Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 4 Յուլիս 2026

July 4, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 4 Յուլիս 2026

ԱՈՒՆ. «ՈՄԱՆՔ ՎՐԴՈՎԱԾ ԵՆ ՄԵՐ ԳԵՐԻՇԽԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԷՆ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն տեսակցեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ժան Առնոյի հետ ու պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որ գործադրէ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած շրջանակային համաձայնագիրը եւ դուրս գայ Լիբանանի բռնագրաւեալ հողերէն: Աուն վերահաստատեց, որ Իսրայէլի հետ կնքուած շրջանակային համաձայնագիրը չ’օրինականացներ լիբանանեան հողի վրայ իսրայէլեան ուժերու ներկայութիւնը, այլ կը շեշտէ, որ լիբանանեան բանակը պէտք է տեղակայուի երկրին մէջ:

«Ոմանք վրդոված են Լիբանանի թղթածրարը Իրանեան-ամերիկեան թղթածրարէն անջատելու մեր գերիշխան որոշումէն, որովհետեւ վարժուած են մնալ մեր վրայ իշխող, մեր փոխարէն բանակցող եւ որոշում կայացնող արտաքին կողմի հոգատարութեան տահ», ըսաւ Աուն՝ Պաապտայի մէջ պատուիրակութիւններ ընդունած ատեն: Յիշեցնելով, որ Լիբանան ժողովրդավարական երկիր է եւ կը յարգէ խօսքի իրաւունքը, Աուն շեշտեց, որ կան կարմիր գիծեր, որոնք կարելի չէ հատել՝ ներառեալ խռովութիւնները եւ կառավարութիւնը փողոցային շարժումներով տապալելու փորձերը: «Ուժը պատերազմ շարժունակելու մէջ չէ, այլ բանակցային միջոցներով անոր վերջ տալու մէջ», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը: Իսկ արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժի վերահաստատեց, որ Իսրայէլի հետ կնքուած շրջանակային համաձայնագիրը վերջնական պայմանագիր չէ, աւելցնելով որ Հըզպալլա տակաւին կը գտնուի իրականութիւնները ժխտողի վիճակի մէջ:


ՓԽՐՈՒՆ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ Հըզպալլայի 10 ենթակառոյցներ ռմբակոծած է հարաւի Պընթ Ժպէյլ գաւառի շարք մը շրջաններու մէջ, պնդելով որ այդ կեդրոնները կը գործածուին իսրայէլացի զինուորներուն դէմ յարձակելու համար: Բանակը նախանցեալ օր յայտարարած էր հարաւի բռնագրաւեալ հատուածին մէջ զինուորի մը վիրաւորման մասին: ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի բանբեր Քանտիս Արտէլ փխրուն որակեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ մտահոգութիւն յայտնեց իրավիճակի վատթարացումի հնարաւորութեան առնչութեամբ: Դիտել տալով, որ բռնութիւնները մեծ մասամբ դադրած են, բանբերը ընդգծեց, որ տակաւին կան խախտումներ՝ մասնաւորաբար իսրայէլեան կողմէն: Արտէլ անհրաժեշտ համարեց միջազգային ուժերու տեղակայումը՝ վերջնականապէս հանդարտեցնելու համար վիճակը ու վերջ տալու առճակատումին:

 

ՇԻՊԱՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարար Ասաատ Շիպանի այցելեց Պէյրութ ու տեսակցաւ հանրապետութեան երեք պետերուն եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային հանդիպում ունեցաւ Թրիփոլիի մէջ: Նախագահ Աուն սուրիացի նախարարին յայտնեց Լիբանանի յանձնառութիւնը Դամասկոսի հետ եղբայրական յարաբերութիւններուն: Շիպանի Սուրիոյ նախագահէն նամակ փոխանցեց նախագահ Ժոզէֆ Աունին, որուն մէջ Ահմատ Շարաա կը հաստատէ, որ մտադրութիւն չունին զինուորականօրէն միջամտելու Լիբանանի մէջ, այնպէս ինչպէս տարածուած էր վերջերս: Ան նաեւ Աունը հրաւիրեց այցելելու Դամասկոս:

«Հիմը կը դնենք Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ նոր յարաբերութիւններու եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ կայունութիւնը ամրապնդելու», ըսաւ Շիպանի: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ սուրիացի նախարարին հետ տեսակցելէ ետք նշեց, որ քննարկած են զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը շարունակելու միջոցները, ընդգծելով ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ երկու երկիրները կապող ցանցը ամբողջացնելու անհրաժեշտութիւնը: Շիպանի Դամասկոս այցելելու հրաւէր փոխանցեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ նշեց, որ անոր յանձնած է լիբանանցիներն ու մանաւանդ շիիները հանգստացնող նամակ մը:

 

ՎԵՐՋԻՆ ՎԱՅՐԿԵԱՆԻ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ

Շուտով պիտի կազմաւորուի Հայաստանի 9-րդ գումարուի Ազգային ժողովը: Այսօր վերջին ժամկէտն է 7 Յունիսին տեղի ունեցած ընտրութեան վերջնական արդիւնքներուն նկատմամբ ներկայացուած բողոքներուն վերաբերեալ Սահմանադկրական դատարանի վճիռի արձակումին: 8-րդ գումարումի պաշտօնաւարտ Ազգային ժողովը իր վերջին՝ արտակարգ նիստին ընթացքին խստացուց պայքարը ընտրական կաշառակերութեան դէմ: Վաւերացնելով քրէական օրէնքներուն բարեփոխումը, խորհրդարանը որոշեց ընտրակաշառքի համար նախատեսուած բանտարկութիւնը 4-8 տարիէն բարձրացնել առաւելագոյնը 5-10 տարուայ: Նմանօրինակ պատիժ կը նախատեսուի նաեւ ընտրակաշառքի փոխանցումին միջնորդութեան համար: Ընդդիմադիր երեսփոխանները չմասնակցեցան կաշառքի դէմ պայքարող այս օրէնքի վաւերացումին: Ինչ կը վերաբերի քուէարկելու իրաւունքին, ապա այսուհետեւ համապետական ընտրութիւններուն կրնան մասնասկցիլ Հայաստանի միայն այն քաղաքացիները, որոնք ընտրութեան նախորդող երկու տարիներէն առնուազն մէկ տարի գտնուած են Հայաստանի մէջ: Ազգային ժողովը փոփոխութիւններ ներառեց նաեւ իր նոր անդամներուն պաշտօնի ստանձնումի երդումի ուղերձին մէջ, որ այժմ ստացած է հետեւեալ տեսքը. «Յանուն համազգային նպատակներու իրականացումին եւ հայրենիքի հզօրացումին՝ կ’երդնում բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդին առջեւ ունեցած պարտականութիւններս, պահպանել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել ինքնիշխանութեան, ազգային եւ համամարդկային արժէքներու պահպանումի ջանքերուն»:

 

ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտօնաւարտ նախագահ Ալէն Սիմոնեան հրաժեշտի տեսակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ ու վերահաստատեց, որ նախագահը ընդմիշտ պիտի  մնայ իր աւագ ընկերը: Սիմոնեան երէկ հանդէս եկաւ հրաժեշտի ուղերձով, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխաններուն եւ Ազգային ժողովի աշխատակիցներուն՝ իրենց համատեղ աշխատանքին համար: «Խորհրդարանին մէջ մեր միասին անցուցած տարիները պատմական էին եւ դժուարութիւններով լեցուն: Մենք միասին պատմութիւն կերտեցինք եւ ես շատ հպարտ եմ անոր համար», ըսաւ Սիմոնեան եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու Ռուբէն Ռուբինեանին, մաղթելով որ ան բոլորէ Ազգային ժողովի հնգեամեայ կայուն ժամկէտ:

Ռուբինեան իր կարգին յայտնեց, որ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուելու պարագային այլեւս պիտի չվարէ հայ-թրքական հարցերով բանագնացի պաշտօնը: Հակադարձելով իր մասին տարածուած սուտ տեղեկութիւններուն, Ռուբինեան յստակացուց, որ Թուրքիոյ մէջ համալսարան չէ յաճախած, այլ հինգ ամիս կատարած է հետազօտութիւն եւ զայն կիսատ ձգած: Յիշեցնենք, որ Ռուբէն Ռուբինեան անցնող քանի մը տարիներուն որպէս Երեւանի ներկայացուցիչ առաւելագոյնս ներգրաւուած էր հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումի թղթածրարին մէջ եւ այդ կարգավիճակով բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ:

