Այսօր կ՛ընդլայնենք մեր այս սիւնակին աշխարհագրական ծիրը ու առաջին անգամ ըլլալով գիրկ կը բանանք շա՛տ կարեւոր հայօճախի մը՝ Պոլսոյ։
Պոլիսը իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւէ սփիւռքեան քարտէսին վրայ, որովհետեւ ան, տասնամեակներ շարունակ, կեդրոնն էր արեւմտահայ գրական, կրթական, եկեղեցական, մամլոյ ու առհասարակ ազգային-քաղաքական կեանքին։ Ու եթէ պիտի փափաքինք իմանալ, թէ վերջին 3-4 դարերուն ի՞նչ դեր ունեցաւ այս քաղաքը հայ կեանքի ու քաղաքակրթութեան ձեւաւորման մէջ, պարտինք ամէնէն առաջ դիմել Յ. Ճ. Սիրունիի քառահատոր կոթողային գործին՝ «Պոլիս եւ իր դերը»-ին (շարքը տպուած է Պէյրութ, 1965-1998)։
Պոլիս փետրաթափ եղաւ անշուշտ 1915-ի չարաշուք արհաւիրքին պատճառով։ Հայ գիրն ու միտքը կորսնցուց իր ուժերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը։ Ազգ. պատրիարքարանը, իր կարգին, թէ՛ կորսնցուց իր ընտիր հոգեւորականները (կարեւոր մաս մը՝ գաւառի մէջ ծառայող արմաշականներ), թէ՛ ալ Կիլիկիոյ ու Արեւմտահայաստանի իր բազմամարդ թեմերը…։
Այնուամենայնիւ, հայկական Պոլիսը շարունակեց շնչել, նոյնիսկ՝ ստեղծագործել, վերածաղկիլ, բոլորուելով Վոսփորի երկու ափերուն վրայ ցանցնուած իր դարաւոր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն շուրջ։ Այսօ՛ր եւս, Պոլիս, իր 45-ի չափ հայկական եկեղեցիներով (նկատի ունինք հայ երեք յարանուանութիւնները միասնաբար), 15 վարժարաններով, զոյգ հիւանդանոցներով (Ազգ. Ս. Փրկիչ եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Յակոբ), մամուլով, պատկերասփիւռի արբանեակային «Լոյս» կայանով, Սանուց միութիւններով կը ջանայ վառ պահել համայնքային ապրումներու ջահը։ Սակայն, պոլսահայ գաղութը ա՛լ թրքախօս է լայն չափով…։ Հայերէնը իր երբեմնի փառաւոր տեղը վերջին 30-40 տարիներուն հետզհետէ զիջած է տեղական լեզուին։ Ու ա՛յդ է պատճառը, որ իսթանպուլահայ ժամանակակից գրականութիւնը,– որ Զահրատի, Խրախունիի, Ռ. Հատտէճեանի, Զաւէն Պիպեռեանի, Մնձուրիի, Վարդ Շիկահերի, Արման Վարդանեանի ու այլոց ճիգերով բարձունքներ նուաճած էր 1960-2010 երկարող յիսնամեակին,– այսօր ՇԻՋԱԾ Է։
Դժուարութեամբ կը նաւարկեն Պոլսոյ հայատառ օրաթերթերն ալ՝ «Ժամանակ»-ն ու «Մարմարա»-ն։ Անոնք պարբերաբար ահազանգ կը հնչեցնեն՝ զգացնել տալով անխուսափելի ընկրկումի մը ոտնաձայնը…։ «Ժամանակ», սերունդէ-սերունդ՝ սեփականութիւնը Գոչունեան ընտանիքին, արդէն 118 տարեկան է (հիմնուած՝ 1908-ին)։ Վերջին տարիներուն ան յաջողած է իր շուրջ համախմբել Երեւան հաստատուած սփիւռքահայ երիտասարդ գրիչներ, որոնք այլազանութիւն մը շահեցուցած են իր չորս էջերուն։ 1940-ին հիմնուած «Մարմարա»-ն, որ նուազ քան տարի մը առաջ կորսնցուց իր երկարամեայ ու վաստակաշատ խմբագրապետը՝ գրագէտ Ռ. Հատտէճեանը, սակաւաթիւ ուժերով կը ջանայ առկայծ պահել աւանդական այն բոցը, որ լուսաշող արեւի մը նման ամէն օր կ՛երեւէր Վոսփորի հորիզոնին վերեւ…։ Կայ ողբացեալ Հրանդ Տինքի «Ակօս» թրքալեզու շաբաթաթերթն ալ, որ ունի հայերէն սահմանափակ էջեր։ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի համանուն ամսագիրը, այնքա՜ն փնտռուած ու սիրելի, կը թուի սուսիկ-փուսիկ դադրած ըլլալ՝ 75 տարի պատնէշի վրայ անխափան մնալէ ետք…։
Ստորեւ, մեր անդրանիկ հասկաքաղը պոլսահայ լուրերէն։
ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Նարեկեան» սրահին մէջ, 8 Յունիսին, երգչուհի Մարալ Այվազ տուած է համերգ մը, բաղկացած թէ՛ դասական ու թէ՛ արդի երգերէ։

