Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼ ԵՒ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵԼ

Լ. Շ.

August 12, 2025
in Յօդուածներ
0

 

Այս երկու բառերը թէեւ առատօրէն կը գործածուին մեր մամուլին մէջ, սակայն ես ունիմ լուրջ կասկածներ, թէ անոնք լիովին ու կատարելապէս ըմբռնուած կամ  հասկցուած են ընթերցող լայն խաւերու կողմէ։

«Հովանաւորել» բային մէջ ակնյայտ է հովանի արմատը, որ կը նշանակէ շուք, ստուեր, ծածկոյթ, փոխաբերաբար` պաշտպանութիւն։ Հետեւաբար, հովանաւորել կը նշանակէ իր շուքին տակ առնել, պաշտպան ու խնամակալ դառնալ, աւելի լայն առումով` նպաստել, երաշխաւորել։

Օրինակ` «Երկրին նախագահը կը սիրէ հովանաւորել գիտնականներն ու մշակոյթի սպասարկուները»։ Կամ` «Սփիւռքի մէջ Հայ Եկեղեցին  գլխաւոր հովանաւորն է հայկական վարժարաններուն»։ Կամ` «Հայաստան ձերբազատեցաւ ռուսական կապանքներէ ու հիմա կը ճգնի Արեւմուտքի հովանաւորութիւնը վայելել»։

«Հովանաւորել» բառին յաճախ կը հանդիպինք մեր ազգային կամ համայնքային ձեռնարկներու հրաւիրատոմսերուն եւ ծանուցումներուն մէջ։ Այստեղ, սովորաբար, «հովանաւոր»-ը թեմին կամ յարանուանութեան հոգեւոր պետն է, որուն բարձր ներկայութեամբ կը կայանայ սա կամ նա հանդէսը, հաւաքոյթը, տօնախմբութիւնը։  Երբ կ’ըսենք թէ «թեմիս բարեխնամ առաջնորդը հովանաւորեց Ճեմարանի 90-ամեակի հանդէսը», ըսել կ’ուզենք, թէ ան իր թեւարկութեան (իր խնամքին, իր հոգածութեան) տակ առած է տուեալ ձեռնարկը։

Երբոր ունինք «հովանաւորել» բառը, հակադրաբար պիտի ունենանք նաեւ «հովանաւորեալ» բառը։ Մին կը հովանաւորէ, միւսը կը հովանաւորուի, այսինքն` կը դառնայ հովանաւորեալ, կը վայելէ մէկու մը պաշտպանութիւնը։ Օր-աւուր չե՞նք կարդար մեր թերթերուն մէջ. «Իսրայէլ անսակարկելի հովանաւորեալն է Միացեալ Նահանգներու»։

Պիտի փափաքիմ սակայն, որ ընթերցողներս քիչ մը աւելի խորանան սա «հովանաւորել» բառին մէջ։ Մենք այստեղ մատնանշեցինք «հովանի» արմատը, սակայն բարդածանց գլխաւոր բառին բո՛ւն արմատը «հով»-ն է։ Այո՛, ՀՈՎ։ Այսինքն` ձեզի ծանօթ թեթեւ քամին, որ օդին ջերմութիւնը կը բարեխառնէ ու զայն ախորժելի կը դարձնէ, զովութիւն կը յառաջացնէ։

Ժողովրդային ծանօթ երգ մը կար, որ կ’ըսէր. «Հո՜վ արէք, սարե՛ր ջան, հո՛վ արէք…»։ Եւ այս «հով» բառէն ալ շինուած են հովահար (առձեռն կամ ելեկտրական), հովանալ (զովանալ, բարեխառնուիլ, նաեւ` տխրութիւնը փարատել), հովանոց (անձրեւէ կամ արեւէ պաշտպանուելու համար), հովասուն (զովութիւն պարգեւող), ամպհովանի (կաթողիկոսներն ու պատրիարքները թափօրով առաջնորդելու ատեն գործածուող յատուկ հովանոց) բառերը։

Արդ, ինչպէս որ հովը զովութիւն եւ ախորժելի զգացում մը կը յառաջացնէ մեր մօտ, այնպէս ալ հովանին կամ հովանաւորութիւնը ապահովութիւն ու պաշտպանութիւն կը շնորհէ մեզի…։ Բառիս ստուգաբանութիւնը այսպէ՛ս պէտք է մեկնաբանել…։

