Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ   ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ. ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

September 9, 2025
in Այլազան, Գաղութային
0

 

 

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԳՈԼԷՃԻ ՆԱԽԿԻՆ ՍԱՆ, Հ.Մ.Մ.-ԱԿԱՆ ԿԱՐԻՆ ՇՈՐՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Կարին Շորճեանը Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան գոլէճի 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանի շրջանաւարտներէն էր: Մինչեւ պաքալորիան յաղթահարելը, իր դասընկերներուն՝ Ալպերին, Ալիսիային, Բիւրեղին, Ռոզալինին եւ Սարինին հետ նուիրումով ծառայած է իր եւ ընտանիքին հարազատ վարժարանին, անոր նիւթա-բարոյական բոլոր ձեռնարկներուն: Աւարտելէ ետք, համալսարանին մէջ հետեւեցաւ իր նախասիրած՝ մարմնամարզի ճիւղին: Այնուհետեւ կամաւոր արձանագրուեցաւ ծառայելու Արցախի հեռաւոր մէկ անկիւնը գտնուող Ծմակահող գիւղի դպրոցը: Ապա՝ Ստեփանակերտ, յետոյ՝ Երեւան, մասնակցեցաւ ֆութպոլի կանանց մրցումներուն, հետագային դարձաւ մարզիչ, իսկ այժմ կը ղեկավարէ Հայաստանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնի կանանց բաժինը:

Պատասխանատու այս պաշտօնը կ’ենթադրէ խտացուած առօրեայ՝ լի ճամբորդութիւններով եւ աշխատանքային ծրագրերով: Մեր նախկին շրջանաւարտին եւ այժմու ղեկավարին հետ ունեցանք կարճ հարցազրոյց մը, որ կ’ամփոփէ Կարինի յաջողութիւններուն վերջին 8 տարիները եւ անցեալ շաբաթ Ցիւրիխ կատարած աշխատանքային այցը:

«Ա.»

 

Հարցում.- Կարո՞ղ էք ներկայացնել ձեր կրթական եւ մասնագիտական ընթացքը։
Պատասխան.- Ծնած եմ Լիբանան, 12 Օգոստոս 1999-ին։ 2017-ին աւարտեցի Սահակեան գոլէճը, ապա շարունակեցի ուսումս «Անթոնինեան» համալսարանին մէջ՝ մարզական գիտութիւններ եւ մարմնամարզական դաստիարակութիւն ճիւղը։ 2020-ին միացայ «Teach for Armenia» ծրագիրին՝ Արցախ մեկնելով, եւ աշխատանքի հրաւիրուեցայ Ծմակահող գիւղի դպրոցին մէջ որպէս մարմնամարզի ուսուցչուհի։ 44-օրեայ պատերազմէն ետք շարունակեցի պաշտօնավարել Ստեփանակերտի Աբովեանի անուան թիւ 1 դպրոցին մէջ, իսկ տարբեր ճամբարներու ընթացքին կամաւոր մարզիչի դերը ստանձնեցի։ Երկու տարուան ծրագիրը աւարտելէ ետք տեղափոխուեցայ Երեւան եւ սկսայ աշխատիլ Հայաստանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ՝ որպէս կանանց ֆութպոլի բաժնի ղեկավար։

 

Հ.- Ո՞րն է ձեր բաժնի աշխատանքին կեդրոնական ուղղութիւնը։
Պ.- Մեր բոլոր գործերուն կեդրոնը աղջիկներու ֆութպոլն է։ Աշխատանքը կը ներառէ ներքին կազմակերպչական աշխատանք՝ խաղերու պատրաստութիւն, կանոնակարգերու մշակում, գործընկեր կառոյցներու հետ կապերու պահպանում։ Մենք կը մշակենք եւ կ’իրականացնենք ծրագրեր, որոնք կը նպաստեն աղջիկներու ֆութպոլի զարգացման, ռազմավարութեան ձեւաւորման եւ տեղական ու միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեան։ Կարեւոր է նաեւ կապը գաւառներու ու մարզերու, այլ ակումբներու եւ միջազգային կառոյցներու (UEFA, FIFA) հետ։

 

Հ.- Ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք Հայաստանի մէջ աղջիկներու ֆութպոլի ներկայ զարգացումները։
Պ.- Մինչեւ 2018 աղջիկներու ֆութպոլ գրեթէ գոյութիւն չունէր, որովհետեւ նախորդ ղեկավարութիւնը այս մասին որոշում չէր կայացուցած։ Այս պահուն ունինք միայն 7 տարիներու փորձառութիւն։ Որոշ դրական արդիւնքներ կան, բայց ճանապարհը դեռ շատ երկար է։ Մեր շուրջը մեծ աջակցութիւն կամ միջոցներ չկան, ո՛չ ակումբներու, ո՛չ ալ ենթակառոյցներու կողմէ։

 

Հ.- Վերջերս մասնակցեցաք միջազգային միջոցառման մը։ Կրնա՞ք պատմել այդ մասին։ Ի՞նչ էին քննարկուած հիմնական նիւթերը։
Պ.- Այո՛, մասնակցեցայ FIFA-ի «Women’s Football Regional Workshop»-ին, Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ, Սեպտեմբեր 3-4-ին։ Ներկայ էին UEFA-ի բոլոր 55 անդամ ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչները։ Հաւաքին նպատակն էր UEFA-ի եւ FIFA-ի ղեկավարող եւրոպական ֆութպոլի մասնագէտները միաւորել եւ ծանօթանալ տարբեր տեսակի ծրագրերու։ Քննարկուեցան FIFA-ի կանանց ֆութպոլի ծրագրերը, յանձնարարութիւնները եւ անդամ երկիրներու փորձառութիւնները։ Նաեւ մանրամասն բացատրուեցաւ FIFA-ի կանանց ֆութպոլի աշխատանքները եւ թէ իւրաքանչիւր ծրագիր ինչպէս պիտի իրականացուի։ Կային նաեւ նստաշրջաններ, ուր ներկայ էին FIFA-ի կանանց ֆութպոլի բաժնի անձնակազմը եւ անոր ղեկավարութիւնը։

 

Հ.- Ի՞նչ դեր ունեցած էք եւ ի՞նչ արդիւնք ունեցաւ ձեր մասնակցութիւնը։
Պ.- Մասնակցեցայ փանելային քննարկումի՝ ներկայացնելով Հայաստանի իրավիճակը աղջիկներու ֆութպոլի մասին։ Քննարկուեցան հարցեր՝ կապուած ընդհանուր հիմքերուն, մարզերու ծրագրերուն եւ իրականացումներուն հետ։ Վերջին օրը ստացանք մասնակցութեան վկայական։

Share66Tweet42
Previous Post

ԵՐԲ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ԵՐԱԶՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻՆ ՑՆՈՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ…

Next Post

ՔԱԹԱՐԸ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԹԻՐԱԽ

Next Post

ՔԱԹԱՐԸ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԹԻՐԱԽ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.