Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ ԳԻՐՔԵՐԸ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ ԿԸ ԲԱՆԱՆ ՄԵՐ ԱՌՋԵՒ

 Լ. Շ.

September 6, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0

 

Ընթացիկ 2025-ը մատնանիշ կ՛ընէ Յակոբ Կարապենցի ծննդեան 100-ամեակը։

Յիշող կա՞յ այս դարադարձը Ամերիկայի մէջ, որուն հայագիր դպրութեան ծառայեց տաղանդաւոր այս գրագէտը, առնուազն երեսունհինգ տարի։

Սահեր-անցեր են Կարապենցի մահէն երեք տասնամեակներ։ Ուրախալի է տեսնել, որ իր գիրքերը դեռ մինչեւ այսօր ասպարէզ կը կարդան սահող ժամանակին, մա՛նաւանդ Հայաստանի մէջ։  Քիչեր գիտեն, թէ Խորհրդային Հայաստանի դռները միշտ ալ ամրօրէն փակ մնացեր էին Կարապենցի առջեւ, որովհետեւ ան մաս չէր կազմած սովետասէրներու խմբակին։ Իր անունը չէք գտներ «Հայկական սովետական հանրագիտարան»-ին մէջ եւս։ Միայն Հայաստանի անկախութենէն ետք է որ հայրենի գրական շրջանակները սկսան տակաւ «յայտնաբերել» Կարապենցն ու անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնը, կարդալ, վերլուծել, ծանօթացնել զայն հանրութեան։ Բայց քիչ մը ուշ էր արդէն։ Մահը կանխեց գրագէտին ու հայրենաբնակ իր ժողովուրդին ընդելուզումը։ Կարապենցի երեւանեան առաջին գիրքերը լոյս տեսան 1995-ին, գրողին կանխահաս մահէն ետք միայն։ «Ադամի գիրքը»-ն ալ վերատպուեցաւ հոն, 2012-ին, սփիւռքեան ճակատի վրայ 80-ական թուականներուն արժանանալէ ետք Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Ալեք Մանուկեան» եւ Ֆրանսահայ գրողներու ընկերակցութեան «Էլիզ Գաւուքճեան-Այվազեան» մրցանակներուն։

Յամենայնդէպս, բարեբախտութիւն պէտք է սեպել, որ Կարապենց թէ՛ խորհրդային շրջանին (ամերիկեան պաշտօնական պատուիրակութեան մը ընկերակցելով) եւ թէ՛ անկախութենէն ետք, երկու-երեք անգամ, առիթն ունեցաւ Հայաստան այցելելու։ Վերջին երթին, կը պատմուի թէ այցելեց սահմանապահ կամաւորական գունդերուն եւ յուզիչ խոնարհումով մը համբուրեց զինուորներուն ձեռքերն ու բռնած զէնքերը, ի մեծ զարմանք շուրջիններուն…։

Կարելի է երկարօրէն խօսիլ Կարապենցի գիրքերուն ու մշակած գրականութեան առանձնայատկութիւններուն մասին։ Սակայն, նախ, հարկ է ճանչնալ զայն իր դիմագծութեան ու կենսագրական համառօտ տուեալներուն մէջ։

Կը սկսիմ դասական հարցումով մը. ո՞վ էր Կարապենց եւ ուրկէ՞ կու գար։

Յակոբ Կարապենց, բուն մականունով՝ Կարապետեան, ծնած էր 1925-ին, Թաւրիզ, հիւսիսային Իրանի պատմական քաղաքը (Ատրպատականի նահանգ), բանաստեղծ Գեղամ Սարեանի եւ վիպագիր Յովհաննէս Ղուկասեանի նման։ Մեծ պապը Շուշիէն էր, բնիկ ղարաբաղցի։ Իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցեր էին ծննդավայրին մէջ՝ խառնակ ու անբաղձալի պայմաններու տակ, նկատի ունենալով որ կանուխէն ամուսնալուծուեր էին իր ծնողները ու ինք, հարկադրաբար, մնացեր էր հօրաքոյրերուն խնամքին ենթակայ…։ Շրջանաւարտ եղեր էր տեղւոյն Ազգ. Հայկազեան-Թամարեան վարժարանէն։ Երկրորդական ուսումը առեր էր սակայն Թեհրանի մէջ՝ ֆրանսական թեքումով դպրոցէ մը։ Ու երբ թեւակոխեր էր 22 տարեկանը (1947), դուրս եկեր էր Իրանէն ու Ատլանտեանը ճեղքելով հասեր Ամերիկա ու հաստատուեր երկրին արեւելեան ափը։ Ամուսնացեր էր կանուխ՝ 1949-ին (կողակիցը հայուհի մըն է, բախտաւորուած են մանչ ու աղջիկ երկու զաւակով)։ Քանսաս Սիթիի (Միզուրի նահանգ) ու Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարաններուն մէջ մասնագիտացեր էր լրագրութեան եւ հոգեբանութեան մէջ։ Ուսման բնոյթն ու ծիրը, հետագային, խիստ բարերար ազդեցութիւն պիտի ունենային անշուշտ իր գրագէտի աշխարհայեացքին ու շնորհին վրայ։ Հոն՝ Միացեալ Նահանգաց արեւելեան ափին (ի Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն, Քընէթիքըթ նահանգ եւ հուսկ Պոսթըն) Կարապենց պիտի ապրէր, գործէր ու գրականութեամբ զբաղէր մինչեւ իր վերջին շունչը՝ 20 Հոկտեմբեր 1994։