*

Այժմ եկէք կառչինք միւս բային` «հանդիսապետել»-ուն։

«Հանդէս» արմատով շինուած բառերու շարքին կը պատկանի այս մէկն ալ, որ կազմուած է «հանդէս» եւ «պետ» գոյականներուն միացումով։ Կը կարծեմ որ գերազանցապէս եկեղեցական գրականութեան առնչուող բառ է, առատօրէն գործածելի։ Երբ բարձրաստիճան հոգեւորական մը կը գլխաւորէ արարողակարգը, ուրեմն հանդիսապետած կ’ըլլայ այդ  ծիսակատարութեան։ Հանդիսապետը իր պատկառելի ներկայութեամբ շուք եւ հանդիսաւորութիւն կու տայ եկեղեցական արարողութեան։ «Հանդիսապետ»-ին հոմանիշ է «հանդիսադիր»-ը։ Օրինակ, արքեպիսկոպոս մը իր բարձր ներկայութեամբ կը հանդիսապետէ Անդաստանի կամ ջրօրհնէքի կամ Ս. Պսակի կամ յուղարկաւորութեան մը արարողութեան։

Հանդիսապետ-հանդիսապետութիւն-հանդիսապետել։

Բայց մեր մամուլին մէջ այս սիրուն բառը յաճախ սխալ կը գործածուի, սխալ խնդրառութեամբ կ’օգտագործուի։

Անցեալները, մեր ազգային-եկեղեցական կարեւոր հաստատութիւններէն մէկը ծանուցում մը տպեր էր թերթի մը մէջ։ Առաջին արագ ընթերցումով մ’իսկ քերականական լուրջ սխալ մը նկատեցի հոն։ Ուս թօթուեցի։ «Կ’երեւի թէ գրաշարական վրէպ մըն է», մտածեցի բարեմտաբար։ Բայց երկու շաբաթ ետք նշմարեցի որ միեւնոյն հաստատութիւնը ուրիշ ծանուցումի մը մէջ դա՛րձեալ նոյն սխալը կրկներ էր…։

Հիմա այլեւս հաստատօրէն կրնայի վստահ ըլլալ, թէ գործածուած բառին սխալ կիրարկութիւնը արդիւնք էր քերականական անգիտութեան մը։

Ի՞նչ էր սխալը։

Ծանուցումները մօտաւորապէս կ’ըսէին հետեւեալը. «Այսինչ տօնին առիթով՝ եկեղեցական ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ այսինչ բարձրաստիճան հոգեւորականը»։

Սխա՜լ…։

Ինչո՞ւ։

«Հանդիսապետել»-ը չէզոք բայ է եւ ուստի կը պահանջէ տրական հոլով խնդիր մը։ Ճի՛շդ «նախագահել» բային նման։ Ուրեմն, ծանուցումը սրբագրելով պիտի ըսէինք՝ «ԱրարողութԵԱՆ պիտի հանդիսապետէ այսինչ բարձրաստիճան հոգեւորականը»։ Նոյն ձեւով՝ պիտի գրենք ու ըսենք «Վեհափառ հայրապետը նախագահեց Դպրեվանքի ՀԱՆԴԷՍԻՆ» (եւ ոչ թէ «նախագահեց… հանդէսը»)։ Կամ` «Մարոնիներու պատրիարքը հանդիսապետեց Կիրակի օրուան ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ» (եւ ոչ թէ «հանդիսապետեց… պատարագը»)։ Այլ խօսքով, հանդիսապետել ԲԱՆԻ ՄԸ, այլ ոչ թէ հանդիսապետել ԲԱՆ ՄԸ։

Բայց խնդրառութեան այս օրէնքը հիմնովին կը շրջուի «հովանաւորել» կամ «ղեկավարել» կամ «գլխաւորել» եւ ասոնց նման հարիւրաւոր բայերու պարագային, քանի որ այս վերջինները չէզոք սեռի բայեր չեն, այլ` ներգործական: Հետեւաբար, իրենց կողքին կը պահանջեն հայցական հոլովով խնդիր մը։

Օրինակ` «Խմբավարը վարպետօրէն ղեկավարեց ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ» (եւ ոչ թէ «ղեկավարեց… երգչախումբին»)։

«Բարեգործական հիմնարկը գլխաւորեց նպաստաբաշխումի ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ» (եւ ոչ թէ «գլխաւորեց… աշխատանքներուն»)։

– «Հայկազեան համալսարանը հովանաւորեց յուշամատեանի մը ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ» (եւ ոչ թէ «հովանաւորեց… հրատարակութեան»)։

Մաղթենք, որ լեզուական այս նշումները լուրջ ուշադրութեան արժանանան մեր խմբագիրներուն, յօդուածագիրներուն եւ մամլոյ սրբագրիչներուն կողմէ։ Միայն ա՛յն ատեն է որ անոնք հովանաւորեալները պիտի դառնան Օշականի մէջ ննջող Մեծ Սուրբին…։

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

Կ’ՈՂԲԱՄ Ո՜ՂՋ ՄՆԱՑՈՂՆԵՐՈՒՍ ՎՐԱՅ

Next Post

ԼԱՐԻԺԱՆԻ ԿԸ ԼՍԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

Next Post
ԼԱՐԻԺԱՆԻ ԿԸ ԼՍԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

ԼԱՐԻԺԱՆԻ ԿԸ ԼՍԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.