Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Երուսաղէմէն (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

 Լ. Շ.

July 4, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Երուսաղէմէն (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

Ինչպէս նկատել տուած ենք աւելի առաջ ալ, Պաղեստինի հայ փոքրաթիւ գաղութին ազգային կեանքը կը թաւալի առաւելաբար կրօնաշունչ ապրումներու մէջ, իրեն առանցք ունենալով Սրբոց Յակոբեանց վանքն ու հայոց պատրիարքարանը։ Վանական կեանքին զուգահեռ՝ ազգային, կրթական, հրատարակչական ու մշակութային ամէն ձեռնարկ կերպով մը կը կրէ շուքը Հայոց Պատրիարքութեան, որ իր բազմադարեան գոյութեամբ պատմական կեդրոնն է պաղեստինահայ համայնքին, միաժամանակ վայելելով միջազգային ճանաչում եւ համաքրիստոնէական հեղինակութիւն։

Ստորեւ, հասկաքաղ մը՝ վերջին շաբաթներու սաղիմահայ լուրերէն.

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ, 6 Յունիսին, երեք կիսասարկաւագներ սարկաւագական կարգ ու ձեռնադրութիւն ստացած են ձեռամբ Թէոդորոս եպս. Զաքարեանի։

Ձեռնադրիչ սրբազանը ուրար կրելու (կը խորհրդանշէ Տիրոջ քաղցր լուծը), Աւետարան ընթերցելու եւ բուրվառով խնկարկելու իրաւունք շնորհած է տիրացուներ Մուշեղ Սարգսեանի, Զօրի Կարապետեանի եւ Առնօ Մխիթարեանի, որոնք ուսանող են վանքի ընծայարանի բաժնին մէջ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Հայոց Պատրիարքութեան պաշտօնաթերթը՝ «ՍԻՈՆ», լոյս ընծայած է իր նոր մէկ թիւը, որ ընթացիկ 2026 տարուան առաջին երեք ամիսներու (Յունուար-Փետրուար-Մարտ) միացեալ համարն է։ 140 էջանի սոյն թիւին մէջ ուշագրաւ յօդուածներու կամ ուսումնասիրութիւններու ներքեւ իրենց ստորագրութիւնը դրած են հոյլ մը մտաւորականներ, ինչպէս՝ Հայաստանէն Եւա Մնացականեան ու փրոֆ. Աշոտ Գալստեան (երաժշտագէտ Ռոմանոս Մելիքեանի մասին), Խաչիկ Դանիէլեան (եկեղեցական ճարտարապետութիւն), Սաթենիկ Խուրշուդեան (վիմագրական), Պոլիսէն Նարեկ քհնյ. Տէյիրմէնճեան (նամակագրութիւն՝ ընդմէջ Մեսրոպ վրդ. Նշանեանի ու Արշակ Չօպանեանի), Նելլի Գէորգեան (լեզուաբանական), Նաւասարդ Մարտոյեան (երանելի Յովհ. Գառնեցիի աղօթքները) եւ այլք։

Ընկալեալ սովորութեան համաձայն` պաշտօնաթերթին մէջ տեղ գտած են նիւթեր վանական ներքին կեանքի եւ առօրեայ ծիսակատարութեանց մասին, միաբաններու քարոզներէն նմոյշներ եւ այլն։ Յիշեցնենք, որ «Սիոն» կը գտնուի իր 99-րդ տարուան մէջ։ Անիկա սկսած է հրատարակուիլ (իբրեւ նոր շրջան) 1927-ին։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ «Սիոն» ամսագրի խմբագիր Ներսեհ վրդ. Ալոյեան, որ միաժամանակ պատրիարքարանի Կիւլպէնկեան մատենադարանի տեսուչն է, վերջերս տիրացած է «Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր»-ի կոչումի եւ համապատասխան վկայականի, Երեւանի համալսարանէն։ Երիտասարդ հոգեւորականը ունի գրական շեշտուած հակում ու իր յօդուածները ընդհանրապէս լոյս տեսած են «Սիոն»-ի վերջին տարիներու թիւերուն մէջ։

Այս առիթով է որ վանքի գահասրահին մէջ Նուրհան պատրիարք, վերջերս, միաբանական ընթրիք մը սարքած է Ալոյեան վարդապետին ի պատիւ, պատեհութիւն ստեղծելով որ միաբանները շնորհաւորեն իրենց հոգեւոր եղբայրը։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ ընծայարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցած է 15 Յունիսին, նախագահութեամբ լուսարարապետ Սեւան արքեպիսկոպոսի։ Նախ երգուած է վարժարանին «Սիրտ ի սիրտ» օրհներգը, ապա ժառանգաւորացի շրջանաւարտներէն չորս ուսանողներ ուղերձներ կարդացեր են չորս լեզուներով (հայերէն, անգլերէն, եբրայերէն ու արաբերէն)։ Ընծայարանի երեք շրջանաւարտներն ալ՝ Մուշեղ սրկ. Սարգսեան, տիրացու Հրանտ Բադալեան եւ տիրացու Սպարտակ Նազարէթեան, հանդէս եկած են հրաժեշտի խօսքերով։

Յայտագիրը շարունակուած է ասմունքով, դաշնամուրի կատարումով, մեներգով ու խմբերգով։ Տեսուչ Գէորգ վրդ. Հայրապետեան յորդորներ կատարած է շրջանաւարտներուն եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղած ուսուցիչներուն։ Վկայականաց բաշխումը կատարած է Սեւան արքեպիսկոպոս։ Բացի ընծայարանի 3 շրջանաւարտներէն, Ժառանգաւորաց վարժարանը տուած է 5 ընթացաւարտ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ հայոց Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի տարեփակի շրջանաւարտից հանդէսը կայացած է 16 Յունիսին, դպրոցի հանդիսասրահին մէջ։ Հանդիսավարութիւնը կատարած է տիկ. Անժելա Տիքպիքեան։ Սաները ներկայացուցած են երգեր, արտասանութիւններ ու պար։ Ուղերձներ կարդացուած են չորս լեզուներով (հայերէն, անգլերէն, եբրայերէն ու արաբերէն)։

