Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ «ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ» ՀԱՏՈՐԸ

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

August 20, 2025
in Յօդուածներ
0
ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ «ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ» ՀԱՏՈՐԸ

 

Սեդա Մարկոսեան Խտըշեանի “ Մեր տունը” լիբանանահայ գաղութի 1920-ական թուականներու կազմաւորման պատմական ժամանակաշրջանը կը բնորոշէ։ Այնտեղ կը տողանցեն Սեդայի պատկառելի հայրը՝ Սահակ աղան, սրբակենցաղ մայրը՝ Մարիամ, Նոր Թոմարզայի թաղեցիները իրենց անցուկ պայմաններով եւ վերականգնելու յարատեւ ձգտումներով։ Թիթեղածածկ տունը, դպրոցն ու եկեղեցին քարաշէն շինութիւններու վերածելու ժողովուրդի կամքով։ Գաղութահայ կեանքը բարեսիրական, մարզական, մշակութային եւ կուսակցական բովանդակութեամբ հարստացնելու անհատնում ճիգերով։ Այս բոլորին մէջ Սահակ աղայի տիպարը մեզ հիացումով կը լեցնէ։ Ան իր մաքրամաքուր կենցաղով, մտքի հնարամտութիւններով, աշխատասիրութեամբ, արդարամտութեամբ հասաւ բարձրագոյն մակարդակի որպէս ֆրանսական Փարք Տը Ժէնիի գլխաւոր յանձնակատար։ Այդ պաշտօնով ալ դարձաւ բազմաթիւ հայ արհեստաւորներու գործի տեղաւորման եւ տնտեսական վիճակի բարելաւման պատճառ հանդիսացող բարերար անձնաւորութիւնը։ Մարիամ մայրիկը, իր կարգին, սրբակրօն կենցաղով, տան եւ ընտանիքի հանդէպ անսակարկ նուիրումով եւ ծառայութեամբ, տիպար հանդիսացաւ նոր սերունդի մայրերուն համար։ Անոնք երկուքով կը դառնան ընթերցողին սիրելին որոնց մանրապատումներուն ան կը հետեւի մեծ բաւականութեամբ։

Սահակ աղայի շինած տունը ֆրանսական ճարտարապետական ոճով ուշադրութիւնը կը գրաւէր բոլոր անոնց որոնք շրջանը կ’այցելէին։ Անոր կեդրոնական դիրքը կը դիւրացնէր ճամբորդներուն կողմնորոշուելու եւ ուղղուելու՝ ուր որ կը ծրագրէին երթալ։ Շէնքին մուտքի առաստաղին սեւ արծիւ մը նկարուած էր, որու մագիլները բռնած էին գառնուկ մը։ Տան հիւրասենեակին առաստաղին բազմազան ծաղիկներ նկարուած էին։ Տան կահկարասիներուն ամէնէն յատկանշականը գրադարանն էր, որ արեւմտահայ գրականութեան եւ մտածողութեան  մեծերուն գործերը կը ցուցադրէր։ Գրադարանի կազմութիւնը գործն էր սկզբնական  շրջանին համար Սահակ աղայի եւ երէց որդի Խաչերի, եւ ժամանակի ընթացքին  երկրորդ մանչ զաւկին՝ փայլուն մտաւորական Մարզպետին։

Թոմարզայի գաւառաբարբառի օգտագործումը  հատորի էջերուն հիանալի կերպով կ’արտայայտէ  զայն գործածողներու մտայնութիւնը, բարքերն ու  ըմբռնումները։ Հարազատ կը հնչեն անոնց բառերը եւ կը փոխադրեն ընթերցողը դէպի պատմական հայրենի Թոմարզա։ Այդ բարբառը օգտագործող կիներու խումբին առաւօտեան պահերը՝ Սահակ աղայի տան բակին մէջ, բացառիկ տեսարան մը կը պարզէ։ Յատկապէս սուրճի գաւաթներու գուշակութեան նուիրուած երկար պահերը։ Այդ կիները ապա պիտի մեկնէին իրենց տուները, եփէին իրենց օրուան ճաշը, գոհացնելով իրենց ամուսինները։ Ամուսիններ որոնք կոշտ էին, միշտ բարկացոտ եւ յաճախ հայհոյող։ Այս կիները մեծ համբերութեամբ կը հպատակէին իրենց ամուսիններու կոշտ վերաբերմունքին։

Իրենց համար հիմնական նշանակութիւն ունէր զաւակներու դաստիարակութիւնը, հակառակ տան մէջ տիրող անբարենպաստ մթնոլորտին։ Այդ պատճառաւ աղջիկները դարձան իրենց մայրերուն աւանդապահ կեցուածքին ժառանգորդները, իսկ տղաքը փայլեցան արհեստներու, առեւտուրի, գիտական եւ ուսումնական բնագաւառներու մէջ։

1956-ին Լիբանանի մէջ պատահած երկրաշարժին վախազդու փորձառութիւնը ապրած թաղեցիները պատսպարուեցան Սահակ աղայի ամրակուռ բնակարանին մէջ։ Մեծ թիւով թաղեցիներ ապահովութիւն գտան այնտեղ, ուր մնացին մինչեւ կէս գիշեր։ Անոնց ասպնջականութեան եւ հիւրամեծարութեան համար պատսպարեալներու ամբողջ խումբը երախտապարտ մնաց։ Սահակ աղայի տան մէջ տեղի կ’ունենային նաեւ ազգականներու եւ մօտիկ բարեկամներու զաւակներու նշանտուքներն ու հարսանեկան խրախճանքները։ Նախաձեռնութիւններ որոնք կը նպաստէին հայ ընտանիքի կազմաւորման եւ բազմացման։

Սահակ աղայի երկիր վերադառնելով իր մեծ հայրերուն թողած հողերուն տիրանալու երազը ի սպառ կ’անհետանայ։ Սարգիս տէտէն այդ հողերու կալուածագրերը կը յանձնէ իր կնոջ Թամամին՝ թելադրելով որ անոնցմէ մէկը ծախելով անոնք կարողանային իրենց ապրուստը հոգալ։ Թամամ տատը կանչել կու տայ Սահակը, որ ճամբորդած էր, որպէս տան այր մարդը, տակաւին պատանի տարիքին, ու կը յանձնէ անոր կալուածագրերը, թելադրելով որ հողերէն մէկը ծախէ ու այդ գումարով ձի, ոչխար, կով գնէ եւ վարէ-ցանէ հողերը, ընտանիք կազմէ։ Թամամ տատիկ նաեւ 500 օսմանեան կը փոխանցէ Սահակին։ Յաջորդ առաւօտ տատիկը արդէն մահացած կը գտնեն իր անկողնին մէջ։ Ան իր առաքելութիւնը կատարած էր եւ ընտանիքին ժառանգը յանձնած իր արժանաւոր թոռնիկին՝ Սահակին։ Կը հասնին գաղթականութեան ծանր տարիները ու անոնք կ’անցնին Հաուրանէն, սուրիական հողերէն եւ ի վերջոյ ժամանակ մը ետք շոգեկառքով կը հասնին Քարանթինա, Լիբանան։ Մարդ չեն ճանչնար այնտեղ։ Անծանօթ լիբանանցի մը իր կառատունը կը տրամադրէ իրենց մինչեւ բնակավայր մը ապահովել կարենալը։ Սահակին մայրը՝ Խաթուն մայրիկը, Աստուծոյ փառք կու տայ այս բարիքին համար։

Ժամանակ կ’անցնի եւ տարիները կը թաւալին, բայց կալուածագրերը ստանալէ 50 տարի ետք Սահակին երազը՝ իրենց հողերուն վերատիրանալու, ոչ մէկ յոյս կը ներշնչէ, բոլորովին յօդս կը ցնդին իր երազները։ Այն հողերը որոնք հայերունը եղած էին հազարամեակներ ամբողջ, կորսուած էին հայութեան համար։

Պատանի Սահակ Լիբանան հաստատուելէ ետք գործ կը փնտռէ եւ պատահմամբ ֆրանսական Փարք տը Ժենի կը կանչուի գործի։ Ինքզինք կ’արժեցնէ որպէս ատաղձագործ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ֆրանսական հրամանատարութիւնը 50 հիւղակներու շինութեան պէտք կ’ունենայ ու քաղաքի 12 ատաղձագործարաններուն միջեւ մրցակցութիւն կը յայտարարէ։ Անոնք իրենց սակերը պիտի ներկայացնէին պահարանով մը։ Սահակ եւս կը ներկայացնէ իր ծախսերու արժեւորումը, որ ճիշդ կէս գինն էր մնացեալ 12 դիմումներ ներկայացնողներէն։ Անշուշտ Սահակ կը շահի մրցոյթը, կը համախմբէ իր թոմարզացի երիտասարդ հայրենակիցները ու կը լծուի աշխատանքի։ Մեծ վարպետութեամբ եւ արագաշարժութեամբ սահմանուած ժամանակէն առաջ կը յանձնէ գործը։ Կը դառնայ Փարք տը Ժենիի ատաղձագործական բաժանմունքի պատասխանատուն։ Իր անունը պատուոյ տախտակին վրայ կ’արձանագրուի։

Մեծ նուիրումով ու ծանր աշխատանքով Սահակ կը շարունակէ իր գործը։ Օրին մէկը Ռաֆֆուլ Ֆախրի անունով երկրաչափ մը զինուորական ճիփով եւ երկու զինուորներով կը փնտռէ Սահակին տունը եւ կը զարնէ իր դուռը։ Ռաֆֆուլ կը հարցնէ որ քանի ժամէն կը շինուի «պարաք» մը հիւղակ մը։ 48 ժամէն կ’ըսէ Սահակ։ Փորձի համար կը շինէ ճիշդ 48 ժամէն։ Ռաֆֆուլ կ’առաջարկէ Սահակին իր մօտ աշխատիլ քանի որ ֆրանսացիք պիտի մեկնէին Լիբանանէն։ Սահակ գիտէր որ պիտի մեկնէին ու կը հրաժարի ֆրանսացիներու մօտ իր 20 տարուան պաշտօնէն՝ միանալու համար Ռաֆֆուլ Ֆախրիի աշխատակազմին որպէս շինարարութեան ընդհանուր պատասխանատու։ Մեծ որդին Խաչերն ալ դպրոց աւարտելէ ետք կը կոչուի աշխատանքի։ Անոնք կ’աշխատին մեծ գործառնութիւններու վրայ։ Ամերիկեան Սանթա Ֆէ ընկերութեան հետ կ’աշխատին քարիւղ գտնելու նպատակով։ Սահակին կը տրուի պարտականութիւնը եւ շաբաթ մը ետք արդէն կը յաջողին գտնել քարիւղը, որ ցեմենթով կը փակեն։ Այդ ցեմենթը կը բացուի 63 տարիներ ետք՝ 2015-ին, երբ պետութիւններու հետ համաձայնութիւն կը կնքուի ծովէն քարիւղ հանելու։ Հազիւ քանի մը տարի դպրոց տեսած Սահակ կը դառնայ ջուրի, ելեկտրական կայաններու եւ ճանապարհներու շինութեան հսկիչ եւ պատասխանատու։ Ան երկար տարիներ տաժանագին աշխատելէ ետք գործէ կը քաշուի՝ իր զաւկին Խաչերին ձգելով աշխատանքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը։

Մարիամի մանկութիւնը շատ դառն եղած է աքսորի ճանապարհին։ Ան հինգ տարեկան էր երբ եղբօր Յովիկի եւ մօր ձեռքը բռնած կը քալէր անապատին մէջ։ «Ջուր, ջուր» կը թախանցէր Յովիկ եւ գետին կ’իյնար ու կը մահանար։ Մայրը եւս չի դիմանար ու ճամբուն վրայ կը  մահանայ։ Բոլորովին առանձին մնացած էր Մարիամ երբ հայ կին մը իր ձեռքը բռնած կ’առաջնորդէ զինք եւ ի վերջոյ կը յանձնէ զայն Այնթուրայի որբանոցը։ Այնտեղ խժդոյժ պայմաններուն մէջ կ’ապրի Մարիամ։ Բարեբաղդաբար հոն կը պաշտօնավարէին մայրապետուհիներ, որոնք որպէս հրեշտակ կը խնամէին որբերը եւ կը դաստիարակէին զանոնք։ Մարիամ իր կեանքի ընթացքին միշտ ալ օրհնեց յիշատակը այդ մայրապետներուն։

Մարիամ մայրիկը օրուան մէջ կէսօրէ վերջերը, երբ վերջացուցած էր իր տան գործերը, կ’անցնէր իր սենեակը փակ դռներու ետին եւ կ’աղօթէր։ Ան խսիրի վրայ կը կայնէր գլուխը ծածկուած եւ մոմը վառած։ Ինչպիսի թախանցանքով Աստուծոյ կը պարպէր իր սիրտը արցունքով եւ տուայտանքով։ Սեդան յուզումով կը լեցուէր ի տես իր մօր երկիւղած աղօթքին։ Ան որքան տառապանք ունէր իր սրտին մէջ որ չէր յայտներ իր շուրջիններուն։ Իր հարազատներու մահուան ցաւն ու տառապանքը զինք դարձուցած էին չափազանց գերզգայուն եւ տխուր։ Մարիամ մայրիկն ու Սահակ հայրիկը կ’ապրէին իրենց դժբախտ որբութեան ու ընտանիքի անդամներու մահերու կսկիծն ու սահմռկեցուցիչ յաճախանքները, իրենց առօրեան դարձնելով վշտահար եւ ցաւոտ։ Այս  մթնոլորտին մէջ հասակ առին իրենց զաւակները, որոնք եղեռնի ողբերգութեան յիշատակներով ապրեցան, միշտ յիշելով Տէր Զօրի աւազներուն մէջ փոշիացած իրենց հարազաատներուն աճիւնները։

Սահակ եւ Մարիամ Մարկոսեանները ունեցան 9 զաւակ, որոնցմէ երեքը մանկական հիւանդութիւններէ վարակուելով մահացան, խոր վիշտ պատճառելով իրենց ծնողաց։ Ապրող զաւակներն էին Խաչեր, Սոնա, Անահիտ, Մարզպետ, Յարութիւն եւ Սեդա։ Անոնք պատրաստեցին իրենց զաւակները խոր հայրենասիրութեամբ եւ հայ ժողովուրդին ճակատագրուած ահաւոր ցեղասպանութեան ճանաչողութեամբ։ Պէտք էր գիտնային իրենց զաւակները որ ինչու իրենք հայրենիքէն դուրս կ’ապրէին եւ ինչու ցրուած էին աշխարհի չորս կողմը։ Թէ անոնք յանձնառու պէտք է ըլլային վերատիրանալու կորսուած հայրենիքին հաւաքական եւ միասնական պայքարով։ Իրենց ստացած այս զօրեղ դաստիարակութեամբ բոլոր զաւակներն ալ դարձան խորապէս ազգասէր եւ նուիրուած՝ հայ ժողովուրդի արդար դատի կենսագործման։

