Կան մարդիկ, որոնք իրենց ապրած կեանքով կը կերտեն կեանքի իսկական բեմը։ Ահաւասիկ այդպիսիներէն մին է սիրելի Ղազարոս Ալթունեանը՝ Նոր Հաճընի պարզ ու հայրենասէր զաւակը, որուն անունը անցնող տասնամեակներուն մերթ միաձուլուեցաւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր երգեցողութեան, մերթ՝ արաբական բեմերու վրայ հնչած արուեստով, մերթ՝ ազգային միութենական գործունէութեամբ։
Ղազարոս Ալթունեան ծնած է Պէյրութ, 1940 թուականի Յուլիս 16-ին, Յակոբ Ալթունեանի եւ Եփրուհի Տագէսեանի ընտանիքին մէջ, որպէս անդրանիկը չորս զաւակներու (Ղազարոս, Բենիամին, Հերմինէ եւ Ազնիւ)։ Հաճընցիութիւնը կու գար թէ՛ հօրմէ եւ թէ՛ մօրմէ։ Նախակրթութիւնը ստացած է Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, ապա՝ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան։ Անգլերէնի խորացում ստացած է AUB-ի «american Language Center»-ի մէջ։

Ղազարոսը միայն բառով չսիրեց հայ մշակոյթը, այլ՝ երգեց զայն։ Անդամակցելով «Ալեմշահ» (ղեկավար՝ Արշակ Գալայճեան), «Գարուն» (ղեկավար՝ Կիւրեղ Մանկրեան) եւ Աշոտ Պատմագրեանի երգչախումբերուն: Հիմնեց լիբանանահայ առաջին երաժշտական խումբը՝ «Armenian Jazz» անունով, նոր շունչ տալով հայկական էսթրատային շարժումին։ Սակայն անոր հոգին խորապէս շաղախուած էր Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ։ Դպրութենէն սարկաւագ, ապա դպրապետ դարձաւ եւ, հմտացած ըլլալով հոգեւոր երգեցողութեան մէջ, վերջին տասնամեակին ձեռնհասօրէն կատարեց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ «Գայիանէ» երգչախումբին խմբավարութիւնը:\

Ղազարոս Ալթունեանի անունը փայլեցաւ ոչ միայն Լիբանանի հայկական, այլ նաեւ արաբ եւ օտար մշակութասէր շրջանակներու մէջ։ Աւելի քան 35 տարի ան բեմ բարձրացաւ՝ սկիզբը հայկական, ապա լիբանանեան թատրոններուն մէջ, միշտ շահելով հանդիսատեսի սէրն ու գնահատանքը։
Հայ թատերական բեմի վրայ Տխրունի Ուսանողական Միութեան կազմակերպած թատերախաղով՝ «Չարշըլը Արթին աղա» կատակերգութեամբ կը բացուի դերասանական իր առաջին էջը: Կարճ ժամանակ ետք կը միանայ Ն.Ս.Մ.Մ.-ի «Արտաւազդ» թատերախումբին, ուր յստակօրէն կը դրսեւորէ իր բեմական ներկայութիւնը։ Հետագային կ’ընդգրկուի բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիի թատերախումբին մէջ, եւ Հայաստանէն շրջանաւարտ երիտասարդ բեմադրիչներ՝ Յարութ Երէցեանի, Լութֆիկ Թապագեանի եւ Օննիկ Գանթարճեանի հետ գործակցելով, իր դերերով փայլուն կերպով ներկայ կ’ըլլայ շարք մը թատերական գործերու մէջ՝ «Քաջ Նազար», «Խոհանոց», «Պէպօ» եւ «Պուրժուա Ժանթէ Օմ», հաստատելով իր տեղը որպէս վստահելի ու տիպար դերասան մեր ժամանակներու հայկական բեմին վրայ։
