Սուրիոյ պատերազմի օրերուն չարագուշակ լուրերը կը յաջորդէին իրար: Ռումբ մը պայթեցաւ այսինչ տեղը, կազի շիշ մը նետեցին ծանօթի մը շէնքին վրայ՝ խլեց այսքան զոհեր, քանդուեցաւ այսինչ ընկերոջ բնակարանը, գործատեղին: Երկրաշարժի սարսափազդու ամիսներուն նոյնպէս տրամադրուած էինք լսելու ամենասեւ լուրն իսկ: Աւելի՛ն, հաշտուած էինք որ ամենավատ բանը կրնայ պատահիլ մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ, որեւէ վայրկեանին։
Այդ մահասփիւռ օրերուն ընկեր Հրաչին մահուան բօթը այդքան անակնկալ եւ դաժան պիտի չըլլար քան այսօր, համեմատաբար խաղաղ օրերուն, երբ նոյնիսկ բոլորս ալ կը գիտակցէինք որ ծանր հիւանդութիւն մը զինք կը տանջէր։ Ոչ ոք մտքին ծայրէն կ’անցընէր, որ զինք պիտի կորսնցնէինք այսքան կայծակնային արագութեամբ, առանց վերջին հրաժեշտի տեսակցութեան։
Ընկեր Հրաչին առողջական մտահոգիչ վիճակը գաղտնիք մը չէր մեզի համար: Համայն հալէպահայութեան եւ օտար բարեկամ շրջանակին գրեթէ առօրեայ հետաքրքրութեան առարկան դարձած էր, եւ իրարու՝ «Հրաչը ինչպէ՞ս է» հարցը կու տայինք, ո՛չ թէ որպէս սովորական հետաքրքրասիրութենէ մղուած, այլ պարզապէս Հրաչը առողջացած ու կազդուրուած տեսնելու յոյսով, դրական պատասխան մը առնելու ակնկալութեամբ, որպէս մեր սրտերու խորքէն բխած ցանկութիւն: Մեր մտքերուն ծայրէն անգամ չէինք ուզեր անցընել մօտիկ ապագային զինք կորսնցնելու գաղափարը, որն անմիջապէ կը վանէինք մեր մտքերէն, անձայն շշնչալով. «Այս ինչ անհեթեթ բան կը մտածեմ, ետիս անցի՛ր սատանայ»: Մենք համոզուած էինք, որ Հրաչը դարմանումէն պիտի վերադառնայ, իր բնական ժպիտով, իր աշխոյժ ոգիով ու խանդավառութեամբ։ Սակայն, ափսո՜ս, ան վերադարձաւ լուռ ու անշնչացած։
Անցան քառասուն օրեր, եւ սակայն մեր սիրտը տակաւին կը մերժէ հաւատալ անողոք ճշմարտութեան, թէ ընկեր Հրաչը այլեւս այս կեանքին մէջ մեզի հետ չէ։ Այդ անսովոր բացակայութիւնն է որ այսօր կը ծանրացնէ մեր սրտերը։ Որովհետեւ «Ապու Գէւօ»ն միայն անուն մը չէր, ոչ ալ սովորական ընկեր մը։ Ան կենդանի ներկայութիւն մըն էր, վստահութիւն ներշնչող լոյս մը։ Նոյնիսկ երբ իր մարմինը կը մարէր, Հրաչին միտքը կը բաբախէր ուրիշներու կեանքին համար։ Կը խորհէր ընտանիքին, ընկերներուն, շրջապատին եւ հեռաւոր հարազատներուն մասին։ Եւ երբ կը կարծէինք, թէ մենք պէտք է զինք քաջալերենք, իրականութեան մէջ ինքն էր, որ մեզ կը ոգեւորէր։ Իր ոգեղէն հզօրութեամբ մեզ կը բարձրացնէր եւ կը սորվեցնէր տոկալ:
Հրաչը լաւ կը հասկնար ամէն ինչ, սակայն չէր ուզեր հաւատալ։ Գիտէր, թէ ինչպիսի հիւանդութիւն մը զինք կը կրծէր։ Յատակը հասնող մոմի նման օրէ-օր, ամիսէ-ամիս կը շիջէր։ Վերջին շրջանին գրեթէ անճանաչելի դարձած էր շատ մը ծանօթներու համար: Սակայն ունէր այն հաւատը, որ ինք պիտի կարենայ յաղթահարել անոր:
Հալէպի մէջ կեցութեանս վերջին օրերէն մէկն էր: Իր ինքնաշարժին մէջ երկուքով էինք: Գիշերային լռութիւնը խախտուեցաւ իր գանգատով: Ըսաւ. «Մտահոգ եմ վիճակովս: Կը զգամ որ այդ գէշ հիւանդութիւնը ունիմ: Այս միտքերը զիս կը վրդովեցնեն մանաւանդ գիշերները կամ երբ առանձին ըլլամ: Շատ կը մտածեմ այս մասին, քունս խանգարուած է այս պատճառով»:
Հիւանդանոցէ-հիւանդանոց, Լիբանանէն դէպի Յորդանան փոխադրուելու ճամբուն վրայ ուշքն ու միտքը իր կուսակցական պարտականութիւններն էին: Իր անվերադարձ մեկնումէն 2 օր առաջ, Յորդանանի սահմանէն ուաթսափային ձայնային նամակ մը կը ղրկէր, ներողութիւն խնդրելով, որ «Արարատ»ի վերջին թիւերը չէր կրցած անձամբ Հալէպ տանիլ: Ահա այսպիսին էր Հրաչը․ նոյնիսկ իր վերջին օրերուն, նոյնիսկ ամենաճակատագրական վիճակին մէջ, անոր միտքը՝ գործին, պարտականութեան, համայնքին ծառայութեան մէջ էր։
Ընկեր Հրաչը ազնիւ էր իր կուսակցական եւ միութենական գործունէութեանց մէջ: Իր հիւանդութեան ամենադաժան օրերուն ստանձնեց Հալէպի շրջանի վերին մարմինի ղեկավարութեան պաշտօնը: Բան մը, որ միայն մարդկային վեհ բնաւորութիւն ունեցող անձերու վայել է: Անձ մը, որ դանդաղօրէն կը հիւծէր, սակայն իր մարելու վերջին շրջանին իսկ լուսաւորիչ պաշտօնը ձեռք կ’առնէ սիրայօժար կերպով: Ահա այսպիսի օրինակելի առասպելային անձ մըն էր ընկեր Հրաչը, որուն նմանօրինակը դժուար որ կարելի ըլլայ գտնել մեր օրերուն:
Ընկեր Հրաչ իւրայատուկ բնաւորութիւն մը ունէր: Չէր մոռնար եւ չէր մերժեր ոչ ոքի: Այն ղեկավարն էր, որ պաշտօններու ձգտում չունէր եւ իր շրջապատին օժանդակութիւնը պայմանաւորուած չէր մթին եւ քօղարկուած ծրագրերով:
Ես այսպէս ճանչցայ զինք: Ինծի համար Հալէպ կը նշանակէր ընկեր Հրաչ, իսկ ընկեր Հրաչ կը նշանակէր Հալէպ: Եւ ի զուր չէ որ ան յարգուած էր Հալէպի բոլոր հայկական եւ ոչ-հայկական շրջանակներուն կողմէ: Ան վստահութեան մթնոլորտ մը ներշնչած էր բոլորին մօտ, որմէ բնականաբար պիտի շահէր հալէպահայ համայնքը եւ յատկապէս՝ իր պատկանած կուսակցութիւնը:
Աշակերտած էր Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանը: Որպէս համեստ ընտանիքի մը զաւակը, ան լաւ կը հասկնար չքաւորութեան իմաստը: Բնաւ չմոռցաւ իր անցեալը եւ իր հերթին օգնութեան ձեռք երկարեց ե՛ւ Կիլիկեան ճեմարանին, ե՛ւ Նոր Սերունդի շրջանակին, ե՛ւ շատ մը կարիքաւոր ընտանիքներու: Հնչակեան կուսակցական էր, սակայն լայնախոհ էր ու կը յարգէր բոլորը: Իսկ բոլորն ալ գիտէին որ իրենց Միութիւնը կը վայելէր հնչակեան Հրաչին նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը: Ահաւասիկ համախոհական միասնական մթնոլորտի ջատագով մը երազային Հալէպի մէջ: Հալէպահայութիւնը իր բոլոր խաւերով եւ անդամներով, վստահ եմ, որ երկար պիտի յիշէ զինք, եւ քաջ վստահ եմ, որ իր բացակայութիւնը երկար ժամանակ զգալի պիտի մնայ շատերու քով:
Աչքը կուշտ բարերար անձ մըն էր ընկեր Հրաչը: Ինչքան ալ կը ջանար իր կատարած բարեգործութիւնները գաղտնի պահել, սակայն բոլորս ալ գիտէինք, որ ընկեր Հրաչը գիտէ ուրախ պահել աշխատաւորները, պաշտօնեաները, երիտասարդ զոյգերը, հիւանդանոցի եւ դեղորայքի կարիք ունեցող հիւանդները:
Թէեւ բարձրագոյն ուսում չունեցաւ, սակայն Կաղանդին «պապա» չունեցող կարմիր զգեստաւորն էր ան, հիւանդներուն՝ սպիտակ տարազով բժիշկը, վիճաբանող կողմերուն՝ արդար դատաւորը, տնազուրկին՝ ճարտարապետը:
Ընկեր Հրաչին անվերադարձ մեկնումը անդարմանելի կորուստ մըն է հալէպահայութեան համար։ Ճիշդ այն ատենը, երբ այս համայնքը իր ներկայութեան, իր ոգեղէն ուժին, իր ամուր ձեռքին ու սրտի ջերմութեան կարիքը ունէր, անգութ ճակատագիրը մեր միջէն խլեց զինք։ Որբացան ոչ միայն իր ընտանիքը, այլ նաեւ իր կուսակցական ընտանիքն ու Հալէպի համայն հայութիւնը։
Այս տխուր առիթով, իմ խորին ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ նախ իր տիկնոջ՝ Մայտային, իր որդիին՝ Գէւոյին ու տիկնոջ՝ Ռաքէլին, իր դստեր՝ Արազին ու փեսային՝ Արային, եւ իր թոռներուն։ Բայց նաեւ կը ցաւակցիմ Հալէպի շրջանի Վարիչ մարմինի ընկերներուն՝ ընկեր Հրանդ Ադդարեանին եւ ընկեր Ժագ Սնունուին, եւ անշուշտ իր պայքարի ընկերներուն, BARCO հաստատութեան պաշտօնէութեան եւ աշխատակազմին, եւ բոլոր այն անձերուն, որոնք ճանչցան ու սիրեցին զինք։ Անոր բացակայութիւնը երկար ժամանակ պիտի զգացուի մեր սեղաններուն շուրջ, մեր գաղութի կեանքին մէջ։
Հրաչը գնաց, այո՛, բայց Հրաչը պիտի չմոռցուի։ Անոր անունը պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ, մեր սրտերուն մէջ, եւ իր անունը ոսկէ տառերով պիտի փորագրուի հալէպահայ համայնքի պատմութեան մէջ։
Թող ընկեր Հրաչին անմար յիշատակը մեր սերունդներուն համար դառնայ ուղեցոյց եւ հալէպահայութեան համար՝ լուսաւոր ժառանգութիւն։ Թող անոր կեանքի օրինակը դառնայ նուիրումի, համբերութեան եւ ծառայասիրութեան ոգեղէն կուռք մը։

