Բարեկամ հոգեւորական մը, որ հիմա Եւրոպա կը պաշտօնավարէ, նամակով մը հարց կու տայ ինծի, թէ ինչպէ՞ս պիտի զատորոշենք սա չորս «փորձանք» դերանունները` մեզն ու մեզին, զինքն ու իրենը։ Ե՞րբ պիտի գործածենք ՄԵԶ-ը եւ ե՞րբ` ՄԵԶԻ-ն։ Ե՞րբ պիտի գործածենք ԶԻՆՔ-ը եւ ե՞րբ` ԻՐԵՆ-ը։
Նախ կատակով մը ըսի իրեն, թէ Եւրոպայի մէջ,– ուր հայերէն գիտցող կամ խօսող հայորդիներու թիւը արհամարհելի տոկոս մը կը կազմէ,– ո՞վ է այն հայ մարդը, որ կրնայ անդրադառնալ եկեղեցւոյ բեմէն արտասանուած քարոզի մը լեզուական ենթադրեալ սխալներուն…։ Այդ քարոզին ականջ տուող հարիւր հաւատացեալներու մէջէն մէ՛կ հոգի իսկ պիտի նշմարէ՞ նմանօրինակ սայթաքում մը, երբ բոլորս ալ գիտենք, որ տարբեր տարիքի ու տարբեր խաւի մեր հայ հաւաքականութիւնները, ինչ-ինչ պատճառներով, չեն յաջողած տիրապետել իրենց մայրենի լեզուին, առաւել եւս` անոր քերականութեան։ Կապը` լեզուին հետ, մնացեր է իր ամէնէն նախնական ու համեստ չափերուն մէջ։ Դպրոցներուն սորվեցուցած այն քիչ գիտելիքն անգամ կորսուեր-անհետացեր է թաւալող տարիներու սահանքին հետ…։
Այս տխուր պայմաններուն մէջ, բնականաբար, ո՛չ մէկս կ`ակնկալէ, որ եկեղեցւոյ կամ սրահի մը բեմէն մշակեալ ու անվրէպ հայերէնով պատգամներ տրուին ու լեզուն ճառագայթէ իր բովանդակ պայծառութեամբ։ Հազուադէպ են այդպիսի պարագաներ։ Մեր լեզուն, հիմա, կ’ապրի եօթը նիհար կովերու շրջանը…։
Այս օրերուն, եթէ փորձէք հայերէնի լեզուական կամ քերականական սխալներուն մասին խօսիլ, ամէնէն բանիմացներն անգամ կը յարեն. «Ջաղացքը գացեր է, չախչա՞խը փնտռենք»…։
Այնուհանդերձ, դեռ մեր շուրջ կը տեսնենք սեղմ փոքրամասնութիւն մը, որ հետամուտ է սրբագրելու իր լեզուական թերիները, կը ցուցաբերէ գնահատելի բծախնդրութիւն մը` կատարելագործելու ինքզինք։ Այսպիսիները շնորհաւորելի են։ Ու եւրոպաբնակ իմ հոգեւորական բարեկամն ալ մէկն է անոնցմէ։ Ուստի կը պատասխանեմ իրեն հրապարակաւ, քաջ գիտնալով որ շատ-շատեր կը փնտռեն այս պատասխանը։
Ուրեմն, նախ յիշեցնենք որ տուեալ դերանունները մաս կը կազմեն արեւմտահայերէնի ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԴԵՐԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ խումբին։ Անձնական դերանունները հայերէնի դերանուններու համակարգին մէջ ամէնէն շատ ու առատօրէն գործածուողներն են։ Գոյութիւն ունին Ա., Բ. եւ Գ. դէմքերու յատուկ դերանուններ` իրենց եզակի եւ յոգնակի տարբերակներով, որոնք ընդհանրապէս կը դասաւանդուին մեր նախակրթարաններու միջին ու վերին կարգերուն մէջ։ Բայց հարցն այն է, որ մեր դպրոցական տղաքը այս դերանունները կը սորվին ԹՈՒԹԱԿԱԲԱՐ, առանց երբեք ըմբռնելու, թէ այդ դերանուններէն իւրաքանչիւրը ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի գործածուի…։
Եկէ՛ք հոլովենք Ա. դէմքին յոգնակին. ուղղական` մենք, հայցական` ՄԵԶ, սեռական` մեր, տրական` ՄԵԶԻ, բացառական` մեզմէ, գործիական` մեզմով։
Տեսաք արդէն, որ ՄԵԶ-ը հայցական հոլով է, իսկ ՄԵԶԻ-ն` տրական։
Օրէնքը հետեւեալն է. Ներգործական (եւ պատճառական) բոլոր բայերուն հետ ՍՏԻՊՈՒԱԾ ԷՔ գործածել ՄԵԶ-ը (հայցական)։ Օրինակներ`
— Տնօրէնը մեզ ժողովի հրաւիրեց։
— Ոստիկանները մեզ հալածեցին։
— Ժողովուրդը մեզ դիտեց։
— Պատարագի երգեցողութիւնը մեզ վերացուց։
— Արցախի կորուստը մեզ ընկճեց։
Վերի նախադասութեանց մէջ գործածուած 5 բայերէն չորսը ներգործական են, մէկն ալ (վերացնել)` պատճառական։ Հինգ բայերն ալ ստացան դերանունին հայցական հոլովը` իբրեւ ուղիղ խնդիր։
Ինչ կը վերաբերի ՄԵԶԻ դերանունին (տրական), ապա զայն պիտի գործածէք չէզոք բայերուն հետ, նաեւ` իբր անուղղակի խնդիր։ Օրինակներ`
— Տնօրէնը յուշամատեան մը նուիրեց մեզի (անուղղակի խնդիր)։
— Ոստիկանները մեզի նայեցան զարմացական հայեացքով (չէզոք բայի հետ)։
— Զինուորները մեզի մօտեցան (չէզոք բայի հետ)։
— Քրիստոս մեզի՛ համար խաչուեցաւ։ Ան մեզ փրկեց մեր մեղքերէն (ուշադրութեամբ զննել այս յատկանշական օրինակը)։
— Գաղտնիքը չյայտնեցին մեզի (անուղղակի խնդիր)։
Ինչպէս կը նկատէք, հարցին բուն գաղտնիքը բայերուն սեռը գիտնալուն մէջ է։ Երբ լա՛ւ կը ճանչնաք ներգործական ու չէզոք բայերը, անոնց ընկերակցող դերանունները ինքնաբերաբար կը գործածէք ճիշդ ձեւով ու հոլովով։
*
Վերեւ յիշուած միեւնոյն օրէնքին եւ սկզբունքին կը հպատակին նաեւ զինք եւ իրեն դերանունները։ Ասոնք կը գործածուին Գ. դէմքի համար եւ դերանունին եզակի ձեւն են։ Հոլովե՛նք. ուղղական` ինք, հայցական` ԶԻՆՔ, սեռական` իր, տրական` ԻՐԵՆ, բացառական` իրմէ, գործիական` իրմով։
Կը տեսնուի, որ զինք-ը հայցական է, մինչդեռ իրեն-ը` տրական։ Պարտինք զինք-ը գործածել ներգործական (եւ պատճառական) բայերուն հետ, իսկ իրեն-ը` չէզոքներուն հետ։ Օրինակ`
— Բոլորը շնորհաւորեցին զինք ջերմօրէն (ոչ թէ… շնորհաւորեցին իրեն)։
— Զինք ճանչցայ տարիներ առաջ` երբ քսան տարեկան էր տակաւին (ոչ թէ… իրեն ճանչցայ)։
— Իրեն մօտեցայ խղճահարութեամբ (ոչ թէ… զինք մօտեցայ)։
— Բանալիները իրեն յանձնեցի երէկ (ոչ թէ… զինք յանձնեցի)։
Վերի առաջին երկու նախադասութեանց մէջ «զինք» դերանունը պաշտօնով ուղիղ խնդիր է։ Արդէն ուղիղ խնդիրը արեւմտահայէրէնի մէջ միշտ ու տեւաբար կը դրուի հայցական հոլովով։ Իսկ վերջին երկու նախադասութեանց մէջ «իրեն» դերանունը պաշտօնով անուղղակի խնդիր է, որ կը դրուի տրական հոլովով։
Առայժմ չեմ ուզեր անդրադառնալ մեր դպրոցներէն ներս պարզուող այն ընդվզեցուցիչ երեւոյթին` երբ երկրորդական կարգերու նստարաններու ետին դեռ կարելի է հանդիպիլ աշակերտներու, որոնք մեզ կամ մեզի դերանունը է-ով կը գրեն։
— Հայրս մէզ շատ կը սիրէ,– գրած էր աշակերտ մը գրատախտակին վրայ…։
Լա՞ս, թէ՞ խնդաս…։

