Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

August 14, 2025
in Յօդուածներ
0
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ  ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

 

Այժմ մեծապէս չեզոքացուած Կիւլէնական շարժումի ջատագովութեան նմոյշ է «Էշրեֆլիփաշալըլար» (Էշրեֆլիփա-ցիներ 2010 ) ժապաւէնը: Իզմիրի որպէս ամէն ձեւի վատութեան եւ ոճիրի բոյներ կայացուող Էշրեֆփաշա թաղամասի մզկիթին քարոզիչ (խոճա) կը նշանակուի երիտասարդ մը, որ ատակ ու տրամադիր է ե՛ւ պատանիներու հետ ֆութպոլ խաղալու, ե՛ւ դասախօսելու ազգայնական (եւ ոչ միայն) բանաստեղծութեան շուրջ: Պահ մ’իսկ չի տատամսիր երբ մահուան սպառնալիքներ ստանայ ոճրագործներէ: Պարզ է որ առաքինի հերոսը կը շահի թաղեցիներու համակրանքն ու յարգանքը եւ կը յաջողի զիրենք պարկեշտ հաւատացեալներու վերածել: Աւարտական տեսարաններուն մէջ թաղեցի մեծ ու փոքր բոլոր տղամարդիկ կը մասնակցին Ուրբաթ օրուան աղօթքին: Որպէս թատր ընտրուած է Իզմիրը երկու պատճառով: Իզմիր կը համարուէր քեմալականներու ամրոցը: Օդակայանէն քաղաք տանող մայրուղիի վրայ կանգնած է Մ. Քեմալի կիսանդրին: Քաղաքի կեդրոնին մէջ եւ այլուր կանգնեցուած են անոր կուռքերը … ներողութիւն, արձանները: Երկրորդ պատճառը այն է, որ երբեմնի հզօր կրօնական առաջնորդ Կիւլէն, որ «խոճա» (ուսուցիչ) տիտղոսը կը կրէր, իր երիտասարդ շրջանին (1966-71) քարոզած է նոյնինքն Էշրեֆփաշայի մէջ: Թուրքիոյ հանդիսատեսին համար դժուար չէր կռահել, թէ ժապաւէնի հերոսը ո՞ր անձը կը ներկայացնէր:

Կրօնականներու դրական կերպարներ կը յայտնուին իհարկէ նաեւ ոչ-բացայայտօրէն ջատագովական ժապաւէններու մէջ, ինչպէս՝  «Պաղպաղակս սէր է», ուր գիւղի իմամը կրօնի հանդէպ յարգանք կը ստեղծէ նոյնիսկ գինեմոլներու մօտ, որոնք չեն մասնակցիր ուրբաթօրեայ աղօթքներուն, բայց պահ մը խմելէ կը դադրին եւ օղին կը վերցնեն սեղանէն երբ կը լսեն վաղ առաւօտեան էզանը (տե՛ս նկարը):

Առաքինի թուրք հերոսներու հմայքը .- Նախորդ բաժնով նշուած «Միացող ճամբաներ»-ու աշխարհական աղջիկը կը հմայուի առաքինի երիտասարդով: Այդ մնայուն բներգը ցցուն կերպով կը տեսնուի 60-ական թուականներու «պատմական» հերոսներու մօտ, ինչպէս՝ Հոն Թարքան, Ղարա Մուրատ եւ երկար շարք մը այլք, որոնք բիւզանդացի իշխանուհիներ կը հմայեն: Անցեալ տասնամեակին պատրաստուած «Հեռու հաւանականութիւն» (Ուզաք իհթիմալ) կամ «Սխալ վարդարան» (Wrong Rosary, տե՛ս որմազդը կողքի նկարին մէջ) միանձնուհի ըլլալու պատրաստուող Քլարա կը հմայուի հաւատացեալ թուրք առաքինի երիտասարդով եւ…: Ամենաբացայայտ օրինակը կարելի է համարել «Սիրտս թուրքի մը տուի» (Պիր թիւրքէ կէօնիւլ վերտիմ), ուր գերմանացի գեղեցկուհի Եւա կու գայ գաւառի սիրտ համարուող Կեսարիա, կը սիրահարի եւ կը յղիանայ փամպակի թուրք աշխատաւորէ մը: Բիւզանդական եկեղեցւոյ մը մէջ տեղի ունեցող պատարագը կ’անտեսէ եւ տեղւոյն վրայ նամազը կը կատարէ: Հարկ է նշել որ նման ժապաւէններ աւելի առնչուած են ազգայնականութեան եւ արական մոլեռանդութեան (chauvinism) քան կրօնական ջատագովութեան հետ: Իսլամ տղամարդու կրօնափոխութիւնը բացառուած է որովհետեւ «մուրթատտ»-ը ենթակայ կրնայ դառնալ մահապատժի (1):

Գեղարուեստական.- 80-ական թուականներէն սկսեալ ճեմաաթներու նիւթաբարոյական նեցուկով պատրաստուած է  մեծ թիւով որակաւոր քատրեր, որոնց շարքին՝ բեմադրիչներ, իշխանութեան հասած եւ աշխարհային ընդդիմութիւնը չէզոքացուցած իսլամական ուժերը մշակութային վերնաշէնքը ժամանակակից չափանիշերով ձեւաւորելու: Նախորդ բաժնով յիշուած «The İmam» ժապաւէնի բեմադրիչ Իշմայիլ Կիւնէշ, օրինակ, ուսանած Է գեղագիտութիւն եւ գրականութիւն: Ժապաւէնին մէջ կը լսուի արդի «Ռոք» ժանրի տպաւորիչ «Դուն ճամբորդ ես» (Եոլճուսուն սէն) երգը, որուն բառերը, սակայն, սուֆի բանաստեղծութեան ժառանգ կարելի է համարել, կը թելադրէ «լոյսը» (հաւատքը) փնտռել ոչ թէ անձիդ դուրսէն, այլ քու ներսէդ: Երգի առաջին տողերը (իմ թարգմանութեամբ) կ’ըսեն.- (2)