«Մեր տունը» հատորին դերակատարներէն նպարավաճառ Մկրտիչը շատ հետաքրքրական տիպար մըն էր։ Ան ատանացի էր եւ թրքախօս։ Թաղի այր մարդոց սովորութիւնն էր գործէն վերադարձին թաղի տիկիններուն գնած բանջարեղէններու պարպուած սնտուկները դարձնելով նստիլը շուքին տակ։ Իրենցմէ ամէնէն լաւ ընթերցողը կը սկսէր օրուան թերթը կարդալ եւ ծայր կու տար տեղեկատուութիւնն ու վիճաբանութիւնը։ Մկրտիչ այնքան մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր օրուան նիւթերուն, որ յայտնուող յաճախորդին կ’ըսէր «մա ֆի», որպէսզի իր ունկնդրութեան թելը կանգ չառնէր։ Ճշմարիտ ժողովի մը պատկառելի տեսարանը կը պարզուէր։ Մկրտիչ իր օղիի գաւաթը քանի մը  անգամ կը լեցնէր առանց անսալու բարեկամներու թելադրութեան, թէ օղին խիստ վնասակար էր իր առողջութեան համար։ Ան կ’ըսէր՝ ասիկա «իլաճ է, իլաճ» դեղ է։ Հայերէն լաւ չգիտնալուն վրայ թաղեցիները կատակներ կը յերիւրէին։ Օրին մէկը երբ Ղանտուրին բեռնակարգը ապրանք կ’իջեցնէ Մկրտիչի խանութը, Մարզպետը Սեդան կը ղրկէ հէլվա գնելու համար, բայց կը թելադրէ գործածել «հրուշակ» բառը։ Մկրտիչ չի գիտնար թէ ինչ է հրուշակը, «չունիմ» կ’ըսէ։ Մինչդեռ հրուշակը Ղանտուրէն նոր հասած էր։ Երբ Սեդա ցոյց կու տայ հրուշակը, ան ջղայնացած՝  «ասոր հէլվա կ’ըսեն եւ ոչ հրուշակ» եւ թուղթին փաթթելով կը յանձնէ Սեդային։ Մկրտիչի գինեմոլութիւնը պատճառ կ’ըլլայ որ անոր առողջութիւնը երկար չտոկայ եւ յաճախ հիւանդանոց փոխադրուելով ի վերջոյ մահանայ երիտասարդ տարիքին, ետին ձգելով այրի իր կինը եւ 6 զաւակները։

1946 թուականին ներգաղթը մեծ եռուզեռ ստեղծեց հայ գաղթական ընտանիքներուն մօտ։ Հայրենիք մեկնելու բաղձանքը հայրենազուրկ մեծ թիւով հայեր լեցուցած էր անասելի խանդավառութեամբ։ Բոլոր հայերը կը փափաքէին երթալ Հայաստան եւ կը դիմէին Ներգաղթի կոմիտէութեան, որ կ’որոշէր մեկնողներու ինքնութիւնը։ Այն ընտանիքները որոնք կը մերժուէին՝ շատ անբախտ կը զգային իրենք զիրենք։ Առհասարակ տուն չունեցող եւ ոչ-բարեկեցիկ ընտանիքներ նկատի կ’առնուէին մեկնումի համար։ Մեկնումի արտօնութեան պայմաններէն մէկը նաեւ Դաշնակցութեան շարքերէն հեռացումն էր։ Ոմանք հրաժարեցան եւ ուրիշներ՝ Սահակ Աղայի նման, չհրաժարեցան կուսակցութենէն ու մնացին Լիբանան։ Ներգաղթող զանգուածները թէեւ մեծ ներդրում կատարեցին Հայրենիքին, Հայաստան հաստատուելէն ետք, սակայն ենթարկուեցան բազմաթիւ դժուարութիւններու, ինչպէս նաեւ աքսորի։

