Կտրուկ կերպով Ո՛Չ կ՛ըսենք ոչ-բնակարային հին վարձակալներուն վերաբերեալ հրապարակի վրայ եղող արժամապէս սառեցուած 12/6/2025 թուակիր օրէնք-հրամանագրի տրամադրութիւններուն։
Խորապէս անարդար զայն կը գտնենք ընդհանրապէս արդիւնաբերութեան, բայց մասնաւորաբար առեւտրական եւ ճարտարարուեստի գործող հաստատութիւններուն հանդէպ։
Կը պահանջենք արդարադատութեամբ եղած ՆՈՐ օրէնք մը, որ հաւասարապէս կը պաշտպանէ թէ՛ վարձակալին եւ թէ՛ տանտէրին իրաւունքները։
Խիստ կերպով կը հակաճառենք պատահական վտարումներու անարդարութեան։ Նման արարքներ կը սպառնան ընկերային անվտանգութեան, ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի կայունութեան, աւելի ու աւելի խորացնելով արդէն իսկ ճգնաժամի մէջ եղող տնտեսութիւնը։ Հազարաւոր ընտանիքներ կրնար զրկուիլ իրենց կենսական օրապահիկէն։
Ժամն է որ շահագրգռող կողմերը ցուցաբերեն իմաստութիւն եւ պատասխանատուութիւն։ Պարտին հիմնական փոփոխութիւններ մտցնել վերոնշեալ օրէնքի մանրամասնութիւններուն մէջ, ապահովելով երկու կողմերուն հաւասարակշռուած իռաւունքները եւ պահպանելով Լիբանանի ընկերային եւ տնտեսական կառուցուածքը։
Վարձակալ-տանտէր բանավէճը կու գայ 1985-էն, լիբանանեան դրամանիշի կրկնակի անկումին պատճառաւ, սակայն նախկին օրէնքները շատ աւելի հաւասարակշռուած եւ արդարացի էին, քան այսօր։
Հարցայարոյց նոր օրէնքը անտրամաբանական է եւ կը հակասէ սահմանադրութեան, մասնաւորաբար 15-րդ յօդուածին, որ կ՛երաշխաւորէ քաղաքացիին սեփական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։
Անարդար կը գտնենք նաեւ, առանց որեւէ հատուցումի, առաւելագոյնը 4 տարիէն վարձակալը կալուածէն դուրս դնելու պարագան։
Անընդունելի է նաեւ վարձքի համաձայնագրերուն 3 տարուայ ժամկէտը։ Կարելի չէ որ այդքան կարճ ժամանակաշրջանէ մը ետք, վարձակալները ենթակայ ըլլան տանտէրերու քմահաճոյքին։ Այս մէկը կը նկատենք կալուածը վերստանձնելու քօղարկուած մարտավարութիւն։
Անհրաժեշտ է ժամկէտը դարձնել առնուազն 15 տարուայ վրայ երկարող համաձայնագրի մը, ուր իւրաքանչիւր հինգ տարին, աստիճանաբար կարելի ըլլայ բարձրացնել վարձքին գումարը, տնտեսական սղաճին համեմատութեամբ։
Այսօր, աւելի քան երբեք, լիբանանցիները գոյատեւման խոր ճգնաժամի մը դէմ-յանդիման կը գտնուին։ Արտօնելի չէ՛ որ երկիրը մնայ անարդար օրէնքներու պատանդ։
17 Հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր պետութիւնը զլացած է իր պարտաւորութիւններուն մէջ։ Ոչ մէկ լուծում բերած է՝
– Դրամատուներու համակարգի քայքայումին,
– Դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներու սառեցման կամ իւրացումին,
– Նաւահանգիստի պայթումին եւ մէկուկէս տարուայ վրայ երկարող վերջին պատերազմին հետեւանքով եղած անգործութեան եւ տնտեսական անկումին։
Այդ բոլորը, պէտք եղածէն աւելի նուաստացուցած են քաղաքացին։ Պետութիւնը պարտաւոր է լուծումներ բերել՝ յարգելով բոլորին արժանապատուութիւնը։ Ժամն է նաեւ, որ պետութիւնը ֆինանսական հնարաւորութիւններ ստեղծէ անշարժ գոյքի ճգնաժամը համապարփակ կերպով լուծելու համար։
Արդարադատութիւնը թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական սեփականութեան հիմքն է, որու վրայ կը հիմնուի ընկերա-տնտեսական կայունութիւնը։
Վարձակալ-տանտէր հակամարտութիւն չէ՛ որ կը փնտռենք, այլ՝ արդա՛ր, հաւասարակշռուած օրէնք մը, որ կը պաշտպանէ բոլորին իրաւասութիւնները։
Վարձակալները պարտին միակամութեամբ մերժե՛լ կատարուած իրողութիւնը, նախքան որ հեռացուած ըլլան իրենց միջավայրէն եւ շուկաներէն։
Վարձակալներու եռեակ յանձնախումբի իրաւասու անդամ

