«ԱՐԱՐԱՏ», 6-11 Յուլիս 1970
Նախորդ թիւով մը անդրադարձեր էինք այն դատին, որ Պէյրութի թրքական դեսպանատունը բացեր էր «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն դէմ, ամբաստանելով զանոնք Թուրքիոյ նախագահը անարգած ըլլալու մեղադրանքով։ Հայ երկու թերթերը անմիջապէս շարժման անցեր էին,– այս անգամ՝ բարեբախտաբար միասնական կեցուածքով մը,– ու լիբանանցի ծանօթ դատաւորի մը՝ մեթր Մոհսէն Սլիմի, յանձներ էին իրենց դատին պաշտպանութիւնը։
Արդ, քանի մը նիստերէ ետք՝ դատարանը արձակեր է իր վերջնական վճիռը ու անպարտ հռչակեր է հայ թերթերը իրենց ուղղուած ամբաստանութիւններէն։
«Արարատ» յաղթանակի այս լուրը կու տայ ակներեւ գոհունակութեամբ։ «Հայ մամուլը անպարտ արձակուեցաւ. լիբանանեան արդարութիւնը մերժեց թրքական բողոքը», կը խորագրէ թերթը եւ կու տայ որոշ մանրամասնութիւններ։ Արդարեւ, դատախազութիւնը նշեր է, որ լիբանանեան օրէնքով թերթ մը կը պատժուի, եթէ երբեք հրատարակէ յօդուած մը, որ կրնայ վնասել Լիբանանի եւ բարեկամ երկրի մը միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեանց։ Մինչդեռ, այս պարագային, ստուգուեր է որ մեղադրեալ հայերէն լրագրերուն մէջ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահը անուանարկող ոչ մէկ արտայայտութիւն կայ», այլ կայ միմիայն 1915-ի ջարդերը գործադրող ղեկավարներուն քննադատութիւնը…։
Խորքին, հետաքրքրական դատ մը եղած է ասիկա, քանի որ սփիւռքեան մեր տարեգրութեանց մէջ թերեւս առաջին «առճակատում» մըն էր՝ ընդմէջ սփիւռքահայ կառոյցներու եւ թուրք պետութեան։ Առաջին անգամ է որ հայեր եւ թուրքեր դէմ-յանդիման կու գային՝ երրորդ երկրի մը դատարանին առջեւ, ու դատը կը փակուէր հայութեան արդարացումով կամ Թուրքիոյ մեղադրանքին մերժումով։ Քանի մը տարի եւս՝ ու ականատես պիտի ըլլայինք Մարսէյլի հայոց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած Մեծ Եղեռնի յուշակոթողին բացման առթիւ Թուրքիոյ յարուցած դիւանագիտական աղմուկին, յետոյ պիտի լսէինք ձայները ծերունի Գուրգէն Եանիկեանի արձակած փամփուշտներուն, որով երկու թուրք դիւանագէտներ պիտի սպաննուէին ԳալիՖորնիոյ մէջ, ու այնուհետեւ ծայր պիտի տար արտասահմանի թուրք դիւանագէտներուն դէմ ընդյատակեայ հայ զինեալ խմբաւորումներու շղթայազերծած պայքարը…։
Թերթին այս շաբթուան թիւերուն մէջ կը նշմարեմ քանի մը տեղական գաղութային թղթակցութիւններ։
— Նախ՝ «Սահակեան լիսէի մարզահանդէսը» (խորագիրն է)։ Ակներեւ է, որ Սահակեան լիսէն, այդ երանելի տարիներուն (պր.ն Բենիամին Ժամկոչեանի տնօրէնութեան շրջանին), ունեցեր է թէ՛ մեծաթիւ աշակերտութիւն, թէ՛ ալ արտադասարանային աշխոյժ գործունէութիւն։ Թերթը կը գրէ, որ 19 Յունիսին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցեր է սահակեանցիներու տարեկան մարզահանդէսը, Գէորգ Երեւանեանի նախագահութեամբ։ Խօսնակի պաշտօնը ստանձներ է Գէորգ Տարօնի։ Յայտագիրը ընդգրկեր է տողանցք, վազք, պարանաձգութիւն, հեծելարշաւ եւ մարզական այլազան խաղեր։
