Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼՌՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ՝ ԳՐԻՉՈՎ ՃԻՉ ՄԸ The Cedars Whispered (Մայրիները Շշնջացին)

«Ա.»

July 17, 2025
in Յօդուածներ
0
ԼՌՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ՝ ԳՐԻՉՈՎ ՃԻՉ ՄԸ  The Cedars Whispered (Մայրիները Շշնջացին)

 

Կը ճանչնայինք ընկերային-ծառայող Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեանը: Այսօր պիտի ծանօթանանք վիպագիր Քրիսթինին:

Ան հեղինակն է The Cedars Whispered (Մայրիները Շշնջացին) վէպին։ Գիրքը՝ հիմնուած իրական պատմութեան վրայ, կը ներկայացնէ ցնցիչ ու ցաւոտ պատմութիւնը Թէոտորա անունով աղջնակի մը, որուն մանկութիւնը խեղդուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին եւ ընտանեկան բռնութեան խոր հետքերուն տակ։ Թէոտորան գոյատեւած է միմիայն կեանքի ողբերգութիւններուն դիմանալով, ըմբոստանալով փորձութիւններուն եւ իր ցաւերը վերածելով գոյատեւման ու յաղթանակի ուժի։ Վէպը ո՛չ միայն գրական ստեղծագործութիւն է, այլ նաեւ մարդկային արդարութեան ճիչ՝ նուիրուած անլսելի մնացած զոհերուն։

Քրիսթինը, որ երկար տարիներ ծառայած է որպէս ընկերային ծառայող, բազմաթիւ այսպիսի դէպքերու ականատես եղած է։ Ան հաստատ համոզումով կը յայտնէ, թէ նման ծանր պատմութիւններու մասին լռելը ինքզինք արդարացնել չէ, այլ բարոյական պարտութիւն։ Դիրքորոշում մը, որ, իբրեւ մասնագէտ եւ մարդասիրական մղում ունեցող անձ, դարձուցած է իր առաքելութիւնը։

Վէպը ծնած է «քորոնա»ի մութ օրերուն, երբ ամէն ոք ամփոփուած էր իր տան մէջ։ Այդ մեկուսացումը առիթ հանդիսացած է, որ տիկին Քրիսթին ընթերցանութենէն ոգեշնչուած գրի առնէ Թէոտորայի մասին պատմութիւնը, որ նախապէս լսած էր եւ որ հոգիին խորքը ի վերուստ մաշեցուցած էր զինք։

«Մարդն արդիւնքն է իր միջավայրին», կ’ըսէ հեղինակը։ Այս մտածումին կիզակէտին շուրջ է ամբողջ վէպը։ Իսկ առաջին ու անկեղծ արձագանգը ստացած է ընտանիքի անդամներէն՝ իր որդիէն՝ Գեղամէն։ Ապա գիրքին շուրջ դրական խօսք ունեցած են նաեւ իր քոյրը եւ առաջնորդ սրբազան հօրեղբայրը։ Այս աջակցութիւններն են, որ ուժ ու վստահութիւն տուած են Քրիսթինին՝ գիրքը հրատարակելու որոշումին մէջ։

Որպէս առջինեկ աշխատութիւն, ան ծանօթ չէր հրատարակչական բոլոր մանրամասնութիւններուն։ Փորձառու խորհրդատու խմբագիրներ՝ Stephanie Havens եւ Elisabeth Chretien, մասնագիտական խմբագրումով յանձն առած են գիրքի վերջնական մշակումը։

Քրիսթինը ընտրած է անգլերէնը՝ նկատի ունենալով, որ գիրքը կը վերաբերի համամարդկային խնդիրներու։ Ճշմարտութիւն մըն է, որ հայկական շրջանակը երբեմն կը մնայ սահմանափակ, իսկ նման նիւթ պէտք է բարձրաձայնուի նաեւ միջազգային լսարանին։

Վէպին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 15 Յուլիսին, Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ մշակութասէր ընտրանիի մը։ Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը հաճելի ձեւով կատարեց հեղինակի որդին՝ Գեղամ Սարգիսեանը:

Գիրքը ներկայացուց Միացեալ Նահանգներէն այս առիթով կարճատեւ այցով Լիբանան ժամանած Ուայթ Փլէյնս հոգեբուժական բժշկական կեդրոնի (WPP PLLC) տնօրէն տոքթ. Գարլօ Պայրաքտարեանը:

Սրտի խօսքով հանդէս եկան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանն ու Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ գերշ. Տէր Անուշաւան արք. Դանիէլեանը:

Ձեռնարկի եզրափակիչ ելոյթը կատարեց հեղինակ տիկին Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեանը:

Ելոյթները համեմուեցան գեղարուեստական կատարումներով՝ դաշնամուրով եւ երգեցողութեամբ Գէորգ Յովհաննէսեանի, Արին Մարգարեանի, Գեղամ Սարգիսեանի եւ Եզնիկ Յովհաննէսեանի կողմէ:

Վէպի շնորհահանդէսին յաջորդեց հիւրասիրութիւն համալսարանի բացօթեայ բակին մէջ, ուր ներկաները առիթ ունեցան ստանալու գիրքի իրենց օրինակը։
Վէպը կ’անդրադառնայ ոչ միայն գրական երեւոյթի մը, այլ նաեւ ընդհանրապէս լռութեան դէմ մղուած ներքին պայքարի։ Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեանը, տարիներու նուիրեալ աշխատանքով եւ նպատակային մղումով, ձայն տուաւ այն պատմութիւններուն, որոնք յաճախ կը կորսուին ժամանակի ստուերներուն մէջ։ Այս վէպը յուշարձան մըն է բոլոր անոնց, որոնց կեանքը դարձած է անյայտ վէպ։

Թող այս գործը չմնայ միայն «գրուած» էջերու վրայ, այլ շարունակէ ապրիլ իբրեւ սրտամոտ կոչ՝ տեսնելու, լսելու, հասկնալու։

Վարձքդ կատար, ազնուահոգի Քրիսթին։

 

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

  ԼԻԲԱՆԱՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԻՐԱՐ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻՆ

Next Post

ՂԱԶԱՐՈՍ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ 85 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԽՏԱՑՈՒԱԾ ՆՈՒԻՐՈՒՄ

Next Post
ՂԱԶԱՐՈՍ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ  85 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԽՏԱՑՈՒԱԾ ՆՈՒԻՐՈՒՄ

ՂԱԶԱՐՈՍ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ 85 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԽՏԱՑՈՒԱԾ ՆՈՒԻՐՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.