող, կարգաւորող ու ձեւաւորող ՈԳԻՆ եղաւ տաղանդաւոր ու բազմաունակ սիրելի Ռաֆֆին, որ նաեւ իր դաշնամուրային հմտութեամբ ու նուագակցութեամբ ոչ միայն կրցաւ կուռ ու համահունչ դարձնել իր շնորհաշատ անձնակազմը, այլեւ՝ ծափահարելի եւ ողջունելի գալուստ մը լիբանանահայ իրականութենէն ներս:
Ապրի՛ք բոլորդ, ապրի՛ Ռաֆֆին, ան ըլլալով եզակիներէն, որ կրցաւ իր գիտութիւնը եւ արուեստաբանութիւնը միացնել, զօդել, իբրեւ կրթական մշակ ու դաշնամուրային վարպետ:
Ցնոր հանդիպում, սիրելի Ռաֆֆի, բիւր յաջողութիւններով:ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

