Աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Ռոնալտոյի ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ այս անգամ սովորականէն տարբեր բնոյթ ստացաւ։ Լուսարձակները կեդրոնացած էին միայն 40-ամեայ փորթուկալացիին վրայ եւ այլ բարձր մակարդակի խաղաոճ ունեցող համերկրացիները` բերդապահ Քօսթա, Ֆելիքս (2 կոլ նշանակած), Քընսելլօ (կոլ մը նշանակած), Ֆերնանտես, Տիաս, Մենտես եւ ուրիշներ մնացին անտեսուած, հեռու լուսարձակներէն, կարծէք անծանօթ ֆութպոլիստներ ըլլային։
Բազմահազար երիտասարդներ, տուն եւ գործ ձգած, հասած էին օդակայան կամ հիւրանոց՝ զիրար հրմշտկելով, գոռալով «ծերունի» ֆութպոլիստին անունը, ջանալով գէթ մէկ ժպիտ, նայուածք կամ լուսանկար ապահովել՝ հետագային ինսթակրամային հարթակին մէջ «հերոսանալու» համար։
Երգիծանքի վարպետ, դերասան Վարդան Պետրոսեանի թատերական սուր ծաղրը Ճէնիֆըր Լոփէզի եւ Ռոնալտոյի մասին հրաշալի կ’արտայայտէ այս զուգադիպութիւնները, քանի որ երկուքն ալ անցան հայահոծ երկրպագուներու ներկայութեան մէջէն՝ ընդամէնը մէկ ամսուան տարբերութեամբ. մին՝ 3 Օգոստոս, միւսը՝ 6 Սեպտեմբեր 2025-ին։
Անհիմն չէ, որ համայն ֆութպոլասէր հայութիւնը Հայաստան ընդդէմ Փորթուկալ խաղի 0 – 5 արդիւնքը սրտամօտ չընդունեց, չնեղուեցաւ։ Մրցումէն առաջ իսկ ֆութպոլասէրներուս գրեթէ պարզ էր, եթէ ոչ մրցումին ճշգրիտ արդիւնքը, առնուազն՝ պարտուող կողմը:
Դրական եւ քաջալերական յառաջդիմութիւն արձանագրած շարք մը կառոյցներուն դիմաց հայկական ֆութպոլը, ինչպէս նաեւ այլ հանրային եւ ընկերային կամ մարզական ոլորտներ, տասնամեակներէ ասդին ունի հիւանդագին անբուժելի վիճակ: Անոր պատճառներուն եւ այլ մանրամասնութեանց մասին ունիմ կարծիք եւ առաջարկ, սակայն առայժմ ո՛չ գրութեանս նպատակն է այդ, ո՛չ ալ կ’ուզեմ «հայրենիքէն հեռու խրա՞տն է զօրու» կացութեան մէջ գտնուիլ:
Գրութեանս հիմնական նպատակը հետեւեալ երկու դրուագներն են։
Առաջին դրուագ՝ Ռուբէն Եւ Ռոնալտօ
Հայաստան ընդդէն Փորթուկալ մրցումի սկիզբը, լսողութեան եւ խօսակցութեան խանգարումներ ունեցող փոքրիկ Ռուբէնին վիճակուած էր ուղեկցիլ աշխարհահռչակ ֆութպոլիստին։ Անոր պահուածքը յուզեց փոքր պաստառին հետեւող միլիոնաւոր ակընդիրները: Պատանին անընդհատ կը նայէր Ռոնալտոյին եւ քայլերգներու ունկընդրութեան ընթացքին արցունքով լի «աչքերուն չէր հաւատար», թէ իսկապէ՞ս իրե՛ն տրուած էր աշխարհահռչակ ֆութպոլիստի ուղեկից ըլլալու պատիւը: Արդեօք իրեն բաժին ինկած փորթուկալցի ֆութպոլիստը ճշմարիտ Ռոնալտօ՞ն էր: Երա՞զ մըն էր եղածը: Արդեօք ակնթարթ մը ետք Ռոնալտօն պիտի հեռանար եւ անոր պիտի փոխարինէր «անծանօթ» այլ խաղընկե՞ր մը, թէ՞ տակաւին Ռօնալտօն ի՛րն էր: Ռուբէնը ե՛ւ կ’ուրախանար ե՛ւ կու լար, եւ հպարտօրէն ու անսխալ կ’երգէր Հայկական օրհներգը, աջ ձեռքը սրտին ու հայկական զինանշանին վրայ սեղմած:
Փոքրիկ Ռուբէնը, 0 – 5 պարտութեան դիմաց, դարձաւ օրուան հերոսը։ Այս «ֆութպոլային» դրուագը երկար պիտի մնայ Հայաստանի ֆութպոլի պատմութեան մէջ՝ օրինակ ե՛ւ երկրպագութեան ե՛ւ հայրենասիրութեան։
Երկրորդ դրուագ՝ երկրի հաւաքակա՞ն, թէ՞ թաղային ֆութպոլ
Մրցումին ընթացքին բազմիցս նկատելի էր մեր ֆութպոլիստներուն շուարած ըլլալու վիճակը: Սեփական յարկի տակ, համակիրներու քաջալերանքին ներկայութեամբ, անոնք յաջորդաբար կը ցուցաբերէին անորակ խաղաոճ: Տեսերիզէն քաղուած ստորեւ ակնթարթային լուսանկարները կը խօսին այս մասին:
Նկար թիւ 1 եւ 2, Ռոնալտոյի առաջին կոլի դրուագը (տարբեր անկիւններէ դիտուած երկու լուսանկարներ, թող ներուի անյստակութեան համար): Մեր եօթը ֆութպոլիստները՝ այսինքն խումբին մեծամասնութիւնը, նեղ շրջագիծի մը մէջ կը գտնուին եւ չեն գիտեր թէ ինչ պէտք է ընեն, ուր պէտք է դիրքաւորուին, մինչ փորթուկալցի երեք յարձակողներ անարգել յայտնուած են բերդապահ Աւագեանի դիմաց:


Նկար թիւ 3, Ռոնալտոյի երկրորդ կոլէն առաջ: Դարձեալ եօթը մարզիկներ գնդակին ետեւէն վազելու ճիգին մէջ են, իսկ հեռուն երկու խմբակիցներ՝ անիմաստ շրջագայութեան մէջ, այսինքն՝ 9 հոգի, մէկ խօսքով՝ գրեթէ բոլորը:

Այս երկու օրինակները ինծի յիշեցուցին ճիշդ այն տեսարանները, որոնք տեղի կ’ունենային երբ փոքր ժամանակ մեր թաղերուն կամ բակերուն մէջ ֆութպոլ խաղալ կը նշանակէր բոլորը մէկ գնդակին ետեւէն վազել:
Ինչեւիցէ, բաւարարուինք այսքանով եւ խոստանանք, որ մեր քննադատական պատկերացումներն ու շինիչ առաջարկները հրապարակելու առիթները պիտի ստեղծենք վստահաբար:

