Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ուղեղի Գործունէութեան Տոկոսը

Խորէն Փիլաւճեան (Հալէպ)

July 9, 2026
in Գիտական
0
Ուղեղի Գործունէութեան Տոկոսը

Նեարդաբանական, կենսաբանական եւ հոգեբանական վերլուծմամբ` մարդ արարածը իր ուղեղը կ’օգտագործէ 100 առ 100։ Այն տարածուած կարծիքը, թէ մենք կը գործածենք ուղեղին միայն մէկ փոքր տոկոսը, գիտական ոչ մէկ հիմք ունի։ Իրականութեան մէջ, ուղեղի տարբեր բաժիններ ունին տարբեր գործառոյթներ. մէկ մասը պատասխանատու է գիտակցական մտածողութեան եւ տրամաբանութեան համար, իսկ մնացած հսկայական մասը անդադար կ’աշխատի ենթագիտակցութեան մէջ` կազմակերպելով եւ կարգաւորելով մարմնի բոլոր հիւսուածքներն ու կենսական համակարգերը։

Ուղեղին միայն 10%-ը օգտագործելու գաղափարը զուտ շուկայական եւ գրաւիչ տեսակէտ մըն է, որ ժամանակի ընթացքին տպաւորուած է հանրութեան գիտակցութեան մէջ եւ վերածուած «օրէնքի»։

Այս թիւրիմացութիւնը յաճախ սխալմամբ կապուած է Այնշթայնի անուան հետ, սակայն փաստացի ոչ մէկ աղբիւր կայ, որ ան նման բան ըսած ըլլայ։ Անոր խօսքերը պարզապէս բառացի մեկնաբանուած է, մինչդեռ ան այլաբանական է։

Յերիւրանքի իրական արմատները կը հասնին 19-րդ դարու հոգեբան Ուիլիըմ Ճէյմսին։ Ան նշած էր, որ մարդիկ կ’օգտագործեն իրենց մտաւոր եւ մարմնային պաշարներու միայն մէկ մասը` նկատի ունենալով ներուժը։ 20-րդ դարուն այս միտքը ձեւափոխուեցաւ եւ ստացաւ հետեւեալ սխալ ձեւակերպումը` «Մարդը կ’օգտագործէ իր ուղեղին միայն 10 տոկոսը»։

Ինչո՞ւ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու գիտնականները յանգեցան այս սխալ եզրակացութեան։ Պատճառն այն էր, որ այն ժամանակ դեռ չէին կրնար ամբողջովին պարզել ուղեղի բոլոր բաժիններուն եւ բջիջներուն ճշգրիտ պարտականութիւնները։ Ուղեղին մէջ կան երկու հիմնական տեսակի բջիջներ. Նեարդաբջիջներ, որոնք կը կատարեն հիմնական մտածողական եւ ազդանշանային աշխատանքը։

Շերտաւորուած բջիջներ, որոնց գլխաւոր դերը նեարդաբջիջները իրար փակցնելն է, հիւսուածքը կազմելը, սնուցումն ու պաշտպանութիւնը ապահովելը։

Քանի որ շերտաւորուած բջիջները քանակով աւելի շատ են, քան նեարդաբջիջները, սկզբնական շրջանի հետազօտողները կարծեցին, թէ անոնք որեւէ աշխուժ պարտականութիւն չունին եւ անգործ են։ Այսպէս յառաջացաւ այն սխալ միտքը, թէ ուղեղին երեք քառորդը պարզապէս դատարկ տեղ կը գրաւէ եւ գործառոյթ չունի։

Եթէ հարցին նայինք կենսաբանական եւ եղափոխութեան տեսանկիւնէն, ուղեղին 90%–ը չօգտագործելը բացարձակապէս անհնար է։

Ուղեղի նիւթափոխանակութեան յարաբերակցութիւնը. ուղեղը կը կազմէ մարդու մարմնի ընդհանուր կշիռքին ընդամէնը 2%-ը, օրինակ՝ 100 քիլոյի պարագային՝ 2 քիլօ, 50 քիլոյի պարագային՝ 1 քիլօ։

Սակայն, այս փոքր անդամը առանձին կը սպառէ մարմին մտնող թթուածինին եւ ներուժին 20%-ը։

Եթէ ուղեղին երեք քառորդը չաշխատէր, եղափոխութիւնը երբեք թոյլ չէր տար նման շռայլութիւն։ Բնութիւնը ժամանակի ընթացքին կը պզտիկցնէր այդ աւելորդ բաժինը, որպէսզի ներուժը խնայէր, ըսելով` «քանի որ դուն արդէն թթուածին կ’ուտես եւ երեք քառորդդ չ’աշխատիր, ինչո՞ւ քեզ պահեմ՝ կը պզտիկցնեմ»։

Մարմնի կառուցուածքին մէջ գոյութիւն ունի ապաճման երեւոյթը, երբ անդամ մը կամ անոր մէկ բաժինի գործածութիւնը կը նուազի, մարմինը ինքնաբերաբար կը սկսի մեռցնել այդ հատուածը՝ դադրեցնելով արեան մատակարարումը։ Ասիկա կը նմանի նաեւ որոշ տարիքէ ետք կրծքագեղձի կամ շագանակագեղձի մէջ յառաջացող խնդիրներու քաղցկեղի, թէեւ քաղցկեղի պարագային այլ բազմաթիւ գործօններ ալ կան։ Հետեւաբար, եթէ ուղեղին 90%-ը չաշխատէր, ան պարզապէս կ’ապաճէր եւ կը մեռնէր։

Իրականութեան մէջ ուղեղը անդադար կը գործէ՝ թէ՛ արթուն, թէ՛ քնացած ատեն։ Ան կը կարգաւորէ շնչառութիւնը, սրտի զարկերը, հորմոնները, մարսողութիւնը, իսկ քնացած ժամանակ ալ կը վերլուծէ երազները։

Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի ուղեղին մէջ գոյութիւն ունեցող հայրենասիրութեան հատուածին, ապա կը տեսնենք ուղեղին դիմադրութիւնը փոփոխութիւններու նկատմամբ: Հայրենասիրութեան եւ ինքնութեան հոգեբանութիւնը նեարդաբանական կառուցուածքով կրնանք բացատրել նաեւ մարդկային համոզմունքները, օրինակ՝ խոր արմատներ ձգած հայրենասիրութիւնը։ Ժողովուրդը յաճախ կ’ըսէ. «Այսինչին ուղեղը լուացուած է հայրենասիրութեամբ»։

Նեարդաբանականօրէն երբ գաղափարները տարիներով կը կուտակուին եւ կ’ամրագրուին ուղեղին մէջ, ուղեղը կը ստեղծէ ապահովութեան գօտի եւ չի սիրեր փոխուիլ։ Ուղեղը միշտ կը դիմադրէ նոր մտածողութեան, որովհետեւ փոփոխութիւնը մեծ ներուժ կը պահանջէ։ Ասիկա կը նմանի միօրինակ ապրելակերպին. մարդիկ կը վախնան դուրս գալ ծանօթ միջավայրէն, որովհետեւ կը մտահոգուին, որ չեն կրնար ընտելանալ նորին։

Սակայն ինքնութեան փնտռտուքը հաւաքակա՞ն, թէ՞ անհատական ըլլալու է։

Երբ մարդուն հարցնենք՝ «Ո՞վ ես դուն», ան ընդհանրապէս նախ կը նշէ իր երկիրը, ազգը կամ կրօնը, փոխանակ ներկայացնելու իր անուն մականունը, կրթութիւնը, նախասիրութիւնները, ձիրքերն ու անձնական ձեռքբերումները։

Ինչո՞ւ մարդիկ իրենց արժանիքները կը կապեն հաւաքական գաղափարներու հետ` ազգ, հռչակաւոր գերդաստան եւ այլն։

Անհատական ինքնութիւնը կը պահանջէ ինքնուրոյն աշխատանք։ Եթէ փոխես համակարգը, կրնայ հարուածուիլ քու իսկական ինքնութիւնդ, ինչ որ ներքին վախ եւ մտավախութիւն կը յառաջացնէ։

Հաւաքական պատկանելիութիւնը` քեզ կը տանի դէպի աւելի մեծ եւ պատրաստի համակարգ։ Եթէ հարցադրողը քու ընտանիքէդ չէ, անհատական պատկանելիութիւնդ կրնայ անհեթեթ թուիլ իրեն։ Բայց եթէ հարցը տանիս դէպի ազգային մակարդակ, ուր հարցնողն ու պատասխանողը նոյն ազգէն են, անոնք միասին կ’ուրախանան եւ կը հպարտանան նոյն արմատներով, առանց անձնական ճիգի։

Աւելի ճիշդ կ’ըլլայ, որ մարդիկ իրենց ինքնութիւնը կերտեն սեփական ուժերով, զատորոշելով զայն երկրէն, լեզուէն կամ կրօնէն, որպէսզի «դուն՝ դուն ըլլաս»։

Հարցումի պարագային՝ նախ տան իրենց անունը, ապա ներկայացնեն իրենց գիտական կոչումներն ու արժէքները, քանզի իսկական ինքնութիւնդ դուն պիտի շինես։

Իսկ հաւաքական գաղափարները, երբ անդադար կը սերմանուին առանց քննական մտածողութեան, ուղեղին՝ փոփոխութիւններ մերժելու յատկութեան պատճառով, անոնք կրնան կամաց-կամաց արմատաւորուիլ եւ հետզհետէ վերածուիլ կուրօրէն մոլուցքի։

Share61Tweet38
Previous Post

Կին Եւ Գահ. Պատմական Դիմանկարներ

Next Post

Լուրեր. 11 Յուլիս 2026

Next Post
Լուրեր. 11 Յուլիս 2026

Լուրեր. 11 Յուլիս 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.