Սահակ աղայի ընտանիքը Անթիլիաս կը փոխադրուի 40 տարի Նոր Թոմարզա ապրելէ ետք։ Արծիւով տունը վարձու ուզած էր Ջուրի ընկերութեան տնօրէնը եւ յայտնած իր փափաքը Ռաֆֆուլ Ֆախրիին, Սահակ աղայի գործատէրին, որուն միջամտութեամբ կ’ուզէր իրականացնել այդ ծրագիրը։ Սահակ չէր կրնար մերժել այդ միջամտութիւնը, տրուած ըլլալով որ մեծ յարգանք ունէր պարոն Ֆախրիի նկատմամբ։ Ու այս պատճառաւ Սահակ աղայի ընտանիքը փոխադրուեցաւ Անթիլիաս, Սիմիտեան շէնքեր։ Ընտանեկան նոյն աւանդութիւններն ու սովորութիւնները շարունակուեցան նոր բնակարանին մէջ։ Ատոնցմէ էր զատկական քաթա շինելու արարողութիւնը, որ սկիզբ առած էր Նոր Թոմարզայի իրենց բնակութեան օրերէն։ Քաթայի բաղադրութեան հեղինակի իրաւունքը կը պատկանէր Խաթուն մեծմօր, Սահակ աղայի մօր, որ իր կարգին կը հետեւէր երկրէն սորված աւանդութիւններուն։ Քաթան հաւաքական աշխատանքով կը կատարուէր։ Մայրիկին կ’օգնէր շաղելու մէջ Սոնան, իսկ Անահիտը կը զարդարէր զանոնք։ Տղաքը՝ Մարզպետն ու Յարութիկը, փուռ կը տանէին փռապան Մուրատի քով որ եփել տան։ Ներկայ շրջանի տան փուռերու դիւրութիւնը չկար այդ օրերուն։ Բաղադրութեան գլխաւոր յատկանիշը կը կազմէր հաւկիթներու առատութիւնը, որ մայրիկին մօտ անհաշուելի էր։ Չափերը կարելի չէր արձանագրել քանի որ անոնք յարատեւ փոփոխութեան կ’ենթարկուէին մայրիկի առատաձեռնութեան պատճառաւ։ Սեդան, որպէս կրտսերագոյնը, ընտանիքին եփած քաթաները կը բաժնէր դրացիներուն եւ ազգականներուն, միշտ բաժին հանելով փռապան Մուրատին, որ բարձր կը գնահատէր Մարիամ մայրիկի քաթաները, զանոնք նկատելով լաւագոյնը ամբողջ թաղին մէջ։ Գաթա շինելու աւանդութիւնը կը շարունակուի զաւակներու ամուսնութենէն ետք ալ։ Խումբին կը միանային հարսերը եւ խնամիները։ Ամուսինները, իրենց զբաղած տիկիններուն որպէս օգնութիւն, կէսօրուան ճաշը կ’ապահովէին՝ ամէն մէկը բան մը բերելով տուն, ինչպէս՝ ֆալաֆիլ, խորոված հաւ ու համմոս եւ ուրիշ ուտելիքի տեսակներ։

Անթիլիասի տան մէջ կը շարունակուէին ընտանեկան աւանդութիւնները։ Կիրակի օրերը Սահակ Աղայի զաւակները, թոռնիկները, հարսերը, փեսաները ու խնամիները կը մէկտեղուէին կէսօրուայ ճաշի։ Իւրաքանչիւր ընտանիք ուտելիքի իր բաժինը կը բերէր, խորոված, ջրածալի (սու պէորէկ), չի քէօֆթէ, ճիտապուր, ասիական ճաշեր եւ այլ ուտելիքներ։ Անուշեղէնի սեղանը նոյնպէս ճոխ կ’ըլլար արեւելեան անուշեղէններով եւ լիբանանեան նամմուրայով, զինկիլիկով (արեւելեան անուշ)։ Ամէն Կիրակի տօնահանդէսի կը վերածուէր Սահակ աղայի տունը։

Նոր Թոմարզայի մէջ հանդիսութիւններ կը կատարուէին Մայիս 28-ի եւ այլ տօներու առիթով։ Արուեստական բեմ մը տեղադրելով, սաւանով վարագոյր մը շինելով, աթոռներ բերելով։ Թաղին պատանիները իրենց կարգին թատերգութիւն մը կը բեմադրեն, որուն համար տոմսեր կը ծախեն։ Այս ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի գլխաւոր դէմքը Սեդան է, որու թելադրանքով ձեռնարկի հասոյթը կ’որոշուի Թռչնոց բոյնին յատկացնել։ Որոշում կը կայացուի գառնուկ մը գնել եւ ճիպէյլ տանիլ եւ այդ թատերական ձեռնարկը հոն որբերու ներկայութեան եւս ներկայացնել։ Զիրենք կ’ընդունի Մամա Ճէքոպսընի քոյրը՝ Աննան, եւ մէկտեղելով որբերը առիթ կու տայ դուրսէն եկած պատանիներուն ներկայացնել իրենց թատերգութիւնը։ Սոյն ձեռնարկը մեծ ոգեւորութիւն կը յառաջացնէ որբերուն մօտ։ Աննա մեծաւորուհին կը գնահատէ զիրենք եւ իրենց բերած գառնուկի նուէրը։ Պատանիները ուրախ զուարթ եւ մեծ գոհունակութեամբ կը վերադառնան Նոր Թոմարզա, Պուրճ Համմուտ։ Տուն վերադարձին Սահակ հայրիկը, գնահատելով պատանիներու այս նախաձեռնութիւնը, 10 ոսկի կը նուիրէ Սեդային, որ պաղպաղակ գնէ ամբողջ խումբին համար, մեծ ուրախութիւն պատճառելով հնարամիտ այդ տղոց։ Իսկ թաղի մտաւորական Դանիէլ Մածունեանը «Նոր Կեանք» թերթին մէջ պատանիներու նկարներով կարճ գրութիւն մը կը հրատարակէ որպէս քաջալերութիւն իրենց իմաստալից նախաձեռնութեան։ Այս դրական արձագանգները մեծապէս նպաստեցին որ Սեդան ու իր ընկեր-ընկերուհիները, խրախուսուելով այս վերաբերմունքէն, թռիչքներ ունենան ապագայ իրենց կեանքին համար։