Յիշեցնենք, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան երեսփոխանական ներքին քուէարկութեան արդիւնքով յայտարարուեցաւ, որ Ռուբէն Ռուբինեան ընտրուած է որպէս Ազգային Ժողովի նախագահի թեկնածու, իսկ խմբակցութեան անդամներէն Արուսեակ Մանաւազեան դարձաւ խմբակցութեան ղեկավարի թեկնածու:

 

ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

Սուրիոյ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Դամասկոսի սրճարաններէն մէկուն մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումը ձգած է առնուազն 10 զոհ: Ներքին գործերու նախարարութիւնը նախապէս նշած էր, որ մայրաքաղաքի Հիժազ շրջանին մէջ տեղի ունեցած յարձակումը կատարուած էր սրճարանին մէջ տեղադրուած ականուած ծրարով մը:

Իսկ Սուրիոյ հարաւային Սուէյտէ գաւառին մէջ քանի մը հոգի վիրաւորուեցաւ՝ սուրիական ուժերուն եւ այդ գաւառին մէջ գործող «ազգային պահակագունդին» միջեւ տեղի ունեցած ծանր մարտերուն ընթացքին:

 

ԱԼԻ ԽԱՄԻՆԷԻԻ ՈՒՇԱՑԱԾ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Թեհրանի մէջ սկսաւ իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն նախկին առաջնորդ Ալի Խամինէիի հրաժեշտի արարողութիւնը, որ պիտի տեւէ քանի մը օր: Արարողութիւններուն մասնակցելու համար Իրան ժամանած են շուրջ հարիւր երկրի ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները: Նշենք, որ Խամինէի ահաբեկուած էր 1 Մարտ 2026-ի արեւածագին՝ Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան լայնածաւալ յարձակումի առաջին ժամերուն: Թեհրան օրին յայտարարած էր, որ Խամինէի մահացած է իր կեդրոնատեղիին մէջ, աւելի քան 50 օդանաւերու արձակած առնուազն հարիւր հրթիռներու պայթումէն:

Խամինէիի յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն մասնակցելու նպատակով Թեհրան ուղղուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ Թեհրանի մէջ տեսակցեցաւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանին հետ: Վերջինս գնահատեց Փաշինեանի Իրան ուղեւորութիւնը, նշելով որ Թեհրան բարձր կը գնահատէ Իրանի նկատմամբ Երեւանի կառավարութեան որդեգրած դիրքորոշումն ու ցուցաբերած աջակցութիւնը: Ան շնորհաւորեց նաեւ Փաշինեանը՝ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին առթիւ:

 

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՅՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԻ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ

ՄԱԿ-ի կայուն զարգացումի մասին 2026-ի զեկոյցը ցոյց տուաւ, որ Հայաստան այս ոլորտին մէջ կը գրաւէ Կովկասի երկիրներուն առաջին դիրքը, աշխարհին մէջ հանդիսանալով 47-րդ, մինչ Ատրպէյճան 52-րդ է եւ Վրաստան՝ 61-րդ: Հայաստանի պարագային յաջողութիւն համարուած է անհաւասարութեան կրճատումին վերաբերեալ թափուած ջանքերը, սակայն մտահոգութիւն արտայայտուած է շրջակայ միջավայրի վիճակին վատթարացումին համար: Կը կարծուի, թէ առաջադրուած նպատակները կարելի պիտի չըլլայ իրականացնել մինչեւ 2030, այնպէս ինչպէս նախատեսուած էր: Ըստ զեկոյցին, խաղաղութիւնը կայուն զարգացումի նախապայման է:

Share61Tweet38
Previous Post

Լեւոն Շառոյեանի Հեղինակութեամբ «Հայ Գիրի Եւ Մշակոյթի Տարօնցի Սպասաւորներ» Երկասիրութեան Ա. Հատորը Լոյս Տեսաւ Հալէպի Մէջ

Next Post

Ձայներ Երուսաղէմէն (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

Next Post
Ձայներ Երուսաղէմէն (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

Ձայներ Երուսաղէմէն (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.