Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

August 12, 2025
in Յօդուածներ
0
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ  ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

 

Թուրքիոյ տնտեսական, ընկերային, քաղաքական շրջադարձերուն, ինչպէս նաեւ շարժապատկերի պատմութեան նախապէս կրկինս անդրադարձած եմ (1, 2, 3): Այստեղ պիտի առանձնացնեմ կրօնակա՛ն բնոյթի ժապաւէնները: Զանց կ’առնեմ ջատագովական անարուեստ գործեր, ինչպէս « Վեհափառ Օմարի (իմա՝ խալիֆայի) արդարադատութիւնը» (Հազրէթի Էօմերին Ատալէթի) կամ պատկերին մէջ ցոյց տրուած «Աստծու հաւատարիմ ծառայ (քուլ) Պարլա», որոնք ընդհանրապէս կը ցուցադրուին կրօնական տօներու ընթացքին:

1923-ին հիմնուած թրքական պետութիւնը բնորոշուեցաւ միահեծան իշխանութեամբը Մ. Քեմալի հիմնած (Ճումհուրիէթ հալք փարթիսի-ՃՀՓ) կուսակցութեան, որ կը ներկայացնէր ծովեզերեայ շրջաններու մէջ կազմուող պուրժուազիան: «Սպիտակ թուրքեր» կոչուած փոքրամասնութիւն մը՝ որ կ’իշխէր բանակին հենած:

Միահեծան իշխանութիւնը շարժապատկերի մարզին մէջ այտայայտուեցաւ Մուհսին Էրթուղրուլի մենատիրութեամբ: Բեմադրիչի վերածուած այդ թատերական դերասանը իր երախայրիքը, «Կրակէ շապիկը», պատրաստեց շատ արագ, նոյնինքն 1923-ին, որովհետեւ Սպիտակ թուրքերը կ’ուզէին արագ ձերբազատուիլ «սուլթանական» մշակոյթէն, որու հիմնական բաղադրիչ էր կրօնը: Սահմանադրութիւնը բացայայտօրէն կ’արգիլէր կրօնական ջատագովութիւն կատարող ժապաւէնները: Առ այդ արտօնուած ժապաւէններու մէջ կրօնականները կը ներկայացուէին որպէս յիմար, անբարոյ, վաւաշոտ, նիւթապաշտ եւ նոյնիսկ դաւաճանի ծաղրապատկերային կերպարներով: Մօտեցումը անխոհեմ էր որովհետեւ նման ժապաւէններ համոզիչ չէին կրնար ըլլալ նոյնինքն աշխարհային (secular) մտայնութեան տէր մարդոց համար եւ վստահաբար կը վրդովէին գաւառներու (թաշրա) ճնշուած եւ առանց այդ ալ պետութեան հակադրուած խոշոր մեծամասնութիւնը:  «Թաշրա»-ի տրամադրութիւնը ակնյայտ դարձաւ 1950-ի ընտրութեամբ, երբ իսլամամէտ «Դեմոկրատ» կուսակցութիւնը խորհրդարանի ոչ-նուազ քան 85%-ը գրաւելով կառավարութիւն կազմեց: «Խոր պետութիւնը», սակայն, կը մնար Սպիտակ թուրքերու ձեռքին: Բանակը 1960-ին կատարեց իր առաջին պետական հարուածը, ապա սին պատրուակ մը հնարելով վարչապետը Ա. Մենտերեսը կախաղան բարձրացուց:

Այնուհետեւ, մինչև ուշ ութսունական թուականները կը յատկանշուէին ընկերային պայքարներով եւ քաղաքական անկայուն վիճակով: Քեմալական ժապաւէններու կողքին սկսած էին յայտնուիլ կրօնի հանդէպ իհարկէ ոչ ջատագովական, բայց այսուհանդերձ դրական մօտեցում արտայայտող ժապաւէններ:

Այս նշանակալի իրադարձութեան առաջին օրինակն էր Յիւճէլ Չաքմաքլըի «Միացող ճամբաները» (Պիրլէշէն Եոլլար 1970) ժապաւէնը , որ կը համընկնէր քաղաքական Իսլամի շարժումի «Խոճա» համարուող Էրպաքանի «Միլլի Նիզամ» կուսակցութեան կազմութեան: Այդ անկիւնադարձ մըն էր, որովհետեւ մինչ այդ կրօնական բնոյթի կազմակերպութիւններ արտօնագիր չէին ստանար: Նման ժապաւէններ կուսակցութեան անուան հետեւութեամբ կոչուեցան «Միլլի սինեմա»: «Միլլէթ»-ը կրօնական հաւաքականութիւն է, ոչ ազգային: Ի դէպ Չաքմաքլը հիմնադրական դեր խաղացած է ոչ միայն իր ժապաւէններով, այլեւ ջատագովական գրականութեամբ եւ գործունէութեամբ: Իսլամական բնոյթի ժապաւէններ հետագային ըստ պարագայի ստացան այլ անուններ, ինչպէս՝ «Սպիտակ սինեմա», «Կանաչ սինեմա», «Ուղղորդութեան (հիտայէթ) սինեմա» եւ այլն:

Մելոտրամա բնոյթի, այսինքն պարզամիտ մարդոց ուղղուած ժապաւէնը այսուհանդերձ ունէր իր պատկերաւոր լեզուն: Բացման տեսարանի մէջ տեսնուող «արեւմտեան» խորապատկերները, ինչպէս Հիլթըն պանդոկ, հերոսուհիի հոգեփոխութեան առընթեր տակաւ կը փոխարինուին օսմանական մինարէթներով: Իր զաւակին համար կեանքը զոհող հաւատացեալ կերպարի համար ընտրուած էր «թրքական շարժապատկերի սուլթան» տիտղոսը կրող ականաւոր գեղուհի Թիւրքէն Շորայ, որուն արձանը կանգնեցուած է «Արուեստագէտներու այգի»-ին մէջ: Կրօնական ժապաւէններու բնոյթը պայմանաւորուած է իսլամական ուժերու յարատեւ վերելքին հետ, որ պսակուեցաւ ԱԲ կուսակցութեան իշխանութեան տիրանալով:

Գրաքննութենէ խուսափելու միտումով, ինչպէս մեծն Շեյքսփիր, այնպէս եւ իսլամամէտ բեմադրիչներ, ժապաւէնի թատրը երբեմն կ’ընտրէին արտասահմանի եւ ա՛յլ ժամանակաշրջանի մէջ (4): Այս տիպի ժապաւէն է, օրինակ, նոյնինքն Չաքմաքլիի «Մինիացի Ապտուլլա»-ն, որու հերոսը զեղխ կեանք վարող Ֆարուք թագաւորին հակադրուած եգիտացի այլախոհ մըն է, որ կալանքի մէջ կը շարունակէ իր իսլամական հաւատքի պարտքերը կատարել եւ քարոզել ի հեճուկս (մէնատէր իշխանութիւնը ներկայացնող) բանտապետի կողմէ իրէն ուղղուած մահապատժի սպառնալիքին: Աւելի ժամանակակից նմոյշ մըն է «Ուլաք»-ը (Լրաբեր, Աւետաբեր), որու դէպքերը կը պատահին անորոշ միջնադարեան (օսմանեա՞ն, նկատել որմազդի տառերու արաբական ոճը) ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր եւս կը շեշտուի հաւատքի ոյժը եւ բռնատիրութեան դէմ պայքարելու հրամայականը: Աւանի մանուկներ կը մերժեն անսալ ծնողներու խորհուրդին եւ կը հետեւին անծանօթ մարգարէանման հաշմուած (խորհրդանշակա՞ն) աւետաբեր անծանօթ (օտա՞ր) Մուրատին: Ասքը այն է թէ համաշխարհային «ճիհատի» կանչը հարկ է որ խլացնէ արիւնակցական եւ տեղական ազգային կապերը: Յաւելեալ մեկնաբանութիւնը կը թողում ընթերցողին:

Ուշ 60-ականներուն սկսած եւ 70-ական թուականներուն թափ առած ձախակողմեան շարժումները  ցնցեցին յատկապէս Թուրքիան, որ արդէն իսկ բազմաթիւ փլաններու վրայ տագնապներու թատր էր: 12 Սեպտեմբեր 1980-ին Քենան Էվրէնի ղեկավարած բանակը կատարեց արիւնալի պետական հարուած մը, ապա ջարդեց ընկերվարական հակում ունեցող ուժերը: Վարչապետ նշանակուեցաւ նախ իր սպայակազմի անդամներէն մին եւ ապա Իսլամական թարիքաթի պատկանող Թ. Էօզալ: Մ. Նահանգներ ձախակողմեան մակընթացութիւնը կասեցնելու լաւագոյն միջոցը սեպեց կրօնական ուժերու զարգացումը ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլեւ Աֆղանիստանի եւ այլուր: Հասկնալի է որ այս շրջանին արտադրուած ժապաւէնները պիտի ըլլային բացայայտ ջատագովական: Հասկնալի է նաեւ որ այլազան ճեմաաթներ աշխոյժ դեր ունեցան նման ժապաւէններու ֆինանսաւորման եւ տարածումին մէջ:

Իսլամական մեծամասնութեան առաջնահերթութիւնը դարձաւ որակաւոր քատրերու պատրաստութիւնը ինպէս նաեւ տեղաւորումը պետական հաստատութիւններու եւ զինեալ ուժերու (յատկապէս ոստիկանութեան) մէջ: Թաշրայի եւ ճարտարարուեստական քաղաքներու շուրջ կայացած հիւղաւաններու (կէճէքոնտու) մէջ հասած առած սերունդի խոշոր մեծամասնութիւնը (որոնց շարքին Էրտողան) շրջանաւարտ է կրօնական «Իմամ հաթիպ»  վարժարաններու, որոնց մակարդակը ակնյայտօրէն նուազ էր աշխարհային վարժարաններէ: Անոնք իրաւունք չունէին ուղղակի ընդունուելու գործող համալսարաններէ ներս: Գործատէրեր կը վարանէին անոնց պատասխանատու աշխատանք տալ: Հարկ էր վերացնել այդ խոչընդոտը: Այս առումով միւս ճեմաաթներու նկատմամբ անբաղդատելիօրէն խոշոր դեր խաղացած էր (վերջերս մահացած) Ա. Կիւլէնի  գլխաւորած միջազգային կազմակերպութիւնը, որու յարած էր նաեւ նոյնինքն Էրտողան: Ուսումնական որակաւոր հաստատութիւններ յառաջացնելու առընթեր հարկ էր կրօնի հանդէպ աննպաստ մտայնութիւնները վերացնող քարոզչութիւն:

Այս իմաստով յատկանշական ժապաւէն մըն է  «Իմամը»- The Imam: Վերնագրին մէջ  տեսնուող  անգլերէն «The» որոշիչ յօդը ակնարկ է արդիականութեան, որուն լեզուն անգլերէնն է: Գլխաւոր հերոսը համակարգիչի ճարտարագէտ մըն է, որ իր ազգանունը ծածկած է իր աշխատավայրին մէջ: Ոչ ոք կրնար գուշակել որ երկար մազերով, մոթորսիքլէթով  ման եկող «Քարաօղլուն» իր ինքնութենէն խպնող Իմամ հաթիպի շրջանաւարտ Էմրէ Հաճիօղլուն է: Անունը ակնարկ է 13-րդ դարու ականաւոր իսլամ բանաստեղծ Յունուս Էմրէի, որուն առ ի մեծարանք այժմ առնուազն չորս արձաններ կանգնուած են Թուրքիոյ տարածքին: Աշխարհային շրջապատի նեղմտութեան զոհ հերոսը խորապէս կը տառապի: Ժապաւէնի ակնյայտ առաջադրանքն է զօրակցութիւն յառաջացնել համակրելի բարեպաշտ եւ յոյժ կարող կերպարի հանդէպ: Առ այդ դերը յանձնուած է սիրուած երգիչի մը:

 

 

  1. Թուրքիոյ մէջ իսլամական հայեցակարգի պատմականը Ապտիւլ Համիտ Բ.-էն մինչեւ Էրտողան, «Ազդակ բացառիկ», Ապրիլ 2015:
  2. Թրքական շարժապատկերը Սան Սթեֆանոյէն մինչև Ֆեթհուլլա Կիւլէն, «Ազդակ բացառիկ», Նոր տարի 2016:
  3. Թուրքիոյ «Բարեպաշտական» Տնտեսութիւնը Ա.. եւ Բ, «Ազդակ» 12-13 Օգոստոս 2024:
  4. Համլէթի դէպքերը, օրինակ, կը պատահին 13-րդ դարու Տանիմարքի մէջ, իսկ Օթելլոյի՝ 16-րդ դարու Վենետիկի:

 

Share63Tweet40
Previous Post

1915-ԻՆ ՎԱՆԻ ՆԱՀԱՆԳԻ ՀԱՅՈՑ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԵՈՀԱՆՆԷՍ ԼԵՓՍԻՈՒՍԻ ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ

Next Post

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ  ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՆԱԽԱՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ  ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ  ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՆԱԽԱՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ  ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՆԱԽԱՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.