Թռչնոց բոյնի վերաբերեալ Սեդա Խտըշեանի փափաքը՝ տեղեկութիւններ փոխանցելու, կու գայ Կաթողիկոսարանի Թռչնոց Բոյնի յանձնախումբին  ատենապետութեան իր տարիներէն 2001 թուականէն սկսեալ։  Տարիներու իր աշխատանքները եւ հետապնդումները առիթ հանդիսացան Սեդային մտածել նաեւ թանգարանի մը մասին, որ իրականացաւ Արամ Վեհափառի տնօրինութեամբ։

Թռչնոց բոյնի որբուկներէն մին՝ Վարդան Մելքոնեան, դարձեր էր երաժիշտ եւ Լոնտոնի արքայական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ղեկավարներէն մին։ Ան ամէն տարի գալով Թռչնոց Բոյն իր նուէրը կ’ընէր եւ կ’ուզէր անծանօթ մնալ։ Ժամանակ մը ետք, Եղեռնի 100-ամեակին ընդառաջ, ան իր փափաքը կը յայտնէ համերգ մը տալու՝ հնչեցնելով «Տը Տրէյք Փասէյճ» երաժշտական համանուագը՝ նուիրուած Թռչնոց Բոյնի «մամային»՝ Մարիա Ճէյքըպսընին, որ հանդիսացած էր առաջինը զինք ծանօթացնելու դասական երաժշտութեան։ Համերգը պիտի ընդգրկէր Լիբանանի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը։ Ան օրուան իր խօսքին մէջ դրուագներ պատմեց Մարիա Ճեյքըպսընի կեանքէն, որոնք կ’արտայայտէին անոր հոգածու վերաբերմունքը իրեն հանդէպ եւ փոխադարձաբար իր սէրն ու յարգանքը այդ մեծ մարդասէր առաքելուհիին հանդէպ։ Հանդիսութեան աւարտին, Արամ Վեհափառը «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց Վարդան Մելքոնեանը։ Անմոռանալի էր տպաւորութիւնը այդ երաժշտական գլուխ-գործոցին, որ Թռչնոց Բոյնի երբեմնի որբուկը ներկայացուց հայ հասարակութեան։ Այդ օրն էր որ Հայութեան մէկ հատուածը ծանօթացաւ իր տաղանդաւոր զաւկին։

Թռչնոց Բոյնի թանգարանի հիմնադրոութիւնը մեծ նուաճում էր հայ հաւաքականութեան համար։ Այնթուրայի եւ Ղազիրի որբանոցները դադրած էին գործելէ եւ անհրաժեշտ էր Թռչնոց բոյնի մէջ հիմնել թանգարան մը։ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ գալով եւ Արամ Վեհափառի տնօրինութեամբ, Թռչնոց Բոյն աշակերտած Ալեքքօ Պեզիքեան իր հօր Արամ Պեզիքեանի անունով ստանձնեց բարերարութիւնը թանգարանին, որ կոչուեցաւ «Թռչնոց բոյնի Արամ Պեզիքեան թանգարան»։ Մարիա Ճեյքըպսընի եւ գործակից միսիոնարներու հանգստեան տունը վերածուեցաւ թանգարանի։ 1900-ական թուականներուն օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին կառուցուած է այս հսկայական շէնքը, ընդարձակ սրահներով եւ բազմաթիւ սենեակներով։ Մարիա Ճէյքըպսըն մինչեւ 1960 թուական կը ղեկավարէ հաստատութիւնը 50 տարիներ։ Իր մահէն վերջ, 1960-ին, քոյրը Աննա Ճէյքըպսըն եւ խումբ մը դանիացի միսիոնարներ կը ստանձնեն տնօրէնի պաշտօնը եւ 10 տարիներ կը շարունակեն ծառայել հայ որբերուն, անոնց տալով կրթութիւն եւ խնամք ու հոգածութիւն։ Անոնք կու գան այն եզրակացութեան, որ ալ ժամանակն է յանձնելու հաստատութիւնը հայկական խնամատարութեան։ 1971 թուականին հաստատութիւնը պաշտօնապէս կը փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։ Յիսնամեակէ մը աւելի տարիներէ ի վեր կաթողիկոսարանի խնամքին յանձնուած հաստատութիւնը իր կրթական ծրագրով եւ գիշերօթիկի բաժանմունքով կը գործէ որոշ թիւ կազմող որբերով եւ ամուսնալուծուած ծնողներու զաւակներով։ Հայ համայնքին նաեւ ուշադրութեան առարկան է Թռչնոց Բոյնը եւ արժանի իր խնամքին։

Սեդա Մարկոսեան Խտըշեանի «Մեր տունը» հատորի ընթերցումը վայելք կը հանդիսանայ բոլոր տարիքի ընթերցողներու համար։ Մեծ հաճոյքով կ’ընթերցուին բոլոր դէպքերը, մասնաւորաբար անոնք՝ որոնք ծիծաղաշարժ են եւ կը ներկայացնեն գլխաւոր դերակատարներ Սահակ աղան եւ Մարիամ մայրիկը։ Անոնց մտերմութեան մէջ գտնուելով  ընթերցողը կը ծանօթանայ իրենց խոհերուն, յոյզերուն, անցած կեանքի ապրումներուն։ Սահակ աղան իր կենսախինդ բնաւորութեամբ, ընկերասիրութեամբ եւ երգիծական խառնուածքով  շատ համակող է եւ խիստ գրաւիչ որպէս անհատականութիւն։ Մարիամ մայրիկը իր առօրեայ կեանքին հանդէպ եզակի եւ իւրայատուկ կեցուածքով, շատ յաճախ ծիծաղաշարժ դարձուածքներով ընթերցողին ուշադրութեան գլխաւոր  առարկան կը դառնայ։ Եկեղեցւոյ եւ աղօթքի հանդէպ իր խոր ապրումները երկիւղածութեամբ կը լեցնեն ընթեցողի հոգին։ Ազգասիրութիւնն ու հայ արժէքներու կառչածութիւնը բնական կերպով կը թափանցեն մեր հոգիներուն մէջ։ Աւանդապահութիւնը, որպէս գլխաւոր յատկանիշը այս խիստ համակրելի զոյգին, կը տիրապետէ հատորի բոլոր էջերուն։

Սեդա Մարկոսեան Խտըշեանի արձակը հեզասահ է եւ ունի պատումի գրաւիչ ոճ։

Թոմարզայի բարբառի օգտագործումը շատ մեծ առաւելութիւն է կեանքով օժտելու տիպարները։ Լեզուն ունի տպաւորիչ հնչեղութիւն։ Բազմաթիւ գլուխներէն իւրաքանչիւրը ունի սաղմը՝ դառնալու կարգին պատմուածք, իսկ հատորին ամբողջութիւնը կրնայ վերածուիլ վիպակի մը։

«Մեր տունը» մեծ եղեռնի յուշագրութեանց պատկառելի շարքին մէջ իր պատուոյ տեղը կը գրաւէ անկասկած։

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԴՈԿՏ. ՌՈՒԲԷՆ ԱՒՇԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Next Post

ԱՈՒՆ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐԷՆ

Next Post
ԱՈՒՆ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐԷՆ

ԱՈՒՆ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.