— «Ընդունելութիւն ի պատիւ Հ.Մ.Մ.-ի թատերասէրներուն» (խորագիրն է)։ Յունիս 30-ին միութեան ակումբին մէջ հիւրասիրութիւն մը կատարուեր է ի պատիւ Թատերասէրներու խումբին, որ վերջերս յաջողապէս ներկայացուցեր էր «Կոյսը» անունով թատերգութիւն մը։ Բացման խօսքով ներկաները ողջուներ է ընկերային դիւանի պատասխանատու Սարգիս Նաճարեան։ Բեմադրութեան մասին իր տպաւորութիւնները արտայայտեր է «Հայաստանի համալսարանի բանասիրական ճիւղէն գերազանցիկ յիշատակութեամբ վկայեալ» ընկ. Գրիգոր Պարտագճեան։ Ստեղծուեր է ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտ։ Փակման խօսքով հանդէս եկեր է միութեան ատենապետը՝ ընկ. Տիգրան ՍարաՖեան, որ յորդորեր է թատերասէր երիտասարդները «չբաւարարուելու իրենց արուեստասիրութեամբ, այլ զարգացնել զայն՝ մա՛նաւանդ սերտելով հայ թատրոնի նուիրուած մեծանուն դէմքերուն ստեղծագործութիւնները, փորձառութիւններն ու կեանքը»։
— «Ի պատիւ համալսարանականներուն» (խորագիր)։ Թատերասէրներուն կողքին՝ Հ.Մ.Մ. իր ուշադրութեան առարկայ դարձուցեր է նաեւ իրեն համակիր հայ համալսարանականները (Յունիս 29)։ Դա՛րձեալ ընկերային դիւանն է որ ձեռնարկեր է այս հաւաքոյթին, ակումբին մէջ։ Բարիգալստեան խօսք արտասաներ է ատենապետ Տիգրան ՍարաՖեան։ Ձեռնարկին յայտագիրը վարեր է Սարգիս Նաճարեան, որ շատ կարեւոր նկատեր է համալսարանական տարրին ներգրաւումը միութենական կեանքին մէջ։ Ընկ. Գրիգոր Նորիկեան մի առ մի ներկայացուցեր է վերջին երկու տարիներու չորս Հ.Մ.Մ.-ական համալսարանաւարտները, որոնք են՝ Յակոբ Քիւփէլեան, Գրիգոր Ճէրէճեան, Արա Տեմիրճեան եւ Ստեփան Մուշեան։ Այնուհետեւ, մտերիմ մթնոլորտը շարունակուեր է ընթրիքի սեղաններու շուրջ։ Այստեղ, յաջորդաբար սրտի խօսքեր արտասաներ են ընկերներ Գրիգոր Պարտագճեան, Աբրահամ Աշըգեան (Զահլէէն) եւ Գէորգ Տարօնի։
Ուրիշ ի՞նչ յօդուածներ կան այս շաբաթ։
Ամռան տօթակէզ եղանակն է եւ ըստ երեւոյթին՝ արձակուրդի մէջ են նաեւ… գրչի սպասաւորներն ու մամուլի աշխատակիցները։ Լոկ քանի մը գրութիւններ կը գրաւեն իմ ուշադրութիւնը։ Այսպէս, Մինաս Գանգրունի սեղմ տողերով ներկայացուցեր է Երեւան հրատարակուած այն նորատիպ մենագրութիւնը, որ Իրինա Գասպարեան նուիրեր է երգահան Էտկար Յովհաննիսեանի (1930-1998)։ Առողջապահական գրութիւն մը ստորագրեր է տոքթ. Եր. Սերոբեան («Գործուն հանգիստը»)։ Մարսէյլէն Երուանդ Պապոյեան ընդարձակ թղթակցութիւն մը ղրկեր է թերթին՝ Վազգէն Ա. կաթողիկոսին հարաւային Ֆրանսա հովուապետական այցելութեան մասին։ Քանի մը շիթ խօսքով՝ «սգակիր հայրենակից