Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ» (Բ. ՀԱՏՈՐ) – 1

 Լ. Շ.

August 19, 2025
in Յօդուածներ
0
«ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ»  (Բ. ՀԱՏՈՐ) – 1

 

Հալէպի մէջ հայ տպագրական մամուլը սկսած է թաւալիլ իր երբեմնի  աշխուժութեամբ ու մեզ բաւարարող բնականոն կշռոյթով։ Շարունակ կը տպուին  հայերէն գիրքեր, որոնց մէջ, իբրեւ քանակ, անմրցելի դիրք կը գրաւեն Բերիոյ Հայոց  թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի կրօնագիտական հայացումները։

Վերջին մէկ տարուան ընթացքին սրբազան հայրը քանի՞ նոր հատոր տպագրեց ու  դրաւ մեր սեղանին, հաշիւը կորսնցուցած ենք…։ Գիրքերը կը յաջորդեն մէկը միւսին եւ մենք, իբրեւ ընթերցող, երբեմն չենք հասնիր բոլորը ընթերցելու։ Ակամայ կը  ստիպուինք ընտրութիւն մը կատարել նորատիպերու շարքին մէջէն, նախընտրել  մէկը միւսէն, բախտաւոր այլ առիթի մը թողլով մնացեալներուն ընթերցումը։

Այնուամենայնիւ երբեք դժգոհ չենք։ Տպագրական մամուլին ճռինչը կը խանդավառէ մեզ, որովհետեւ գիտենք, թէ մեր գաղութային ապրումներուն մէջ անպայման իրենց  ուրոյն տեղը ունին հայերէն գիրքերը։ Սուրիահայ տպագրութիւնը յենարան մըն է մեր ազգային տոհմիկ մշակոյթին՝ դպրոցներու, գեղարուեստական ձեռնարկներու ու  համայնքային-եկեղեցական գործունէութեանց քովն ի վեր։

Մակար սրբազանի ստորագրութիւնը կրող հատորները, բոլորն ալ, հայացումներ  են, այսինքն՝ թարգմանութիւններ օտար լեզուներէ (անգլերէնէ կամ արաբերէնէ) ու  բոլորն ալ կը կրեն գերազանցապէս աստուածաբանական ու կրօնամեկնողական  բնոյթ։ Այս ծիրը թարգմանիչ սրբազանին սիրելի ու նախընտրելի դաշտը եղած է  հինէն իվեր։ Սրբազանը աննկուն գաղափարախօսի մը պէս հետամուտ է, տեւաբար,  իր խնամքին յանձնուած հօտին մէջ տարածելու Աստուածաշունչի յաւերժական  ճշմարտութիւնները, որոնցմով տոգորուած ու կլանուած է ինք ամբողջ էութեամբ։  Յայտնի է որ օտարագիր ընթերցումները խորապէս ազդելէ ետք իր վրայ՝ մղած են  զինք թարգմանական աշխատանքի ,– յոգնեցուցիչ ու ոչ-դիւրին գործ մը,– այդպիսով իր ապրումներն ու սեւեռումները կիսելու իր շուրջիններուն, իր հօտի  զաւակներուն հետ։

Տակաւին քանի մը ամիս առաջ, այս սիւնակներուն մէջ, մենք անդրադարձեր էինք  սրբազան հօր «Աստուածաբանական եւ վարդապետական նիւթեր» հատորին։ Այսօր  հաճոյքով կ՛ողջունենք անոր շարունակութիւնն եղող Բ. հատորը, որ կը կոչուի  «Աստուածաբանական եւ ընկերաբարոյական նիւթեր»։

Նոր գիրքը 328 էջ է եւ նախորդին նման լոյսին եկած է Հալէպի «Ոսկետառ»  տպարանէն (2025)։ Հրատարակութեան մեկենասութիւնն ազնուօրէն ստանձնած է  ողբացեալ Գէորգ Շահինեանի ընտանիքը։

Թէեւ գիրքը կ՛ընդգրկէ 25-ի չափ այլազան յօդուածներ, սակայն, ինչպէս վերնագիրը կը թելադրէ արդէն, զանոնք կարելի է համախմբել երկու հիմնական գլուխներու տակ՝ աստուածաբանութիւն եւ  ընկերաբարոյական նիւթեր։

Աստուածաբանութիւնը դիւրաւ ընկալելի ուսմունք մը չէ առհասարակ։ Մեր  ժողովուրդը գրեթէ չի հետաքրքրուիր, «գլուխ չի ցաւցներ» աստուածաբանական  նիւթերով, այնպէս ինչպէս՝ մեր դպրոցներէն ներս «Կրօն» կոչուած դասանիւթը,– ըստ մեզի՝ շա՛տ կարեւոր առարկայ մը,– ունկնդիր ու հետեւորդ չի գտներ ընդհանրապէս…։ Անշուշտ, պէտք է ախտաճանաչել այս երեւոյթը ու դարմանել զայն։