ճամբորդ մըն ես, ճամբան քուկդ է, բայց իջեւանը որու՞ն

Կը հարցնես բայց չես գտներ թէ ո՞վ ես դուն

Սխալ է անտեսել իսլամական ուժերու ոչ միայն տնտեսական եւ մարտական, այլեւ մշակութային կարողութիւնները:

Ընդդիմական .-Ներկայ պայմաններուն տակ անհաւանական է թէ որեւէ այլախոհ ժապաւէն արտադրուի Թուրքիոյ մէջ: Իսկ արտասահմանի մէջ արտադրել կը պահանջէ մեծ յանդգնութիւն: Ինծի ծանօթ են լոկ երկու նշանակելի գործեր:

Ա. «Կըրտափ» (Vortex – Յորձանուտ կամ հողմապտոյտ).- Ազնիւ նպատակներով (ինչպէս անարդարութեան դէմ պայքար) ոգեւորուած  համալսարանական երիտասարդներ կը ներգրաւուին կրօնական պիտակով ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ:

Բ. Թաքվա (Բարեպաշտութիւն).- Բեմադրիչ՝ Օ. Քըզըլթան, 2005: Արտադրուած է  2016-ի պետական հարուածի բեմադրութենէն աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, երբ Էրտողանի իշխանութիւնը տակաւին լայնամտութիւն կը ձեւացնէր: Անձնապէս դիտելու առիթ ունեցած եմ, երբ այստեղ ցուցադրուեցաւ (Ամփիր Սոֆիլ) յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին, որուն ներկայ էին գլխաւոր դերասանն ու (վաղամեռիկ) բեմադրիչը, որ մասնակցեցաւ քննարկումին:

Բացման տեսարանը ցոյց կու տայ տան մէկ անկիւնին մէջ աղօթող միջին տարիքի համեստ ուղղամիտ Մուհարրէմը (3): Տէրկեահի շահամոլ կրօնականը «Ճելալ» (մեծն, հիանալի) միամիտ հերոսը կ’ընտրէ որպէս կալուածներու գործակատար: Մուհարրէմ կը վերածուի Էֆէնտիի, նիւթականը հետեւաբար եւ հագուկապն ու ապրելակերպը անհամեմատ կը փոխակերպուին: Ի տես իր մեծարած կրօնականի կողմէ թշուառներու անխնայ շահագործումին, սակայն, պարկեշտ հերոսը խոր տագնապի կը մատնուի: Իր ակնածած Ճելալ կը բացատրէ, թէ Աստուած ոմանց համար հարստութիւն սահմանած է, իսկ ուրիշներու՝ աղքատութիւն: Թէ այլ մտքեր սատանայական են: Աւարտական տեսարաններուն մէջ Մուհարրէմ կը տեսնուի մութ վիրապի մը յատակին, հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս կործանուած (4): Մելոտրամա թուացող սեւաթոյր աւարտը խորքին մէջ գուշակութիւն-զգուշացում մըն է: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ կրօնական պիտակի տակ գործող թէքքէն (իմա՝ ճեմաաթներ) ունին վայրի դրամատիրութեան գործելակերպ:

Ժապաւէնները առ երեւոյթ կը դատապարտեն երեւոյթներ (ահաբեկչութիւն, աղքատի չարաշահում), որոնց ոչ ոք կրնայ առարկել: Այդ միջոց մըն է խուսափելու համար պետական գրաքննութենէ եւ ոչ միայն …

 

(Վերջ)

 

  1. Այդ յիշատակուած է սկզբնական շրջանին, երբ Արաբիոյ մէջ հաւատացեալները փոքրաթիւ էին եւ ենթակայ շրջապատի ճնշումին : Նման մահապատիժի գործադրութեան որեւէ արձանագրութեան չեմ հանդիպած:
  2. Yolcusun sen yollar senin han kimin / Sorarsın bulamazsın ben kimim
  3. Մուհարրէմ իսլամական չորս «Հարամ» ամիսներէն մէկն է:
  4. Ժապաւէնի խոշոր մասի թատրը երբեմնի հայկական Քումքափու շրջանին մէջ գտնուող պատմական «Մեծ իջեւան»-ն Է (Պիւյիւք Յենի Խան, 18-րդ դար): Ժապաւէնը հասանելի է համացանցի վրայ:
Share64Tweet40
Previous Post

ԱՐՄԷՆ ՂԱՐԻՊ – ԾՆՆԴԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՄԱՄՈՒԼԻ, ԿՐԹԱԿԱՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԴԱՇՏԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Next Post

Ի՞ՆՉ ՄՆԱՑ ՍԵՒՐԷՆ

Next Post
Ի՞ՆՉ ՄՆԱՑ ՍԵՒՐԷՆ

Ի՞ՆՉ ՄՆԱՑ ՍԵՒՐԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.