Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՆԷ ՀԱԼԷՊԻ ՆՈՐ ԳԻՒՂԸ – 1

Լ. Շ.

July 15, 2025
in Յօդուածներ
0
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՆԷ  ՀԱԼԷՊԻ ՆՈՐ ԳԻՒՂԸ – 1

 

 

Նոր Գիւղը Հալէպի ամէնէն հայախիտ ու հայահոծ թաղամասն էր։

Անցեալ ժամանակով խօսեցանք, «թաղամասն էր» ըսինք, որովհետեւ այսօր այդպէս չէ, երբե՛ք։ Հալէպի հնգամեայ արիւնալի պատերազմն ու անոր հետեւանքով ծայր տուած գաղթի ալիքը լայն չափով դատարկեցին Նոր Գիւղը իր բնիկ հայ տարրէն, ամայացուցին անոր հայաբնակ փողոցներն ու շէնքերը, փոխեցին շրջանին ժողովրդագրական պատկերը ու պատմութեան գի՛րկը նետեցին համեստ ու բարեկեցիկ ընտանիքներու համար «փոքրիկ Հայաստան» մը նկատուած ըլլալու անոր վաղեմի համբաւը…։

Սփիւռքեան տխո՜ւր ու կրկնուող պատմութիւն։

Նոր Գիւղի մէջ սակաւաթիւ հայեր մնացին, այո՛, սակայն մեր ազգային-եկեղեցական կառոյցներէն շատեր դեռ հոն են։ Հոն է Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Տիգրանեան ընտանեկան պարտէզը (ամռան եղանակին), Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը, Ազգ. Պատսպարանը, Գերմանիկ-Վասպուրական մշակութային միութեան շէնքը, Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին ու անոր կից Զուարթնոց վարժարանը, Զէյթունի հայրենակցական միութեան շէնքն ու սրահը, Համազգայինի կեդրոնատեղին (նախկին Սահակեան վրժ.)՝  Հայագիտական հիմնարկով հանդերձ, Վերժին Կիւլպէնկեան նախկին մայրանոցը (այժմ՝ Հայ Ծերանոց) եւ… եւ… հոն են մարդոց յիշատակները։ Անջնջելի՜ յիշատակները։

Վերջին տարիներուն շատե՜ր քրքրեցին իրենց հալէպեան յուշերու «տոպրակ»-ը։ Գաղթեր էին Հալէպէն ու իրենց ետին ձգեր մանկութիւն, երիտասարդութիւն ու ատոնց կապուած անմոռանալի ինչ-ինչ յուշեր։ Հիմա կ՛ուզէին պատմել, խօսիլ այդ մասին, իրենց կոկորդին բովանդակ ուժով պոռալ՝ թէ «Հալէպը անփոխարինելի էր»…։ Կը գրէին յօդուածի ձեւով (ինչպէս՝ ամերիկաբնակ Արա Մխսեանի ուշագրաւ յուշերը), երբեմն ալ կը հրատարակէին գիրքեր։ Զորօրինակ, լոս-անճելըսաբնակ Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ, Հալէպ» (2007) եւ «Սա մեր բոլորին Հալէպն է» (2017) ժողովածուները, նիւ-եորքաբնակ Զարմինէ Պօղոսեանի «Ազէզէն Ամերիկա»-ն (2021), զուիցերաբնակ Մաթիկ Էպլիղաթեանի «Անկրկնելի Հալէպը»(2023) կ՛իյնան այս շրջագծին մէջ։

Ու հիմա՝ Յակոբ Միքայէլեանի «Նոր Գիւղը»։

Գիրքը տպուած է Երեւան, 2025-ին, Լուսակն հրատարակչատան կողմէ։ 176 էջ է ու լոյսին եկած է մեսրոպեան դասական ուղղագրութեամբ։ Մամուլէն իմացանք, թէ գիրքին ձօնուած շնորհահանդէս մըն ալ կայացած է Երեւանի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կեդրոնին մէջ, անցնող Յունիսի 6-ին։

Յակոբ Միքայէլեան աւելի քան տասը տարիէ իվեր հեռացած է Հալէպէն ու կայք հաստատած Երեւան, իրեն նման հազարաւոր հալէպահայերու նման։

Հալէպի հարազատ զաւակ է ան, հոն ծնած (1943-ին), հոն ուսանած, հոն ընտանիք կազմած, հանրային-գրական-մշակութային-թատերական-կրթական երկարամեայ գործունէութիւն ունեցած՝ հո՛ն։ Բեղուն արձակագիր է ան, երբեմնի մնայուն աշխատակից «Զարթօնք» օրաթերթի եւ «Շիրակ» ամսագրի, Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի։ «Փինոքիօ» գրչանունով իր կիսաերգիծական ակնարկները,– որոնք յետոյ հատորի մը կողքին տակ մէկտեղուեցան (Անթիլիաս, 2004),– մի՛շտ ալ ընթերցուեր են հաճոյքով, զգացնելով մասնայատուկ բոյր մը։  Հայաստան հաստատուելէ ետք ալ Միքայէլեան իր մնայուն սիւնակը ունեցած է «Ազգ» լրագրին էջերուն։

