Վերջերս յաճախ կ’անդրադառնամ այս նիւթին, եւ պատճառը այն է, որ անմիջական շրջապատիս մէջ մեծապէս նուազած կը գտնեմ գիրքը որպէս առաջնահերթութիւն ընկալող մարդոց թիւը։
Գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, որ գիրքը շատ աւելին է, քան թուղթի վրայ տարածուած բառ-նախադասութիւններու շարան…։ Գիրքը մարդկային միտքի, յոյզերու եւ փորձի անհատնում շտեմարան է, որ ընթերցողը կրնայ տեղափոխել տարբեր ժամանակներ ու վայրեր, թելադրել նոր դիտանկիւններ, մարտահրաւէր նետել գոյութիւն ունեցող համոզմունքներուն, միաժամանակ դառնալով ոգեշնչումի աղբիւր։
Գիրքը կը մէկտեղէ մարդկութեան հաւաքական գիտելիքն ու մշակոյթը, կը հարստացնէ, կ’ոգեւորէ, կը վերափոխէ, կ’ընդվզեցնէ, կը մղէ վերլուծութեան, կ’ընդլայնէ մտահորիզոնը…
Անշուշտ մեծ է նշանակութիւնը ընթերցողին գիտակցական, յուզական եւ հոգեւոր մակարդակին եւ ըստ իր ունեցած փորձառութեան ու հոգեվիճակի է, որ կը ձեւաւորուի անոր մեկնաբանութիւնն ու արձագանգը: Գիտակից ընթերցողը կը յաջողի որսալ բառացի չըսուածը, գնահատել նիւթին նրբութիւններն ու բովանդակութիւնը, այդ բոլորը շաղկապելով իր ապրած կեանքին եւ շահած փորձին:
Ժամանակին առընթեր, լուրջ ընթերցողին գիտակցական մակարդակը, բնականաբար, իր զարգացումը կ’ապրի, կը խորանայ գրականութիւնը հասկնալու եւ գնահատելու անոր կարողութիւնը:
Գիրք մը, որ կեանքի որոշակի փուլի կրնայ բարդ ու անհասկնալի թուիլ, զարմանալի չ’ըլլար, եթէ ամբողջովին նոր նշանակութիւն ու իմաստ ստանայ յաջորդող փուլերուն։ Ընթերցողին եւ բնագրին յարաբերութիւնն է, որ ընթերցանութիւնը կը դարձնէ անհրաժեշտութիւն եւ պահանջք։
Քննարկումի նիւթ դարձնելով ընթերցանութեան փիլիսոփայութիւնն ու որակեալ գրականութիւնը, կարեւոր է տարբերակել լուրջ գրականութիւնը մեր մեծ ու պզտիկ աշխարհի երեսին ամէն օր հրատարակուող անթիւ-անհամար bestseller-ներէն: Լուրջ գրականութիւնը, որ յաճախ կը համարուի «դասական» կամ «գրական-գեղարուեստական», կ’ընկղմի մարդկային վիճակին խորքը՝ ուսումնասիրելով բարդ նիւթեր, բարդ կերպարներ ու գաղափարներ, այդպիսով դիմանալով ժամանակի փորձութեան։
«Մշակոյթը ոչնչացնելու համար գիրքեր այրելու կարիք չկայ, ընդամէնը մարդուն ստիպեցէք չկարդալ»,- ըսած է ամերիկացի յայտնի եւ շատ սիրուած գրող Ռէյ Պրէտպըրի։
Անշուշտ, սա բնաւ չի նշանակեր, թէ մարդը միայն լուրջ գրականութիւն պէտք է կարդայ։ Լուրջ գրականութեան եւ bestseller-ներու միջեւ հաւասարակշռութիւն պահելը ընթերցանութեան ամբողջական սովորութեան նրբերանգն է եւ հարստացնող կողմը միաժամանակ։
Դասական լուրջ գործերէն շատեր պատուհան կը բանան դէպի պատմական եւ մշակութային տարբեր ժամանակաշրջաններ, բնականաբար հարստացնելով աշխարհի մասին պատկերացումները: Կարելի չէ նաեւ զանց առնել լուրջ գրականութեան դերը ընթերցողի լեզուին, բառապաշարին եւ ինքնարտայայտումը յղկելու առումով։
Միւս կողմէ, սակայն, որպէս կանոն, bestseller-ները աւելի մատչելի եւ լայնօրէն ընթերցուող գիրքեր են, որոնք հանրաճանաչութեան կը հասնին իրենց մատուցած ազդեցիկ պատմութիւններով, առնչակից կերպարներով կամ տուեալ ժամանակին վերաբերող նիւթերով:
Առաւելութիւններու իւրօրինակ շարք մը կայ, որուն մէջ առաջինը կրնանք սեպել ժամանցը եւ փախուստը առօրեային մատուցած միօրինակութենէն։ Bestseller կարդալով ընթերցողը կը հանգստանայ, կը վայելէ գրաւիչ պատումը, որ լիցքաթափուելու եւ մտաւոր դադար մը առնելու հիանալի միջոց է։
Ընդունինք, որ այդպիսի գիրքերու լսարանը սովորաբար շատ աւելի լայն է, որովհետեւ անոնք մեծ մասամբ գրուած են համեմատաբար մատչելի լեզուով ու պարզ ոճով, հետեւաբար տրամաբանօրէն հեռու են մտաւոր ճիգ մը պահանջելէ։
Լիարժէք ընթերցանութեան համար էական է լուրջ գրականութեան եւ bestseller-ի միջեւ հաւասարակշռութիւնը։ Ընդունուած մօտեցում է փոխնիփոխ խառնել ժանրերն ու ոճերը։ Երբեմն լուրջ գրականութիւնը կրնայ յոգնեցնել, մինչդեռ եթէ յաջորդողը ճաշակով ընտրուած bestseller-ի մը ընթերցումը ըլլայ, անկասկած կը կանխուի ծանր ընթերցանութեան յառաջ բերած յոգնութիւնը եւ թարմացնող դեր կը խաղայ։
Ուրեմն՝ կարեւորը ճիշդ ընտրութիւնն է։
Որոշ bestseller-ներ թէ՛ զուարճալի են, թէ՛ մտածելու տեղիք տուող, այնպէս որ գիրքերու նշուած երկու տեսակներէն խելացի ընտրութիւն կատարելով կարելի է շահիլ հարուստ ու բազմազան գրական փորձ, որ կը խթանէ միտքը, կը դիպչի սրտին, ընթերցողին պարուրելով բաւականութեան եւ գոհունակութեան դրական զգացումներով։