Փակուող 2025-26 ուսումնական տարեշրջանի տեղեկագիրը ընթերցած է դպրոցին փոխտնօրէնը՝ Միհրան Տէր Մաթոսեան, որ ի սկզբանէ միջի այլոց շնորհակալական արտայայտութիւններ ունեցած է կարգ մը ուսուցիչներու հասցէին։ Վարժարանի տեսուչ Սերովբէ աբղ. Անտոնեանի սրտի խօսքէն ետք բեմ բարձրացած է Սրբոց Յակոբեանց վանքի լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեան ու բաշխած դպրոցի 68-րդ հունձքին վկայականները։ Այս տարի Թարգմանչաց վարժարանէն շրջանաւարտ եղած են 9 ուսանող-ուսանողուհիներ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ հայոց պատրիարքարան այցելած է, 21 Յունիսին, Անկլիգան եկեղեցւոյ նորընտիր պետ՝ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Տէյմ Սառա Մուլալլի, որ նշեալ եկեղեցւոյ 1400-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին կին արքեպիսկոպոսն է, որ կը ստանձնէ հոգեւոր պետի այս բարձրագոյն պաշտօնը։

Անգլիացի հիւր այցելուն եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ընդունուած են հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի ու միաբանութեան անդամներուն կողմէ։ Կողմերուն միջեւ զրոյց ծաւալած է Հայ եւ Անկլիգան եկեղեցիներու յարաբերութեանց եւ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան դերին ու պատմութեան շուրջ։ Արքեպիսկոպոսուհին Նուրհան պատրիարքին նուիրած է քարի վրայ գծագրուած արուեստի գործ մը։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ ընծայարանի ուսանողները, իրենց տեսուչին՝ Գէորգ վրդ. Հայրապետեանի առաջնորդութեամբ, տարեվերջի պտոյտի մը մեկնած են դէպի Եգիպտոս, յա՛տկապէս այցելելու համար պատմական, մշակութային ու կրօնական տեսարժան վայրեր։ Պտոյտը սկիզբ առած է 16 Յունիսին։ Ամէնէն առաջ, խումբը երկու օր հանգստացած է Կարմիր ծովու ափին՝ Շարմ էլ Շէյխ քաղաքը։ Հոնկէ անցնելով Գահիրէ՝ ուղեւորները առիթ ունեցած են պտտելու Եգիպտոսի Մեծ թանգարանը (փարաւոններու շրջանի ցուցանմոյշներով), Կիզայի բուրգերը։

Այնուհետեւ անոնք գացած են մինչեւ Աղեքսանդրիա (Միջերկրականի ափին), դիտած հին Եգիպտոսը խորհրդանշող վայրերը, այցելած՝ հայոց եկեղեցին։ Գահիրէ վերադառնալով՝ անոնք մասնակցած են հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին, նաեւ՝ առիթն ունեցած են հանդիպելու Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Թաւատրոս պապին։ Վերադարձը կատարուած է դա՛րձեալ Շարմ էլ Շէյխի վրայով, անմոռանալի յիշատակներ դրոշմելով տղոց յիշողութեան մէջ։

ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ հայ համայնքը, բայց նաեւ՝ Հայաստան եւ Սփիւռք, վերջին օրերուն  ուշադրութեամբ կը հետեւին այն լուրերուն, ըստ որոնց՝ Իսրայէլի կառավարութիւնն ու խորհրդարանը կը նպատակադրեն պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Առաջարկը եկած է արտաքին գործերու նախարար Կիտէոն Սաարի կողմէ , որ յայտնած է թէ «ճիշդ քայլ առնելու համար երբեք ուշ չէ»…: Նեթանիահուի կառավարութիւնը այս առթիւ պատրաստուած բանաձեւը արդէն իսկ յղած է խոորհրդարան, առ ի վաւերացում:  Հարցականները շատ են: Իսրայէլ, որուն քաղաքականութիւնը միշտ ալ թրքամէտ եղած է, հիմա ինչո՞ւ կը դիմէ Անգարան նեղացնող նման քայլի մը: Արդարութի՞ւն կը հետապնդէ…: Բնա՛ւ: Արցախի հայաթափումին ու հայ-ատրպէյճանական վերջին պատերազմներուն մէջ Իսրայէլ գործնականօրէն նեցուկ կանգնած էր ազերիներուն եւ Թուրքիոյ, արագացուցած էր հայկական բանակին ընկրկումը: Ուրե՞մն:  Կազայի մէջ ի գործ դրուած ցեղասպանական ոճիրնե՞րը կ՛ուզեն պարտկել, թէ՞ պարզապէս կսմիթով մը ցնցել պաղեստինցիներուն բարոյապէս նեցուկ կանգնող թուրք աւագանին…:

Share61Tweet38
Previous Post

Լուրեր. 4 Յուլիս 2026

Next Post

Արեւմտահայերէնը Տան Մէջ` Ինքնութեան Եւ Յաջողութեան Բանալին

Next Post
Արեւմտահայերէնը  Տան Մէջ` Ինքնութեան Եւ Յաջողութեան Բանալին

Արեւմտահայերէնը Տան Մէջ` Ինքնութեան Եւ Յաջողութեան Բանալին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.