Չենք ուզեր պնդել, թէ կրօն ու հաւատք բոլորովին դուրս են մեր ապրումներէն։ Ո՛չ։ Եւ սակայն, մեր դարաշրջանի «կրօնական ապրում»-ը այլափոխուած է կարծէք, զգեցած է մեր աւանդական եկեղեցական ըմբռնումներէն տարբեր տարազ մը, ենթակայ է տարբեր մօտեցումի մը, եւ ասիկա՝ դրդումովն ու քաջալերանքովը հոս ու հոն կեանքի կոչուած ինքնաբոյս «աղօթարան»-ներու, որոնք,– խոստովանինք,– դիւրութեամբ ու հեզասահօրէն դէպի իրենց կը քաշեն մեր եկեղեցւոյ զաւակները,  ընկերութեան բոլո՛ր խաւերէն, 7-77 տարեկան։

Ի՞նչ պէտք է ընէ եկեղեցին,– հարկ է որ լուսաբանէ իր հօտը այն բոլոր նիւթերուն կամ հարցադրումներուն շուրջ, որոնք այսօրուան մեր ընկերութեան (յա՛տկապէս երիտասարդութեան) միտքը կրնան զբաղեցնել։

Զորօրինակ, ո՞վ են շաբաթապահները կամ գալստականները։

Մեր նախաեղեռնեան շրջանի գրականութենէն իմացեր էինք, թէ բանաստեղծ  Ինտրան (Տիրան Չրաքեան) շաբաթապահ էր…։ Որեւէ ատեն առիթը չէինք ունեցած  հետաքրքրուելու կրօնական այս թեքումին բնոյթով։ Այսօր, սակայն, Մակար  սրբազանին գիրքէն մանրամասն կը սորվինք, թէ ո՞վ են շաբաթապահները, ի՞նչ կը       քարոզեն, ի՞նչ կը դրժեն կամ ինչի՞ կը հաւատան, ինչո՞վ կը հակադրուին եկեղեցիին։ Լման 30 էջ յատկացուած է այս նիւթին։

Ահա՛ զուտ աստուածաբանական ուրիշ հարցադրում մըն ալ. «Աստուած գոյութիւն ունի՞, Աստուած կա՞յ»։ Շուրջ 17 էջ յատկացուած է այս նիւթին, հայացնելով զայն  Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ ժամանակակից հայրերէն Դաւիթ Լամէիի  գաղափարներէն։

Անձնապէս, այս միեւնոյն նիւթին շուրջ կը յիշենք կարդացած ըլլալ հալէպաբնակ  Մխիթարեան վարդապետներէն լուսահոգի Հ. Եփրեմ Տէր Ղազարեանի երկու  հատորները, ուր հեղինակ վարդապետը համոզկեր մերձեցումով մը կը փորձէր  ապացուցել Աստուծոյ գոյութիւնը, բանականութեան յագուրդ տուող փաստերով։ Հոս կ՛արժէ յիշել մեր Օրմանեան սրբազանն ալ, որ թէ՛ Ս. Էջմիածնայ մէջ  աստուածաբանական դասընթացք հաստատեց, թէ՛ ալ Արմաշու դպրեվանքին մէջ,  տարիներ շարունակ (ԺԹ. դարու վերջերը), աստուածաբանութիւն դասաւանդեց։ Իր աշակերտները կը պատմեն, որ Օրմանեան դասարան կը մտնէր ու ամբողջ մէկ ժամ, բազմաթիւ ապացոյցներու մէջբերումներով, կը փաստարկէր, թէ Աստուած գոյութիւն ունի՛, անտարակոյս։ Յաջորդ դասապահին, նոյն Օրմանեանը դասարան կը մտնէր ու կը յայտարարէր. «Հիմա ալ եկէ՛ք փաստենք, թէ Աստուած գոյութիւն չունի…»։ Ու  քննարկումը կը շարունակուէր…։

Աստուածաբանութեան իւրայատուկ ընկալում մը, չէ՞։

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՄԵՆԵՑՈՒՆ

Next Post

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԴՈԿՏ. ՌՈՒԲԷՆ ԱՒՇԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Next Post
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԴՈԿՏ. ՌՈՒԲԷՆ ԱՒՇԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԴՈԿՏ. ՌՈՒԲԷՆ ԱՒՇԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.