Արաբական թատրոնին մէջ Ղազարոս Ալթունեանի ընթացքը իր մեծ շրջադարձը կը նշէ բեմադրիչ Յարութ Երէցեանի «Պէպօ» գործով, ուր կը մարմնաւորէ «զայիմ»ի դերը՝ այնպիսի վարպետութեամբ, որ անմիջապէս կը հմայէ լիբանանեան թատրոնի մեծանուն Ռահպանի եղբայրները՝ Ասի, Մանսուր եւ Իլիաս, որոնց բեմական հոլովոյթը կապուած էր անզուգական Ֆէյրուզի հետ: Անոնք չուշացան ճանչնալ Ղազարոսի խաղին ինքնատիպութիւնը եւ հրաւիրեցին զինք իրենց յաջորդ բեմադրութիւններուն՝ «Լուլու», «Մայս էլ Ռիմ», «Սահ էլ Նոմ» եւ «Սէյֆ 840»։ Այս կերպով հայ դերասանը դարձաւ համաշխարհային համբաւ ունեցող լիբանանեան թատերախումբի հաստատուն անդամ եւ իր ներկայութեամբ պատուեց նաեւ Դամասկոսի միջազգային տօնավաճառի հանդիսաւոր փակման ելոյթները։
Բեմին վրայ կատարած հարուստ ճանապարհին զուգահեռ, Ղազարոս Ալթունեան թեւակոխեց նաեւ պատկերասփիւռի աշխարհը, մասնակցելով լիբանանեան տարբեր ալիքներով սփռուող կարճամեթրաժ ժապաւէններու, մանկական յայտագրերու եւ գովազդային հոլովակներու։ Միշտ հաւատարիմ իր արուեստին՝ ան կը շարունակէր հայկական ու արաբական մշակոյթներուն միջեւ կամուրջներ հաստատելու իր առաքելութիւնը։
Ղազարոս Ալթունեանի արուեստի թռիչքը շարունակեց նաեւ ձայնային ալիքներուն վրայ՝ դառնալով մշակոյթի կրող եւ փոխանցող։ Տարիներ շարունակ «Ռատիօ Փարատայզ»ի մշակութային բաժինը իր ձայնով վերածուեցաւ հայ երգիչներու, գրողներու եւ արուեստագէտներու սիրելի հարթակի: Ղազարոսի մօտեցումը ոչ միայն հաղորդավարի գործ մըն էր, այլեւ մշակութային ծառայութիւն՝ նուիրուած հայ ունկնդիրին եւ արուեստին։
Որպէս հաւատաւոր ազգասէր հաճընցի՝ իր ազատ ժամերը ան նուիրած է հանրային ծառայութեան՝ ընդգրկուելով միութենական կեանքի մէջ։ Գործօն մասնակցութիւն բերած է Հաճնոյ հայրենակցական միութեան, Պէյրութի Հայ մարմնամարզական միութեան (Հ.Մ.Մ.), Նոր Սերունդ մշակութային միութեան (Ն.Ս.Մ.Մ.) եւ «Պատաուի» թաղամասի հնչակեան «Աղասի» մասնաճիւղի աշխատանքներուն՝ վերջին երկուքին մէջ ստանձնելով ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը։
Ղազարոսը ամուսնացած է տիկին Սօսի Պերթիզլեանի հետ։ Ունի երեք զաւակ՝ Յակոբ, Աշոտ եւ Նորայր, եւ երկու թոռնիկ՝ Ցոլին եւ Լիլիթ։
Այսօր բազմավաստակ ընկերը ամբողջացուց իր կեանքի 85-ամեակը, որուն ազգային հոգեւոր առաքելութեան ճամբուն վրայ հանդիպեցաւ զանազան դժուարութիւններու, խոչընդոտներու, կերտեց յաղթանակներ, ունեցաւ յուսահատական վայրկեաններ, սակայն չդադրեցաւ լաւատեսօրէն պայքարելէ: Երկու տարի առաջ պատահած առողջական փորձութիւնը չընկճեց զինք․ այսօր նոյն նուիրումով ներկայ է իր համայնքին մէջ՝ ապրեցնելով եւ քաջալերելով մշակոյթն ու միութենական առօրեան։ «Արարատ» կը յարգէ անոր վաստակը եւ կը մաղթէ քաջառողջ ու հանգիստ օրեր։
Շնորհաւոր 85-ամեակդ, վաստակաշատ վարպետ։

