Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Պոլսէն (արձագանգ թրքահայ կեանքի) – 2

 Լ. Շ.

July 11, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Պոլսէն (արձագանգ թրքահայ կեանքի) – 2

ՊՈԼՍՈՅ «Աթլաս» շարժանկարի սրահին մէջ, 4 Յունիսին, համայնքային ու հանրային մակարդակով մեծարանքի հանդիսութիւն մը կայացած է ի պատիւ ասմունքի անզուգական վարպետ ու պոլսահայ բեմերու երկարամեայ զարդ տիկ. Սիլվա Կոմիկեանի։ Ձեռնարկը միասնաբար կազմակերպած են Հայոց պատրիարքարանն ու Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը, սակայն գործնականօրէն՝ կազմակերպչական աշխատանքները ծրագրած ու վերահսկած են Կոմիկեանի մօտիկ համակիրները։ Բացման խօսք արտասանած է երեկոյթին հանդիսավարը՝ Թամար Մանկասարեան։

Նախ ցուցադրուած է տեսերիզ մը, ուր զրոյց մը կը կատարուէր մեծարեալին հետ՝ իր կենսագրութեան մասին։ Հայկական տարբեր վարժարաններէ մեծաթիւ ուսանողներ կատարած են արեւմտահայ կամ իսթանպուլահայ բանաստեղծներէ արտասանութիւններ, իսկ չափահաս արուեստագէտներ հրամցուցած են հայերէն երգեր, երաժիշտներու ընկերակցութեամբ։ Գեղարուեստական այս երկարաշունչ յայտագրի աւարտին բեմ բարձրացած է Սիլվա Կոմիկեան, որ ասմունքած է երանաշնորհ Վազգէն Ա. կաթողիկոսին հայ ժողովուրդին ուղղած մէկ պատգամը, որ խորապէս յուզած է ներկաները։ Հուսկ բանքը արտասանած է Սահակ պատրիարք, որ նկատել տուած է թէ մեծարեալը թէեւ բանաստեղծութիւն չէ գրած, սակայն մեծապէս սատարած է բանաստեղծներու եւ արձակագիրներու գրութեանց կենդանացումին ու տարածման։ Նշենք, որ յիսուն տարիէ իվեր Սիլվա Կոմիկեան անհամար անգամներ բեմ բարձրացած է Պոլսոյ ու արտասահմանի մէջ եւ մի՛շտ ալ յաջողած է կախարդել իր ունկնդիրները։ Ան կողակիցն էր մօտիկ անցեալի իսթանպուլահայ գրականութեան յայտնի արձակագիրներէն տոքթ. Վարդան Կոմիկեանի։

ՊՈԼՍՈՅ Տոլմապահչէի պալատի նախագահական հիւրասենեակին մէջ, 8 Յունիսին, Սահակ պատրիարք Մաշալեան ներկայացած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի ու տեսակցութիւն մը ունեցած անոր հետ։

Հանդիպման ներկայ եղած են Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Աքըն Կիւրլէք, մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ եւ ԱՔ կուսակցութեան (իշխանութեան գլուխ գտնուող) Պոլսոյ հայազգի երեսփոխաններէն տոքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Քննարկուած են համայնքը յուզող հրատապ խնդիրներ, նաեւ՝ Իսկէնտէրունի եւ Տիգրանակերտի հայոց եկեղեցիներուն վերանորոգութեան վերաբերեալ հարցեր։

ԴԷՊԻ ԱՐՄԱՇ՝ նախաեղեռնեան շրջանի երբեմնի հայաբնակ գիւղը, որ այնքա՜ն նշանաւոր էր իր Դպրեվանքով ու հոնկէ շրջանաւարտ փայլուն հոգեւորականներով, միօրեայ պտոյտ մը կատարած է պոլսահայերու 150 հոգինոց ուխտաւորներու խումբ մը, 11 Յունիսին։ Խումբը գլխաւորած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան, ընկերակից ունենալով պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեանն ու Յարութիւն վրդ. Տամատեանը, նաեւ՝ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ու Դպրեվանքի (լիսէ) շրջանակէն դէմքեր։ Նախքան Արմաշ մուտքը, պատրիարքը փափկավարական այց մը տուած է Քոճաէլի նահանգի (մեզի ծանօթ Նիկոմիդիան) կուսակալ Իլհամի Աքթաշի։ Փոխանակուած են յուշանուէրներ։ Այնուհետեւ ուխտաւորները մտած են Արմաշ, որ ներկայիս կը կոչուի Աքմէշէ։ Երբեմնի հայկական հաստատութիւններէն գրեթէ բան չէ մնացած Արմաշի մէջ. ո՛չ Չարխափան Ս. Աստուածածին վանքը, ո՛չ նշանաւոր Դպրեվանքը։ Հոս, կարելի եղած է տեսնել միայն վանքին տպարանին շէնքը, վանապատկան աղբիւր մը եւ հին ջրաղաց մը….։

Մերձակայ պուրակի մը մէջ սարքուեր է սիրոյ սեղան։ Զաքարիա Միլտանօղլու բացատրութիւններ տուեր է ներկաներուն՝ հին Արմաշի վանքին  եւ կառոյցներուն մասին։ Իսկ պատրիարքը յիշեցուցած է, որ Արմաշի դպրեվանքին ոգին ու գաղափարը 1950-ականներէն մինչեւ 1970-ականներ ապրեցաւ Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրեվանքի կտուրին տակ։ Յատկապէս յիշատակած է երեւելի արմաշականներէն Գարեգին Խաչատուրեան պատրիարքը, որ 1951-ին այց մը կատարեր էր Արմաշ՝ փնտռելու համար հետքերը իր սիրելի կրթօճախին…։ Ուխտաւորները նոյն օրը վերադարձած են Պոլիս։ Նշենք, որ Արմաշու նշանաւոր դպրեվանքը հիմնուած էր 1889-ին՝ Օրմանեան Մաղաքիա եպիսկոպոսին ջանքերով։ Ան այդտեղ կոփած էր հոգեւորականներու սքանչելի սերունդ մը, իրեն աւագ գործակից ունենալով անմոռանալի Եղիշէ վրդ. Դուրեանը։

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Գալֆայեան վարժարանի (նախկին որբանոց) ամավերջի հանդէսը կայացած է 24 Յունիսին, առիթ հանդիսանալով որ յիշատակուի հաստատութեան 160-ամեակն ալ։ Ծնողաց կողքին՝ ներկայ գտնուած են Գալֆայեան միաբանութեան այժմու երկու անդամուհիներն ալ՝ մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան եւ քոյր Հռիփսիմէ Թերզեան։ Հանդիսավարութիւնը միասնաբար կատարած են Մելինա Զէնկիլ եւ Տիլան Գայմաք։ Նախ խօսք առած ու բարեմաղթանքներ արտայայտած է տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Պաստառի վրայ դրուագներ ու լուսանկարներ ներկայացուած են դպրոցին հին շրջանի պատմութենէն։

Աշակերտները յայտագիր մը գործադրած են երեք լեզուներով (հայերէն, թրքերէն, անգլերէն)։ Այնուհետեւ, ներկաները համախմբուած են վարժարանի պարտէզին մէջ, ուր բացօթեայ բեմի առջեւ ստացած են իրենց վկայականները։ Յաջողագոյն աշակերտները պարգեւատրուած են նուէրներով։ Գալֆայեան աղջկանց որբանոցը հիմնուած էր 1866-ին, Խասգիւղի մէջ։ Հաստատութիւնը ապասեփականացուած էր 1970-ականներուն, ինչ որ պատճառ դարձեր էր որ անիկա փոխադրուի Սկիւտար ու միանայ Սեմերճեան վարժարանին։

ԲԱՆԿԱԼԹԸԻ (Պոլիս) Մխիթարեան վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը կայացած է 23 Յունիսին, դպրոցին պարտէզին մէջ։ Հանդիսավարութիւնը կատարած են Հայասա Յարզուաթեան եւ Արտա Արըք։ Բացման խօսք արտասանած է Հ. Յակոբոս վրդ. Չօփուրեան, որ ուրախութիւն յայտնած է այն հետեւողական կապուածութեան համար, որ մխիթարեանցիներ կը ցուցաբերեն իրենց դպրոցին նկատմամբ։ Անոր յաջորդած են դոկտ. Սարգիս Սերոբ (հիմնադրի ներկայացուցիչ) եւ լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, որ յորդորած է շրջանաւարտները՝ ըլլալ խղճամիտ, ծառայասէր ու գթասիրտ։ Ընթացաւարտներուն ուղղեալ ուղերձներ արտասանած են Մխիթարեան Սանուց Միութեան ատենապետուհի Ժանին Ըրմաք եւ դպրոցի միջնակարգի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։

Այնուհետեւ բաշխուած են վկայականները, նուէրներ յանձնուած են յառաջադէմ աշակերտներու։ Հրաժեշտի խօսքեր ընթերցած են ընթացաւարտներ Միրա Պարսամօղլու (հայերէն) եւ Արտա Եուրթէրի (թրքերէն)։ Հուսկ բանքը արտասանած է Պոլսոյ Հայ gաթողիկէ համայնքի պատրիարքական կառավարիչ Վարդան ծ. վրդ. Գազանճեան։ Նշենք, որ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան թուականը կ’երթայ մինչեւ 1857։ Դպրոցը ունի մանկապարտէզէն մինչեւ լիսէ ընթացող բոլոր կարգերը։ Պատմական կրթօճախ մըն է, ուր, անցեալին, խստաբարոյ դաստիարակ-վարդապետներու շունչին տակ կոփուած են մշակոյթի ու գիրի սպասարկու մեծաթիւ դէմքեր, ինչպէս՝ իսթանպուլահայ ժամանակակից գրականութեան սպասաւորներէն Վարուժան Աճեմեան, Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Ռ. Հատտէճեան, Վարդ Շիկահեր, Օննիկ Ֆչըճեան, Արամ Գամպուրեան, Արա Կարմիրեան, Խորէն Մանաւեան եւ այլք։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ (Պոլիս) Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցած է դպրոցի «Հ. Աճառեան» սրահին մէջ, 23 Յունիսին։ Բացման խօսքով հանդէս եկած է տնօրէնուհին՝ տիկ. Գարին Թոկաչ-Չաղլըուզուն։ Սրտի խօսքեր արտասանած են Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեան, հիմնադիրի ներկայացուցիչ Սերտար Գասապճըլար եւ ուսուցչուհի Թիւլին Գարափէքմէզ։ Ընթացաւարտներու անունով հրաժեշտի ուղերձներ կարդացեր են երեք ուսանողներ՝ երեք տարբեր լեզուներով (հայերէն, թրքերէն, անգլերէն)։

Ծնողաց կողմէ ալ իր զգացումները արտայայտած է տիկ. Աղաւնի Մալխաս։ Վկայականներու բաշխումէն ետք փակման խօսք արտասանած է Գասպար աբղ. Կարապետեան։ Յաջորդած է դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուած երաժշտախառն խրախճանքը։ Քանի մը օր ետք կայացած է դպրոցին լիսէի (երկրորդական) բաժնի աւարտական հանդէսն ալ, տալով իր 57-րդ հունձքը։ Շրջանաւարտները իրենց վկայականները ստացած են լիսէի տնօրէնուհի Ալին Եիւճէլի ձեռամբ։

ՇԻՇԼԻԻ (Պոլիս) «Ճէմիլ Ճանտաշ» մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ, 17 Յունիսին, դաշնամուրի մենահամերգ մը տուած է պոլսահայ դեռատի երիտասարդ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու։ «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ, որ 18 տարեկան Պարէտը «երբ բեմ կը բարձրանայ, երբ կը նստի դաշնակին առջեւ, կարծես կը կերպարանափոխուի։ Երբ իր մատները կայծակնային արագութեամբ կը սահին ստեղնաշարին վրայ, ակամայ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, թէ տարիներու փորձառութեամբ միջազգային համբաւի տէր դաշնակահար մը կը դիտենք»։

Պարէտ ներկայ երաժշտասէրներուն հրամցուցած է դասական մեծ վարպետներու (Շոփէն, Պեթհովէն, Պրահմս, Ֆազըլ Սայ եւ այլք) յօրինումներէն նմոյշներ, նաեւ՝ հայկական ստեղծագործութիւններ (Խաչատրեան, Բաբաջանեան եւ այլք)։ Ան ցուցաբերած է արհեստավարժի վարպետութիւն եւ բեմական ինքնավստահութիւն՝ յաղթահարելով երգացանկին ակնյայտ դժուարութիւնները։ Համերգի աւարտին, նորածիլ այս տաղանդը ողջունած ու զայն գնահատած է Սահակ պատրիարք։

Share61Tweet38
Previous Post

Լուրեր. 11 Յուլիս 2026

Next Post

Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Ոգեկոչում Թորոնթոյի Մէջ

Next Post
Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Ոգեկոչում Թորոնթոյի Մէջ

Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Ոգեկոչում Թորոնթոյի Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.