Զիատին սիրտը նուրբ էր, էլ չդիմացաւ:
Խոր յուսախաբութենէն հոգին ու մարմինը յոգնած էին, աւանդեց հոգին ու հանգստացաւ:
«Ողբամ մեռելո՞ց… թէ՞ մոլորեալներին»:
Ես պիտի չողբամ իր կորուստը, այլ պիտի ողբամ մե՛ր վրայ, այս երկրին մէջ ՈՂՋ մնացողներուս վրայ: Պիտի ողբամ Լիբանանի կործանարար կառուցուածքին ու անոր մոլորեալ ղեկավարութեան վրայ:
Լիբանանը, Արաբական աշխարհը եւ ոչ-նիւթապաշտ մարդասիրական վե՜հ գաղափարախօսութեան հոսանքը կորսնցուց հաւատաւոր ՀՍԿԱ՛Յ մը: Լիբանանի աւազախրումին մէջ ԱՆՃԱՐ մնացած ՀԱՆՃԱՐ մը՝ յանձին Զիատ Ռահպանիի:
Նիւթապաշտ, դաւադիր Արեւմուտքը, դրամատիրական վաշխառու երկիրները լճացուցած էին զինք: Քաղակաքան որոշումով արգելքներու եւ «պոքոթի» ենթարկած էին, որ նոյնիսկ չկարենայ այցելել իրենց երկիրները կամ գործակցիլ իրենց նուագախումբերուն հետ:
Յստակ էր ինչուն: «Գող՝ սիրտը դող»:
Դաւադրութիւն լարողները կը վախնան ու կը սարսափին գալիքը գուշակող, մօտիկ կամ հեռաւոր ապագան կռահող, իրենց նենգ խաղերը բացայայտող ՀԱՆՃԱՐՆԵՐԷՆ:
Ինչպէս հանրաճանաչ Չարլի Չափլին, այդպիսի հանճարներէն մին էր Զիատ Ռահպանին: Ա՛հ ու սարսափ ստեղծած էր իր մարդասիրական ըմբոստ գաղափարներով, անարդարութիւնը խառանելով, իր արուեստին միջոցաւ գալիքը կարդալով ու պախարակելով:
Լիբանանի գեղարուեստական կեանքի կարկառուն դէմքերէն՝ Ասի Ռահպանիի եւ անկրկնելի, անզուգական երգչուհի Ֆէյրուզի երկունքէն ծնած, իր արուեստով եւ իր համեստութեամբ իսկական ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ մը:
Երգահան, երաժիշտ, թատերագիր եւ քաղաքական «սքէչ»ներու հեղինակ:
Ա՛յն օրերուն, երբ Լիբանանը բարգաւաճ կեանք մը կ’ապրէր, կերուխում, երգ ու պար, քազինօ, շռայլութիւն եւ շուայտութիւն, եւ, եւ, եւ…: Այդ նո՛յն օրերուն, Զիատ հազիւ 18 տարեկան էր կամ նուազ, երգեց. «Լաւագոյն պանդոկներուն մէջն էինք, մեզ քաշկռտեցին խրամատներու մէջ»:
Շատ չուշացաւ քաղաքացիական պատերազմը: Եկա՛ւ, այրեց, փճացուց այդ բոլոր փարթամ պանդոկներն ու եռուն կեանքը: Մէկ անգամ ընդմիշտ կորա՜ւ քնանալ չգիտցող Պէյրութն ու իր պերճանքը:
Թատրոններէն մէկուն մէջ, Լիբանանը նմանեցուցած էր պանդոկի: Կ’ըսէր. «Ինչո՞ւ ասի երկիր է, ասի երկիր չէ՛, ասի խումբ-խումբ մարդոց հաւաքավայրն է»:
Աւելի քան յիսուն տարի ետք, հակառակ եղած հարիւր հազարաւոր զոհերուն, քանդումներուն, Լիբանանը մազաչափ մը անգամ յառաջ գացած չէ որպէս երկիր, որպէս պետականութիւն, ուր բոլոր քաղաքացիները համահաւասար ըլլային իրենց պարտաւորութիւններուն եւ իր իրաւասութիւններուն մէջ: Խումբ մը համայնք, խումբ մը յարանուանութիւն, քով-քովի եկած, իջեւանած են Լիբանան կոչուած հողամասին վրայ: Պանդոկի ակնոցով կը նային բոլո՛րն ալ: Երբ իրենց համար շահաբեր կթան կով է երկիրը, շա՜տ բարի: Եթէ ո՜չ… օհ՜, հազար ու մէկ լոզունգներով քննադատելէ ետք, ճամպրուկները հաւաքելով պատրաստ են գաղթելու…:
Երկիր մը հայրենիք կ’ըլլայ իր քաղաքացիներով եւ ո՛չ թէ իր քար ու աւազով:
Շատ բարձր մակարդակի երաժիշտ եւ երգահան էր Զիատ Ռահպանի: Միշտ կը նախընտրէր յիշուիլ կամ ճանչցուիլ որպէս այդ, աւելի քան որպէս թատերագիր կամ այլ: (Մե՜ծ յարգանք ունէր իր առաջին ուսուցիչին Պօղոս Ճելալեանի հանդէպ: Կը շեշտէր թէ դաշնամուրի իր կարողութեան մէջ շատ բան կը պարտի անոր):
Զինք կը հալածէին որպէս համայնավար: Կարծէք համայնավարութիւնը (որպէս գաղափար) յանցանք մը եղած ըլլար: Կը պնդէր թէ ինչպէս որեւէ կրօն, համայնավարութիւնն ալ անիրագործելի վարդապետութիւն մըն է:
Արդեօք յանցա՞նք է կրօնքը չարաշահող կղերականներուն կամ դրամատիրական-դրամապաշտ վաշխառուներուն դէմ ըլլալը: Քրիստոս անձամբ ի՛նք մտրակով դուրս չվտարե՞ց բոլո՛ր չարաշահողները, «իմ տունս աղօթքի տուն պիտի ըլլայ» ըսելով:
Շատ գեղեցիկ իմաստալից երգով մը Զիատ կը շեշտէր. «Ես անհաւատ-անաստուած չեմ: Աղքատութիւնն է, հիւանդութիւնն է, անօթութիւնն է, վարկաբեկումն է անհաւատ-անաստուածութիւնը: Ի՞նչ կրնամ ընել, եթէ այդ բոլորը հաւաքուած են ի՛մ մէջ»:
Շարականներու հեղինակ մը չէր կրնար անհաւատ անաստուած մը եղած ըլլալ, վկայ 2013-ի Անթիլիասի ելոյթը:
Թատրոններէն մին էր «Ամերիկեան երկար ֆիլմ»ը: Ոեւէ մէկը կրնա՞յ հակաճառել եւ ըսել թէ Լիբանանի եւ շրջակայ երկիրներու երկար տարիներու կործանարար «ֆիլմը» ամերիկեան չէ:
Մէկ այլ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը՝ «Վաղուան համար ի՞նչ»: Նախորդ տասնեակ տարիներու փորձառութենէն եկած, ոեւէ մէկը կրնա՞յ պատասխան մը տալ, թէ «վաղը» ինչպիսի՞ նոր դաւադրութիւն մը վերապահուած է մեզի:
Մոռնալու չենք «Եթէ յոյսի նշոյլը չըլլար» թատերախաղը կամ «Ձախորդ բան մը»ն:
Արցունքոտ աչքերով կ’ողբամ ո՛չ թէ ֆիզիքապէս մեզմէ հեռացող Զիատ Ռահպանիին մահը, այլ իրեն պէս հանճարի մը բացակայութիւնը, կ’ողբամ Լիբանան կոչուած այս աւազախրումին մէջ մնացողներուս վրայ:
Ի խորոց սրտէ կ’ողբամ երկրի մոլորեալ ղեկավարութեան, բայց նամանաւանդ զիրենք կրկնակի կերպով ընտրող, յեղաշրջել չգիտցող «ողբացեալներուս» վրայ:

