Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՉ ԵՒՍ Է ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՑ ԱՒԱԳ ԳՐԱԳԷՏՆ ՈՒ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆԱՀԱՊԵՏԸ` Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

September 9, 2025
in Այլազան
0

 

 

Շաբաթավերջի ամէնէն տխուր լուրն էր Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Մարմարա»-ի երկարամեայ խմբագրապետ ու բազմաբեղուն արձակագիր Ռոպէր Հատտէճեանի մահը, գրեթէ հարիւրամեայ հասակին։

Այս պարագային` ողբացեալին դարահասակ տարիքը բնաւ չի կրնար ափսոսանքը վանել մեզմէ, երբ անդին անմիջապէս կ`անդրադառնանք, թէ իմացական պաշարի եւ գրական հազուագիւտ կարողութեանց վիթխարի կուտակում մը ակնթարթի մը մէջ յանկարծ կ’անէանայ ու կ’երթայ խառնուիլ գերեզմանատան մը ցամաք հողին…։

Բայց, անշուշտ, նման պարագաներու, մխիթարականն այն է, որ գրագէտի մը տպագրեալ գործերը կը փրկեն իր վաստակը եւ յաջորդ սերունդներուն կը փոխանցեն թանկարժէք ինչ-ինչ աւանդներ։ Իսկ Հատտէճեանի թողած աւանդը շա՜տ մեծ է, լեռնակուտակ ըսուելու չափ։

Ռ. Հատտէճեանի մահով գրեթէ կը ցամքի իսթանպուլահայ ժամանակակից գրականութիւնը, որ այնքան հրաշալի նուաճումներ արձանագրած էր անցեալ դարու 50-ական թուականներէն սկսեալ, ամբողջ յիսնամեակ մը, վաթսունամեակ մը։ Բայց երբ մէկը միւսին ետեւէն այս աշխարհէն հրաժեշտ սկսան առնել Զահրատներն ու Խրախունիները, Շիկահերներն ու Հատտէճեանները, հրապարակները անվերականգնելիօրէն ամայացան անկասկած։ Հայատառ գրականութիւնը կծկուեցաւ, հայախօսութիւնը նահանջեց, ու ատոնց փոխարէն ծաւալեցան թրքագիր «հայ» գրականութիւնն ու թրքախօսութիւնը…։ Պոլիսը անշքացաւ։ Կորսնցուց իր երբեմնի փառքը։

Հատտէճեան ծնած էր 1926-ին։ Շրջանաւարտ էր վիեննական Մխիթարեանց Պոլսոյ լիսէէն։ Հոգեբանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն ուսանած էր Պոլսոյ համալսարանը։

1967-ին ստանձնած էր «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետութիւնը եւ իր այս պատասխանատու պաշտօնը բացառիկ կարգապահութեամբ եւ հետեւողականութեամբ վարած էր աւելի քան կէս դար։ Շատ փնտռուած ու ժողովրդականութիւն վայելող գրականաշունչ մնայուն սիւնակ մը ունէր իր թերթին մէջ, «Յուշատետր» ընդհանուր խորագրով, որ կրցաւ պահել ամբողջ 40 տարի…։ Ու իր բազմաբնոյթ նիւթերը չսպառեց։ Մեկնեցաւ` հայ գիրէն ու մամուլէն առանց ձանձրանալու, առանց կշտանալու։

Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի վաղը` Չորեքշաբթի։

«ԱՐԱՐԱՏ» դեռ առիթներ պիտի ունենայ անդրադառնալու այս մեծ կորուստին, որ կը որբացնէ թէ՛ սփիւռքահայ մամուլը, թէ՛ իսթանպուլահայ գրականութիւնը, թէ՛ ալ արեւմտահայ զուլալ ու անաղարտ բանաւոր խօսքի հարթակը։

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԸՆԴԴԷՄ ՓՈՐԹՈՒԿԱԼ ՕԴԱԿԱՅԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏ՝ ՌՈՆԱԼՏՕՆ Ի ՊԱՏՈՒԻ

Next Post

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Next Post

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.