Կը մահանար Պոսթըն, 69 տարեկանին, զոհ՝ անողոք հիւանդութեան մը։

Տարիներու երկայնքին աշխատակցած էր Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթին, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»-ին ու «Նոր Կեանք»-ին, «Բագին» ամսագրին, Մոնրէալի «Հորիզոն Գրական»-ին եւ այլն։

*

Տասը հատոր ունինք իրմէ, բոլորն ալ՝ արձակ, մասամբ տպուած Պէյրութի «Ատլաս» հրատարակչատան մէջ, մասամբ՝ Ամերիկա։ Թուե՛նք. «Անծանօթ հոգիներ» (պատմուածքներ, 1970), «Կարթագէնի դուստրը» (ժամանակակից վէպ` սիրային պատումներով եւ Վիեթնամի պատերազմի հէնքին վրայ, 1972), «Նոր աշխարհի հին սերմնացանները» (պատմուածքներ, 1975), «Միջնարար» (պատմուածքներ, 1981), «Ադամի գիրքը» (վէպ՝ ինքնակենսագրական հէնքով, 1983), «Ամերիկեան շուրջպար» (պատմուածքներ, 1986. համապարփակ ներկայացումով գրախօսուած է «Բագին»-ի 1987-ի Մայիսի թիւով՝ Վեհանոյշ Թեքեանի կողմէ), «Անկատար» (պատմուածքներ, 1987), «Երկու աշխարհ» (գրական փորձագրութիւններ, տեսական-վերլուծական յօդուածներ, 1992) եւ «Մի մարդ ու մի երկիր եւ այլ պատմուածքներ» (1994)։ Մահէն ետք, կարելի եղած է ի մի ժողվել իր հրապարակագրական էջերէն ընտրանի մըն ալ ու «Մտորումներ» խորագրով հրատարակել զայն 2009-ին։

Կարապենց սկիզբէն եւէթ հաղորդ եղած է գրական շարժումներու եւ մտքի հոսանքներու ու ջանացած է քայլ պահել անոնց հետ՝ այնքան, որքան թելադրած է իրեն իր համոզումն ու սեփական աշխարհայեացքը։ Թերեւս սխալ պիտի չըլլար պնդել, թէ Ամերիկա ապրող մեր հայագիր գրողներու փաղանգին մէջ ամէնէն «ամերիկացած»-ն էր ինք՝ իր տիպարներուն ինքնութեամբ, կենցաղով, աշխարհընկալումով ու հոգեխառնութեամբ։ Ամերիկեան շրջապատը կենդանի ներկայութիւն է իր գրականութեան էջերուն։ Այս իսկ պատճառով, Կարապենցի գիրքերը,– պատմուածքներ ըլլան անոնք թէ վէպ,– արդիականութեան մը դիմաց կը դնեն մեզ ու բոլորովին նոր հորիզոններ կը բանան մեր առջեւ՝ փոխելով հունը գեղարուեստական գրականութիւն ճաշակելու մեր աւանդական ըմբռնումներուն։ Այս բեկումնային շրջադարձը կտրուկ կերպով զգալու համար մէ՛կ բան պիտի ընէք. նախ գիրք մը կարդացէք, զորօրինակ, Վահէ-Հայկէն («Հայրենի ծխան» շարքէն որեւէ հատոր), ապա անմիջապէս ձեռք առէք Կարապենցէն հատոր մը։ Պիտի շրջուի ձեր իմացական ու հոգեկան աշխարհը 180 աստիճան…։

Կարապենց ինչպէ՞ս նուաճեց այսպիսի իւրայատկութիւն մը։

Համալսարանական իր ուսումը օգնած է իրեն անշուշտ։ Յետոյ՝ իր առօրեայ շփումը տեղական,– ամերիկեան,– գրական աշխարհին հետ։ Յետոյ՝ ինքզինք անդադար վերամշակելու, կատարելագործելու, թուղթին յանձնուելիք նիւթը տեւաբար նորոգելու եւ գրական արդի թէքնիքներով զայն հիւսելու, խմորելու իր հետամտութիւնը։ Յետոյ՝ գրականութիւնը նպատակասլաց առաքելութեան մը վերածելու իր միտումը։ Կանուխէն շա՛տ սիրած է Չարենցն ու Բակունցը։ Այս բոլորը Կարապենցը վերածած էին «արդիաշունչ» գրողի մը։ Բայց զգո՜յշ…։ Իմ այս հաստատումը կարծել չտայ, թէ Կարապենցը պէտք է դնել Վահէ Օշականի մը կամ Պըլտեանի մը կողքին։ Ո՛չ։ Կարապենց ծայրայեղութիւններ չունէր վերջին երկու անուններուն նման։ Իրը ժամանակին հետ քայլ պահելու, ժամանակին շո՛ւնչը դառնալու ձգտումն էր պարզապէս։ Այլապէս, Կարապենց նոյնիսկ դասական տիպի արձակագիր մը կրնայ սեպուիլ այսօր։ Ի՛ր դարուն դասական արձակագիրը։ Կրնանք տեղ բանալ իրեն դպրոցական մեր դասագիրքերուն մէջ։

 

(Շար. 2)

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՕՍԱՔԱՅԻ ՄԷՋ ԱՅՑԵԼԱԾ Է «EXPO 2025» ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐԱԾ ԲԱԶՄԱԲԵՒԵՌ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐԸ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐԱԾ ԲԱԶՄԱԲԵՒԵՌ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊՏՈՒՂՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.