    «Նոր Գիւղ» հատորը կը պարփակէ մանկութեան եւ պատանութեան յուշեր, որոնք ուղղակի կ՛առնչուին Հալէպի Նոր Գիւղ (արաբական անուանումով՝ Մէյտան) թաղամասին։ Նշմարեցինք սակայն, որ այստեղ ի մի բերուած գրութիւններէն ոմանք երկրորդ անգամ ըլլալով է որ կը մտնեն կողքի մը տակ։ «Պանքան», «Արծիւները գետնի վրայ» եւ «Նոր-գիւղեան համանուագ»  (թատերական պատկեր մը) խորագրեալ գրութիւնները (ընդամէնը՝ շուրջ 80 էջ) արդէն տեղ գտած էին հեղինակին «Տիկնիկը» պատմուածքներու ժողովածուին մէջ (Հալէպ, 1998), շատ տարիներ առաջ։ Թէ ինչո՞ւ Միքայէլեան զանոնք անգամ մը եւս կը ներառէ իր նորատիպին մէջ՝ կ՛անգիտանանք, մանաւանդ որ այս մասին տրուած չէ որեւէ բացատրութիւն, կատարուած չէ որեւէ ակնարկ։

Արդ, եթէ դուրս բերենք վերատպեալ այդ 80 էջերը, «Նոր Գիւղ»–ը կը վերածուի նուազ քան 100 էջանի նկուն հատորի մը, որ,– մեր համեստ կարծիքով,– ունէ՛ր հնարաւորութիւնը աւելի ճոխանալու եւ ընդլայնուելու։ Միքայէլեանի Հալէպի յիշատակները զեղուն են ու յորդուն, եւ հեղինակը երանի՜ աւելի լայն բանար իր կարկինը նոր-գիւղեան խճանակարային հարթակին վրայ…։

Շուրջ քսան տարի Նոր Գիւղ ապրած ըլլալով՝ Յ. Միքայէլեան ուզած է իր քաղցր ու տպաւորիչ յիշատակները բաժնել ընթերցողներուն հետ։ Ուստի, կրնանք ըսել անվարան, թէ այս գիրքը յուշագրութիւն է, եւ հոն տողանցող անձերը բոլորն ալ յիշատակուած են իրենց հարազատ անուն-մականունով։

Հեղինակին կեդրոնացումը, առաւելաբար, իր հօրենական տան վրայ է։ Ո՞վ էր իր զէյթունցի հայրը (երկաթուղային ընկերութեան երկարամեայ պաշտօնեայ, «ժայռի պէս կոպիտ ու անտաշ, բայց բարի…», «աղքատ, բայց հպարտ»), ո՞վ էր իր մայրը («հեզահամբոյր կին մը չէր…», «մեր տան էրիկմարդը մայրս էր…»), որո՞նք էին չորս քոյրերը եւ այլն։ Պարբերաբար պատմած է ասոնց մասին, գրչի արագ հպումներով բնութագրած է զանոնք, չմոռնալով աւելցնել, թէ «չորս քոյրերս ամուսնացած էին, ու մենք մնացած էինք երեքով։ Երեք տարբեր աշխարհներ նոյն տանիքին տակ. ու կ՛աշխատէինք ապրիլ ոչ–ճիշդ դասաւորուած համաստեղութեան մը մէջ» (էջ 78)։ Հեղինակը չէ ծածկած իր կապուածութիւնը, համակրանքն ու մա՛նաւանդ գութը՝ տարիներու աշխատանքին տակ կքած ու յոգնած հօրը նկատմամբ. «Կը դիտէի կաշի մնացած դէմքը, կնճիռներուն խոր ակօսները, քուրայի պէս (արդեօք փքո՞ց ըսել կ՛ուզէ — Լ.Շ.) ելեւէջող կուրծքը ու երկար ատեն աչքս չէի կրնար կտրել իրմէ» (էջ 81)։

 

                                                                                             

(Շարունակութիւնը՝  մեր յաջորդ սիւնակով)

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՀՈԳԵՒՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄ ՄԸ. ԱՒԵՏԱՐԱՆԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ ԱՆԻԾԵ՞Լ – ԵՐԲ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ ԿԸ ՁԱԽՈՂԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Next Post

ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ԵՒ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ

Next Post

ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ԵՒ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.