Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՄԵՆԵՑՈՒՆ

ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

August 19, 2025
in Յօդուածներ
0
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՄԵՆԵՑՈՒՆ

 

Ուրբաթ, 8 Օգոստոսին, նախագահ Թրամփի ջանքերով Սպիտակ տան մէջ նախաստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, որ վերջ կը դնէր երկու երկիրներուն միջեւ մղուած արիւնոտ պատերազմներուն:

Յառաջիկային կ’ակնկալուի, որ կողմերը պաշտօնապէս ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիրը:

Սոյն համաձայնագրով Ատրպէյճան կը հասնէր իր երազածին՝ Հայաստանի հարաւով կապուելու Նախիջեւանի հետ, եւ Հայաստանն ալ իր վիզէն հեռու կը պահէր այն սուրը, որ իր դէմ յարատեւ կը ճօճուէր:

Սեւրի դաշնագիրը (10 Օգոստոս 1920), որ Ուիլսընեան Ամերիկային կ’ընծայէր Հայաստանի վրայ գաղութատիրութիւն հաստատել եւ սակայն ամերիկեան գոնկրէսին կողմէ այդ ատեն մերժուեցաւ, այժմ Թրամփեան Ամերիկան կու գայ Հայաստան որպէս տեսակ մը նոր օրերու գաղութատէր:

Կնքուած համաձայնագիրը աշխարհաքաղաքական իրավիճակի հարուած մըն է Ռուսիոյ, որ Խորհրդային միութեան անկումէն ետք եւ ամբողջ 35 տարի միջնորդի դեր խաղալով՝ փորձեց իր ազդեցութիւնը ամրացնել (անյաջող կերպով) Հարաւային Կովկասի մէջ:

Աշխարհի բոլոր կողմերէ եղած յայտարարութիւնները շնորհաւորեցին հաշտուող երկու երկիրները եւ մասնաւոր գնահատանքի խօսքերով ողողեցին փառաբանուելու մարմաջով տառապող նախագահ Թրամփը:

Իրանի հոգեւոր գերագոյն առաջնորդին խորհրդականը՝ Ալի Աքպար Վիլայեթի, առաջին  ժխտական ակնարկով մը ըսաւ, թէ «այդ միջանցքը պիտի չդառնայ անցք մը Թրամփի կողմէ տիրացուած, այլ պիտի ըլլայ Թրամփի վարձկաններու գերեզմանատունը»: Ապա, սակայն, աւելի մեղմացնելով այդ թոնը՝ Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը սկզբունքով ողջունեց խաղաղութեան ընթացքը երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ ու որոշ կարմիր գիծեր զետեղեց այդ միջանցքի գործադրութեան առնչութեամբ՝ զգուշացնելով, թէ արտաքին որեւէ միջամտութիւն իր սահմաններուն կից պէտք է նկատի առնէ եւ չոտնակոխէ շրջանի ապահովութիւնն ու  մնայուն կայունութիւնը:

Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Պաղայի կարեւորեց Իրանի հետ խորհրդակցելու անհրաժեշտութիւնը իր շահերը պաշտպանելու համար, եւ ըսաւ, թէ արդէն նման խորհրդակցութիւններ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի հետ յառաջիկայ Երկուշաբթիէն սկսեալ:

Իր կարգին, Ռուսիա ալ զգուշաւոր ողջունեց կնքուած համաձայնութիւնը՝ ըսելով, թէ Մոսկուա համամիտ է Կովկասի մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճութեան ջանքերուն:

Երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնագրէն զատ, անջատ պայմանագրեր կնքուեցան մէկ կողմէ Ամերիկայի եւ Հայաստանի միջեւ, միւս կողմէ ալ՝ Ամերիկայի եւ Ատրպէյճանի, բարձրացնելու համար գործակցութեան մակարդակը նշեալ երկիրներուն միջեւ ուժանիւթի (energy), ճարտարագիտութեան (technology) եւ տնտեսութեան (economy) բնագաւառներէն ներս:

Հայաստանի հարաւը 32 քիլոմեթրի վրայ երկարող միջանցքը (transit corridor) պիտի կոչուի Trump Route for International Peace and Prosperity (TRIPP) (կ’ըսուի թէ այս անուանումը Հայաստանի կողմէ առաջարկուած է): Թրամփի միջանցքը պիտի ունենայ երկաթուղագիծ, նաֆթախողովակներ եւ կազախողովակներ, fiber optics-ի մալուխեր: Արդէն 9 շինարարական ընկերութիւններ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած են գալիք շաբաթներուն ստանձնելու միջանցքին շինարարութիւնը:

Այժմ կը մնայ գիտնալ, թէ ի՞նչ պիտի ըսեն Հայաստանի ներկայ իշխանութեան հակառակորդները: Վստահաբար պիտի պատճառաբանեն, թէ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող մեր բանտարկեալներուն մասին խօսք չկայ, թէ Արցախէն բռնահանուածներուն մասին խօսք չկայ, եւ պիտի երկարին անոնց կողմէ եղած «չկայ»-ները…:

Պէտք է հաւատալ, որ խաղաղութեան կնքումով կիրքերը կը հանդարտին, ատելութիւնը կը մեղմանայ, կենսամակարդակի բարձրացումով շնութիւնը կը վերանայ, եւ մարդը մարդուս հետ խօսելով ընկերանալու եւ մարդանալու ճանապարհով կ’ընթանայ: Խաղաղութեան մթնոլորտը կրնայ աւելի հեշտ դարձնել բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ արցախցիներուն ալ տունդարձը կը դարձնէ միջազգայնօրէն ապահովուած կարելիութիւն:

Եւ հայրենի սրբավայր ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ մեր երիտասարդ ննջեցեալներուն թիւը առյաւէտ կը պակսի:

Եւ մեր Եկեղեցւոյ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՄԵՆԵՑՈՒՆ մաղթանքը կ’իրականանայ:

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ՝ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post

«ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ» (Բ. ՀԱՏՈՐ) – 1

Next Post
«ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ»  (Բ. ՀԱՏՈՐ) – 1

«ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ» (Բ. ՀԱՏՈՐ) - 1

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.