Այլազան

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ «ՏԷՐԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ»ԻՆ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ

  Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան հայագիտական գրադարան»ը խորին գոհունակութեամբ կը տեղեկացնէ, որ վերջերս բազմաթիւ արժէքաւոր հրատարակութիւններու նուիրատուութիւն ստացած է Հայաստանի...

Read moreDetails

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 37 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

    «ԱՐԱՐԱՏ», 6-11 Յուլիս 1970 Նախորդ թիւով մը անդրադարձեր էինք այն դատին, որ Պէյրութի թրքական  դեսպանատունը բացեր էր «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն դէմ,  ամբաստանելով զանոնք Թուրքիոյ նախագահը անարգած ըլլալու մեղադրանքով։  Հայ երկու թերթերը անմիջապէս շարժման անցեր էին,-- այս անգամ՝ բարեբախտաբար միասնական կեցուածքով մը,-- ու լիբանանցի ծանօթ դատաւորի մը՝ մեթր Մոհսէն Սլիմի, յանձներ էին իրենց  դատին պաշտպանութիւնը։ Արդ, քանի մը նիստերէ ետք՝ դատարանը արձակեր է իր վերջնական վճիռը ու  անպարտ հռչակեր է հայ թերթերը իրենց ուղղուած ամբաստանութիւններէն։   «Արարատ» յաղթանակի այս լուրը կու տայ ակներեւ գոհունակութեամբ։ «Հայ  մամուլը անպարտ արձակուեցաւ. լիբանանեան արդարութիւնը մերժեց  թրքական բողոքը», կը խորագրէ թերթը եւ կու տայ որոշ մանրամասնութիւններ։  Արդարեւ, դատախազութիւնը նշեր է, որ լիբանանեան օրէնքով թերթ մը կը  պատժուի, եթէ երբեք հրատարակէ յօդուած մը, որ կրնայ վնասել Լիբանանի եւ  բարեկամ երկրի մը միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեանց։ Մինչդեռ, այս  պարագային, ստուգուեր է որ մեղադրեալ հայերէն լրագրերուն մէջ «Թուրքիոյ  Հանրապետութեան նախագահը անուանարկող ոչ մէկ արտայայտութիւն կայ», այլ  կայ միմիայն 1915-ի ջարդերը գործադրող ղեկավարներուն քննադատութիւնը…։...

Read moreDetails
Page 14 of 69 1 13 14 15 69