Պրն Արի Հատտէճեան եւ ընտանիք
«Նոր Մարմարա»ի խմբագրական կազմ եւ աշխատակազմ
Պոլիս, Թուրքիա
Սգակիր բարեկամներ եւ գործակիցներ,
«Ես տակաւին չկշտացայ հայ մամուլէն»։
Իւրաքանչիւր Պոլիս այցելութեանս միշտ ալ ուզեցի այցելել «Նոր Մարմարա»ի գրասենեակ եւ հանդիպիլ պրն. Ռոպէրի հետ։ Եթէ մէկ կողմէ շատ հաճելի զրուցակից էր, բայց նոյնքան նաեւ գիտակ, որ հայ գրականութեան ու մամուլի մեծ վաստակ շալկած էր իր համակ կեանքին մէջ, եւ որ չէր զլանար բաժնեկցելու այդ բոլորը ինծի հետ։
Եւ իմ այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին, մեղմ ժպիտ մը դէմքին, ան ըսաւ. «Ես տակաւին չկշտացայ հայ մամուլէն»։
Բայց ինչպէս կշտանար պրն. Ռոպէր, երբ ան անխոնջ սպասարկող մըն էր հայ մամուլին եւ որ երբեք չդադրեցաւ գրելէ ու իր մտածում-մտահոգութիւնները եւ վերլուծումները դնելէ հայ հաւաքականութիւններու համար եւ աշխարհով մէկտեղ։ Նուիրեալ մը, որ յոգնիլ չէր գիտեր, քանի հաւատացած էր մայրենի լեզուի պահպանումին, հայ գիրին ու գրականութեանը հարստութեան ու տակաւին՝ հայուն մշակոյթի կենսունակութեան։ Այս իմաստով, ան իր կեանքի ընթացքին եղաւ ջատագով մը հայուն ազգային-մշակութային արժէքներու պահպանման եւ գործեց անոնց զարգացումին եւ յառաջխաղացքին համար։
Պոլսահայ գաղութը մասնաւորապէս եւ հայկական իրականութիւնները ընդհանրապէս կորսնցուցին հայ գիրի ու գրականութեան եւ մամուլի արժանաւոր նուիրեալ մը, որ սատարեց «Արժէք»ներու բարձր գիտակցութեան մինչեւ իր վերջին շունչը, այնքան որ ան «չկշտացաւ» սատարելէ այդ նոյն արժէքները։
Յուզուած ենք պրն. Ռոպէրի մեկնումով։ Բայց փառք կու տանք Աստուծոյ եւ շնորհակալ ենք պրն. Ռոպէրի ապրած նուիրական եւ օրինակելի կեանքին համար։ Կեանք մը նուիրումի եւ ծառայութեան՝ հայուն ազգային արժէքներուն եւ անոնց գիտակցութեանը համար։
Յարգանք պրն. Ռոպէրի ապրած նուիրական կեանքին համար։ Աստուածաշունչի համարը ձեզի եւ մեր բոլորին համար մխիթարական մեծ վկայութիւնն է։
Պրն. Ռոպէր,
«Բարի պատերազմը պատերազմեցար, ընթացքը կատարեցիր եւ հաւատքը պահեցիր»։
Աշխարհագրականօրէն հեռու, բայց սրտով եւ հոգիով ձեր բոլորին հետ եմ։ Կը կիսեմ ձեր ցաւը եւ կը հայցեմ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը։
Յարգանքով եւ ցաւակցօրէն՝
Ընդհանուր Քարտուղար
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն
Քուէյթ, 7 Սեպտեմբեր 2025