մը» կարճ մահագրական մը ստորագրեր է զէյթունցի Երջանիկ Կիւլվանէսեանի մասին (տպուած է ողբացեալին լուսանկարն ալ՝ զինուորական տարազով)։ Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի) արագ վերաքաղով մը ոգեկոչեր է Սթալինկրատի ճակատամարտը (1942, ընդմէջ Հիթլէրի ուժերուն եւ խորհրդայիններուն)՝ անոր 28-րդ տարեդարձին առիթով, ճարտարապետ Ժիրայր Թիւթիւնճեան ներբողեր է Խորհրդային Հայաստանի 50-ամեայ ուղին…։
Շաբթուան «Գրական էջ»–ը կ՛ընդգրկէ երկու նիւթ՝ Ղազարոս Աղայեանի ծննդեան 130-ամեակը եւ հայրենի արձակագիր Կարէն Ա. Սիմոնեանի պատասխանները՝ վիպային ստեղծագործութեան մասին իր պատկերացումներուն շուրջ։
Աղայեան (1840-1911), ինչպէս ծանօթ է, արեւելահայ յայտնի մանկագիր էր («Անահիտ», «Արեգնազան», «Գիւլնազ տատի հեքիաթը»…) եւ Թումանեանի թիֆլիսեան Վերնատունի անդամներէն։ Զինք կոչած են «Հայոց Անտերսընը»։ Իր մասին արտայայտուեր է Պէպօ Սիմոնեան, շեշտելով յատկապէս անոր… հնչակեան պատկանելիութիւնը. «Մինչեւ իր մահն ալ, ազգային–հասարակական գործունէութեան համար որպէս ուղեցոյց եւ առաջնորդ ունեցած է իր պատկանած կուսակցութեան աշխարհայեացքը, որուն համար ալ հալածուած է ցարական կառավարութեան կողմէ եւ բանտարկուած ու աքսորուած»։ Յօդուածագիրը չէ մոռցած աւելցնել նաեւ, թէ Աղայեանի «գրականութեան խորքը ուսուցողական–բարոյախօսական նկարագիր մը ունեցած է, որմէ տուժած է իր գրական երկերու գեղարուեստական արժէքը»։
Ինչ կը վերաբերի Կարէն Սիմոնեանի (1936-2018), որ մեր ժամանակակից արձակին մէջ նշանաւոր եղաւ իբրեւ գիտաերեւակայական վէպերու հեղինակ, ապա ան վիպագրութիւնը կ՛արժեւորէ սա բառերով. «Վէպը օժանդակում է անհատի ինքնավերլուծութեան եւ ինքնաճանաչման դժուարին աշխատանքին եւ օգնում նրան (անհատին) գիտակցօրէն ու ապագայի նկատմամբ խորին հաւատով նպաստելու քաղաքակրթութեան առաջադիմութեանը»։
Այս շաբաթ ազգային ծանուցումներ չկան։ Ատոր փոխարէն՝ կը յիշեցնեմ շաբթուան ամէնէն նշանակալից քաղաքական լուրը, որ հետեւեալն է. իսրայէլեան «Ֆէնթըմ» տիպի ռազմական օդանաւեր կը բռնաբարեն Եգիպտոսի օդային տարածքը ու գրգռիչ թռիչքներ կը կատարեն Սուէզի ջրանցքի կեդրոնական գօտիին մէջ…։ Եւ սակայն… եգիպտական օդուժը խիզախօրէն կը հակադարձէ այս ոտնձգութեան, հակօդային «Սամ» տիպի հրթիռներով վա՛ր կ՛առնէ ու կը խորտակէ երկու «Ֆէնթըմ»-ները ու գերի կը բռնէ անոնց հրեայ օդաչուները…։
Այս լուրը կը պատկանի 55 տարի առաջուան։
Այսօր, յամի Տեառն 2025-ին, ո՞ր արաբական երկիրը (ներառեալ՝ նոյնինքն Եգիպտոսը) կարելիութիւնը կամ յանդգնութիւնը ունի հակադարձելու իսրայէլեան օդուժին, որ ասպարէզը բոլորովին բաց գտնելով իր դիմաց՝ կը հրթիռակոծէ այն մայրաքաղաքը, որ կ՛ուզէ, կը բռնագրաւէ դրացի այն հողամասը, որ կը ցանկայ…

