Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան առաջին սերունդի մարտական դէմքերէն եղաւ Յարութիւն Ճանկիւլեան (յեղափոխական ծածկանունով՝ Կայծիկ): Անոր անունը սերտօրէն առնչուած է Հնչակեան կուսակցութեան ցուցական առաջին գործունէութեան հետ, որ պատմութեան մէջ ծանօթ է Գում Գափուի ցոյց անունով (15 Յուլիս 1890):
Ժընեւի մէջ նոր հիմնադրուած Հնչակեան կուսակցութիւնը իր յեղափոխական մեկնարկը պէտք է սկսէր հայրենի հողին վրայ եւ կամ ուղղակի Սուլթան Համիտ Բ.-ի որջին մէջ, որովհետեւ ա՛ն էր հայոց աղէտալի կեանքին ու տառապանքներուն գլխաւոր պատասխանատուն: Օսմանեան վերնախաւը ցնցելու եւ զգաստութեան հրաւիրելու միջոցներէն մէկը, ի հարկէ, մարտական գործունէութիւնն էր, ինչպէս որ ամրագրուած էր նոյնինքն Հնչակեան կուսակցութեան ծրագիրին մէջ՝ հրապարակուած 1887-ին: Եւ առաջին ժողովրդային պոռթկումը կ’որոշուի կայացնել 15 Յուլիս 1890-ին՝ ասկէ 135 տարիներ առաջ: Եւ այդ պոռթկումը վերածուեցաւ արիւնալի ընդհարման, քանզի օսմանեան ոստիկանութիւնը, բնականաբար, դիմեց բռնարարքներու: Իրօք, աննախադէպ էր ամենակարող սուլթանին քիթին տակ նման խիզախում մը պատկերացնել եւ ուր մնաց՝ ի կատար ածել: Այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը պէտք է առաջնորդէին երկու անձնդիր յեղափոխականներ՝ մին պատրիարք Խորէն արք. Աշըգեանը բռնի առաջնորդելու Եըլտըզի պալատ, միւսը Գում Գափուի մայր եկեղեցւոյ մէջ, պատարագի ընթացքին, հայոց պահանջները հրապարակայնօրէն ընթերցելու: Մահու կենաց որոշում մը պիտի կայացնէին այդ երկու մարտիկները, որ համազօր էր գիտակցաբար եւ ինքնակամօրէն ուղղուելու մահուան ճիրաններ: Եւ ահա, առանց տարակուսանքի եւ երկմտանքի, այդ երկու հերոսները յօժարակամօրէն կ’առաջարկեն իրենց անունները՝ Համբարձում Պօյաճեան (Մեծն Մուրատ) եւ Յարութիւն Ճանկիւլեան (Կայծիկ):
Առանց խորանալու Գում Գափուի ցոյցի ընթացքին ընթերցուած Հայու Պահանջը խորագիրով ընկերվարական-գաղափարական եւ ազգային-հայրենասիրական ելոյթին բովանդակութեան մէջ, հարկ է նշել, որ այդ կ’արտացոլացնէր օսմանահպատակ քաղաքացիին ու գիւղացիին դժխեմ իրավիճակը, կը ներկայացնէր այն հրատապ խնդիրները, որոնք ծառացած էին հայութեան առջեւ՝ մարդկային եւ ազգային առումներով: Կը բարձրացնէր էական հարցեր ընկերային արդարութեան, մարդկային տարրական իրաւունքներու, հաւասարութեան եւ մարդավայել կեանքի հետ առնչուած: Հոն կարելի է նշմարել նոյնինքն Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադրոյթները՝ որոնք մշակուած էին կուսակցութեան հիմնադրութեան իսկ օրերէն: Փաստօրէն, պահանջագիրը, հայ քաղաքական եւ ընկերվարական գրականութեան կամ հասունութեան կարեւոր փաստաթուղթ մըն է, որ յեղաշրջող նորութիւն կը բերէր խաւարամիտ շրջանակներու մօտ՝ օսմանեան մայրաքաղաքէն ներս: Իսկ ո՞վ փորձեց պատրիարքը առաջնորդել սուլթանին մօտ: Ո՞վ էր որ համարձակեցաւ ձեռնոց նետել օրուան բիրտ իշխանութեան երեսին: Այդ անձն էր՝ Յարութիւն Ճանկիւլեան:
Բնիկ վանեցի, ծնած է 1856-ին: Շատ քիչ յաճախած է վարժարան: 1884-ին կը հաստատուի Պոլիս: Յեղափոխական խմորումներով տարուած կը դառնայ «Արմէնիա» թերթի տարածողներէն. միշտ կապի մէջ կ’ըլլայ դարձեալ վանեցի Խրիմեան Հայրիկի հետ: Ծանօթանալէ ետք Մեծն Մուրատի եւ Արամ Աչըգպաշեանի հետ, կը միանայ Հնչակեան կուսակցութեան շարքերուն: Կ’ըլլայ Պոլսոյ Վարիչ մարմինի անդամ: Կազմակերպիչներէն ըլլալով Գում Գափուի ցոյցին, կը ձերբակալուի, մահուան կը դատապարտուի, սակայն վճիռը ցկեանս բանտարկութեան կը փոխուի: 13 Սեպտեմբեր 1890-ին, կ’աքսորուի Աքիայի տխրահամբաւ բանտը (Պաղեստին), ուր կը մնայ վեց տարի՝ դաժանագոյն պայմաններու տակ: Կալանավայրէն ազատելէն ետք կ’անցնի Պէյրութ, Կիպրոս, Գահիրէ, Մարսէյլ, Փարիզ, Լոնտոն, Աթենք, Օտեսա, Վառնա: 1906-ին, կ’ընտրուի Վառնայի (Պուլկարիա) հնչակեան մասնաճիւղի անդամ: 1908-ին կը վերադառնայ Պոլիս, ուր կը ներգրաւուի ազգային-կուսակցական կեանքէն ներս եւ կ’ընտրուի ազգային երեսփոխան Պոլսոյ Կէտիկ փաշա թաղամասէն: Կը մասնակցի կուսակցական համագումարներու եւ պատգամաւորական ժողովներու: Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն կը ձերբակալուի մտաւորականներու փաղանգին հետ եւ կ’աքսորուի Այաշի բանտ, որմէ ետք կը նահատակուի ազգային-կուսակցական բեղուն գործունէութենէ ետք:
«ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԷՆ»
Բարեբախտաբար, Յարութիւն Ճանկիւլեան սերունդներուն յանձնած է իր յուշերը՝ «Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն» խորագիրին տակ, որ լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ՝ 1913 թուականին: Գիրքը թերթօնի ձեւով վերահրատարակուած է «Արարատ» օրաթերթին մատենաշարով՝ 1953 թուականին: Յուշագրութիւնը կը բաղկանայ հինգ մասերէ: Կը սկսի Վանի ազգային կեանքն ու կենցաղը նկարագրելով, Վանի իրադարձութիւնները հարազատօրէն փոխանցելով. հայ-թուրք յարաբերութիւնները, ներազգային, եկեղեցական եւ համայնքին կեանքը կ’ուրուագծուի մեր առջեւ: Ապա՝ պատմական արժէք ունեցող դէպքերու կ’անդրադառնայ ան.- Պոլսոյ մէջ Գում Գափուի ցոյցին նախապատրաստական աշխատանքները, ցոյցին ընթացքը, անոր հիմնական դերակատարները, ձերբակալութիւնը, պատրիարք Խորէն արք. Աշըգեանի հետ զրոյցները, ոստիկանապետին հետ յարաբերութիւնները եւ այլն: Յուշագրութեան մէջ բացառիկ նշանակութիւն ունին Աքիայի բանտէն ներս գոյութիւն ունեցող կարգերուն, ազգային տարբեր ներկայացուցիչներու փոխյարաբերութիւններուն, կաշառակերութեան, խաբեբայութեան, չարչարանքներու եւ կտտանքներու անմարդկային միջոցներու պատմութիւնները: Դառնօրէն ապրուած կեանք մը. հայրենիքի եւ ազգի փրկութեան տեսլականով ապրող կալանաւորն է որ կը նկարագրէ ազատութեան եւ յեղափոխութեան ծանր գինը: Եւ ահա.. բանտէն ներս կը յայտնուի օտարազգի տիկին մը՝ ռսուհիի արտաքինով, որ կ’որոնէ կալանաւոր Ճանկիւլեանը: Կը պարզուի, որ Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրներէն Մարօ Նազարբէկեանն է ան, որ եկած է ազատելու Կայծիկը՝ Յ. Ճանկիւլեանը: Սակայն ան կը մերժէ նման արկածախնդրութիւն մը: Այնուհետեւ, կ’ազատի ան բանտէն եւ կը սկսի նոր ոդիսական մը՝ Պէյրութէն ու Կիպրոսէն մինչեւ եւրոպական երկիրներ, եւ Վառնայի մէջ՝ Վանէն կը դիմաւորէ իր տիկինն ու երկու որդիները (Հայկ եւ Յակոբ), որոնց տարիներէ ի վեր չէր տեսած եւ կը դժուարանայ ճանչնալու զանոնք: Կը կարդանք ներկուսակցական, միջկուսակցական նիւթերու շուրջ՝ Պուլկարիոյ եւ Պոլսոյ մէջ:
Յ. Ճանկիւլեանի սոյն յուշագրութիւնը (751 էջ) հայոց ազատագրական պայքարի պատմութեան ուսումնասիրութեան հաւաստի եւ կարեւոր սկզբնաղբիւր կարելի է համարել: Հոն կան ազգագրական ու պատմական նիւթեր: Հնչակեան կուսակցութեան պատմութեան առաջին շրջանի մասին կարեւոր տեղեկութիւններ առկայ են հատորին մէջ: Հեղինակը գեղարուեստական թռիչքներ ու ոճ չունի: Կը պատմէ պարզ ու մատչելի ոճով՝ ընթերցողին դիւրահասկնալի՝ անմիջական ու ջերմ գրիչով գրուած:
Ցաւալի եւ միաժամանակ ընդվզեցուցիչ է արձանագրել, որ սոյն յուշագրութիւնը երրորդ անգամ հրատարակուած չէ, մնալով շատ քիչ ծանօթ ընթերցողներու, պատմասէրներու եւ մասնագէտներու համար, որոնք կրնան շահեկան նիւթեր քաղել նահատակ Յարութիւն Ճանկիւլեանի գրիչէն:
Արեւմտահայ նահատակ գրագէտ Երուխան կը գրէ՝ «Հիմա, երբ ծանր շունչ մը կը փչէ խորշակի պէս, սիրելի՛ ընկեր, կրանիթէ արձանիդ վրայ չի կրնար խամրիլ այն ծաղիկները, որ հոգիիդ ցոլմունքները եղան: Թող խաբուին միամիտները, դուն անոնցը չես, քու ընկերներդ, որոնց հետ կախաղանի սիւներուն տակէն անցար, անխռով, եւ մահուան փսփսուքը լսեցիք եւ անոնք որ ձեզի կը հետեւէին մօտիկէն, անոնք են որ կը գնահատեն ձեզ, անոնք են որ անունդ լսածուն պէս դող կ’ելլեն, ինչպէս բռնկած սիրտ մը՝ իր սիրեկանի յանկարծական տեսքէն»:

