Սեդա Մարկոսեան Խտըշեանի “ Մեր տունը” լիբանանահայ գաղութի 1920-ական թուականներու կազմաւորման պատմական ժամանակաշրջանը կը բնորոշէ։ Այնտեղ կը տողանցեն Սեդայի...
Read moreDetailsՀալէպի մէջ հայ տպագրական մամուլը սկսած է թաւալիլ իր երբեմնի աշխուժութեամբ ու մեզ բաւարարող բնականոն կշռոյթով։ Շարունակ կը տպուին հայերէն գիրքեր, որոնց մէջ, իբրեւ քանակ, անմրցելի դիրք կը գրաւեն Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի կրօնագիտական հայացումները։ Վերջին մէկ տարուան ընթացքին սրբազան հայրը քանի՞ նոր հատոր տպագրեց ու դրաւ մեր սեղանին, հաշիւը կորսնցուցած ենք…։ Գիրքերը կը յաջորդեն մէկը միւսին եւ մենք, իբրեւ ընթերցող, երբեմն չենք հասնիր բոլորը ընթերցելու։ Ակամայ կը ստիպուինք ընտրութիւն մը կատարել նորատիպերու շարքին մէջէն, նախընտրել մէկը միւսէն, բախտաւոր այլ առիթի մը թողլով մնացեալներուն ընթերցումը։ Այնուամենայնիւ երբեք դժգոհ չենք։ Տպագրական մամուլին ճռինչը կը խանդավառէ մեզ, որովհետեւ գիտենք, թէ մեր գաղութային ապրումներուն մէջ անպայման իրենց ուրոյն տեղը ունին հայերէն գիրքերը։ Սուրիահայ տպագրութիւնը յենարան մըն է մեր ազգային տոհմիկ մշակոյթին՝ դպրոցներու, գեղարուեստական ձեռնարկներու ու համայնքային-եկեղեցական գործունէութեանց քովն ի վեր։ Մակար սրբազանի ստորագրութիւնը կրող հատորները, բոլորն ալ, հայացումներ են, այսինքն՝ թարգմանութիւններ օտար լեզուներէ (անգլերէնէ կամ արաբերէնէ) ու բոլորն ալ կը կրեն գերազանցապէս աստուածաբանական ու կրօնամեկնողական բնոյթ։ Այս ծիրը թարգմանիչ սրբազանին սիրելի ու նախընտրելի դաշտը եղած է հինէն իվեր։ Սրբազանը աննկուն գաղափարախօսի մը պէս հետամուտ է, տեւաբար, իր խնամքին յանձնուած հօտին մէջ տարածելու Աստուածաշունչի յաւերժական ճշմարտութիւնները, որոնցմով տոգորուած ու կլանուած է ինք ամբողջ էութեամբ։ Յայտնի է որ օտարագիր ընթերցումները խորապէս ազդելէ ետք իր վրայ՝ մղած են ...
Read moreDetailsՈւրբաթ, 8 Օգոստոսին, նախագահ Թրամփի ջանքերով Սպիտակ տան մէջ նախաստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, որ վերջ կը...
Read moreDetailsԲարեկամ հոգեւորական մը, որ հիմա Եւրոպա կը պաշտօնավարէ, նամակով մը հարց կու տայ ինծի, թէ ինչպէ՞ս պիտի զատորոշենք սա չորս...
Read moreDetails«Գերպծռ. Մալոյեանի դիակը կանաչորակ էր, սակայն կը շողար արտակարգ լոյսով մը»: Օրէնսգէտ-բժիշկը կը յայտնէ Գերպծռ. Թափփունիի Հայ կաթողիկէ Մարտինի նահատակ...
Read moreDetailsԻ՞նչ նշանակութիւն ունի միջազգային դաշնագիր մը, որ պիտի մնայ թուղթի վրայ լոկ: Ի՞նչ իմաստ ունի միջպետական պայմանագիր մը, երբ...
Read moreDetailsԱյժմ մեծապէս չեզոքացուած Կիւլէնական շարժումի ջատագովութեան նմոյշ է «Էշրեֆլիփաշալըլար» (Էշրեֆլիփա-ցիներ 2010 ) ժապաւէնը: Իզմիրի որպէս ամէն ձեւի վատութեան եւ...
Read moreDetailsԱյս երկու բառերը թէեւ առատօրէն կը գործածուին մեր մամուլին մէջ, սակայն ես ունիմ լուրջ կասկածներ, թէ անոնք լիովին ու...
Read moreDetailsԶիատին սիրտը նուրբ էր, էլ չդիմացաւ: Խոր յուսախաբութենէն հոգին ու մարմինը յոգնած էին, աւանդեց հոգին ու հանգստացաւ: «Ողբամ մեռելո՞ց... թէ՞...
Read moreDetailsԹուրքիոյ տնտեսական, ընկերային, քաղաքական շրջադարձերուն, ինչպէս նաեւ շարժապատկերի պատմութեան նախապէս կրկինս անդրադարձած եմ (1, 2, 3): Այստեղ պիտի առանձնացնեմ...
Read moreDetails© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.
© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.