Ժողովրդական շատ սիրուած երգերու առընթեր՝ մեներգչուհին իր մեկնաբանութիւններու ցանկին վրայ ունեցած է նաեւ երգեր Կոմիտասէն, Աշուղ Շահէնէն, Սայաթ-Նովայէն, Գուսան Աշոտէն, մինչեւ իսկ Փօլ Պաղտատլեանէն ու Արա Տինքճեանէն։ Երգերուն գործիքաւորումը կատարած է Արի Հերկէլ։ Համերգի աւարտին`գնահատանքի խօսքեր արտասանած է Սահակ պատրիարք։
ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, 14 Յունիսին, հայ համայնքի զաւակները ոգեւոր օր մը ապրած են՝ մասնակից դառնալով մէկէ աւելի նշանակալից ձեռնարկներու։ Նախ կիրակնօրեայ պատարագ մատուցուած է Յարութիւն քհնյ. Տամատեանի կողմէ։ Քարոզած է Սահակ պատրիարք, յատկապէս անդրադառնալով Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադիր Գարեգին Խաչատուրեան (Տրապիզոնի) պատրիարքի տեսլականին՝ Արմաշու երբեմնի դպրեվանքին գաղափարը անպայման ապրեցնելու Սկիւտարի բարձունքին։ Մինչ այդ, եկեղեցի հասած են դպրեվանքի (որ այլեւս երկսեռ լիսէ է եւ չունի հոգեւոր կրթօճախի բնոյթ) սաները, որոնք առաւօտուն Շիշլիի գերեզմանատան մէջ այցելութիւն տուեր էին վախճանեալ պատրիարքներու շիրիմներուն։

Բոլորին ներկայութեան՝ Սահակ պատրիարք «Օրհնութեան գիր» շնորհած է եկեղեցւոյ բազմամեայ ծառայ Արշաւիր սրկ. Պիւյիւքիշմանի (յիսուն տարուան ուրարակիր)։ Այնուհետեւ կատարուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ դպրեվանքի վախճանեալ վանահայրերուն յիշատակին։ Յետ եկեղեցական արարողութեանց, սիրոյ սեղան սարքուած է յարակից «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ։ Այստեղ սրտի խօսքեր արտասանած են Յարութիւն վրդ., Վահրամ սրկ. Լիւլէճեան եւ Սահակ պատրիարք, իսկ մեծարեալը յայտնած է իր շնորհակալութիւնները։ Այս բոլորէն ետք, ներկաները մէկտեղուած են եկեղեցւոյ պարտէզը, ուր կայացած է դպրեվանքի «Շրջանաւարտներու օր»-ը։ Պարգեւատրուած են իրենց շրջանաւարտութեան 50 եւ 25 տարիները բոլորողները։ Սրտի խօսքերով հանդէս եկած են Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Հայկ Սերքան Գյըճը, խնամակալութեան ատենապետ Ազատ Տէմիրճի, Սանուց միութեան ատենապետ Նուպար Տինչէօզ։ Հուսկ բանքը արտասանած է պատրիարք հայրը։
ՊՈԼՍՈՅ Կեդրոնական Սանուց միութեան սրահին մէջ, 19 Յունիսին, Սահակ պատրիարքի ներկայութեամբ բացումը կատարուած է լուսանկարչական ցուցահանդէսի մը՝ «Ինքնութիւն եւ որոնում» խորագրով։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է «Պոլիս լուսատու» համախմբումին կողմէ, որ կեանքի կոչուած էր քանի մը տարի առաջ՝ 15 արհեստավարժ լուսանկարիչներու կողմէ։

Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը այս ցուցահանդէսին մասնակցած է երկու լուսանկարով։ Ողջոյնի խօսք արտասանած է Սարգիս Կիւրեհ։ Խօսք առած է նաեւ պատրիարք հայրը, որ, յիշելէ ետք հայ լուսանկարչութեան հարուստ աւանդութիւնը, ըսած է թէ «լուսանկարչութիւնը պահը որսալու եւ ժամանակը կանգնեցնելու արուեստն է»։ Կազմակերպիչները իրենց լուսանկարներով ուզած են սեւեռումի ենթարկել երկու բան. նախ՝ հայկակա՛ն ինքնութիւնը, հայոց թողած հետքերը մշակոյթի ու պատմութեան վրայ, եւ ապա՝ Իսթանպուլի առօրեայ բազմաշերտ կեանքին թաքուն երեսները…։ Ցուցահանդէսը բաց մնացած է մինչեւ 26 Յունիս։
ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ (երբեմնի «Բերա» թաղաշրջանը) լատինաց Սէնթ Անթուան եկեղեցւոյ մէջ, 18 Յունիսին, Ֆէրիգիւղի «Վարդանանց» երգչախումբը արտակարգ համերգ մը տուած է, ընկերակից ունենալով «Պօրուսան» սենեկային նուագախումբը։

Երգչախումբը ղեկավարած է Սիպիլ Արսէնեան։ Մեկնաբանուած են դասական գործեր Պախէն, Մոցարթէն, Ֆորէէն, Սայկունէն եւ այլոցմէ, բայց նաեւ՝ Դաւիթ Հալլաճեանէն։ Համերգի աւարտին՝ գնահատական խօսքերով իր տպաւորութիւնները արտայայտած է Սահակ պատրիարք։
ԻՍԿԷՆՏԷՐՈՒՆԻ մէջ թէեւ կ՛ապրին սակաւաթիւ հայեր, սակայն դեռ կը պահպանուի ու «գործուն» կը սեպուի տեղւոյն Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին։ Բայց անիկա 2023-ի փետրուարեան մեծ երկրաշարժէն բաւական վնասուած էր ու կը կարօտէր վերանորոգումներու։ Այս նպատակով է որ տեղւոյն Ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան, ընկերակցութեամբ Հաթայ նահանգի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի, 23 Յունիսին այցելած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքին, Գնալը կղզիի պատրիարքական ամառանոցին մէջ։

Այցելուները յայտնած են որ պետութիւնը հինգ միլիոն թրքական լիրայի օժանդակութիւն մը խոստացած է իրենց՝ եկեղեցւոյ եւ յարակից շինութեանց վերակառուցման համար, սակայն այդ գումարը նախատեսուած ծախսերուն հազիւ մէկ տասներորդը կը դիմագրաւէ։ Ուստի՝ կը կարօտին համայնքային օժանդակութեան։ Սահակ պատրիարք խոստացած է պատրիարքական աթոռին աջակցութիւնը չխնայել՝ հարկաւոր նորոգութեանց ձեռնարկելու համար։ Յիշեցնենք, որ Իսկէնտէրունի եկեղեցին ամբողջ գաւառի տարածքին հայոց ձեռքը մնացած քանի մը աղօթատեղիներէն մին է, փոխան այն միւս հարիւրաւորներուն, որոնք չքացան 1915-ի Մեծ Եղեռնէն ու Կիլիկիոյ հայաթափումէն ետք…։

