Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լեւոն Շառոյեանի Հեղինակութեամբ «Հայ Գիրի Եւ Մշակոյթի Տարօնցի Սպասաւորներ» Երկասիրութեան Ա. Հատորը Լոյս Տեսաւ Հալէպի Մէջ

July 2, 2026
in Մշակութային
0
Լեւոն Շառոյեանի Հեղինակութեամբ «Հայ Գիրի Եւ Մշակոյթի Տարօնցի Սպասաւորներ» Երկասիրութեան Ա. Հատորը Լոյս Տեսաւ Հալէպի Մէջ

Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան Հալէպի վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ տպագրուած ու հրապարակ հանուած է իր կողմէ հովանաւորուած նոր հատոր մը, որ կը կոչուի «Հայ գիրի եւ մշակոյթի ՏԱՐՕՆՑԻ սպասաւորներ»։

Պատմագիտական ու բանասիրական բնոյթի այս նորատիպ գիրքին հեղինակը հալէպաբնակ կրթական մշակ ու գրականագէտ Լեւոն Շառոյեանն է։

Հատորը 320 էջ է ու պատկերազարդ։ Ինչպէս խորագրէն ալ կարելի է ենթադրել՝ երկասիրութիւնը լուսարձակ կը բանայ պատմական Տուրուբերան նահանգի (Տարօն, Մուշ, Բաղէշ, Սասուն եւ շրջակայք) ծնունդ այն բոլոր մտաւորական դէմքերուն վրայ, որոնք ծառայած են հայ գիրին ու դպրութեան եւ առաւել կամ նուազ չափով ներդրում մը ունեցած են հայ ընդհանրական մշակոյթի ծաղկումին մէջ։

Այսպէս, սկսելով Հացեկաց գիւղի մեծ զաւկէն՝ Մեսրոպ Մաշտոցէն, գիրքին մէջ ժամանակագրական կարգով կը տողանցեն նախ հին դարերու տարօնցի երեւելի դէմքերը՝ Մովսէս Խորենացի, Մամբրէ Վերծանող, Դաւիթ Անյաղթ, Յովհան եպս. Մամիկոնեան եւ այլն, այնուհետեւ անոնց կը միանան յաջորդ դարերէն ծանօթ-անծանօթ բազմաթիւ դէմքեր։ Առատ են մա՛նաւանդ միջին դարերու դէմքերը. հոս կը գտնենք պատմիչ Ստեփանոս Ասողիկ Տարօնացին, կրթական ու հոգեւոր գործիչ Պօղոս Տարօնացին, Յովհաննէս վրդ. Կոզեռնը,  երաժշտագէտ Խաչատուր Տարօնացին, Գլաձորի համալսարանի հիմնադիրները՝  Ներսէս Մշեցին ու Եսայի Նչեցին, մանրանկարիչ Թորոս Տարօնացին, մատենագիր Գրիգոր Խլաթեցին, մինչեւ իսկ Ս. Գրիգոր Տաթեւացին, որուն համար կ՛ըսուի, թէ տարօնցի ծնողաց զաւակ է։ Այս շարքը դեռ կ՛երկարի՝ ընդգրկելով  Առաքել Բաղիշեցին, տաղերգակ Մկրտիչ Նաղաշը, պատմիչ Թովմա Մեծոփեցին եւ տասնեակ մանրանկարիչներ, ծաղկարարներ ու հոգեւորականներ, ոմանք՝ նուիրապետական աթոռներու գահակալներ՝ ի Ս. Էջմիածին, ի Սիս, յԱղթամար, Երուսաղէմ եւ Կ. Պոլիս։ Այս բոլորին կենսագրութիւնները զուգորդուած են տեղագրական, պատմագիտական եւ մատենագիտական հարուստ տուեալներով, որոնք մեծապէս դիւրամատչելի կը դարձնեն գործին ընթերցումն ու ընկալումը։ Առաւել եւս՝ գործը կը վերածեն սկզբնաղբիւրի մը։

Ակնյայտ է, որ Լեւոն Շառոյեան երկար տարիներ աչքի լոյս թափած է այս աշխատասիրութեան վրայ, պրպտելով ու պեղելով ոչ միայն առկայ տպագիր հայ մատենագրութիւնն ու գրականութիւնը, այլեւ հայ մամուլի հին հաւաքածոներ, անոնց խորշերէն դուրս բերելով թանկագին ու յաճախ անստգիւտ տուեալներ։

Իր յառաջաբանին մէջ, հեղինակը իր այս գործը կը նկատէ Տարօն Աշխարհին ձօնուած արեան ու սրտի պարտք մը։ Բծախնդիր մօտեցումով, ճշգրտասիրութեամբ եւ մա՛նաւանդ արեւմտահայերէն մեր մայրենի լեզուին նկատմամբ ցուցաբերուած կատարեալ փարումով ու հոգածութեամբ՝ Լ. Շառոյեան ընթերցողին առջեւ կը փռէ անծանօթ տեղեկութիւններու եւ յորդահոս գիտելիքներու վիթխարի պաշար մը, որ վստահաբար պիտի գնահատուի ու արժեւորուի հայ բանասիրութեան կալուածէն ներս։

Հատորին սկիզբի էջերուն վրայ հեղինակը թռուցիկ ակնարկով մը տուած է ամփոփ պատմականը Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան, որ հիմնուած է 1917-ին, Ամերիկա։ Այդ թուականէն ցայսօր՝ Միութիւնը ծաւալած է բազմադիմի գործունէութիւն, պարբերաբար հրատարակելով նաեւ գիրք ու մամուլ։

Նորատիպ գիրքը երկարաշունչ ծրագրի մը Ա. հատորն է։ Յաջորդ Բ. հատորը պիտի ընդգրկէ Տարօնի զաւակ այն մտաւորականները, որոնք ապրած ու գործած են առաւելաբար Սփիւռքի եւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Եւ այս դաշտը շա՛տ ընդարձակ է։ Արդէն, ներկայ հատորին Բ. գլուխը նախաճաշակ մը կու տայ յաջորդ հատորին մասին, որովհետեւ այստեղ ներկայացուած են որոշ չափով մեզի ժամանակակից տասը դէմքեր, ինչպէս՝ «Ազդարար»-ի խմբագիր Մանուկ Ասլանեան, ներհուն մտաւորական Հմայեակ Գրանեան, ֆրանսահայ արձակագիր Պետրոս Զարոյեան, գրագէտ Եդուարդ Տարօնեան, մատենագէտ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, բանաստեղծ Սասուն Գրիգորեան եւ այլն։

Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւնը կը յուսայ, որ տարբեր գաղութներու իր մասնաճիւղերն ու անհատ հայրենակիցները գործնապէս կը սատարեն այս արժէքաւոր հատորին տարածման ու ծանօթացման, ի պանծացումն կորուսեալ մեր բնօրրանին ու անոր արգանդէն ծնած հայ տաղանդներուն։

Share61Tweet38
Previous Post

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հարիւրամեակը՝ Յիշատակում Եւ Ազգային Ռազմավարութեան Նոր Տեսլական

Next Post

Լուրեր. 4 Յուլիս 2026

Next Post
Լուրեր. 4 Յուլիս 2026

Լուրեր. 4 Յուլիս 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.